Ֆրանսերէն

Ֆրանսերէն ցուցանակ մը Լուիզիանա նահանգի Լըֆայէթ քաղաքին մէջ:
Ֆրանսերէնն ազատութեան լեզուն է:

Ֆրանսերէնը (ֆրանսերէն՝ français, արտասանութիւնը՝  Լսել lə fʁɑ̃sɛ  կամ la langue française, արտասանութիւնը՝ la lɑ̃ɡ fʁɑ̃sɛz) կը պատկանի հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի ռոմանական, արեւմտա-իտալական լեզուախումբին։ Ֆրանսերէն կը խօսին աշխարհի մէջ 284.4 միլիոն[1] մարդ: Ֆրանսերէնը մայրենի լեզու է 110 միլիոն մարդու համար։ Ֆրանսերէնը պաշտօնական լեզու է Ֆրանսայի եւ 29 այլ երկիրներու մէջ։ Լայնօրէն տարածուած է նաեւ ֆրանսական եւ պելճիքական նախկին գաղութներուն մէջ՝ Ալճերիա, Թունուզ, Սուրիա, Մարոք եւ այլն։

Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման, ֆրանսերէնը 9-րդն է։ ՄԱԿ-ի պաշտօնական եւ աշխատանքային 6 լեզուներէն մէկն է։ Ֆրանսերէնը մեծաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնական լեզուն է եւ օտար լեզուներու շարքին մէջ՝ ամէնաուսումնասիրուածներէն մէկը։

Պետական Կարգավիճակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միացեալ Թագաւորութեան զինանշանի Dieu et mon droit (հայ.՝ «Աստուած եւ իմ իրաւունքը») կարգախօսը ֆրանսերէն է

Պետական Կարգավիճակ Ֆրանսայի Մէջ

Ֆրանսերէն լեզուի կաճառը եւ Արուստներու կամուրջը․ Փարիզ

Ըստ Ֆրանսայի սահմանադրութեան՝ ֆրանսերէնը պետական լեզուի կարգավիճակ ստացած է 1992 թուականին։ Բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերը եւ համաձայնագրերը պէտք է կազմուին ֆրանսերէնով։

Պետական Կարգավիճակը Քանատայի Մէջ

Կը հանդիսանայ Քեպեք փրովինսի պաշտօնական լեզուն եւ ամբողջ Քանատայի ու Նիւ Պրանսուիք գաւառի (ֆրանսերէն՝ Le Nouveau-Brunswick) երկու պաշտօնական լեզուներէն մէկը։ Քեպեքի մէջ ֆրանսերէնի մասին օրէնքը կը պահանջէ, որ պետական դպրոցներուն մէջ բոլոր աշակերտներուն (բացի անգլախօս քանատացի քաղաքացիներու երեխաները) ուսուցումը կատարուի ֆրանսերէնով։

Ֆրանսերէնը Ափրիկէի մէջ

Ներկայիս կը նկատուի ֆրանսերէնի՝ միջազգային կառոյցներուն մէջ գործածման կտրուկ անկում։ Թէեւ ֆրանսերէնը կը պահպանէ իր դրական «պատկերը» աշխարհի մէջ, այնուամենայնիւ անիկա աւելի ու աւելի քիչ կը գործածուի։ 1995-էն Ֆրանքոֆոնիոյ գրասենեակը ՄԱԿ-ի մէջ ունի դիտորդի դեր։ Այդուհանդերձ անգլերէնը, որպէս աշխատանքային լեզու, ունի գերիշխող դիրք, թէեւ ՄԱԿ-ի անդամ 185 երկիրներէն 56-ը կը հանդիսանան Ֆրանքոֆոնիոյ անդամ եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի քարտուղարութենէն իրենց հետ շփումը իրականացնել ֆրանսերէնով։ Ֆրանսերէնի նուազ գործածութիւնը մեծ մասամբ պայմանաւորուած է անձնակազմի համալրման պայմաններով (ֆրանսերէնի իմացութիւնը պարտադիր պայման չէ), անգլիախօս շրջապատի գերակայութեամբ եւ պիւտճէական կրճատումներով։

Եւրոմիութեան (ԵՄ) մէջ ֆրանսերէնը կը հանդիսանայ պաշտօնական լեզու։ Այս լեզուի ապագան կախուած է անոնցմէ, թէ ինչպիսի դիրք կը գրաւէ փոխուող Եւրոմիութեան մէջ։ Այստեղ Ֆինլանտայի, Աւստրիոյ, Շուէտի անդամագրումը զգալիօրէն նուազեցուց ֆրանսերէնի դիրքերը, որովհետեւ վերոնշեալ երկիրները, որպէս հաղորդակցման լեզու կ'օգտագործեն անգլերէնը։ Եւրոմիութեան ընդլայնումը աստիճանաբար կը յանգեցնէ Հռոմի համաձայնագրի դրոյթներու իրագործման անկարելիութեան։ Ըստ այս համաձայնագրին՝ բոլոր անդամ-երկիրներու լեզուները կը համարուին Եւրոմիութեան պաշտօնական լեզուներ։

Ֆրանսայէն յայտնի լեզուաբան Ռ. Շոտանսոնը առաջ քաշեց կտրուկ առաջարկութիւն. պահպանել երեք պաշտօնական լեզու՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն։ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լիոնել Ժոսփենի կարծիքով՝ Եւրոմիութեան մէջ, լեզուական բազմազանութիւնը կը հանդիսանայ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը։ Եւրոմիութեան մէջ, ֆրանսերէնի զբաղեցուցած դիրքէն կախեալ է, թէ որքանով այս լեզուն կը պահպանէ աշխարհի մէջ իր առաջատար դիրքերը։ Բայց Եւրոմիութեան կառոյցներուն մէջ մէկ լեզուն չի կրնար կատարել միակ հաղորդակցման լեզուի գործառոյթներ։ Այդ պատճառով ալ Ֆրանսայի մէջ աշխատանքներ կը տարուին, ուղղուած՝ ֆրանսերէնի, որպէս աշխատանքային լեզուի գործառոյթի ուժեղացման։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]