Վերածնունդ
Վերածնունդը կամ Ռընեսանսը (ֆրանսերէն՝ Renaissance, Իտալերէն՝ Rinascimento) Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու մշակութային եւ գաղափարական զարգացման դարաշրջան մըն է, երբ միջնադարեան մշակոյթէն անցում մը կատարուած է նոր ժամանակի մշակոյթին, Իտալիոյ մէջ ԺԴ.- ԺԶ.դարերուն, իսկ միւս երկիրներուն մէջ՝ ԺԵ.- ԺԶ. դարերուն[1]։
Մշակոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան մշակոյթի հիմնական գիծերն են աշխարհիկ բնոյթը, հիւմենիզմ-ական աշխարհահայեացքը, հնադարեան մշակութային ժառանգութեան դիմելը, զայն վերածնիլը, որմէ յառաջացած է Վերածնունդ անուանումը։ Վերածննդեան մշակոյթի նախակարապետը եղած է միջնադարեան քաղաքային մշակոյթը, որուն վերելքը հնադարեան մշակոյթին նկատմամբ հետաքրքրութեան յառաջացումն է: Եւրոպական երկիրներուն ու շրջաններուն մէջ գործարար աշխոյժ պայմաններուն մէջ կը յառաջանայ գործօն անձնաւորութիւնը, որուն դիրքն ու յաջողութիւնները կը պայմանաւորուէին ոչ թէ տոհմական ծագումով, այլեւ՝ անձնական ձեռներէցութեամբ եւ գիտելիքներով։ Կրօնական բարոյախօսութիւնը եւ միջնադարեան աւանդոյթները մարդոց համար նեղացուցիչ կը դառնան։ Նոր աշխարհահայեացքը կրողները կը դառնան գրականութեան, բանասիրութեան, իմաստասիրութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչները։ Մարդը կը հռչակուի տիեզերքի կեդրոն, բնութեան մաս եւ բնութեան կատարեալ ստեղծագործութիւն։ Մարդը, անոր ապրումները, ներաշխարհը եւ երկրային կեանքը կը դառնան Վերածննդեան գրականութեան եւ արուեստի գլխաւոր թեմաները։ Հնադարեան ժառանգութեան եւ մարդկայնական գաղափարներու տարածման մէջ մեծապէս կը նպաստէ տպագրութեան գիւտը (Յովհան Կիւթենպերկ)։ Իտալիոյ մէջ ծնունդ առած Վերածնունդը այդ երկիրին մէջ կը ստանայ դասական տեսք։ Վերածնունդը իբրեւ ամբողջական դարաշրջան գոյութիւն ունեցած է միայն Իտալիոյ մէջ:
Վերածննդեան Կերպարուեստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան կերպարուեստը զարգացած եւ կատարելագործուած է Իտալիոյ մէջ։ Օգտուելով հնադարեան ժառանգութենէն, յենելով գիտութեան նոր նուաճումներու վրայ՝ այդ ժամանակաշրջանի իտալացի արուեստագէտները կը ձգտէին հարազատօրէն ներկայացնել մարդը եւ շրջակայ իրականութիւնը։ Անոնք արուեստը հարստացուցած են մարդու մարմինին կառուցուածքին ճշմարիտ նկարազարդումով, հեռանկարի, լոյս ու ստուերի, ծաւալի, կրճատումներուն եւ այլ հարցերու մշակումով եւ կիրարկումով։ Վերածննդեան արուեստագէտները կրօնական տեսարաններուն հաղորդած են երկրային բովանդակութիւն։ Արուեստի գլխաւոր հերոսը դարձած է մարդը։
Երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան շրջանի մասնագիտացած երաժշտութիւնը կրած է ժողովրդական ազդեցութիւն, ներթափանցած է հիւմենիստական աշխարհընկալումով, որ նախ դրսեւորուած է յառաջադիմական Art nova (Նորարուեստ) ուղղութեան ներկայացուցիչներու ստեղծագործութիւններուն մէջ (ԺԴ. դար, Իտալիա)։ Հոմոֆոն՝ հարմոնիք երաժշտութեան ձեւաւորումէն ետք, զարգացած են մենակատարային, ձայնաւոր (Ոքալ) նուագակցութեամբ եւ գործիքային կտորներով Օփերան, քանթաթան եւ Օրաթորիան։ Ի յայտ եկած են աշխարհիկ երաժշտարուեստի բազմազան ժանրեր, որոնցմէ են՝ ֆրոտտոլան եւ վելլանելլան Սպանիոյ մէջ, պալլատը Անգլիոյ եւ մատրիգալը Իտալիոյ մէջ։ Վերածննդեան դարաշրջանին կազմաւորուած են երաժշտական նոր ժանրեր, յառաջացած են լիուտնիոյ, երգեհոնի եւ վիորչինելիի նուագի ազգային դպրոցները։ Զարգացած է կատարողական արուեստը, կատարելագործուած է ջութակը եւ անոր ընտանիքին գործիքները։ Ստեղծուած է երաժշտական յատուկ գրականութիւն։ Իտալիոյ մէջ ԺԵ. դարուն վերջին ստեղծուած է նօթագրութիւնը։
Ճարտարապետութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան ճարտարապետութիւնը դիմած է հնադարեան յունա- հռոմէական շինարարական արուեստի գեղագիտական սկզբունքներուն, հնարքներուն եւ ձեւերուն։ Անոր մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւած են աշխարհիկ կառոյցները՝ հասարակական շէնքերը, պալատները եւ քաղաքի տուները։ ԺԵ. դարուն Իտալիոյ երկնակամարին վրայ կը փայլի հանճարներու իսկական համաստեղութիւնը։ Լէոնարտօ տա Վինչի, Մայքըլ Անճելօ[2][3], Ռաֆայէլլօ Սանթի, Տիցիան, եւ այլ երեւելի գեղանկարիչներ, քանդակագործներ ու ճարտարապետներ, որոնք իրենց հանճարին քուրային մէջ կը ձուլեն Իտալիոյ «Ոսկեդարը»։ Այդ Վերածնունդն էր, երկար ու տանջալից մղձաւանջէն արթնցած ու վերստին իրենք զիրենք գտած ուժեղ, կենսախինդ մարդոց դարաշրջանը. ամրակուռ, հուժկու, արիասիրտ մարդոց հերոսներու դարաշրջանը, որոնք կարծես իջած էին յունական արձաններու պատուանդաններէն եւ պատրաստ էին ամէն տեսակի քաջագործութիւններու։ Բայց վարուելակերպը աւելի վայելչագեղ դարձած էր, ճաշակները՝ աւելի նուրբ, կեցուածքներն ու դէմքերը կ'արտայայտէին մեծ կամք ու եռանդ։ Այդ աշխարհը ճանչնալու եւ հասկնալու ծարաւի, ստեղծագործելու բուռն կիրքով լեցուն մարդոց, մեծ արուեստի եւ մեծ յայտնագործութիւններու դարաշրջանն էր։ Այդ այն ժամանակաշրջանն էր, երբ Ֆ. Էնկլսի բառերով ՝ «…հիացած Արեւմուտքի առջեւ կանգնեցաւ նոր աշխարհը՝ յունական հնադարը…», որուն արուեստը օրինակ կը հանդիսանայ Վերածննդեան արուեստին համար եւ Վերածննդեան մեծերը հնադարեան կոթողներու օրինակով կը ստեղծեն գլուխ գործոցներ, որոնք մինչեւ օրս ալ հիացում ու զարմանք կը պատճառեն դիտողին։ Ասիկա այն ժամանակն է, երբ Ֆլորենցի կը հաւակնէր երկրորդ Աթէնք մը ունենալ իսկ Լորենցօ Մետիչին աչքին առջեւ ունէր Պերիկլեսը, իսկ Մայքըլ Անճելօն՝ Ֆիտիասի սխրանքը։
Նշանաւոր են՝ Մայքըլ Անճելոյի վեհաշունչ Դաւիթը, Լէոնարտօ տա Վինչիի գեղեցկուհի Մոնա Լիզան, Ռաֆայէլի՝ վճիտ հայեացքով Սիքստինեան տիրամայրը, Ճորճոնէի հիասքանչ Հուտիթիը… նուրբ ու գեղեցիկ կանացի կիսադէմքեր, գեղադէմ, քաջարի պատանիներ, որոնք ուժ ու բերկրութիւն կը մարմնաւորեն, նկարներու յուզախռով բազմութիւն, բարձրացող ձեռքեր … Եւ այդ ամէնը միայն խանդաղատանք կը յառաջացնեն։ Ամէն ինչ պարզ է, իրական, ակնահաճոյ ու սրտի մօտիկ եւ կը հետապնդէ որոշակի նպատակ։
ԺԵ. դարը Իտալիոյ համար դժուար ժամանակաշրջան էր. Փորթուկալի, Հոլանտայի եւ Սպանիոյ հետ մրցակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հիւսիսէն անընդհատ յարձակումները լուրջ վտանգի կ'ենթարկէին երկիրը։ Այդ բոլորին վրայ աւելցնելով նաեւ ներքին երկպառակութիւնները, սկիզբ առնող դասակարգային պայքարը, խռովութիւնները, արիւնալի ընդհարումները, թշնամութիւնները, երբ միայն ուժով ու ճարպիկութեամբ կարելի էր գոյութիւն պահպանել։ Ամրակազմ, ուժեղ, զէնք բանեցնելու մէջ վարժ, կոփուած ըլլալը գոյութեան պայման էր, ու ոչ միայն անձնական կեանքի, այլեւ՝ հարազատներու։ Այդպիսի մարդիկ անհրաժեշտ էին նաեւ երկիրին համար, որ ճակատագրական օրեր կ'ապրէր։ Հիւսիսէն չդադրող յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները, տարբեր կուսակցութիւններու խմբաւորումներու գժտութիւնները չէին կրնար չյուզել Իտալիոյ մեծ մարդիկը։ Դաւիթի պէս պիտի ըլլար հայրենիքի զինուորն ու քաղաքացին, այդպէս ուժեղ, մոլեգին ու ահարկու։ Ահա թէ ինչու անոնք իրենց հայեացքները կը սեւեռեն գեղեցիկ, առողջ, գործունակ, հուժկու եւ քաջարի կերպարներու վրայ, փորձելով տեսնել նաեւ անոնց յոյզերն ու կիրքերը։ Ահա թէ ուրկէ կու գար աշխարհի նկատմամբ հետաքրքրութիւն, ինչ որ Վերածննդեան դարաշրջանի մարդուն համար օրինակ կը ծառայէր հերոսներուն սխրանքները։ Ահա թէ ինչպէս կը հաստատուի գեղեցիկի տիրապետութիւնը։ Առողջ եւ գեղեցիկ մարմին եւ առողջ ու գեղեցիկ հոգի։ Այդպէս է հրաշագեղ Ճիոքոնտօն իր առեղծուածային ժպիտով, որ նոյնքան իրական էր, որքան բնորդուհին։ Ատիկա աշխարհիկ առաջին դիմանկարն էր, որմով համաշխարհային գեղանկարչութեան մէջ հիմքը կը դրուէր նոր ժանրի մը։
Ճորճիօ Վազարին իր «Ամէնէն նշանաւոր գեղանկարիչներուն, քանդակագործներուն եւ ճարտարապետներուն վարքագրութեան» մէջ այսպիսի տողեր գրած է մեծ քանդակագործին մասին.
