Մալթա

Մալթա (Malta), Մալթայի Հանրապետութիւն (Republia ta՝ Malta), պետութիւնը կը գտնուի Միջերկրական ծովու կեդրոնական մասին մէջ։ Կը մտնէ Անգլիական համագործակցութեան մէջ։ Տարածութիւնը 316 քմ2 է, բնակչութիւնը՝ 413,965[1] (2015), մայրաքաղաքը՝ Ուալեթա:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալթայի մէջ մարդկային առաջին բնակավայրերը գտնուած են Ք.ա. IV հազարամԵակի ընթացքին։ Ք.ա. XIII դ. Մալթան գաղութացուցած են փիւնիկեցիները։ Ք.ա. VI դ. դարձած է Կարթագէնի տիրոյթը։ Ք.ա. 218-ին Մալթան անցած է Հռոմի կազմին մէջ : Ք.ա 395-870-ին գտնուած է Բիւզանդիոնի, 870-1091-ին՝ արաբներու տիրապետութեան տակ։ 1091-ին Մալթան նուաճած են նորմանները եւ միացած է Սիսիլիային։ 1530-ին Մալթայի մէջ հաստատուած է Յովհանեաններու ասպետական ընտանիքը։ XVI դ. բազմիցս ենթարկուած է թուրքերու յարձակումներուն։ 1775-ին տեղի ունեցած է բնակչութեան խոշոր ապստամբութիւն տեղի ասպետներու ֆեոտալական շահագործման դէմ։ 1798-ին Մալթան գրաւած են Նափոլիոն I-ի զորքերը, 1800-ին՝ Մեծն Բրիտանիան: Վերջինս Մալթան դարձուցած է իր գաղութը։ Մալթայի ռազմագիտական նշանակութիւնը մեծցած է Սուեզի ջրանցքի բացումէն (1869) ետք։ Մալթան դարձած է Մեծն Բրիտանիոյ ռազմածովային խոշոր բազան Միջերկրական ծովու մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն (1914-1918) ետք Մալթայի մէջ ազատագրական շարժման թափը Մեծ Բրիտանիոյ հարկադրած է 1921-ին Մալթային տալ ինքնավար գաղութի կարգավիճակ։ 1930-ին քաղաքական սրուած պայքարի պայմաններուն մէջ անգլիական իշխանութիւնները վերցուցած են ինքնավարութիւնը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին (1939-1945) Մալթան ենթարկուած է իտալական եւ գերմանական յարձակման։ Յետպատերազմեան տարիներուն զօրացած է ազգային-ազատագրական եւ բանուորական շարժումը։ 1947-ի սահմանադրութեամբ վերականգնուած է ներքին ինքնավարութիւնը։ 1958-ին հակաանգլիական զանգուածային ելոյթներու պատճառով երկրին մէջ մտած է արտակարգ դրութիւն, 1959-ին վերցուած է 1947-ի սահմանադրութիւնը։ 1962-ին Մեծն Բրիտանիան հարկադրուած Մալթային դարձեալ տուած է ներքին ինքնավարութիւն, իսկ 21 Սեպտեմբեր 1964-ին՝ անկախութիւն Բրիտանական համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ։ 1964-ին Մալթան դարձած է ՄԱԿ-ի անդամ։ Միաժամանակ անկախ Մալթային Մեծ Բրիտանիան պարտադրած է «փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիր՝ 10 տարի ժամկէտով, որմով իրավունք կը ստանար Մալթայի մէջ պահել զինուած ուժեր, փաստօրէն Մալթան կը դառնար ՆԱԹՕ-ի ռազմական բազայ։ 1962-1971-ին իշխանութեան գլուխը կանգնած ազգայնական կուսակցութեան (հիմնադրուած է 1924-ին) կառավարութիւնը, որուն վարած քաղաքականութիւնը կը հակասէր Մալթայի ազգային շահերուն եւ կ'առաջացնէր ժողովրդական զանգուածներու դժգոհութիւնը։ 1971-ի համընդհանուր ընտրութիւններուն յաղթեց ժրաջան կուսակցութիւնը (հիմնադրուած է 1920-ին), որուն առաջնորդ Դ. Մինտոֆֆը կազմեց կառավարութիւն։ Նոր կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկեց Մալթայի ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ. երկրէն դուրս բերուեցաւ ՆԱԹՕ-ի՝ Եւրոպայի հարաւային գօտիի ռազմածովային ուժերու շտապը, չեղեալ յայտարարուեցաւ 1962-ի անկլո-մալթայական համաձայնագիրը, արգիլեց ամերիկեան 6-րդ նաւատորմի նաւերու մուտքը Վալեթա նաւահանգիստէն։ Մալթան կը վարէ չմիանալու, բոլոր երկիրներու հետ խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւն։ 1974-ին Մալթան հռչակուեցաւ հանրապետութիւն, պետութեան ղեկավարը դարձաւ նախագահը (մինչ այդ զիրենք կը ղեկավարէր Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին)։

