Սուէզի Ջրանցքը
Սուէզի ջրանցք (արաբերէն՝ قناة السويس,) Միջերկրական ծովը Կարմիր ծովուն միացնող Եգիպտոսի արհեստական նաւարկելի ջրանցքը։ Փորուած է 1859 - 1869 թուականներուն։ Անիկա Միջերկրական ծովը եւ Հնդկական ովկիանոսը միացնող ամէնէն կարճ ջրուղին է (այլընտրանքային ուղին աւելի երկար է շուրջ 8 հազար Քմ.-ով)։
Ջրանցքին գիծը Ափրիկէի եւ Ասիոյ միջեւ պայմանական սահմանը կը համարուի։
Գլխաւոր նաւահանգիստներն են՝ Փոր Սայիտը Միջերկրական ծովուն վրայ եւ Սուէզը՝ Կարմիր ծովուն վրայ։
Կը գտնուի Սինայի թերակղզիին արեւմուտքը, երկայնքը՝163 Քմ., լայնքը` 250 մեթր, իսկ խորքը`20 մեթր:
Սուէզի ջրանցքը աշխարհի ամէնէն ծանրաբեռնուած ծովային առեւտուրի ուղիներէն մէկը կը համարուի[1]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նափոլէոնի Յայտնաբերած Հնադարեան Ջրանցքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1798-ին Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական արշաւանքին ընթացքին, Նափոլէոն Պոնափարթ հետաքրքրուած էր հնագոյն ջրանցքի մը մնացորդներուն որոնման աշխատանքներով։ Այս գործին համար կը հրաւիրէ հնագէտներ, գիտնականներ, քարտէսագիր մարդիկ եւ ճարտարապետեր, որոնք կ'ուսումնասիրեն եւ կը հետազօտեն ամբողջ հիւսիսային Եգիպտոսը[2][3]։ Եգիպտոսի նկարագրութեան մէջ արձանագրուած են անոնց աշխատանքներուն արդիւնքները, որոնց մէջ ներառուած էր նաեւ քարտէս մը, ուր մանրամասն նկարագրուած էր հնադարեան ջրանցք մը, որ կ'երկարէր մինչեւ Կարմիր ծովուն հիւսիսը, ապա արեւմուտք՝ դէպի Նեղոս[2][4]։
Աւելի ուշ, Նափոլէոն, որ 1804-ին Ֆրանսայի կայսրը պիտի դառնար, կը մտածէր կառուցել հիւսիս-հարաւ ջրանցք մը, որ պիտի միացնէր Միջերկրական ծովը Կարմիր ծովուն։ Սակայն ծրագիրը չ'իրականանար, որովհետեւ դիւրիմացութեամբ կ'ենթադրուի, թէ ջրանցքին աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ են ամբարտակներ։ Կառուցումը բաւական ծախսալից պիտի ըլլար եւ երկար ժամանակի պիտի կարօտէր։ Այս որոշումը հիմնուած էր այն սխալ տեսակէտին վրայ, որ Կարմիր ծովը Միջերկրական ծովէն 10 մ. բարձր է։ Այս սխալը պայմանաւորուած էր Նափոլէոնի եգիպտական արշաւանքին ընթացքին կատարուած պարբերական հետազօտութիւններով[5]։
Սուէզի Ջրանցքին Կառուցման Անհրաժեշտութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1840-ին Մուհամմետ Ալիի դրամատիրութենէն ետք, Եգիպտոս կը բացուի արտասահմանեան դրամատիրութեան։ 1842-ին Եգիպտոսի մէջ կը տարածուին 1838-ի Անգլիա-թրքական պայմանագիրին պայմանները, որմով անգլիացիները կրնային ազատօրէն եգիպտական բամպակ ներածել իրնց արտադրողէն։