Իսկ ազատամիտ իմաստուն Լէոնարտօ տա Վինչին, երկնային բարձունքներու եւ երկրային հովիտներու տիրակալ Ռաֆայէլը, ինքնաբուխ ու զօրաւոր միւս հանճարները կը փնտռեն ու գտնեն նոր մարդը, որ կը սիրէ կեանքը, լի է կեանքով եւ կ'ապրի գեղեցիկի թագաւորութեան մէջ, ուր ամէն ինչ ներդաշնակ է անոր արտաքին ու ներքին նկարագիրին։ Այսպէս է իտալական Վերածնունդը, որ Էնկելսի բնորոշմամբ
… Մարդկութեան կողմէն մինչեւ այդ ապրած մեծագոյն յառաջադիմական յեղաշրջումն էր, դարաշրջան մը, որ տիտաններու կարիք կը զգացնէր եւ տիտաններ կը ծնէր՝ միտքի, տենչի ուժով…։ |
Վերածնունդը տեղի ունեցած է Իտալիոյ մէջ։
Փիլիսոփայութեան Հիմնական Ուղղութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան մեծ ձեռքբերումներէն մէկն այն է, որ ուժեղ հարուած կը հասցնէ միջնադարեան մտածելակերպին, կրօնա- միստիկական գաղափարախօսութեան եւ նոր, աշխարհիկ մտածողութեան հիմը կը դնէ, որ պիտի փոխարինէր միջնադարեան կրօնա- միստիկական աշխարհահայեցողութեան։ Այդ հողին վրայ կը յառաջանայ իրապաշտութիւնը, որ նոր շրջանի մեծագոյն նուաճումն էր։ Իրապաշտութիւնը, իբրեւ աշխարհաճանաչման, իրականութեան իւրացման իւրայատուկ մեթոտ, յառաջացած է գեղարուեստական մտածողութեան զարգացման բարձրաստիճանին, երբ յաղթահարած էր ոչ միայն հին աշխարհէն բանական մտածողութեան, այլեւ՝ քրիստոնէական միջնադարու կրօնա- միստիկական աշխարհահայեցողութեան։
Վերածննդեան դարաշրջանի իրապաշտութիւնը քննադատական իրապաշտութիւն էր. ճշմարտացիութեան սկզբունքը գիտակցուած կերպով կ'օգտագործուէր տիրող կարգի ախտերը ցուցադրելու եւ դատապարտելու նպատակով։ Իրապաշտութիւնը տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր բովանդակութիւն ունեցած է։ Վերածննդեան իրապաշտութեան ճշմարտութեան օրէնքը երկու իմաստ ունէր։ Մէկ կողմէն՝ ճշմարտացիօրէն կը նկարագրուէր աւատատիրական հասարակութեան կեանքը, իբրեւ չարիքի աղբիւր, որ իրականի արտացոլումն էր։ Կար նաեւ բարձր ճշմարտութիւն՝ բանական ճշմարտութիւնը, որ թէեւ իրական չէր, իրականութեան մէջ գոյութիււն չունէր, բայց պէտք էր ձգտէր, պայքարէր, որ գոյութիւն ունենար, իրականանար։ Մեկնելով այդ երկրորդ, բարձր կարգի ճշմարտութենէն՝ անոնք կը մարմանաւորէին իրենց իտէալական պատկերացումները ապագայ բանական ցանկալի կեանքին մասին, որ գեղեցիկ էր եւ հմայիչ։ Վերածննդեան իրապաշտ այս բնորոշ գիծը հետագային կ'անցնի լուսաւոր դարաշրջանի իրապաշտութեան։
Վերածննդեան դարաշրջանի փիլիսոփայութեան յաջորդ ուղղութիւնը հիւմենիզմն էր, որ սկզբնաւորուելով եւ զարգանալով Իտալիոյ ԺԴ.- ԺԵ. դարերուն, այնուհետեւ լայն տարածում կը գտնէ եւրոպական միւս երկիրներուն մէջ։ Այս ուղղութիւնը կը կոչուի հիւմենիստական, որովհետեւ անոր ներկայացուցիչները մարդը կը համարէին աշխարհընկալման կեդրոն եւ կ'ապացուցէին, որ մարդը կրնայ անսահմանափակ կատարելագործուիլ եւ իր ուժերով կերտել իր երջանկութիւնը։
Մարդ անհատը, ըստ անոնց սկիզբէն ազատ է, որ օժտուած է հսկայական ստեղծագործական կարողականութեամբ եւ իրաւունք ունի ինքնահաստատման։
Հիւմենիստները առաջիններէն էին, որոնք կը զգային միջնադարու մայրամուտը եւ վաղ դրամատիրական յարաբերութիւններուն յառաջանալը։ Անոնք կը սկսին պայքարիլ հոգեւոր- կաթոլիկ կրօնական փիլիսոփայութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կը զբաղին աւատատիրական քաղաքա-իրաւական կարգերու քննադատութեամբ։ Հիւմենիստները կը շեշտեն մարդու ընկերաբանական աշխուժութիւնը, պետական-հասարակական գործին մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասնակցութեան գաղափարը։ Անոնք կը պաշտպանեն այն միտքը, որ մարդը պէտք է կարենայ անձնական բարիքը եւ շահը ներդաշնակօրէն զուգակցել հասարակական բարիքին եւ շահին հետ։
Վերածննդեան դարաշրջանին տեղի ունեցած ընկերա-տնտեսական մշակութային փոփոխութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն նաեւ կրօնական կեանքին վրայ։ Սկիզբ կ'առնէ կրօնական հզօր շարժում մը, որ յայտնի է «Ռեֆորմացիա» (բարենորոգութիւն) անունով[4]։ Անիկա կրօնական յեղափոխութիւն էր ուղղուած՝ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ դէմ։ Ռեֆորմացիայի գաղափարախօսութիւնը կը մշակեն Մարթին Լուտըրը եւ Ժան Քելվին։ Լուտըրի եւ Քելվինի վարդապետութեան հիմքին մէջ ինկած է այն միտքը, որ մարդը փրկութեան կրնայ հասնիլ միայն հաւատքի միջոցով։ Բարի գործերը սոսկ հաւատքի պտուղներն են։ Լուտըր բանականութիւնը կը համարէ հաւատքի ճամբուն կանգնած գլխաւոր խոչընդոտը։ Քանի որ բանականութիւնը անզօր է ճանչնալու զԱստծուած, ուստի հաւատացեալին համար ոչ մէկ արժէք ունի բանական աստուածաբանութիւնը կամ դպրական փիլիսոփայութիւնը։
