Jump to content

Միջերկրական Ծով

(Վերայղուած է Միջերկրական ծով-էն)
Միջերկրականի դիրքը
Քալիփսոյի խորամասը․

Միջերկրական Ծով[1] (Յունարէն՝ Μεσόγειος Θάλασσα, Լատիներէն՝ Mare Mediterranea), գոց ծով է։ Կը գտնուի երեք ցամաքամասերուն մէջտեղը․ հիւսիսէն Եւրոպա, հարաւէն Ափրիկէ եւ արեւելքէն՝ Ասիա։ Արեւմուտքէն, Ատլանտեան Ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով, հարաւէն Կարմիր Ծովուն՝ Սուէզի ջրանցքով։

Միջերկրական Ծովը կը շրջապատեն հետեւեալ ջրափնեայ երկիրները (ժամացոյցի սլաքի կարգով նշուած, արեւմուտքէն արեւելք).

Սպանիա, Ֆրանսա, Մոնաքօ, Իտալիա, Սլովենիա, Խրուաթիա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Մոնթենեկրօ, Ալպանիա, Յունաստան, Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Եգիպտոս, Լիպիա, Թունուզ, Ալճերիա եւ Մարոք։ Անոր մէջ կը գտնուին Մալթա եւ Կիպրոս կղզի-պետութիւնները։ Նաեւ զայն կը սահմանեն Կազան եւ Բրիտանական Անդրածովեան Տարածքները՝ Ճիպրալթարը, Աքրոդիրին եւ Տեքելիան (Կիպրոսի հարաւը)։

Միջերկրականի աւազանը
Միջերկրական Ծովը տիեզերքէն դիտուած

Միջերկրականը մեծ դեր խաղցած է արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման եւ տարածման մէջ։

Ծովը հին ժամանակներէն փոխադրութեան կարեւոր ճամբաներէն է․ առեւտուրի եւ անոր աւազանին շուրջը ապրող ժողովուրդներուն քաղաքակրթութիւններուն (Միջագետքի, եգիպտական, պարսկական, փիւնիկեան, Կարթագէնի, վերվերներուն, յունական, էթրուսքեան, հռոմէական, բիւզանդական, արաբական-իսլամական նուաճում- եւ օսմանեան) փոխանակման կեդրոններէն։

Միջերկրականի դլփինները

Միջերկրական ծովուն տարածութիւնն է մօտաւորապէս 2,5 միլիոն ք², իսկ ջուրին ծաւալը 3․829․000 խորանարդ քմ․ է։ Առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն[2] է՝ 5267 մեթր խորութեամբ, Պելոպոնեսի արեւմուտքը գտնուող Փիլոս ծովեզերեայ քաղաքէն հարաւ արեւմուտք։

Միջերկրականի աւազանը յունահռոմէական շրջանին

Հակառակ անոր թէ, հնագոյն ժամանակներէն ի վեր իր եզերային շրջագիծին վրայ զարգացած են բազմաթիւ եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններ, անիկա սկիզբէն յստակ անուանում մը չէ ունեցած։

Իրոտոթոս, օրինակ, կը գործածէ Միջերկրական Ծովուն մէջ գտնուող ծովերուն եւ ծոցերուն անունները։ Հին յոյներ, ինչպէս՝ Ստրաբոն Στράβων, զայն կ'անուանէ․- «η εντός και καθ΄ ημάς λεγομένη θάλασσα» (= մեր ներքին եւ մեր շուրջի ծովը)․ յիշատակում մը, զոր հռոմէացիները կ'իւրացնեն թարգմանելով՝ «Μare Νostrum»։ Հռոմէացիները նաեւ «mare internum» կամ «mare insentinum» (= ներքին ծով) նաեւ «Μare magnum» (=Մեծ ծով) եզրերը կը գործածեն։[3]

Հին ատեն հռոմէացիները այս ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (լատիներէն՝ Մեր ծովը), որովհետեւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ կ'ընդգրկուի։ Աստուածաշունչին մէջ ծանօթ է «Մեծ ծով» անունով։

Գ. դարուն, Լատինները կը սկսին գործածել Միջերկրական Ծով անունը․ առաջին Սոլինոն զայն կ' անուանէ «Mare Mediterraneum», որպէսզի նշէ ցամաքամասերու միջեւ գտնուող ծովը։ Այս անուանումը յունական μεσόγειος -mesógeios (″inland ″ միջերկրեայ) անունին պատշաճեցումն է․ mésos - մէջտեղը ("in the middle ") եւ γήινος - երկիրին (gḗinosγῆ - հողատարածք, երկիր (, ″land, earth")։[4]

Պատմական անուններ տրուած են Միջերկրականի ուրոյն շրջաններուն համար․ Սարտինեան ծով, Իպերիական ծով, ֆրանսական ծով, Թիրենեան ծով (Tyrrhenian Sea), Յոնիական ծով, Էգէական ծով, Ատրիաթիք ծով, Ռոտոսիան ծով, Կիպրական ծով, Կիլիկիան, եւ այլն։

ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն, Միջերկրական Ծովը նաեւ կ'անուանեն՝ Սպիտակ Ծով Λευκή θάλασσα կամ Յոյներուն Ծովը։ Թուրքերը՝ Akdeniz (Ճերմակ Ծով)։[5]