Արեւելեան տիրութեան շրջանին, Եգիպտոս կը վերածուի Բարձր Դրան վասալ նահանգի։ Սակայն փաստօրէն Եգիպտոս կ'անցնի Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ համատեղ պաշտպանութեան տակ։
Եգիպտոսի մէջ բուռն պայքար կ'ընթանայ երկու կողմերուն միջեւ։ Առաջինը՝ յետադիմական այն աւատատէրերն էին, որոնք կ'ուզէին պահպանել Թուրքիոյ հետ կապը։ Անոնք Անգլիոյ կողմնակից էին, որոնց ազդեցութիւնը Կ․ Պոլսոյ վրայ կը գերակշռէր։ Երկրորդը՝ առեւտրականներն ու ազատատիրական աւատատէրերն էին։ Անոնք բարեկարգման կողմնակից էին եւ կը հաւակնէին Ֆրանսայի։ Այս պայքարը կ'արտացոլայ Իպրահիմ փաշային 1848-1848 եւ Աբաս փաշային 1848-1854 գործունէութեանց մէջ։ Երկիրին կառավարիչը Իպրահիմն էր։ Մուհամմետ Ալին այն ատեն տարեց էր եւ իր պարտականութիւնները յանձնած էր անոր։ Իպրահիմ, որ կաշարակեր էր, մեծ տեղ կու տար Եգիպտոսի տնտեսական զարգացման. կը փորձէր բարելաւել Եգիպտոսի պետական վարչակարգին գործունէութիւնը, որ էր՝ վերականգնել տնտեսութիւնը։ Ան կը ստեղծէ մշտական պետական պիւտճէ մը։ 1842-ին կ'ընդարձակուին հողատէրերուն իրաւունքները։ 1848-ին ան պաշտօնապէս Եգիպտոսի կառավարիչը կը դառնայ, սակայն երեք ամիս ետք կը մահանայ։
Իպրահիմի կը յաջորդէ Մուհամմետ Ալիին թոռը՝ Աբաս փաշան, 1849-1854 թուականներուն, որ իր հօր հակապատկերն էր։ Ան նպատակադրած էր հիմնովին արմատախիլ ընել բարեկարգումներու արդիւնքները։ Ան կը լուծէ Ալիին կողմէ կառուցուած գործարանները, կը փակէ դպրոցները, կը նուազեցնէ բանակին թիւը։ Եթէ Մուհամմետ Ալիի օրով բանակը կը ստանար ազգային բնոյթ, ապա ան բանակը կ'անձնականացնէ։ Աբաս փաշա միշտ կ'ընդգծէր իր սերումը Օսմանեան կայսրութենէն։ Ան կ'ատէր արեւմտեան մշակոյթը եւ եւրոպացիները, բայց եւ այնպէս ան կը կատարէր անգլիացիներուն հրամանները։ 1851-ին ան անգլիացիներուն իրաւունք կու տայ կառուցելու Սուէզի երկաթուղին, որ մեծ նշանակութիւն ունէր Անգլիան Հնդկաստանին կապելու համար։ Սուէզի ջրանցքը դեռ չէր փորուած, բայց արդէն ԺԹ. դարու սկիզբը անգլիացիները կը փորձէին Ափրիկէի երկար ճանապարհը կրճատել Եգիպտոսի միջոցով՝ աւելի կարճ ճանապարհով մը։ Ֆրանսական դրամատէրերը, որոնք Մուհամմետ Ալիի եւ Իպրահիմի կառավարման շրջանին վճռորոշ դեր ունէին, ի հակադրութիւն անգլիացիներու երկաթուղիի ծրագիրին, կ'առաջարկեն ջրանցքին կառուցման ծրագիրը, որ կը կապէր Միջերկրական ծովը Կարմիր ծովուն։