Վերածննդեան ժամանակաշրջանի բնորոշ գիծերէն մէկն ալ բնափիլիսոփայական միտքի զարգացումն է, որ կը ծաւալի բնական գիտութիւններու յայտնագործութեան հիման վրայ։ Այդ դարաշրջանին ստեղծուած ժամանակակից անգլիական գիտութիւնները՝ բնագիտութիւն եւ մեքենագիտութիւն, նոր հիմքերու վրայ կը դրուի փիլիսոփայութեան պատմութիւնը։ Նոր ժամանակի անգլիական առաջին մեծ փիլիսոփան Ֆրանսիս Պէքօնն էր, որ բարձր կը դասէր գիտութեան նշանակութիւնը։ Գիտութիւնը ուժ է, ուժը՝ գիտութիւն։ Որպէսզի մարդ կարենայ ճանչնալ իր կարողութիւնները, կոչումը, հնարաւորութիւնները, պէտք է բանականութիւնը ազատագրել միջնադարեան մտածողութեան կապանքներէն։ Միայն ճշմարտագիտութիւնը կրնայ ցոյց տալ ճամբան։ Այդ պարագային մարդ կրնայ տնօրինել իր բախտը։ Պէքոյի գրիչին կը պատկանին «Նոր Աթլանթիթա» եթովպիական վէպը, ուր կը փառաբանուի գիտութեան ուժն ու ծաղկումը։
Անգլիական Վերածնունդը սկիզբէն կ'ընդունի հիւմենիստական ազատատիրական ուղղութիւնը։ Հիւմենիզմի՝ Վերածննդեան դարաշրջանի գիտական ուղղութեան, միջնադարեան կրօնական հաւատալիքները խզած առաջին մեծ ներկայացուցիչը՝ Թովմաս Մոր, հանդէս կու գայ ոչ միայն համամարդկային իտէալներով, այլեւ իբրեւ համայնավարական գաղափարներու դրօշակակիր։ Ան վեր կ'առնէ այն ամէնը ինչը, որ դեռ պահպանուած էր միջնադարու հասարակական կեանքի աւանդութիւններուն մէջ, վաղ քրիստոնէական գաղափարներուն մէջ, հնադարեան աղբիւրներուն մէջ՝ հանրային անձնականութեան համընդհանուր աշխատանքի, հաւասարութեան, արդարութեան քանի մը սկզբունքներ եւ Նոր ժամանակաշրջան մը կը փոխանցէ բարեփոխուած տեսքով։ Մոր կ'ազատէ ունեցուածքի ընդհանրութիւնը դասակարգային սահմանափակումներէն, ձրիակերութենէն, կրօնական ճգնաւորական եւ հայրենաբաղձութեան գոյներէն։
Ընկերաբանութիւնը բանապաշտական հիմքին վրայ դնելով, կը փոխանցէ զայն հետագայ սերունդներուն։ Վարդապետութիւնը անոր խորթ է, ան կը յենի գիտակցութեան վրայ, անոր հասարակական- քաղաքական դատողութիւններուն հիմքին վրայ ինկած են յարաբերութիւնները մարդոց միջեւ, ոչ թէ՝ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ։ Անոր մեծ գործը կը կոչուի «Ոսկեգիրք» նոյնքան հաճելի, որքան եւ օգտակար՝ պետութեան լաւագոյն կազմակերպման եւ նոր կղզիին՝ Եթովպիոյ մասին։ Անիկա եթովպիական ընկերվարութեան առաջին մեծ արտայայտութիւններէն մէկն է։ «Եթովպիա»-ն յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ երկիր, վայր, որ չկայ։ Թովմաս Մոր պարզ կը գիտակցի, որ անիկա իրական աշխարհ չէ, այլ կը նկարագրէ ոչ թէ իրականը, այլ՝ ցանկալին։ Բայց անիկա այն աշխարհն է, որ Թովմաս Մոր կը հակադրէր ժամանակակից հասարակութեան եւ կը համարէր իտէալական ապրելաձեւ, դէպի ուր պէտք է երթայ մարդկութիւնը։
Մորի «Ութոփիան» կը ներկայանայ իբրեւ Վերածննդեան ծնունդ, հիւմենիզմի զաւակ, ընթանալով դէպի նպատակաուղղուած ապագայ։ Այն, որ «Եութոփիզմ»ը յայտնուած է Անգլիոյ մէջ ԺԶ. Դարու սկիզբը պատահականութիւն չէր։ Թովմաս Մորի գիրքը երեւակայութեան խաղ չէ, անիկա իւրայատուկ, թէեւ բացառիկ մտահայեցողական խնդիրներու լուծումն է, որ կը յուզէ իր ժամանակակիցները։ Մոր ապրած է դրամատիրական ծննդեան շրջանին, որուն պատմութիւնը գրուած է հուրով եւ սուրով, ցնցող դարաշրջանը, երբ մարդկային հսկայական զանգուածներ բռնութեամբ դուրս կը մղուէին հողէն եւ կը զրկուէին ապրուստի միջոցներէն, անօթութեան մատնուած։ Եւ այն ատեն էր, որ հակառակ դրամի իշխանութեան աճման Մոր կը յայտարարէ, որ միայն անձնական ունեցուածքէն հրաժարիլը կ'ապահովէ ընկերվարական ներդաշնակութիւն։
Մոր եղած է ոչ միայն Նոր ժամանակաշրջանին եթոփիական - ընկերվարական դպրոցի, այլեւ՝ անոր ազատական ուղղութեան հիմնադիրը։ Ան հասկցած է, որ ընկերվարութիւնը ոչ միայն իբրեւ հասարակ, նպատակայարմար, արդար հասարակարգ է, բայց եւ միջոց՝ լուծելու ընկերվարական տարաձայնութիւնները, վերացնելու անհաւասարութիւնն ու շահագործումը։ Մոր կառուցած է Եութոփիստներու քաղաքական համակարգը յենելով ազատութեան, հաւասարութեան եւ յարգանքի սկզբունքներու վրայ, ինչպէս որ կարելի էր հասկնալ իր հին ժամանակաշրջաններուն։ Մոր ոչ մէկ ձեւով յետադիմական չէ եղած, ան յետադարձ հայեացք չէ ունեցած, այլ նայած է դէպի ապագան։