Իտալերէն՝ Mare Mediterraneo
Սպաներէն՝ Mar Mediterráneo
Ֆրանսերէն՝ Mer Méditerranée
Անգլերէն՝ Mediterranean Sea
Գերմաներէն՝ Mittelmeer
Եբրայերէն՝ הַיָּם הַתִּיכוֹן Հա-յամ հա-թիխոն («Միջին ծով»)
Յունարէն՝ Μεσόγειος Θάλασσα Մեսոյիոս թալասա
Թրքերէն՝ Akdeniz Աքտենիզ («Սպիտակ ծով»)
Վրացերէն՝ ხმელთაშუა ზღვა Խմելթաշուա զղվա
Խրուաթերէն՝ Sredozemno more Սրետոզեմնօ մորէ
Արաբերէն՝ البحر الأبيض المتوسط Ալ Պահըր Ըլ Ապիատ Ալ Մութաուասըդ
Միջերկրականի աւազանին շուրջ գաղթօճախներ․ կարմիրով՝ յունական, դեղինով՝ փիւնիկեան
Յունական գաղութները Ք.Ա. 8-էն 7-րդ դարերուն։
Միջերկրածովեան տարածաշրջանը Ք.Ա. 220-ին։

Միջերկրական Ծովու աւազանին գաղթօճախներուն հիմնումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փիւնիկեցիներուն ծովային առեւտուրը

Միջերկրական Ծովը եղած է դասական աշխարհին բնօրրանը[6]։ Հնագոյն եւ Ք․Ա․ Դասական շրջանին անոր աւազանին շուրջ կը զարգանան եւ կը տարածուին միջերկրածովեան նշանաւոր երկու քաղաքակրթութիւնները՝ Փիւնիկեան եւ յունական։

Ք․Ա․ 1500-էն մինչեւ Ք․Ա․ 300 թուական, Փիւնիկեցիները գաղթօճախներ կը հիմնեն Միջերկրականի աւազանին, գլխաւորաբար՝ արեւելեան ափերուն։

«Յունական Մութ դարերու»ն, որ «երկրաչափական շրջան» ալ կը կոչուի (Ք․Ա․ 1100 - 700) եւ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, յունական ցեղեր կը գաղթեն Միջերկրական Ծովուն արեւելեան մասին՝ Էգէական ծովուն յունական կղզիները եւ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերը, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար Միջերկրականի աւազանին ջրափնեայ շրջանները։

Այս գաղթօճախները կը հասնին բարեկեցութեան բարձր մակարդակի:

Հռոմէական Կայսրութեան շրջանէն մինչեւ Բիւզանդական Կայսրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէացիները Միջերկրական Ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (բառացի՝ «Մեր ծովը»)։ Հռոմի կայսրութեան փլուզումէն ետք միջերկրածովեան տարածաշրջանը կը դադրի քաղաքական մէկ միաւոր ըլլալէ։[7] 476-ին Հռոմի անկումէն ետք արեւելեան ծայրամասին շուրջ 1000 տարի իր գերիշխանութիւնը կը հաստատէ Բիւզանդական Կայսրութիւնը։
Միջերկրական Ծովու աւազանին արեւելեան մասին իսլամական պետութիւններու հաստատումէն ետք, տարածաշրջանը կը դառնայ մշտական քաղաքական ընդհարումներու առարկայ։[6] Իր առաւելագոյն ընդարձակութեան ատեն Արաբական կայսրութիւնը կը վերահսկէ միջերկրական տարածաշրջանին 75%-ին։ Միջնադարու վերջաւորութեան եւ Վերածնունդի դարաշրջանին կը կազմաւորուին եւրոպական նոր փոքր իշխանութիւն-պետութիւններ։ Սակայն, անոնք, ինչպէս օրինակ՝ Վենետիկը, ի վիճակի չեն ըլլար տարածաշրջանը միաւորելու իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։

Միջերկրականի աւազանը, ԺԴ․ դարուն

Բիւզանդական Կայսրութիւնը կը տապալի 1453-ին՝ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումով։ Սուրիայէն մինչեւ Մարոք գտնուած տարածքներուն մէջ եւրոպացիները կը հիմնեն իրենց գաղութները։ Սակայն, իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան պատճառով, անոնք չեն կրնար կասեցնել օր ըստ օրէ զօրացող Օսմանեան կայսրութիւնը։

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջերկրական ծովուն հարաւ արեւելեան ափերուն կը ստեղծուի ու կը զարգանայ ԺԱ. դարու կէսէն մինչեւ ԺԴ. դար Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը։

Օսմանեան Կայսրութեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրականի աւազանը ԺԷ․ դարուն

ԺԶ. դարուն օսմանցիները արդէն կը վերահսկեն Ծովուն մեծ մասին եւ կ'ունենան ծովային խարիսխներ Ալճերիոյ եւ Թունուզի ափերուն։

