Jump to content

Թինոս

Լեռնային կղզի
Թինոս
Սուրբ Աստուածամօր եկեղեցին, Թինոս կամ Հորա
Երկիր  Յունաստան
Տարածութիւն 196,984 քմ²
ԲԾՄ 729 մեթր
Բնակչութիւն 8934 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ tinos.gr
Թինոս․ դիրքը

Թինոս (յուն․՝  Τήνος), Էգէական Ծովուն Քիքլատես կղզեխումբին արեւելեան կողմը գտնուող լեռնային կղզի, Անտրոս կղզիին հարաւ-արեւելքը, Միքոնոս կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը, Յունաստան։ Մայրաքաղաքն է Հորա կամ Թինոս։ Հնադարէն զարգացած մարմարարուեստը ներառնուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ Կղզին ծանօթ է նաեւ իր աղաւնետուներով։

Թինոս, տիեզերքէն
Հորա կամ Թինոս

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անտրոս եւ Թինոս բաժնող նեղուցը

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թինոս կը գտնուի Անտրոս կղզիին հարաւ արեւելքը, Միքոնոս կղզիին հիւսիս-արեւմուտքը եւ Սիրոս կղզիին հիւսիս-արեւելքը։  Կէս ծովային մղոն միայն զայն Անտրոսէն կը բաժնէ, իսկ Միքոնոսէն՝ 5 մղոն եւ Սիրոսէն՝ 12։ 

Կղզին կը նմանի երկայնաձեւ եռանկիւնի մը։  Ամենաբարձր գագաթը Ցիքնիաս 726 մ․, կը գտնուի կղզիին արեւելքը, իսկ կեդրոնը՝  Էքսոմվուրղօ ժայռը՝ 641 մ․։  Ծովեզր 114 քմ․ է եւ կ՛ընդգրկէ կղզիին շուրջը գտնուող ժառակղզիակները։  Ունի 41 ծովափներ։

Բուսական եւ կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բուսականութիւնը կը բաղկանայ թուփերէ՝ մայրի, մրտենի, փշասարդ եւ ծառիկներէ որոնք ըմպելիքի եւ խոհարարութեան յարմար են, ինչպէս օրինակ՝ քարաձանձ, լեռնային թէյ, զուիրակ, ծոթրին, «քափարի», եւայլն։ Կղզին նաեւ հարուստ է վայրի սունկերու տարբեր տեսակներով։

Թինոսի տարածքին կը հանդիպինք վայրի աղաւնիներու, նապաստակներու, մողէսներու, օձերու եւ ուրիշ սողուններու, քարայծներու, կաքաւներու եւ Սեպտեմբերէն մինչեւ Փետրուար զանազան գաղթող թռչուններու՝ տատրակներ, լորիկներ, վայրի բադեր, եւայլն։

Հորա կամ Թինոս համայնապատկեր

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փոսիտոնաս աստուծոյ նուիրուած սրբավայրը

Թինոս անունը առած է իր առաջին բնակիչէն՝ Թինոս․ Փոքր Ասիոյ Քարիա շրջանէն յոնիացի գաղթականներու առաջնորդ։

Ըստ առասպելին, ծովու աստուած Փոսիտոնաս, կղզին կը ղրկէ արագիլներու երամ մը, որպէսզի բնակիչները փրկեն բազմաթիւ օձերէն որոնք կղզին ողողած էին։

Հնագոյն տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թինոսի հարաւ-արեւմտեան ափերուն, Քասթրի կոչուած շրջանը եղած է առաջին բնակավայրը՝ Նոր Քարէ Դար եւ Քիքլատեան առաջին ժամանակաշրջան։

«Էլի» յածանաւ

Յունապարսկական պատերազմներուն[1] ընթացքին, մաս կը կազմէ Աթէնքի Դաշինքին։ Կղզիին պատմութիւնը Քիքլատեսի պատմութեան[2] կը հետեւի։

Նորագոյն եւ Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

30 Յունուար 1823-ին կը յայտնաբերուի Աստուածամօր նկարը, որ ազգային յուզում կը պատճառէ ու կը մեկնաբանուի իբրեւ սուրբ լուր արդարացի Յունական Ապստամբութեան։ 1825-ին կը սկսի Աստուածամօր եկեղեցւոյ կառուցումը․ ճարտարապետն է Իզմիրցի յոյն Էֆսթրաթիոս Քալոնարիս։