Վերածննդեան մշակուած փիլիսոփայութեան ամբողջական ներկայացումը մարդուն եւ բնութեան անխախտ միասնութիւնն է։ Երկիրի եւ տիեզերքի անսահմանութիւնը չի սպառիր պատմական այն ձեւով, որմով մարմնաւորուած է ԺԵ. - ԺԷ. դարերու մտածողներու գործերուն մէջ։ Անոնց առաջադրուած լուծումները կը պատկանին պատմութեան, իսկ վեր առնուած խնդիրները կ'արծարծուին ապագային եւ պատահական չէ, որ Վերածննդեան փիլիսոփայական գաղափարը նոր «Տիեզերական երազներուն մէջ», Ա. Լ. Չիժովի «Հելիոկենսաբանութեան» մէջ։ Մեր ժամանակին համար եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է սպառած համարել Վերածննդեան մարդասիրութեան բարոյական ժառանգութիւնը. մարդկային արժանապատուութեան եւ մարդկային ազատութեան խնդիրները։ Անիկա չի սահմանափակուիր մարդաբանութեան եւ մտածելակերպի միայն տեսական ժառանգութեամբ։
Մարդկութեան փիլիսոփայական մշակոյթի աւանդը մարդկային անհատականութեան հարստութիւնն է՝ ի դէմս Վերածննդեան փիլիսոփաներու, ինչպիսիք են Պիքօն եւ Լէոնարտօն, Մորը եւ Մոնթէն, Պրունոն եւ Քամպանելան, որոնք կը մարմանաւորեն ամբողջական ու կատարեալ մարդու մարդասիրական իտէալը, փիլիսոփայի անձին միասնութիւնը եւ անոր կեանքի ուղին, միտքերն ու գործողութիւնները, խօսքերն ու գործերը։
Մարդը Իբրեւ Աշխարհընկալման Կեդրոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածննդեան դարաշրջանի մեծագոյն նուաճումն այն է, որ առաջին անգամ կը բացայայտէ եւ լոյս աշխարհ կը հանէ մարդը՝ իր ամբողջ էութեամբ։ Սկիզբէն եւ այդ ժամանակաշրջանը ուժեղ կերպով կը զարգացնէ անհատականութիւնը, յետոյ մարդուն մէջ կ'արթնցնէ ծայրահեղ ջանասիրութիւն եւ բազմակողմանի իմացութիւն։ Անհատականութեան զարգացումը էապէս կապուած էր ինքնաճանաչման, ինչպէս նաեւ ուրիշներու ճանաչման հետ։ Առաջին անգամ մարդը կը դիտուի իբրեւ ինքնուրոյն արժէք, կը դառնայ հասարակութեան չափանիշ։
Վերածննդեան դարաշրջանը կը խորտակէ միջնադարեան բարոյականութեան հիմքերը, կը յառաջացնէ այն գաղափարը, թէ արդեօ՞ք երջանկութիւնն այս աշխարհի մէջ պէտք է որոնել, ա՞յս կեանքին մէջ պէտք է դրախտը ստեղծել։ Երկնային յաւիտենական փառքը կը կորսնցնէ իր վարկը. քրիստոնէական կրօնը խնամքով, ամենայն մանրամասնութեամբ մշակած էր մէկ վարդապետութիւն, որ խստօրէն կը պահանջէր՝ հրաժարիլ երկրային վայելքներէն, աչքերը փակել սիրոյ, բնութեան գեղեցկութիւններու հանդէպ, հեռու մնալ ամէն տեսակի գայթակղութիւններէն։ Չկար ազատամիտ, ինքնուրոյն կարծիք, անձնական կամք։ Ամէն ինչ կ'ենթարկուէր Աստուծոյ կամքին. վերուստ սահմանուած նախախնամութիւնը ամէն ինչ կը տնօրինէ, մարդու ճակատագիրը կանխորոշուած է. ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, այնպէս պէտք է ընել, ուրեմն՝ «հնազանդէ՛, համակերպուէ՛ բախտիդ, հլու կատարէ՛ սրբազան պատգամները»։ Այդ մտածելակերպն էր, որ կը տիրէր միջնադարուն, իսկ ատիկա այն դարաշրջանն էր, երբ հին աւատական կարգը տեղի կու տար նոր ուժերուն։ Իտալիոյ մէջ, Վերածննդեան դարաշրջանին տարբեր դասակարգերու ծագման տարբերակը կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը։ Ի հարկ է, այդ բոլորին կը նպաստէ այն, որ առաջին անգամ կը բացայայտուի մարդը՝ իր մարդկային ողջ էութեամբ։ Մարդկութեան տրամաբանական հասկացողութիւնը գոյություն ունէր միջնադարուն, սակայն Վերածնունդը առաւել եւս կը բացայայտէ զայն։ Վերածնունդը եւրոպական մարդկայնապաշտութեան (հիւմենիստական) շարժման առաջին մեծ հանգրուանն է, որ գաղափարապէս կը նախապատրաստէ ԺԸ. դարու լուսաւորական շարժումը։
Եւրոպական մարդկայնապաշտութեան (հիւմենիզմի)՝ իբրեւ փիլիսոփայական շարժման կրողի, հետագայ ճակատագիրը դարաշրջանի հոգեւոր կեանքին կապուած էր մարդու խոր հասկացողութեան եւ անոր կապը շրջապատող աշխարհին հետ։ Հիւմենիստական մտածողութեան յառաջընթացը կը կատարուէր անկախ «դասական հնութեան վերածննդեան» անմիջական կապէն։ Այս դարաշրջանին կը փոխուի մարդուն հարցերու նկատմամբ մօտեցումը։ Անոր հիմքին մէջ կը դրուի անհատականութեան խոր հոգեբանական վերլուծութիւնը եւ մեծ ուշադրութեան կ'արժանանայ մարդուն ներաշխարհը։ Մարդը այժմ չի դիտուիր իբրեւ տիեզերական գլխաւոր, կեդրոնական առարկայ, այլ բնութեան կենդանի էակ՝ ոչ բարձր, ոչ ցած միւսներէն։ Ասիկա նոր մօտեցում էր։ Առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնենք մարդը, որ կ'ապրի իր տրամաբանութեամբ, կը գործէ բանականութեամբ, կը հաւատայ իր ուժերուն, կը գիտակցի, որ իրաւունք ունի պահանջելու, երբ հաշուետուութեան նստին իրեն հետ, յարգեն իր իրաւունքները։
Նոր հիւմենիստական ուսուցման բնորոշ գիծը ինչպէս քրիստոնէական, այնպէս ալ մարդակեդրոնացման յաղթահարումն էր։ Մարդը կը վերադառնայ բնութեան աշխարհահայեացքի կեդրոն, թէ՛ աստուածաբանական եւ թէ՛ հիւմենիստական իմաստով։
