Լատիներէն

Հռովմէական կայսրութիւնը ՃԺԷ․ թուական Ք․Ե․ (117 թուական Քրիստոսէ ետք)։
Հռովմէական կայսրութիւնը ՃԺԷ․ թուական Ք․Ե․ (117 թուական Քրիստոսէ ետք)։

Լատիներէն (lingua Latina կամ Latinum, լինկուա Լատինա կամ Լատինում) հնագոյն դասական լեզու որ կը պատկանի հնդ-եւրոպական լեզուներու Իտալական (անգլերէն՝ Italic եւ ոչ Italian) ընտանիքին։[1]

Լատիներէնը սկզբնապէս կը խօսուէր Լատիում (իտալերէն՝ Latium) այժմ կը կոչուի՝ Լացիո (իտալերէն՝ Lazio) շրջանին մէջ՝ Իտալիոյ կեդրոնական արեւմուտքը գտնուող։[1]

«Հռովմէական հանրապետութեան» տարածումին շնորհիւ լատիներէնը կը դառնայ գերիշխող լեզուն՝ «Իտալական թերակղզի»-ին ապա հետեւաբար ողջ Հռովմէական կայսրութեան մէջ։ Անգամ «արեւմտեան Հռովմ»-ի անկումէն ետք լատիներէնը շարունակեց Եւրոպայի մէջ գործել իբրեւ համաշխարհային հաղորդակցութեան, գիտութեան, ուսումնականութեան, կաճառական, ընդհանուր եւ կամուրջ լեզու (Lingua franca), մինչեւ 18-րդ դարը, երբ տեղական բարբառներն ու հասարակ լեզուները, ներառեալ իրմէ իսկ սերող լեզուները՝ ռոմանական կամ ռոմանեան (անգլերէն՝ Romance) լեզուները, զայն փոխարինեցին`կաճառական եւ քաղաքական գործածութեան մէջ։ Այսօր լատիներէնը արդի լեզուաբանական սահմանումով «մեռած լեզուներ»-ու շարքին կը դասուի․ այսինքն բնիկ խօսողներ չունի, հակառակ անոր որ ընդարձակօրէն եւ աշխոյժ կերպով կը գործածուի։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Sandys John Edwin (1910)։ A companion to Latin studies։ Chicago: University of Chicago Press։ էջեր 811–812