Օսմանցի նաւապետ Հայրետտին Պարպարոսա (Barbarossa) եւրոպական նաւային ուժերուն դէմ տարած՝ 1538-ին Փրեվեզային (Յոնիական Ծովուն ափին - Battle of Preveza) եւ 1560-ին Ճերպայի (կղզի, Թունուզ - Battle of Djerba) ծովամարտերուն յաղթանակներով, Միջերկրական Ծովուն կը տիրէ։ Օսմանեան ծովուժին բացարձակ տիրապետութիւնը Միջերկրական Ծովուն վրայ, վերջ կը գտնէ Հոկտեմբեր 1571-ին, Լեփանթոյի (Նաւփաքթօ, Կորնթոսի Ծոց, Յունաստան) ծովամարտով․ անիկա ցռկանաւերու գործածութեամբ վերջին ծովամարտն էր։

Յունական ցրկաններ

Ցռկանները (galleys) կը գործածուէին հնագոյն ժամանակներէն, Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակէն մինչեւ իսկ ԺԹ. դարու սկիզբները, Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջ ապրող ժողովուրդներէն առեւտուրի, ծովամարտի նաեւ ծովահէնութեան (Պարպարեան ծովահէնները կամ Օսմանցի ծովահէնները Միջերկրական Ծովուն կը գերիշխեն ԺԶ. մինչեւ ԺԸ. դարերը․ անոնց մեկնակէտն է Ծովուն աւազանին Ափրիկէի հիւսիս-արեւմտեան ափերը․ այս երեք դարերուն ընթացքին մէկ միլիոնէ աւելի եւրոպացիներ իբրեւ ստրուկ կը գերեն ու կ'առեւանգեն)։

Յատկանշական են Յոյներուն, Փիւնիկեցիներուն եւ Հռոմէացիներուն նաւային զօրուժի ցռկանները։

Նորագոյն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առեւտուրի եւ քաղաքակրթութիւններու փոխանակման եւ զարգացման կարեւոր ներդրումէն զատ, Միջերկրական Ծովը ռազմական կարեւորութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։ Ծովուն հսկողութիւնը կռուախնձոր կը դառնայ Ի. դարուն, երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին։

ԻԱ. դար եւ գաղթականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրականի աւազանը, ԻԱ․րդ դարասկիզբին

Ասիոյ եւ Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի (յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի) պատերազմները եւ քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւնները կը յառաջացնեն գաղթականութեան մեծ ալիքներ, տալով հազարներով մարդկային զոհեր։

Միջերկրական ծովը թատերաբեմ է մարդկային ողբերգրութեան։

Յունաստան եւ Իտալիա այդ երկիրներն են, որոնք ուղղակի կ'ազդուին գաղթականութեան տագնապէն։ 2013-էն, 700 000-է աւելի ափրիկեցի մանաւանդ Սահարայի շրջաններէն գաղթականներ Ծովու ճամբով կ'անցնին ու կը շարունակեն անցնիլ Իտալիա, այն յոյսով, որ կ'ընդունուին հիւսիսային եւրոպայի երկիրներէն․ հազարներով խեղդամահ կ'ըլլան․․․ Եւրոպայի Խորհրդարանին Նախագահ, Մարդին Շուլց, 2014-ին կը յայտարարէ, թէ «Եւրոպայի գաղթականութեան դիմագրաւումի քաղաքականութիւնը, Միջերկրական Ծովը գերեզմանի վերածեց»․ խօսքը կը վերաբերէր հազարաւոր խեղդամահ գաղթականներուն, որոնք հետեւանք էին քաղաքականութիւններու․․։[8]

Իսկ 2015-էն, նոյնպէս Յունաստան կ'ընդունի հարիւր հազարներով գաղթականներ (Ասիոյ եւ Ափրիկէի տնտեսական եւ քաղաքական անապահով կացութեամբ երկիրներէ), որոնք Յունաստանը կը գործածեն որպէս Եւրոպայի մուտք։ Միայն 2015-ին Յունաստան կ'ընդունի 856 723 գաղթականներ (կէսը փախստականներ Սուրիոյ պատերազմէն), իսկ մինչեւ 15 Սեպտեմբեր 2019 Էգէական ծովէն Յունաստան կ'անցնի 29 709 եւ ցամաքէն՝ 8 889 հոգի։[9]

2014- 2018 տարիներուն Յունաստան ժամանած գաղթականներու պաշտօնական թիւի ցուցակ (դժբախտաբար բուն թիւը աւելի բարձր է)․

Տարի Ծովու ճամբով Ցամաքի ճամբով Անցնելու ընթացքին (մանաւանդ ծովէն) մահացած կամ անհետացած
2018 32 494 18 014 174
2017 29 718 6 592 59
2016 173 450 3 784 441
2015 856 723 4 907 799
2014 41 038 2 280 405

Միջերկրականի աւազանին շուրջի երկիրները մեծապէս կ'օգտուին ծովուն ընձեռած բարիքներէն։ Զբօսաշրջիկութիւնը եւ նաւային ճարտարարուեստը գլխաւոր ազդակներէն են․ քաղաք-նաւահանգիստները կը բարգաւաճին, համաշխարհային տնտեսական գլխաւոր կեդրոններ կը դառնան [10]։ Ըստ BTS-ի (Փոխադրութեան Վիճակագրական Գրասենեակ), յունական նաւատորմը, որ առաջին քայլերը Միջերկրական Ծովուն մէջ ւրած է, այժմ աշխարհի ամէնէն մեծն է․ 3․079 նաւերով համաշխարհային նաւատորմին 18%-ը կը կազմէ։