Հիւմենիստական մարդաբանութեան խնդիրները կը քննարկուին ֆրանսացի մտածող՝ Միշել տը Մոնթենի, «Փորձեր» գործին մէջ։ Մոնթեն կը ստեղծէ իր իւրօրինակ, սակայն ոչ համակարգուած ուսուցումը մարդու եւ աշխարհի մասին, որ իր ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէ ոչ միայն համաշխարհային գրականութեան, այլեւ Վերածննդեան դարաշրջանի փիլիսոփայական միտքին մէջ։ «Փորձեր»- ուն մէջ, խօսքը կ'ուղղուէր սովորական մարդուն։ Մարդու անհատականութեան եւ անոր ներաշխարհին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ոչ միայն կը յայտարարուի, այլ կ'իրագործուի իր ամբողջ խորութեամբ։
Մոնթենի մարդաբանութեան մէջ մարդը կը մաքրագործուի Աստուծոյ կողմէ նախասահմանուած գերբնական արժէքներէն եւ կը վերադառնայ բնութեան տարրերուն, իբրեւ անոր պտուղներէն մէկը, զայն մասերու բաժնելով։ Միայն երեւակայութեան միջոցով մարդը ինքզինք կը հաւասարեցնէ Աստուծոյ, ինքնիրեն կը վերագրէ աստուածային յատկութիւններ, ինքզինք կ'առանձնացնէ բազմաթիւ այլ էակներէն։ Մարդու իսկական արժանապատուութիւնը բնականէն մինչեւ աստուածայինի բարձրացումը չէ, այլ գիտակցումը, որ կը համարուի վսեմ, յաւերժ, շարունակական եւ փոխուող բնութեան մէկ մասը։
Մոնթենի փիլիսոփայութեան մէջ մարդու ազատութիւնը կ'իրականացուի միայն այն պարագային, երբ ան կ'ընդունի բնութեան օրէնքները՝ ապրելով եւ գործելով անոնց համաձայն։ Ան կը ժխտէ Աստուծոյ կապը մարդոց գործերուն եւ արարքներուն հետ։
Վերածննդեան դարաշրջանի փիլիսոփայական մշակոյթի ակունքներուն մէջ կանգնած է Տանթէ Ալիկերին. Միջնադարու վերջին բանաստեղծը եւ միաժամանակ նոր ժամանակաշրջանի առաջին բանաստեղծը։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Տանթէ նոր խօսք ու նոր մտածողութիւն կը բերէ։ Միաժամանակ ան կը մշակէ նոր բարոյագիտական չափանիշ մը, որուն համաձայն ազնուութիւնը կը բնորոշուի անձնական արժանիքներով եւ ոչ թէ ծագումով, տիտղոսով կամ դիրքով. մարդու ազնուութիւնը իր արարքներուն մէջ է, որմով կրնայ նմանիլ Արարիչին։ Մարդու բնութիւնը այնքան բարձր է, որ եթէ մարդու էութիւնը բնորոշող բնական եւ հոգեւոր պատճառները փոխադարձ համաձայնութեան գան, կը մարմնաւորուէր, ինչպէս երկրորդ աստուած։ Ըստ Տանթէի օգտուելով իրեն տրուած ազատութենէն, մարդը կրնայ հասնիլ երկրային սխրագործութեան եւ կատարել իր երկրային առաքելութիւնը։
Մարդու մասին Տանթէի ուսուցումը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ ոչ միայն իր փիլիսոփայութեան տեսական ձեւերուն մէջ, այլեւ անոր «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ։ Անիկա կը ստեղծէ մարդու արժանապատուութեան առաջին օրհներգը եւ նոր ուղի մը կը հարթէ հիւմենիստական մարդաբանութեան համար։
Բանաստեղծութեան կերպարները յստակօրէն գծագրուած են իրենց բնաւորութիւններով, անհատական դիմանկարներով ու ճակատագիրներով։ Բնական գոյներով անոնք բոլորովին կը տարբերին միջնադարեան գրականութեան վերացական կերպարներէն։ Հերոսներու կենդանի, բնական ըլլալը, շօշափելիութիւնը, հոգեբանական վերլուծութիւնները, հետաքրքրութիւնը մարդու ճակատագիրով, բնութեամբ եւ այլն, այնպիսի իրապաշտ յատկութիւններ են, որոնք Տանթէն կը կապեն Վերածննդեան իրապաշտ գրականութեան հետ։ Բայց եւ այնպէս Տանթէ կանգնած է երկու դարաշրջաններու սահմանագլուխներուն։
Եթէ միջնադարու մարդը կը համարուէր մեղսագործ եւ աստուածային խաղալիք, ապա Վերածննդեան դարաշրջանին մարդկայնապաշտութիւնը նոր ուղի կը հարթէ մարդաբանութեան համար՝ ուշադրութիւն դարձնելով մարդկային անհատականութեան ներաշխարհին, տիեզերքի մէջ մարդու տեղին։ Մարդկայնապաշտութեան փիլիսոփայութեան այս նոր ուղղութիւնը, որուն կեդրոնը մարդկային անհատականութեան աշխարհն ու երկրային գոյութիւնն էր՝ իր երկրային կիրքերով եւ մարդկային ձգտումներով իր տեղը կը գտնէ Ֆրանչեսքօ Պետրարկայի փիլիսոփայութեան մէջ։ Նոր մարդաբանութեան փիլիսոփայութեան համակարգին մէջ մարդու երկրային գոյութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէր երկրային փառքին ձգտումը եւ մարդու անունին անմահութիւնը։ Պետրարկա այդ ձգտումը կը համարէ մարդկային էութեան ազնիւ յատկութիւն։ Ան երկրային հոգերը կը համարէ մարդկային կարեւորագոյն սխրանքներէն մէկը։ Մարդու երկրային կեանքը կը գրաւէ մարդաբաններու ուշադրութիւնը։ Մարդու մասին իրենց ուսուցումը անոնք առաջին հերթին կը մեկնին մարդու բնութեան պատկերացումներէն։ Հիմք ընդունելով մարդու բնութիւնը՝ անոնք կը ձեւաւորեն մարդկային բարոյականութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան նոր գաղափարներ։ Մարդաբանական գաղափարախօսութիւնը ուղղուած էր միջնադարեան կրօնա-միստիկական մտածողութեան դէմ. գիտութիւնը կ'ազատի եկեղեցիէն հետազօտութեան առարկան կը դառնայ իրական աշխարհը, բնութիւնը եւ մարդը։