Պետական կարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալթան հանրապետութիւն է։ Պետութեան գլուխը նախագահն է, օրէնսդրական մարմինը՝ ներկայացուցիչներու պալատը, գործադիր իշխանութիւնը կ'իրականացնէ կառավարութիւնը։ Ընտրական իրաւունքէն կ'օգտուին 18 տարին լրացուցած բոլոր քաղաքացիները։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալթան կ'ընդգրկէ 2 մեծ (Մալթա, 246 քմ2 եւ Կոցո, 67 քմ2) եւ շարք մը փոքր կղզիներ։ Հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ափերը զառիթափ են, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելքը՝ ցած, յարմար նաւահանգրուաններով։ Ռելիէֆի մէջ կը գերիշխեն մինչեւ 240 մ բարձրութեան կարստային սարաւանդները (Մալթա կղզիի մէջ)։ Կլիման միջերկրածովեան է։ Փետրուարի միջին ջերմաստիճանը 12 ° է, Օգոստոսինը՝ 25 °, տարեկան տեղումները՝ մօտ 530 մմ։ Մակերեւութային հոսքը աղքատ է։ Կը տիրապետէ բուսականութեան միջերկրածովեան տիպը։

Նէոլիթեան դարաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քահար Քիմ մեգալիթեան տաճարը

Մարդիկ առաջին անգամ յայտնուեր են Մալթայի մէջ մօտ Ք.ա. 5900 թուականին, աս մէկը ապացուցեր են հնագոյն հողերու հետազօտութիւնները[2]։ Առաջին նէոլիթեան մարդիկ հաւանաբար այստեղ եկեր են Սիսիլիայէն (մօտ 100 քմ կամ 62 մղոն դէպի հիւսիս), բայց ԴՆԹ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք Միջերկրածովեան տարբեր շրջաններէն են, ներառեալ Եւրոպան եւ Ափրիկէն[2]։ Անոնք գլխաւորապէս եղեր են ֆերմերային եւ ձկնորսական համայնքներ, որոնք երբեմն զբաղուեր են նաեւ որսորդութեամբ։ Հաւանաբար ապրեր են քարանձաւներու եւ բաց օթեւաններու մէջ։ Հետագայ հարիւրամեակներու ընթացքին հաղորդակցեր են այլ մշակոյթներու հետ, որոնք իրենց հետքը ձգած են տեղացիներու վրայ, որու մասին կը վկայեն խեցեգործական կառուցուածքները եւ խեցեգործութեան գունային երանգները։ հողագործութեան եղանակները կը վատթարացեն հողերու որակը՝ ատոնք ենթարկելով մաշումի, իսկ տարիներու ընթացքին կղզիները աստիճանաբար կը չորնան, անհնարին դարձնելով գիւղատնտեսութեամբ զբաղուիլը։ Այդ տեղի ունեցեր է նաեւ կլիմայի տաքութեան պատճառով եւ կղզիները դարձեր են անմարդաբնակ մօտ հազարամեակ[2]։

Tarxien, գեր կինը
Զսպանակե մոտիվներ մեկալիթեան տաճարէն , Հնագիտութեան Ազգային թանգարան

Գաղութացման երկրորդ ալիքը կու գայ Սիսիլիայէն՝ Ք.ա. մօտ 3850 թուականին։ Մալթայի պատմութեան առաւել յիշարժան շրջաններէն մէկը կը համարուի տաճարներու շրջանը, որ սկսած է Ք.ա. մօտ 3600 թուականին։ Աղանթիայի տաճարը Կոզոյի կը համարուի առանձին կանգուն հնագոյն տաճարներէն մէկը աշխարհի վրայ։ Համալիրի անուանումը կու գայ մալթայերէն ġgant բառէն, որ կ'արտացոլէ տաճարի չափերու մեծութիւնը։