Գերտիրութիւններուն Շահերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԹ. դարու սկիզբը, Նափոլէոն Պոնափարթ իր ճարտարագէտէրէն մէկուն կը հրամայէ մշակել ջրանցքին կառուցման նախագիծը։ Հետագային Մուհամմետ Ալին եւ Անգլիան կը խոչընդոտեն ֆրանսացիներուն ջրանցքին կառուցման հետ առնչուող բոլոր փորձերը։ Մուհամմետ Ալի կը գիտակցէր, որ ջրանցքը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ կը հրապուրէ եւրոպական տէրութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսը կը դառնար նուաճողական ծրագիրներու առարկայ։ Իսկ Անգլիա դէմ էր այդ ծրագիրին մինչեւ այն պահը, երբ Եգիպտոս ֆրանսական իշխանութեան ենթակայ էր, յատկապէս մինչեւ Սուէզ, որ Հնդկաստան տանող բանալին էր։
ԺԹ. դարու 50-ականներուն ծրագիրը կը զարգանայ շնորհիւ ֆրանսացի դիւանագէտ Ֆերտինան տէ Լեսսեպսի։ Ծրագիրը կը խոչընդոտեն Անգլիան եւ Աբաս փաշան։ Երկիրին տնտեսական պահանջները կը ստիպէին, որ Աբասը գահընկեց ըլլայ։ Ան կը սպաննուի եւ 1854-ին անոր կը յաջորդէ Մուհամմետ Ալիին որդին՝ Սայիտ փաշան 1854-1863-ին։ Ան արեւմտամէտ էր եւ Ֆերտինանտ Մարիի տը Լեսեփս (Ferdinand Marie, Comte de Lesseps) կը յանձնէ ջրանցքը կառուցելու պարտականութիւնը։ Այս քայլը կ՚արագացնէ Եգիպտոսի եւրոպական երկիրներէն կախեալ ըլլալը, ինչպէս նաեւ՝ կը նպաստէ անոր գաղութացման։
1855-ին նոր ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին եւ Ապրիլ 1859-ին կը սկսի կառուցումը։ 25-40 հազար գիւղացի կը մասնակցի կառուցման։ Անոնց տաժանակիր աշխատանքը կը զզուեցնէ ֆրանսացիները, որմէ կ'օգտուի Անգլիան եւ մեծ պայքարի դուռ կը բանայ Ֆրանսայի հետ։
Սայիտ փաշան կը մահանայ նախքան ջրանցքին կառուցման աւարտը: Անոր կը յաջորդէ Իսմայիլ փաշան 1863-1879-ին, որ արեւմտամէտ էր, դէմ չէր ջրանցքին կառուցման եւ կը ձգտէր Եգիպտոսը դարձնել Եւրոպայի մէկ մասը։ Սակայն ան 1863-ին հրովարտակ մը կը հռչակէ, ընդ որում կը յայտարարէ կասեցնել շինարարութեան հետ առնչուող պարտադիր բոլոր աշխատանքները։ Այս քայլը կը պաշտպանուի Բարձր Դրան կողմէ, որուն աջակից կ'ըլլայ Անգլիան։ Այս որոշումէն Լեսեփսը տնտեսական մեծ հարուած կը ստանայ։ Սակայն Իսմայիլ ոչ միայն չի կրնար «ֆելահներ»ու աշխատանքը կասեցնել, այլեւ կը պարտաւորուի 84 մլն. ֆրանկ վճարել Սուէզի ընկերութեան, իբրեւ վնասի հատուցում։ Աշխատանքները կ՚աւարտին 1869-ին եւ նոյն տարուան 17 Նոյեմբերին տեղի կ՚ունենայ ջրանցքին պաշտօնական բացումը։ Իսմայիլի հրամանով Ճիւզեփփէ Վերտի (Giuseppe Verdi) կը յօրինէ «Աիտա» օփերան։
Եգիպտոս Ջրանցքին կառուցուման համար կը ծախսէ 400 միլիոն ֆրանկ։