Միջերկրականի աւազանին բնակչութեան թիւը 150 միլիոնէ աւելի կը հաշուէ։ Աւազանը ամէն տարի կ'ընդունի 200 միլիոնէ աւելի զբօսաշրջիկներ։ Աշխարհի նաւային քարիւղի բեռնատար նաւերէն 20%-ը եւ առեւտուրի՝ 30%-ը, 120․000 նաւեր Միջերկրականը կ'երթեւեկեն։ Օրական հերթականութեամբ, 250-300 քարիւղատար նաւեր կ'անցնին ծովէն։

250 000-է աւելի ձկնորսներ կ'աշխատին ձկնորսանաւերուն մէջ։ Արհեստական ձկնորսութիւնը գործի մատակարարութեան 60%-ը կը կազմէ եւ իր 67․000 նաւերով ձկնորսութեան նաւերուն ընդհանուր թիւին 80%-ը կը կազմէ։[11]

Նաւային արկածները, որոնք կը պատահին, քարիւղի վատնում եւ անկանոն ձկնորսութիւնը, ինչպէս նաեւ նաւային խիտ երթեւեկութիւնը (առեւտուր, զբօսանաւեր), գլխաւոր պատճառներէն են աւազանին ջուրի ապականման եւ կենսահարստութեան նահանջին։ [11][12]

Զբօսաշրջիկութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին զբօսաշրջիկութեան իմաստով պտոյտ-այցելութիւնները տեղի կ'ունենան զուտ մշակութային բնոյթով են։ ԺԸ. դարուն, հիւսիսային Եւրոպայի ազնուական դասակարգին պատկանող երիտասարդներ, Իտալիա, Յունաստան եւ Օսմանեան Միջին Արեւելքը կ'այցելեն։

ԺԹ. դարուն, անգլիացի ազնուականներ կամ հարուստներ, ձմեռը կ'այցելեն Միջերկրական Ծովուն ափերը եւ բազմաթիւ արքունիք-բնակարաններ կը կառուցեն, մանաւանդ հարաւային Ֆրանսայի Նիս (Nice) քաղաքին մէջ․ կը յիշատակուի «la promenade des Anglais» ծովեզերեայ պողոտայով։

Ի․ եւ ԻԱ․ դարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զբօսաշրջիկութիւնը Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջ ներկայ իմաստով՝ ծովու լոգանքներ, արեւուն երկննալ․․ կը սկսի 1902-ին, Անտրէ Կիտին (André Gide) «Բարոյազանց» (L'Immoraliste) գիրքով։ 1905-ին, գրագէտ Թէօ Վաղլէ (Théo Varlet) կը ստեղծէ մերկապաշտութիւնը։ Իսկ 1927-ին, Գօգօ Շանել (Coco Chanel) կը գայթակղեցնէ հանրութիւնը՝ ծովու եւ արեւու լոգանք առնելով հարաւային Ֆրանսայի (Côte d'Azur) շրջանին մէջ։

1936-ին, Ֆրանսայի մէջ կը սկսի վճարուած արձակուրդի դրութիւնը (ներկայ արձակուրդի հասկացողութեամբ)։ Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Միջերկրականի աւազանին եւրոպական մասին եւ հետագային հարաւային մասին մէջ կը սկսի զբօսաշրջիկութիւնը, նախ դանդաղ քայլերով, հասնելու համար ներկայ զարգացման եւ տարածման վիճակին։

Էգէական Ծով, ձախին Եարոս կղզին եւ խորին՝ Անտրոս ու Թինոս կղզիները․ Քիքլատես (կղզեխումբ)

1950-ին, պելճիքացի գործարար Ժերար Պլից Gérard (Blitz) կը հիմնէ «Club Méditerranée» արձակուրդի ճամբարները։ Նախ Սպանիոյ Մայորքա կղզիին մէջ (l'île de Majorque), ապա՝ Իտալիա, Յունաստան, Թուրքիա եւ այլն․․։

Այժմ, Միջերկրականի աւազանը զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային գլխաւոր կեդրոնն է․ մանաւանդ հարաւային Եւրոպայի երկիրները իրենց հնագոյն պատմութեամբ ու մշակոյթով, հնագիտական վայրերով, ծովեզերեայ շրջաններով եւ կղզիներով։ Նաեւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն՝ Եգիպտոսը, եւ մասամբ Թունիզը եւ Մարոքը։

Համաշխարհային հրապոյր կը պատճառեն Սպանիոյ Մայորքա եւ Իպիզա կղզիները, հարաւային ֆրանսայի ծովափնեայ շրջանը՝ Քոթ տազիւր (Côte d'Azur), Մոնաքօն, Մալթան, Իտալիոյ տարածքը, Յունաստանը եւ իր կղզիները՝ Միքոնոս, Սանթորինի, Քորֆու եւ այլն․․․:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յունաստան Միջերկրականի ամէնէն երկար եզերային շրջագիծը ունի:

