Մոնթէնեկրօ (չեռնոգոր.՝ Crna Gora/Црна Гораցրնակորա, կը նշանակէ՝ «Սեւ Լեռ»), երկիր հարաւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Մայրաքաղաք Փոտկորիցան մեծագոյն քաղաքն է։ Հիւսիսէն սահմանակից է Սերպիոյ եւ Պոսնիա եւ Հերցեկովինային, արեւելքէն՝ Ալպանիոյ եւ Քոսովոյին, իսկ արեւմուտքէն՝ Խորուաթիոյ եւ Ատրիաթիկ ծովուն։
Մոնթենեկրօն նորաստեղծ պետութիւն մըն է Եւրոպայի հարաւ արեւելքը՝ Պալքանեան թերակղզիին վրայ։ Ափերը կ'ողողուին Ատրիաթիք ծովու ջուրերով։ Երկրին տարածքի մեծ մասը կը գտնուի Տինարեան բարձրաւանդակին վրայ (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 2522 մ. Տուրմիթոր լեռ), հարաւ արեւմուտքը Մոնթենեկրոյի քարքարոտ սարաւանդն է։
Արդիւնաբերութեան յառաջատար ճիւղը հանքարդիւնահանութիւնն է։ Կան մանածագործական, սնունդի, նաւանորոգման, մետաղամշակման եւ ծխախոտի արդիւնաբերութեան արտադրութիւններ։ Գիւղատնտեսութեան յառաջատար ճիւղը անասնապահութիւնն է։ Կը մշակուին ձիթենի, եգիպտացորեն, գարի, ծխախոտ եւ գետնախնձոր։ Կը զբաղին նաեւ պտղաբուծութեամբ (սալոր, թուզ, նուռ, նուշ, նարինջ, նումայ, լեմոն)։փ