Եգիպտոսի Տնտեսական Հարցերը Եւ Սուէզի Ջրանցքին Կորուստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուէզի ջրանցքին կառուցման հետ կապուած մեծ ծախսերը կը ստիպեն եգիպտական իշխանութիւններուն դիմել օտար երկիրներու նիւթական օժանդակութեան։ Անոր նախաքայլը կ'առնէ Սայիտ փաշան 1854-1863-ին։ Ան թէեւ առանց Բարձր Դրան գիտութեան այլ երկիրներու հետ պայմանագիր կնքելու իրաւունք չունէր, սակայն կը դիմէ այդ քայլին, որուն հետեւանքով ալ իր մահէն ետք Եգիպտոս կ՚ունենայ 6 միլիոն ֆունտ արտաքին պարտք։ Այս գործին մէջ իր մեծ ներդրումը կ՚ունենայ Գերման Օփենhէյմը, որ կը համագործակցէր Միացեալ Թագաւորութեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն հետ եւ կը սատարէր անոնց շահերուն։ 1862-ին անոր միջնորդութեամբ Սայիտ կ'առնէ Եգիպտոսի առաջին պետական պարտքը, ապա՝ տարուէ տարի պարտքը կը դիզուի։ Յատկանշական է, որ նոր պարտք առնելով Եգիպտոս կը փակէր նախորդ պարտքը։ 1865-ին Իսմայիլ փաշա 1863-1879 կրկին պարտք կը վերցնէ Անգլիա-եգիպտական դրամատունէն, զորս կ՚օգտագործէ շաքարի գործարաններու կառուցման համար։
Այսպիսով, 11 տարուան ընթացքին Եգիպտոսի Անգլիայէն վերցուցած պարտքերուն գումարը կը հասնի 68 միլիոն ֆունտի, իսկ 1876-ին՝ 94 միլիոն ֆունտի։ Անոր մէկ մասը Իսմայիլ կը վատնէ սեփական կարիքներու վրայ, միւս մասը՝ գործարաններու, երկաթուղի-երկաթագիծերու, կամուրջներու, նաւահանգիստներու կառուցման վրայ, իսկ մեծագոյն մասը կը վատնէ արտասահմանի ճարտարագէտերուն եւ շինարարական ընկերութիւններուն վճարելով։ Օրինակ՝ Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը կառուցելու համար եգիպտական դրամատունէն եւրոպական շինարարական ընկերութեան կը վճարուի 2,5 միլիոն ֆունտ ստերլինկ 1,5-ի փոխարէն։ Միւս կողմէ գրեթէ 22 միլիոն ֆունտ կ՚իւրացուի դրամատուներու կողմէ՝ փոխարժէքի տատանումներու պատճառաբանութեամբ։ 1875-ի վերջը, որպէսզի նուազի հերթական պարտքը, Իսմայիլ կ՚որոշէ վաճառել Եգիպտոսին պատկանող Սուէզի ջրանցքին գործարքները։
Բրիտանական կառավարութիւնը առանց տեղեակ պահելու վարչապետ Իսմայիլին՝ իր ընկեր Ռոտշիլտէն 4 միլիոն ֆունտ պարտք առնելով կը գնէ Սուէզի ջրանցքը։ Համաձայնութիւնը տեղի կ՚ունենայ 25 Նոյեմբեր 1875-ին։ 176 հազար գործարք կ՚անցնի բրիտանական կառավարութեան ենթակայութեան տակ։ Իբրեւ արդիւնք՝ ջրանցքը, որուն պատճառով Եգիպտոս խրուած էր 300 մլն.-ի հասնող պարտքի մէջ եւ որուն կառուցման համար ծախսուած էր 16 մլն. Ֆունտ, կը վաճառուի ընդամէնը 4 մլն.-ով։ 1910-ին արդէն բաժնետոմսերու գինը կը հասնի 35 միլիոնի։ Գործարքը ունէր նաեւ քաղաքական կողմ։ Անգլիան, ինչպէս ծանօթ է, ԺԹ. դարու ընթացքին կը ձգտէր իրեն ենթարկել Եգիպտոսը, սակայն կը հանդիպէր Ֆրանսայի ուժեղ դիմադրութեան։ Իսմայիլի այս խօսքերը «ջրանցքը կը մնայ Եգիպտոսին, ոչ թէ Եգիպտոսը՝ ջրանցքին» ինքզինք չ'արդարացներ։ Ջրանցքին 55%-ը կը պատկանէր Ֆրանսային, սակայն տարբեր բաժնետէրերու։ Իսկ մնացեալ 45%-ը ամբողջութեամբ բրիտանական կառավարութեան կը պատկանէր։
Հզօրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջրանցքը հնարաւորութիւն կու տայ անցնելու այն նաւերուն, որոնք ունին 240,000 թոն տարողութիւն, ջուրի մակարդակէն 68մ. բարձրութիւն եւ առաւելագոյնը՝ 77,5մ. նաւահեծան[6]։
Սուէզի ջրանցքը Փանամայի ջրանցքէն աւելի մեծ նաւեր կրնայ տանիլ։ Կարգ մը նաւթատար նաւեր շատ մեծ են ջրանցքը անցնելու համար, իսկ ուրիշներ կրնան բեռնաթափել իրենց ապրանքին մէկ մասը եւ ջրանցքին պատկանող նաւերով տեղափոխել զանոնք, ապա կրկին բեռցնել։
1955-ին Եւրոպայի նաւթին երկու երրորդը անցած է այս ջրանցքէն։ Ծովային համաշխարհային առեւտուրին մօտաւորապէս 8%-ը կը կատարուի Սուէզի ջրանցքէն։ 2008-ին ջրանցքէն անցած է 21,415 նաւ։
Ջրանցքին մէկ մասը բաւարար չէ երկու նաւերու համար եւ ունի մէկ ճանապարհային գօտի եւ քանի մը նաւախուց, ուր նաւերը կրնան հոն սպասել ուրիշներուն անցնելուն[7]:
Մինչեւ Օգոստոս 2015, ջրանցքը շատ նեղ էր երկկողմանի ազատ երթեւեկութեան համար, ուստի նաւերը շրջանցում կը կատարէին, իսկ շրջանցումը շուրջ 78 քմ. էր։ Հիւսիսէն հարաւ կան հետեւեալ անցումները՝ Փոր Սայիտ՝ 36,5 քմ., Պալլահ՝ 9 քմ., Թիմսահ՝ 5 քմ., Տիվիրզուարը՝ 27.5 քմ։ Այս շրջանցումները իրենց աւարտին կը հասնին 1980-ին։ Սովորաբար 12-էն 16 ժամ կը տեւէ մէկ նաւու համար ջրանցքը անցնիլը։ 24 ժամուան ընթացքին, ջրանցքէն կրնան անցնիլ շուրջ 76 սովորական նաւեր[8]։
Ապտ էլ Ֆաթթահ էլ-Սիսին Եգիպտոսի նախագահ դառնալէն ամիսներ ետք՝ 2014-ի ամրան կը յանձնարարէ ընդարձակել Պալլահի անցումը։ Այս նոր ծրագիրը կը ստանայ Նոր Սուէզի ջրանցք անուանումը[9][10]։ Ծրագիրը կ'արժէ 8 միլիար տոլար եւ գործադրութեան կը դրուի մէկ տարուան ընթացքին[11]։ Օգոստոս 2014-ին[12] կը սկսի ջրանցքին նոր հատուածին կառուցումը 60-էն 95 քմ. հեռաւորութեան վրայ, որ կը զուգորդուէր ջրանցքին ընդարձակման եւ անոր մէկ այլ հատուածին մէջ 37 քմ. խորութիւն փորելու հետ[13]։ Ասիկա հնարաւորութիւն կու տայ, որ նաւարկութիւնը կատարուի երկու ուղղութիւններով միաժամանակ։ Այս ընդլայնուած հատուածներուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի 6 Օգոստոս 2015-ին, նախագահ Ալ Սիսիի կողմէ[14][15][16]։
Այս ընդլայնման նպատակներէն մէկն ալ այն էր, որ Սուէզի ջրանցքով օրական 49 նաւու փոխարէն 97 նաւ կրնար անցնիլ[17]։
Սուէզի ջրանցքը ներկայիս կը գործէ Սուէզի ջրանցքին ղեկավարութեան կողմէ: Անոր շահոյթը Եգիպտոսի զբօսաշրջութենէն ստացած եկամուտերը գերազանցելով։