Միջերկրական Ծովը արեւմուտքէն Ատլանտեան ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով (Հոմերոսին գրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք «Հէրքիւլեսին Սիւները» Ηράκλειες στήλες անուանումին), արեւելքէն Մարմարայի եւ Սեւ Ծովերուն՝ յաջորդաբար Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներէն․ Տարտանել (Մարմարայի ծովը) յաճախ Միջերկրական Ծովուն շարունակութիւնը կը համարուի։ Հարաւէն Սուէզի արեւստական ջրանցքով, Կարմիր Ծովուն կը կապուի։

Ծովուն տարածութիւնն է 2․500․000քմ²։ Աշխարհի ամէնէն մեծ գոց ծովն է։ Անոր աւազանին երկիրներէն, Յունաստանը իր կղզիներով, Միջերկրականի ամէնէն երկար եզերային շրջագիծը ունի։

Ծովուն առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն է 5267 մեթր խորութեամբ։

[13]

Միջերկրականի աւազանին կլիմային քարտէսը

Միջերկրական Ծովուն կլիման բարեխառն է։ Անոր ծովեզրերուն կլիման կը յատկանշուի տաք ու չոր ամառներով եւ քաղցր ու մեղմ ձմեռներով։ Սակայն, հարաւ արեւելեան աւազանը ունի տաք, անապատային կլիմայի յատկանիշներ։ Նաեւ, եղանակներու փոփոխութեան միջեւ, կը հանդիպինք տեղական մրրիկներու։

Ծովը ունենալով բաց անցքեր, ենթակայ է մնայուն ջուրի հոսանքներու, որ Միջերկրականի աւազանին կլիմայական փոփոխութիւններուն գլխաւոր ազդակներէն է։ Սուէզի ջրանցքին բացումէն ետք, Կարմիր Ծովուն ջուրի յատկութիւնները՝ աղի, տաք, ձուկերու բազմազանութիւն, տարիներու ընթացքին կամաց կամաց կը թափանցեն Միջերկրականի աւազանին մէջ։ 1959-էն մինչեւ 1989, կը նկատուի Ծովուն ջուրի ջերմութեան բարձրացում՝ 0.12°C եւ կը շարունակուի։ Իսկ, Ծովու ջուրին գահավիժումը, կը յառաջացնէ աղիութեան աճ։[12]

Ջրափնեայ Երկիրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամալֆի, Իտալիա
Պէյրութ, Լիբանան
Ճաֆֆա, Իսրայէլ

Ցանկը կը սկսի Սպանիայէն եւ կը շարունակուի ժամացոյցի սլաքի շարժման ուղղութեամբ.

Երկիր Ծովեզերքի
երկարութիւնը
քմ [14][15]
200 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունեցող
ծովեզերեայ քաղաքները
Սպանիա Ալիքանթէ, Պատալոնա, Պարսելոնա, Քարթախենա, Մալակա, Փալմա, Վալենսիա
Ֆրանսա Մարսէյ, Մոնփելիէ, Նիս
Իտալիա 7600 Պարի, Քաթանիա, Ճենովա, Մեսինա, Նափոլի, Փալերմօ, Հռոմ, Թրիեստէ, Վենետիկ
Սլովենիա 46.6
Խրուաթիա 5 835 Սփլիթ, Տուպրովնիք
Պոսնիա եւ Հերցեկովինա 20
Մոնթենեկրօ 293.5
Ալպանիա 362 Տուրեշ
Յունաստան 13 676 Աթէնք, Փիրէա, Փաթրա, Թեսաղոնիկէ
Թուրքիա Ատանա, Անթալիա, Իսքենտերուն (Ալեքսանտրէդ), Իզմիր, Մերսին
Սուրիա 193 Լաթաքիա
Լիբանան 225 Պէյրութ, Թրիփոլի
Իսրայէլ 273 Աշտոտ, Հայֆա, Թել Աւիւ
Եգիպտոս Գահիրէ, Աղեքսանտրիա, Տամիեթա, Փոր Սայիտ
Լիպիա 1 770 Պենկազի, Հոմս, Մըսրաթա, Թրիփոլի, Ալ-Զաուիա
Թունուզ 1 148 Սֆաքս, Թունուզ
Ալճերիա 998 Աննապա, Օրան
Մարոք Թեթուան, Թանժեր

Տասը մեծագոյն կղզիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Էգէական Ծովը եւ ստորաբաժանումները
Իտալիան շրջապատող ծովերը
Քվարնըր Ծոցը, Խրուաթիա
  Անուն Տեսք Պատկանելութիւն Տարածք
(քմ²)
Բնակչութիւն
1 Սիչիլիա Իտալիա 25․460 5 010 000
2 Սարտինիա Իտալիա 23․813 1 656 000
3 Կիպրոս Կիպրոս 9․251 1 048 000
4 Քորսիքա Ֆրանսա 8․681 275 000
5 Կրետէ Յունաստան 8․261 624 000
6 Էվիա Յունաստան 3․655 218 000
7 Մայորքա Սպանիա 3․640 778 000
8 Լեզվոս Յունաստան 1․630 90 000
9 Ռոտոս Յունաստան 1․398 117 000
10 Խիոս Յունաստան 842 52 000

Ստորաբաժանումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջրագրական Միջազգային Կազմակերպութիւնը International Hydrographic Organization (IHO), Միջերկրական Ծովը կը բաժնէ փոքր ծովերու․ իւրաքանչիւրը իր տեղական, պատմական անուանումով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝

Ճիպրալթարի Նեղուցը․ ձախին՝ Եւրոպան, աջին՝ Ափրիկէն
Կորնթոսին Ջրանցքը, Յունաստան
  • Ճիպրալթարի Նեղուց - Strait of Gibraltar,
  • Ալպահրան ծով (Alboran Sea) - Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ,
  • Պալէարեան ծով (Balearic Sea) - Սպանիոյ ցամաքամասին եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ,
  • Լիկուրեան ծով (Ligurian Sea) - Քորս կղզիին եւ Լիկուրիոյ (Իտալիա) միջեւ,
  • Թիրենեան ծով (Tyrrhenian Sea) - Իտալիոյ ցամաքամասին եւ Սարտինիոյ ու Սիչելիոյ կղզիներուն միջեւ,
  • Յոնիական ծով (Ionian Sea) - Իտալիոյ, Յունաստանի միջեւ,
  • Ատրիաթիք ծով (Adriatic Sea) - Իտալիոյ, Սլովէնիոյ, Քրուաթիոյ, Պոսնիոյ-Հերցեկովինայի, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ միջեւ,
  • Էգէական ծով (Aegean Sea) - Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Պոնիֆասիոյ Նեղուցը-Strait of Bonifacio ․ Դիտուած Սարտինիոյ հիւսիսային ծայրամասէն, խորին՝ Քորսիքան:
Մեսինայի Ծոցը, Իտալիա

Երկրորդական ծովեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
նկարին հիւսիսը․ Կորնթոսի Ծոցը, Պելոպոնեսին հիւսիսը․ ձախէն Յոնիական Ծովը կը բացուի:
Սարոնիքոս կամ Արղոսարոնիքոս Ծոցը-Saronic Gulf , Յունաստան
Քոթոր Խորշը, Մոնթենեկրօ
Քալավրիայի ծոցերը, հարաւային Իտալիա
Առիւծի Ծոցը-Golf de Lion, Ֆրանսա եւ Վալենսիայի Ծոցը-Golfo de Valencia, Սպանիա

Ծովեր իրենց տեղական կամ պատմական անուններով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝

  • Սարտինիոյ ծով - Սարտինիոյ եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ․ Պալէարեան ծովուն մէկ մասը,
  • Սիչիլիոյ ծով - Սիքելիոյ եւ Թունիզին միջեւ,
  • Լիպիոյ ծով - Լիպիոյ եւ Կրետէին միջեւ,
  • Էգէական ծովուն մէջի ծովեր,
    • Թրակեան ծով - Էգէական Ծովուն հիւսիսը,

Թերմայիքոս Ծոցը-Thermaic Gulf , հիւսիսային Յունաստան
Թարանթոյի Ծոցը-Gulf of Taranto, Իտալիա

Գլխաւոր Ծոցեր, ջրանցքներ, նեղուցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմուտքէն՝ արեւելք

  • Ճիպրալթարի Նեղուց, կը կապէ Ատլանտեան Ովկիանոսը Միջերկրական Ծովուն հետ, Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ,
  • Ճիպրալթարի խորշ - Իպէրիոյ թերակղզիին հարաւային մասը,
  • Վալենսիոյ ծոցը - Սպանիոյ արեւելքը,

  • Առիւծին ծոցը - հարաւային Ֆրանսա,
  • Քորսիքայի Ջրանցքը - Քորսիքայի եւ Իտալիոյ միջեւ,
  • Պոնիֆաչօ Նեղուցը, Սարտինիոյ եւ Քորսիքային միջեւ,
  • Կոզոյի Ջրանցք - Մալթայի եւ Կոզոյի միջեւ,
  • Ճենովայի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւմուտքը,
  • Մեսինային Նեղուցը - Սիչիլիոյ եւ Քալաւրիա թերաղկզիին միջեւ, Իտալիա,
  • Սալեռնոյի ծոցը - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտքը,
  • Կաէթայի ծոցը - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտքը,
  • Սիչիլիոյ Նեղուցը - Սիքելիոյ եւ Թունիզին միջեւ,
  • Մալթայի Ջրանցքը- Սիքելիոյ եւ Մալթայի միջեւ,
  • Սիտրայի ծոցը - Թրիփոլիթիանայի (արեւմտեան Լիպիա) եւ Քիրինայքայի միջեւ (արեւելեան Լիպիա),
  • Վենետիկի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը,
  • Թրիեսթէի ծոցը - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը,
  • Թարանթոյի ծոցը - հարաւային Իտալիա,
  • Ս. Էֆեմիոյ Ծոցը - հարաւային Իտալիա
  • Սքիլաքի ծոցը - Քալաւրիոյ եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, հարաւային Իտալիա
  • Քվարնըր ծոցը - Խրուաթիա,
  • Քոթոր Խորշ - Մոնթենեկրօ,
  • Օթրանթոյի Նեղուցը - Իտալիոյ եւ Ալպանիոյ միջեւ,
  • Կորնթոսի Ծոցը - համանուն Ջրանցքին եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, Յունաստան,
  • Կորնթոսի Ջրանցքը - Կորնթոս եւ Սարոնիքոս ծոցերը կը միացնէ, Յունաստան,
  • Փաղասիթիքոս ծոցը - Վոլոսին ծոցը, Յունաստան,
  • Թերմայիքոս ծոցը - Սելանիկի ծոցը, հիւսիսային Յունաստան,
  • Սարոնիքոս Ծոցը - Փիրէայի ծոցը, Կորնթոսի Ջրանցքին եւ Միրթոօ ծովուն միջեւ, Յունաստան,
  • Անթալիոյ ծոցը - Անթալիոյ արեւմտեան եւ արեւելեան ծովեզրերուն միջեւ, Թուրքիա,
  • Իսքենտերունի (Ալեքսանտրեթա) ծոցը - Իսկենտերունի եւ Ատանայի միջեւ, Թուրքիա,
  • Ս. Գէորգի խորշը - Պէյրութ, Լիբանան,
  • Ռաս Իպն Հանիի հրուանդանը - հնագիտական վայր, Լաթաքիա, Սուրիա,
  • Ռաս ալ-Պասիթի հրուանդանը - Սուրիոյ հիւսիսը,
  • Մինեթ ալ-Պէյտա խորշ - Սուրիա, Ուկարիթ հնագիտական վայրին մօտ,
  • Հայֆայի ծոցը - հիւսիսային Իսրայէլ:

Երկրաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական Ծովուն մակերեւոյթը

Միջերկրական Ծովը եւ Կարմիր Ծովը, ժամանակի Ովկիանոսի մը տարածքին մնացորդներն են․ այժմ անոնց տրուած է Թեթիս անունը՝ Téthys, Τηθύς (յունական դիցաբանութեան մէջ, ովկիանոսներուն աստուածուհին) [16]։ Մօտաւորապէս (≃) 145,0 - 66,0 միլիոն տարի առաջ (Ma), բարձումի հետեւանքով, երկու ցամաքամասերու՝ ափրիկեան եւ եւրասիոյ իրարու մօտեցումով, Թեթիսը յառաջադիմաբար կը սկսի «փակուիլ»։ Այս եղելութիւնը, լեռնաշղթաներ կը յառաջացնէ, օրինակ՝ Ալպեան եւ Փիրենեան։ Մօտաւորապէս 30 միլիոն տարիներ առաջ, Միջերկրականի արեւմտեան մասի տարածման փուլի շրջանին, Քորսիքան եւ Սարտինիան եւրոպական ցամաքամասէն կը բաժնուին։

Հրաբխային աւազան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
3D Սանդորինի կղզիին քալտերան, Քիքլատես կղզիախումբ, Յունաստան:
Stromboli, Ստրոմպոլի հրաբուխ, Իտալիա:


Հինգ միլիոն տարի առաջ, իրարու յաջորդող երկրաշաժներու հետեւանքով, Ճիպլարթարի նեղուցը կը փակուի, եւ Ծովը աղի «լիճ» մը կը դառնայ․ այս իրադարձութիւնը Մեսինեան Աղիութեան Տագնապ (Messinian Salinity Crisis / MSC) կը կոչուի։ Մէկ միլիոն տարիներու ընթացքին Ծովուն յատակը յառաջացած աղի պահեստը այս երեւոյթը կը փաստէ։ Մօտաւորապէս, 300․000 տարի ետք, իրարայաջորդ երկրաշարժները կրկին «կը բանան» նեղուցին բնական ամբարտակը։ Այս երեւոյթը քանի մը տարիներու ընթացքին կը յառաջացնէ հսկայ քարաւազ մը ու Միջերկրականի աւազանը, որուն ջուրը քանի մը հարիւր տարիներու ընթացքին շոգիացած էր, ջուրով կը լեցուի։ [17]

Միջերկրականի ծովուն յատակը շարունակ կը փոխուի, որովհետեւ եւրասեան եւ ափրիկեան ցամաքամասերու շարժումը յաճախակի երկրաշարժներ կը յառաջացնէ՝ Իտալիոյ, Յունաստանի (յատկանշական օրինակ է Սանթորինի կղզիին քալտերան,[18] յառաջացած 3․600 տարի առաջ, Ք․Ա․ 1613 -ին, զօրաւոր երկրաշարժէ ետք․ պատճառ կ'ըլլայ Մինոասեան քաղաքակրթութեան քանդումին), Թուրքիոյ ու մասամբ Իսրայէլի եւ Ալճերիոյ երկիրներուն զանազան շրջաններուն մէջ, նաեւ պահելով հրաբխային վառ աշխուժութիւն Իտալիոյ մէջ՝ Էթնա, Վեզուվիօ եւ Սթրոմպոլի։

Չորս տարին անգամ մը (Ողիմպիական ամառուան խաղերուն յաջորդող տարին) տեղի կ'ունենան Միջերկրածովեան Խաղերը։ Իսկ 2015-էն, ամէն երկու տարի տեղի կ'ունենան Միջերկրականի Ծովեզերեան Խաղերը։ [19]