Ճակատագիրի (Ֆորթունայի) Գաղափարը Եւ Անոր Մշակութային Դրսեւորումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճակատագրապաշտութիւնը (Ք.Ա.) Զ. Դարուն Հռոմ կը մուծէ Սերվիլիոս Տուլիոս թագաւորը։ Ան մեծ օրէնսդիր եւ բարենորոգիչ էր եւ Ֆորթունայի սիրելին։ Հռոմէական Ֆորթունան հին յունական Տիխէ «Տյուխէ» աստուածուհիին ժառանգորդուհին էր։ Պտղաբերութեան եւ առատութեան աստուածուհիէն Ֆորթունա վերածուած է քմահաճ երջանկութեան, ինչպէս նաեւ պատահականութեան, յաջողութեան, երկրային բարիքներու բաշխման աստուածուհիին։ Ընդգծելով Ֆորթունայի անկայունութիւնը՝ զինք կը ներկայացնէ երիտասարդ կնոջ մը տեսքով, յաճախ թեւերով՝ պատրաստ թռչելու, անհետանալու գունդի մը կամ անիւի մը վրայ, երբեմն ալ փակ աչքերով։ Անոր յատկանիշներէն էին առատութեան եղջիւրը եւ նաւու ղեկը։
Ֆորթունայի կերպարը միջնադարեան արեւմտա-եւրոպական մշակոյթին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէր։ Անոր կերպարին կը հանդիպինք միջնադարեան ձեռագիրներուն եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ, նոյնիսկ միջնադարեան իրաւաբանները կը դիմէին Ֆորթունային՝ դատական գործերու բացայայտման համար։ Ֆորթունան նաեւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան ամէնէն սիրելի թեմաներէն մէկն էր։ Սակայն Ֆորթունայի ներթափանցումը միջնադարեան աշխարհ դիւրին չէր։ Սկզբնական շրջանին, հոգեւորականութիւնը անհաշտ պայքար մը կը մղէր Ֆորթունայի դէմ՝ զինք համարելով խաբկանք եւ չար ու նենգ ոգի։
Օգոստոս Երանելին, որ արեւմուտքի քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն էր, անխուսափելիութեան դէմ հանդէս գալով, կը պնդէր, որ ամէն ինչ կանխամտածուած է եւ ոչինչ պատահական է։ Աստուած նախախնամութեան միջոցով կ'ուղեւորէ մարդկութիւնն ու մարդը, սակայն վերջինիս կը շնորհուի ընտրութեան հնարաւորութիւնը։
Հնադարեան մտածողները իրերու գործող պատճառներէն կ'առանձնացնեն ոչ միայն մէկ գործող պատճառ, այլ՝ քանի մը։ Իսկ քրիստոնէական ուսուցումը ամբողջութեամբ շեշտը կը դնէր նպատակին վրայ, որ նախատեսած էր անհատը եւ անոր մէջ կը տեսնէին ամէն գոյի պատճառը։ Մէկ կողմէն Ֆորթունան նոյնացնելով չար ոգիին հետ՝ քրիստոնեայ գրողները անով իսկ իրաւունք կու տային գոյատեւելու խաւարի դեւերու շրջանակին մէջ։ Միւս կողմէն՝ Օգոստոս Երանելին եւ միւս աստուածաբանները չէին բացառեր, որ աշխարհի մէջ առկայ է նաեւ երեւոյթը, որ հանդէս կու գար իբրեւ պատահականութիւն՝ զայն անուանելով Ֆորթունա։ Ատիկա թոյլ կու տար Ֆորթունային ներառելու բացարձակ աստուածադաւանութեան աշխարհայեացքային համակարգին մէջ, իբրեւ ոչ ինքնուրոյն ուժ, որ կոչուած էր ծառայելու Արարիչ Աստուծոյ եւ կատարելու մարդու նախանշուած անհասանելիութեան փափաքները։
Այսպիսով, աստուածային Նախախնամութեան գաղափարը կրնար ներկայացուիլ միջանկեալ էութեան ձեւով, որ կ'արտայայտուէր առկայ կեցութեան աշխարհին մէջ։ Այս ամէնը տեղի կ'ունենար շնորհիւ Պոեցիոսի, որ Ֆորթունայի երկին մեկնաբանութւնը կու տար իբրեւ աստուածուհիի եւ իբրեւ համաշխարհային ուժի, որոնք հետագային զարգացում կ'ապրին միջնադարեան գրկանութեան մէջ։ Պոեցիոս կը բացայայտէ Ֆորթունայի «իրաւունքը»՝ համեմատելով զայն բնութեան երեւոյթներու օրինաչափութիւններուն հետ. «չէ՞ որ երկինքին թոյլ կը տրուի ծնելու լուսաւոր օրեր եւ զանոնք թաղելու մութ գիշերներու ընթացքին, տարուան եղանակներուն թոյլատրուած է երկիրը եւ զարդարելու ծաղիկներով ու պտուղներով, եւ մթագնելու զայն փոթորիկով եւ ցուրտով… Մեր Ֆորթունայի ուժը կը կայանայ անդադար խաղի մէջ։ Մենք կը շարժենք անիւը արագընթաց պտոյտով եւ կ'ուրախանանք, երբ զոհուածները կը բարձրացնեն համբարձման աստիճան, իսկ համբարձուածները հիմնայատակ կը կործանին»։
Ֆորթունային խորհրդանիշը կը համարուի պտտող անիւը, որ հին դարաշրջանի նախասիրուած կերպարն էր, իսկ միջնադարեան աշխարհին մէջ կ'ընդգծուի Պոեցիոսի կողմէ։ Այդ անողորմ անիւը կը խորհրդանշէ համաշխարհային ոլորապտոյտը, որ ոչ մէկը նախօրօք յաղթանակ չի կանխագուշակեր, անոր առջեւ բոլոր մարդիկ հաւասար են։ Միացնելով Ֆորթունան եւ աստուածային Նախախնամութիւնը, բնութեան փոփոխականութիւնը եւ միակ Աստուծոյ հաստատուն կայունութիւնը Պոեցիոսը կը ստեղծէ միջնադարու համար դասական աստուածաբանական- փիլիսոփայական Ֆորթունա. ճակատագիրի սկզբունք, որ պէտք էր ծառայէր աստուածային Նախախնամութեան։