Դամբարան-Յուշակոթողի Բացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]6 Հոկտեմբեր 2015-ին, Սուէզի ջրանցքին արեւելեան ափին գտնուող Փոր Սայիտ քաղաքին ուղղափառ համայնքներուն յատկացուած գերեզմանատան մէջ տեղի կ'ունենայ բացման արարողութիւն` հաւաքական դամբարան-յուշակոթողին, որ կը վերակառուցուի ի յիշատակ Մուսա Լերան հերոսամարտէն փրկուած եւ Փոր Սայիտ ապաստանած հայորդիներուն ու գաղթակայան-վրանաքաղաքին ննջեցեալներուն[18]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ծովային առեւտուրի ուղիներէն
- ↑ 2,0 2,1 Hall Linda։ The Search for the Ancient Suez Canal։ Kansas City, Missouri։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 Փետրուար 2009-ին
- ↑ Please refer to Description de l'Égypte.
- ↑ Descriptions de l'Égypte, Volume 11 (État Moderne), containing Mémoire sur la communication de la mer des Indes à la Méditerranée par la mer Rouge et l'Isthme de Sueys, par M. J.M. Le Père, ingénieur en chef, inspecteur divisionnaire au corps impérial des ponts et chaussées, membre de l'Institut d'Égypte, pp. 21–186
- ↑ Wilson, The Suez Canal
- ↑ Suez Canal Authority http://www.suezcanal.gov.eg
- ↑ Սուէզի Ջրանցքը
- ↑ «Traffic system»։ Egyptian Maritime Data Bank (EMDB)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 Մարտ 2013-ին։ արտագրուած է՝ 8 Փետրուար 2013-ին
- ↑ Lakshmi Aiswarya (17 Յուլիս, 2015)։ «Egypt Completes New Waterway in Suez Canal»։ MarineLink։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20-07-2015-ին։ արտագրուած է՝ 6 Օգոստոս, 2015
- ↑ «Egypt completes dredging for new waterway in Suez Canal»։ Al-Ahram։ 16 Յուլիս, 2015։ արտագրուած է՝ 6 Օգոստոսի, 2015
- ↑ Knecht Eric (6 Օգոստոս, 2015)։ «Egypt's Sisi launches nationalist New Suez Canal celebration»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 Օգոստոս 2015-ին։ արտագրուած է՝ 6 Օգոստոս, 2015
- ↑ Saleh Stephen Kalin and Yasmine։ «Egypt awards Suez hub project to consortium that includes army: sources»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2022-11-20
- ↑ «Արխիւացած պատճէնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-01-19-ին։ արտագրուած է՝ 2018-06-21
- ↑ «New Suez Canal project proposed by Egypt to boost trade»։ Cairo News.Net։ արտագրուած է՝ 7 Օգոստոս, 2014
- ↑ Kingsley Patrick (5 Օգոստոս, 2014)։ «Egypt to build new Suez canal» – via www.theguardian.com
- ↑ «Egypt launches Suez Canal expansion»։ BBC News։ 6 Օգոստոս, 2015։ արտագրուած է՝ 7 Օգոստոս, 2015
- ↑ «New Suez Canal project proposed by Egypt to boost trade»։ Cairo News.Net։ արտագրուած է՝ 7 Օգոստոս, 2014
- ↑ Դամբարան-Յուշակոթողի Բացում