Տաճարներէն շատերը ունին հինգ կիսաշրջանաձեւ սենեակներու տեսք, որոնք կը միաւորուին կեդրոնին մէջ։ Կ'ենթադրուի, որ ատոնք կրնան ներկայացնել աստուածութեան գլուխ, ձեռքեր եւ ոտքեր, քանի որ ամենատարածուած արձաններէն մէկը՝ գտնուած այդ տաճարներուն մէջ, այդ գէր կինն է՝ պտղաբերութեան խորհրդանիշը։ Քաղաքակրթութիւնը, որ տաճարներ կը կառուցէ, գոյութիւն ունեցեր է մօտ 1500 տարի, մինչեւ Ք.ա. 2350 թուականը, որմէ ետք այդ մշակոյթը հաւանաբար վերացած է։ Կան բազում ենթադրութիւններ, թէ Ինչ կրնար կատարուիլ այդ քաղաքակրթութեան հետ, գուցէ ամբողջովին վերացեր է, կամ ուծացուեր, բայց հաշուի առնուած է, որ խորտակումը տեղի ունեցեր է կլիմայի եւ երաշտի պատճառով[3]։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

98%-ը մալթացիներ են։ Կը բնակին նաեւ անգլիացիներ, իտալացիներ: Պաշտօնական լեզուներն են մալթայերէնը եւ անգլերէնը, պաշտօնական տոմարը՝ գրիգորեանը, տիրապետող կրօնքը՝ կաթոլիկութիւնը: Բնակչութեան խտութիւնը 1 քմ2 վրայ աւելի քան 1310 մարդ՝ (2015)։ Գլխաւոր քաղաքներն են Սլիման եւ Վալեթան:

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսապէս զարգացած երկիր է, կը տիրապետէ արտասահմանեան, յատկապէս անգլիական դրամագլուխը։ Անկախութեան տարիներուն Մալթայի մէջ ստեղծուած են արդիւնաբերական նոր ճիւղեր, կապուած մետաղամշակման, քիմիական արդիւնաբերութեան հետ, կ'աւելնայ շինանիւթերու, ընդլայնուած է սպասարկման ոլորտը (յատկապէս հիւրանոցային)։ 2014-ին արտադրուած է 2,2 մլր կվտ/ժ ելեկտրական ուժ[4]: Արդիւնաբերութեան առաջատար ճիւղերն են հագուստի եւ սննդահամի արտադրութիւնը։ Կան կաշիի-կօշիկի, խեցեղէնի, քիմիական ոչ մեծ գործարաններ։ Խոշոր ձեռնարկութիւններէն է նաւանորոգարանը։ Մալթա կղզիէն կ'արդիւնահանուի շինաքար, կերակուրի աղ։ Կը մշակուի տարածքի 40%-ը։ Կը զբաղուին հացահատիկային բաժանմունքի, բանջարեղէնի մշակութեամբ, պտղաբուծութեամբ, այգեգործութեամբ, ծաղկաբուծութեամբ, անասնապահութեամբ, առափնեայ շրջանները՝ ձկնորսութեամբ։

Փոխադրամիջոց եւ արտաքին առեւտուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական ծովային նաւահանգիստն ու օդակայանը Լուքան է, ինքնաշարժներու հանգոյցը՝ Վալեթան: Երկաթուղի չկայ։ ինլքնաշարժներու ճամբաները՝ 3,1 հազար քմ[5] են։ Կ'արտահանէ սարքաւորումներ. հանքային վառելիք, իւղեր եւ նաւթամթերքներ. գիրքեր եւ թերթեր. կը ներմուծէ՝ սննդամթերքներ, քիմիկատներ, վառելիք, արդիւնաբերական եւ փոխադրամիջոցային սարքաւորում։ Արտաքին առեւտուրին մէջ առաջատար դեր ունին Մեծն Բրիտանիան, ԱՄՆ, Իտալիան, Քանատան եւ այլն[6]:

Առողջապահութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակչին՝ 10, մահացածները՝ 9[7]: Կը գերակշռէ ոչ վարակիչ ախտաբանութիւնը, չարորակ նորագոյացութիւններ, շաքարախտ, հիբերթոնիք «hypertonic» հիւանդութիւն եւ այլն։ Վարակիչ հիւանդութիւններէն առաւել տարածուած են մանկական հիւանդութիւններ, որովայնային տիֆը։

Հետաքրքիր փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալթայի մէջ ամուսիները ազատ կրնան բաժանուիլ, բայց կրկին չեն կրնար ամուսնանալ ուրիշ մարդու հետ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Մալթայի բնակչությունը 2015 թվականին
  2. 2,0 2,1 2,2 «700 лет добавлено к истории Мальты». Таймс Мальты. 16 марта 2018 года.
  3. «700 лет добавлено к истории Мальты». Таймс Мальты. 16 марта 2018 года.
  4. «Մալթայի Էներգետիկան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-23 
  5. «Մալթայի Տրանսպորտային համակարգ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-23 
  6. «Մալթայի Առեւտրաշրջանառություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-23 
  7. «Մալթայի Առողջապահություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-23