Աստուածամօր եկեղեցին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածամօր եկեղեցին, Յունաստանի գլխաւոր ուխտավայրերէն է․ անոր տօնին՝ 15 Օգոստոս, եւ նախորդող ու յաջորդող շաբաթներուն տասնեակ հազարներով ուխտաւորներ կղզին կ՛ողողեն։

«Էլի» յածանաւի ականահարում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իտալական յարձակման նախօրեակին՝ 15 Օգոստոս 1940, Ս․ Աստուածածնի Տօնին առթիւ Թինոս խարիսխ նետած էր Ա․ Պալքանեան Պատերազմին եզակի ներդրում ունեցող «Էլի» յածանաւը։ Տօնին առթիւ բազմութիւնը ողողած էր Թինոսի քարափը։ Իտալական «Delfino» սուզանաւը կը մօտենայ ու կ՛ ականահարէ «Էլի»ն․ 9 հոգի կը մահանան եւ 24 ծանրօրէն կը վիրաւորուին։

«Էլի» յածանաւ․ անունը առած է 2-16 Դեկտեմբեր 1912-ին Տարտանելի (Էլիսփոնտոս) նեղուցին տեղի ունեցած նաւային ճակատագրական կռիւին, ուր յունական նաւատորմիղը վճռական յաղթանակ տարաւ թրքական նաւուժին։

Լիասթի տոմաթա՝ արեւուն չորցած լոլիկ

Կղզիին տնտեսութիւնը բացի զբօսաշրջիկութենէն, յենուած է նաեւ անասնապահութեան, գիւղանտնեսութեան, մեղուաբուծութեան, ձկնորսութեան, նաւագնացութեան եւ մարմարի գործարկութեան․ մարմարարուեստը ներառնուած է Եունեսքոյի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ 

Թինոս կ՛ արտադրէ կաթնեղէնի բազմաթիւ տեսակներ, խոհարարութեան եւ բժշկութեան մէջ գործածուող հոտեր (որոնք կ՛ աճին ազատ բնութեան մէջ) պտուղներ եւ բանջարեղէններու տեսակներ, ինչպէս օրինակ՝ վայրի կանկառը, որ կը մշակուի Քոմի հովիտին, արեւուն չորցած լոլիկ եւ սխտոր․ Թինոսի սխտորը հնագոյն տարիներէն համբաւ ունի։

Ժողովրդակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակչութիւն, վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թինոս․ հնագիտական թանգարան

Բնակչութեան թիւն է 8 636 որոնք կը բնակին 62 բնակավայրերու մէջ։ Մայրաքաղաքն է Հորա կամ Թինոս։ Վարչականօրէն բաժնուած է երկու քաղաքպետութիւններու՝ Էքսոմվուրղոս եւ Թինոս եւ մէկ համայնքի՝ Փանորմոս։ Գլխաւոր գիւղերն են՝ Աղափի, Սքլավոհորի, Քալոնի, Այթոֆոլիա, Քսինալա, Այիոս Րոմանոս, Քարտիանի, Քթիքատոս, Քոմի, Քրոքոս, Սթենի, Իսթերնիա, Վոլաքս, Քումարոս, Թինոս, Այիոս Ֆոքաս, Քարիա, Տիօ Հորիա, Օրմոս Այիու Իոանու, Արնատոս, Ֆթերօ Հորիօ, Այիա Վարվարա, Լաութի, Փանորմոս։

Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։

Թինոս ունի 41 ծովափներ․ 20 կղզիին հարաւ-արեւմտեան կողմը, 8 հարաւ-արեւելեան եւ 13 հիւսիս-արեւելեան կողմը։

Կղզիին մէջ հին ժամանակներէն մինչեւ ժամանակակից շրջանը կը զարգանայ մարմարարուեստը։ Ծննդավայրն է Նիքոլաոս Կիզիս գեղանկարիչին։ Հնագիտական թանգարը կը բովանդակէ հնագիտական նիւթեր որ գտնուած են ու կը գտնուին պեղումներուն ընթացքին։

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Նիքոլաոս Կիզիս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Էլի յածանաւ(յունարէն)