Աշխարհի կերպարը, դիտարկելով աստուածային բանականութեան պարզութեան մէջ, կը կրէ Նախախնամութիւն անունը, իսկ այն ինչ որ անկէ շարժում կը ստանայ, այսինքն՝ անձնական աշխարհը, Աստուած կը կարգաւորէ ճակատագիրի միջոցով։
Նախախնամութիւնը կը ղեկավարէ աշխարհը մաքուր ձեւերով, որ կը բնորոշէ զԱստուած եւ որ կը խորհրդանշէ յաւերժութիւնը։ Նախախնամութիւնը կամ աշխարհի կերպարը Աստուծոյ միտքին մէջ են, իսկ աշխարհը, որ դուրս եկած է հանգիստի եւ կատարելութեան վիճակէն, կը կապէ ճակատագիրը։ Ճակատագիրին միջոցով կ'իրականացուի աշխարհի աստուածային կառավարումը։ Սակայն մարդոց կեանքին մէջ, երեւոյթներու դրսեւորման մէջ ճակատագիրին յայտնուիլը կը դրսեւորէ Ֆորթունան։ Ֆորթունայի հասկացողութիւնը, իբրեւ անդէմ սկիզբ, իրականացնելով Աստուծոյ կամքը երկիրի վրայ, ամբողջովին կը համաձայնի քրիստոնէական դաւանանքին հետ։
Միջնադարը այն դարաշրջանն էր, երբ հին աւատական կարգը տեղի կու տար նոր ուժերու։ Հասարակական կենսունակ ուժերն ու մշակութային գործունէութիւնը միջնադարեան դղեակներէն կը փոխադրուին քաղաքները, ուր բուռն թափով կը զարգանան արդիւնաբերութիւնն ու առեւտուրը, կը ստեղծուին առաջին պուրժուական հիմնարկները։ Նոր հիմքերու վրայ կը դրուի նաեւ դպրոցը։ Կը ձեւաւորուին նոր գիտութիւններ՝ փիլիսոփայութիւն, գրականութիւն, կը յառաջանան գիտական նոր օճախներ։ Այդ ժամանակաշրջանին մարդը կամաց- կամաց կը սկսի «օտարանալ» ակնյայտ բնական օրինաչափութիւններէն, կառուցելով կեանքը ամէնէն անհրաժեշտ եւ պարզ հասարակական կապերով եւ աւելի կ'ընկղմի վեց ընկերային «տարրերուն» մէջ։ Ասիկա կը նպաստէ անոր մտահորիզոնին ընդլայնման։ Ընկերային լայն շերտերու մէջ, հասարակական դերին աշխուժացումը, տնտեսական կեանքին մէջ անոր արժէքին աճը, կ'ուղեկցի ժողովրդական մշակոյթով։
Հին գրութիւններուն մէջ, մարդը միշտ ալ ձեռնոց նետած է ճակատագիրին։ Այս ժամանակաշրջանի գրողներու մօտ Ֆորթունան, հակառակ իր դասական հագուստին, չի դիտուիր իբրեւ ինքնուրոյն ուժ, անիկա կը ծառայէ ամենազօր քրիստոնէական Աստուծոյ, կ'արտայայտէ անոր կամքը եւ բոլորը կ'ուղղէ յստակ նպատակի մը։ Աստուած եւ Ֆորթունան ոչ միայն խաղաղ կը համագործակցին, այլեւ՝ նոյնիսկ համաստորադաս միութիւն մը կը կազմեն, եւ աստուածուհին ինք կը վերցնէ աստուածային կառավարման գործընթացը։
Ժամանակի ընթացքին, Ֆորթունայի հարեւանութիւնը քրիստոնէական Աստուծոյ համար կրնար վտանգ ներկայացնել։
Միջնադարու եւ Վերածննդեան սահմանագիծին մէջ, Ֆորթունային եւ մարդու յարաբերութիւններու շեշտադրումները կը միախառնուին։ «Ֆորթունան, հաւակնելով հեղինակութեան, ոչ միայն կը թելադրէ իր կամքը, այլեւ կոչ կ'ուղղէ մարդուն իր խաղին համագործակցելու, ունակութիւն ունենալու հասնելու յաջողութեան եւ յաղթահարելու վայրէջքը։ Կը ծնի անհատականութեան նոր հասկացողութիւն, պատրաստ ազատելու ինչպէս տիեզերական գայթակղութիւններէն Ֆորթունայի քմահաճոյքներէն, այնպէս ալ Նախախնամութեան ամէն ինչ ընդգրկող իմաստութենէն։ Ան կը տենչայ իր տիտանական ստեղծագործ կարողութեամբ ձեռնոց նետել անգամ Արարիչին:
«Այժմ արտաքին ուժը կամ նախախնամութիւնը չեն կանխորոշեր անոր արարքներն ու ճակատագիրը։ Այլ ան կը յենի միայն անձնական ուժին վրայ, իբրեւ ինքնուրոյն մեծութիւն, պատճառ կը դառնայ շարժման, իրադրութիւններու եւ յարաբերութիւններու»։Մէկ կողմ ձգելով անքննելի ճշմարտութեան ուժ ստացած միջնադարեան գիտութիւնը, ազատելով աստուածաբանութեան խնամակալութենէն՝ կը մշակուի ազատ մտածողութիւնը, ուր ճշմարտութեան կը հասնի ոչ թէ վերէն թելադրուած հրահանգներով, այլ անձնական դատողութեան միջոցով եւ միայն անձնական դատողութենէն ու վերլուծութենէն ձեռք բերած համոզումի ուժ ստացած արդիւնքները իսկական ճշմարտութիւն կը համարուին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան։ Երևան: Հայկական հանրագիտարան, 11-րդ հատոր։ 1985։ էջեր 385–390
- ↑ BBC Science and Nature, Leonardo da Vinci Retrieved May 12, 2007
- ↑ BBC History, Michelangelo Retrieved May 12, 2007
- ↑ Butterfield, Herbert, The Origins of Modern Science, 1300–1800, p. viii
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- The Civilization of the Italian Renaissance: A Sourcebook (2nd ed., 2011)
- Ross, James Bruce, and Mary M. McLaughlin, eds. The Portable Renaissance Reader (1977); excerpt and text search