Ծովուն կենսահարստութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը յառաջացուցած է Ծովուն ջուրի ջերմաստիճանի թեթեւ, սակայն կենսական, բարձրացում․ այսպէս Կարմիր Ծովուն տաք ջուրերէն, ձուկերու տեսակներ տարիներու ընթացքին դանդաղօրէն Սուէզի ջրանքէն Միջերկրական կը թափանցեն։ [20]

Ծովը աշխարհի ովկիանոսներուն 0,8%-ը կը ներկայացնէ, սակայն ծովային կենսահարստութեան՝ 8-9%-ը (10-էն - 12,000 տեսակ)։

[21]

Միջերկրականի աւազանի շրջակայքի բուսաշխարհէն նկարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Guillaume de Dieuleveult, « Et la Méditerranée découvrit l'été…», Le Figaro Magazine, semaine du 9 mai 2014, p. 40-41. Կիյոմ տը Տիոլովօ, Միջերկրականը կը ճանչնայ․․․ Ֆիկարօ պարբերաթերթ, 9 Մայիս 2014, էջ 40-41
  2. «Աշխարհը եւ Հայաստանը» աշխարհագրական ատլաս, Լ. Վալեսեան եւ այլք, Երեւան 2003։

Էգէական Ծով

Յոնիական Ծով

Փաթրայի Ծոց

Կորնթոսի Ծոց

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ ISBN 99941-56-03-9 
  2. Քալիփսոյի Խորքը https://en.wikipedia.org/wiki/Calypso_Deep
  3. Ճէոֆրէյ Ռիքման, Մեր Ծովուն ստուգաբանութիւնը, Geoffrey Rickman, "The creation of Mare Nostrum: 300 BC – 500 AD", in David Abulafia, ed., The Mediterranean in History, ISBN 1-60606-057-0, 2011, p. 133.
  4. Օքսֆորտ բառարան, Oxford English Dictionary, 3rd ed, 2001,
  5. Թրքերէն-ֆրանսերէն բառարան- Diran Kélékian, Dictionnaire Turc-Français, Constantinople, 1911
  6. 6,0 6,1 Norman Davies, EUROPE A History, 1996
  7. Նորման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 77 Կաղապար:Ref-lt Վերցուած է 2016 Յունիս 01-ին
  8. Schulz: EU migrant policy 'turned Mediterranean into graveyard' Մ․Շուլց, Եւրոպայի գաղթականական քաղաքականութիւնը, Միջերկրական Ծովը գերեզմանի վերածեց https://euobserver.com/tickers/121894
  9. [2] Միջերկրականի գաղթականներ
  10. Միջերկրական Ծովուն նաւահանգիստներու ցանկ https://fr.wikipedia.org/wiki/Liste_des_ports_de_la_M%C3%A9diterran%C3%A9e
  11. 11,0 11,1 Greenpeace, Other threats in the Mediterranean Միջերկրական Ծովը վտանգի տակ https://web.archive.org/web/20100416071023/http://www.greenpeace.org/international/campaigns/oceans/marine-reserves/the-mediterranean/mediterranean-other-threats
  12. 12,0 12,1 ec.europa, ելեկտ․ կայքէջ, NATURA 2000 ցանցը Միջերկրականի շրջանըhttps://ec.europa.eu/environment/nature/info/pubs/docs/biogeos/Mediterranean/KH7809610ELC_002.pdf
  13. Միջերկրական Ծով, Պրիդանիքա հանրագիտարան https://www.britannica.com/place/Mediterranean-Sea
  14. ԱՄՆ Գաղտնի Սպասարկութիւն, Իտալիա, աշխարհի երկրաբանութիւն https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/it.html Archived 2017-07-09 at the Wayback Machine.
  15. ԱՄՆ գաղտնի սպասարկութիւն, աշխարհի երկրաբանութիւն Սլովէնիա https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/si.html Archived 2020-04-24 at the Wayback Machine.
  16. Ադլանտեան Ովկիանոսի հնաքաշողականութիւն, Դիթիս ծովը եւ իափետուս Ովկիանոս, Քամպրիճ համալսարան, Van der Voo, Rob (1993). Paleomagnetism of the Atlantic, Tethys and Iapetus Oceans. Cambridge University Press. doi:10.2277/0521612098. ISBN 978-0-521-61209-8.
  17. Միջերկրական Ծովուն աղիտական ողողումը, հետեւանք Մեսինեան աղութեան տակնապին, Garcia-Castellanos, D. et al. (2009) 'Catastrophic flood of the Mediterranean after the Messinian salinity crisis' [archive], Nature, 462, 10 décembre 2009, p. 778.
  18. Սանդորինիին քալտերան, the caldera of Santorini https://greece.terrabook.com/santorini/page/caldera/
  19. CIJM պաշտօնական կայքէջ՝ Միջերկրականի խաղերու Միջազգային Կոմիտէի, https://cijm.org.gr/
  20. Ելեկտ․ թերթ, plos.org, Յօդուած՝ Միջերկրականի կենսահարստութիւնը, թիւ 10․1371 https://journals.plos.org/plosone/article?id=10.1371/journal.pone.0011842
  21. Fao կազմակերպութիւն, Միջերկր․ Ծովուն կենսահարստութեան վիճակը, յօդ․ էջ 49-65 http://www.fao.org/tempref/docrep/fao/007/y5852e/Y5852E05.pdf

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]