Jump to content

Պոնիֆաչօ նեղուց

Պոնիֆաչօ նեղուց․ նկարուած հարաւէն՝ Սարտինիոյ հիւսիսային ծայրամասէն

Պոնիֆաչօ նեղուց (ֆր.՝ Bouches de Bonifacio, իտալերեն՝ Bocche di Bonifacio, քորսիքերէն՝ Bucchi di Bunifaziu, սարտիներէն՝ Buccas de Bonifatziu)․ Միջերկրական ծովուն կեդրոնը կը գտնուի, Քորսիքա (հիւսիսը) եւ Սարտինիա (հարաւը) կղզիներուն միջեւ եւ արեւելքէն Թիրենեան ծովը կը միացնէ Միջերկրական ծովուն արեւմտեան մասին։ Տխրահռչակ նեղուց մըն է նաւաստիներուն համար իր օդին, ջուրի հոսանքին, խրուտներուն եւ ուրիշ արգելքներուն համար։

Հակրիճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պոնիֆաչօ նեղուցին դիրքը
Լա մատալենա կղզեխումբը․ կը գտնուի նեղուցին մէջ, Սարտինիոյ հիւսիսը

Երկարութիւնը մօտաւորապէս 19 քմ է, լայնութիւնը կը տարբերի ՝11–16 քմ, իսկ խորութիւնը իր ամենանեղ մասին 100 մեթր չանցնիր։

Անունը առած է Քորսիքայի հարաւի ծայրամասին գտնուող Պոնիֆաչօ քաղաքէն։

Պատմութեան մէջ ամենածանօթ նաւաբեկումը որ նեղուցին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսական Սեմիլանթ զինուորական նաւունն է, որ պատահեցաւ 15 Փետրուար 1855-ին։ Նաւը Խրիմի պատերազմին համար զինուորներ կը փոխադրէր։ Ֆրասանի Թուլոն նաւահանգիստէն ճամբայ ելած էր եւ կ՛ ուղղուէր դէպի Սեւ ծով։ Սոսկալի փոթորիկ մը զայն նեղուցին մէջ Լավեծի կղզիակներուն խարակներուն կը զարնէ։ Նաւը վայրկեաններու մէջ կ՛ընկղմի․ 750 զինուորներէն ոեւէ մէկը չի փրկուիր։

Յաջորդող նաւաբեկումները եւ մանաւանդ 1993-ին հսկայ հեղուկանաւի մը կործանումին հետեւանքով, «վտանգաւոր ապրանքներ» փոխադրող ֆրանսական եւ իտալական դրօշակ կրող նաւերուն համար արգիլուեցաւ նեղուցէն անցնիլը։ Սակայն, ուրիշ դրօշակներ կրող եւ «վտանգաւոր ապրանքներ» փոխադրող նաւեր այլեւս կը խուսափին նեղուցէն անցիլ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ֆրանսաիտալական նաւային սահմնաններու համաձայնութիւն(անգլերէն)