Կը գտնուի Ռոտոսին հիւսիս-արեւմուտքը (12 ծովային կղոն), Նիսիրոսին արեւելքը (27 ծ․մ․) եւ Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան ափին արեւմուտքը (3,7 ծ․մ․), համանուն Սիմի ծոցին մէջ (թրք․՝ Սիմպեքի)։ Մայրաքաղաքն է Սիմի քաղաքը։ Մեծութեամբ Տոտեքանիսայի ութներորդ կղզին է։
Տարածութիւնն է 57,865 քլ․² եւ Տոտեքանիսային ութներորդ կղզին է։ Փիրէայէն հեռաւորութիւնը 255 ծովային մղոն է, իսկ ԹուրքիոյՓոքր Ասիոյ ափերէն 3,7 ծ․մ․։
Բնակչութեան թիւն է 2 690։ Մնայուն բնակչութեան 5% եւրոպացիներն են՝ մասնաւորաբար անգլիացիներ։ Մայրաքաղաքն է համանուն Սիմի քաղաքը։ Կղզիին գլխաւոր եկամուտը զբօսաշրջիկութիւնն է, որ վերջին քսանամեակին օրէ օր կը զարգանայ։
Բնական նաւահանգիստն է Եալոս, որուն շուրջը քաղաքը (Սիմի) տարածուած է։
Սիմի քաղաքապետութիւն․ դիրքը
Լեռնային, քարոտ, անբերրի եւ անջրթի կղզի է։ Բարձրագոյն գագաթը՝ Վիղլա (550 մ․), կղզին երկու մասի կը բաժնէ․ հիւսիսային եւ հարաւային։ Հիւսիսային մասը ցած ըլլալով մշակումի աւելի յարմար է։ Սիմի ունի փոքր լեռնադաշտեր, ինչպէս նաեւ հովիտներ։
Կղզին շրջապատուած է բազմաթիւ կղզիակներէ եւ ժայռակղզիակներէ, որոնք Սիմի քաղաքապետութեան կը պատկանին։ Գլխաւորներն են․-
Հիւսիս-արեւմուտքը՝ Սիմիոփուլես այդպէս անուանած են նաւաստիները, իսկ հին յոյները՝ Արէես․ երեք կղզիակներու խմբակ մըն է՝ Հոնտրոս հիւսիսայինը, Փլաթի միջինը եւ Օքսիա հարաւայինը,
Natura 2000, GR4210025 բնապահպանման շրջան - Սեսքլի, Քուլուտրոս եւ անոնց միջեւ՝ Արթիքոնիսի կղզիակըԱրեւմուտքը՝ Տիաւաթես ժայռակղզիակները։
Սիմին բնակուած է նախապատմական շրջանէն։ Առաջին բնակիչները եղած են Քարեսներն, Լելեգեսներն ու Փիւնիկեցիները, իսկ աւելի ուշ՝ Դորեացիները։ Ղլաւքոս կը նկատուի ըլլալ առաջին բնակիչը եւ կղզին անոր կողակիցին անունը առած է՝ Սիմի։
Օմիրոսի (Հոմերոս) իր Իլիատա դիւղազնավէպին մէջ կը նշէ թէ Սիմի կղզիին թագաւորւ՝ Նիրեւս, 3 նաւերով Տրոյեան պատերազմին կը մասնակցի։
Սիմի ընդհանրապէս Ռոտոսի հպատակ եղած է, բացառութեամբ Ք․Ա․ 5-րդ դարուն, երբ Աթէնքի գերիշխանութեան տակ կ՛ անցնի։ Այնուհետեւ պատմութիւնը Տոտեքանիսայի պատմութեան կը հետեւի[1]։