Jump to content

Լաթաքիա

Քաղաք
Լաթաքիա
արաբերէն՝ اللاذقية
Զինանշան

Երկիր  Սուրիա
Նահանգապետութիւն Լաթաքիա
Քաղաքապետ Ապտուլքատեր Ապտուլշէյխ[1]
Տարածութիւն 58 քմ²
ԲԾՄ 0 մեթր
Բնակչութիւն 709 000 մարդ[2]
Հեռախօսային ցուցանիշ 041
Պաշտօնական կայքէջ elatakia.sy

Լաթաքիա կամ Լեոթիսիա (արաբերէն՝ اللاذقية ալ-Լատիքիէ, թրք.՝ Lazkiye, լատ.՝ Laodicea ad Mare), յուն․՝ Λαοδικεία, Սուրիոյ հիմնական նաւահանգիստն է: Պատմականօրէն ան յայտնի է նաեւ որպէս Սուրիոյ Լէոթիսիա կամ Լէոթիսիա տի Մարէ անունով: Նաւահանգիստի կողքին, քաղաքը շրջակայ գիւղատնտեսական քաղաքներուն եւ գիւղերուն համար արտադրական կեդրոն է: 2004 թուականի պաշտօնական մարդահամարին համաձայն քաղաքի բնակչութեան թիւն էր՝ 383,786: Բնակչութեան թիւը զգալիօրէն աճած է սուրիական քաղաքացիական պատերազմէն ետք ապստամբներու եւ ահաբեկչական տարածքներէն փախստականներու ներհոսքի հետեւանքով: Սուրիոյ չորրորդ մեծ քաղաքն է Դամասկոսէն, Հալէպէն եւՀոմսէն ետք։ Ան սահմանակից է հարաւէն՝ Թարթուսին, արեւելքէն՝ Համայի, հիւսիսէն՝ Իտլիպի, իսկ Կիպրոսի ամէնահիւսիսային արեւելեան բաժինը՝ Apostolos Andreas, կը գտնուի 109 քմ. հեռաւորութեան վրայ:

Թէեւ տարածքը բնակուած է մ.թ.ա. 2-րդ հազարամեակին, սակայն քաղաքը հիմնուած է IV դարուն, Սելեւկեան կայսրութեան օրով: Յետագային Լաթաքիան ղեկավարած են հռոմէացիները, ապա` VIII դարուն՝ Ումմայատներն ու Ապպասիները: Բիւզանդացիները նոյնպէս իշխած են քաղաքին, յաճախ բախումներ ունենալով  արաբներուն եւ յատկապէս Ֆաթիմիդներուն հետ: Յետագային Լաթաքիան ղեկավարած են յաջորդաբար սելճուք թուրքերը, խաչակիրները, այյուպիները, մամլուքները եւ օսմանցիները: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ֆրանսական իշխանութեան շրջանին Լաթաքիան դարձաւ Ալեւիներու ինքնավար տարածքի մայրաքաղաք եւ 1922 թուականին հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն, մինչեւ Սուրիոյ վերամիացումը՝ 1944 թուականին:

Լաթաքիան իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիվ անուններով կոչուած է: Փիւնիկեան դարաշրջանին ​​կոչուած է «Ուկարիթ», քանի որ այն յայտնի Ուկարիթ քաղաքի հարաւային արուարձանն էր, ինչպէս նաեւ «Շամրա»: Թէլ էլ-Ամարնայի նամակագրութեան մէջ կը հանդիպինք աւելի հին անուն՝ «Եարիմութա»: Այս անունը յետագային փոխուած է «Ռամիթա»-ի, որ կը նշանակէ «լեռնաշխարհ»: Փիլիսոփայ եւ պատմաբան Փիլոնը զայն վերանուանած է «Ռամաթուս»՝ փիւնիկեան աստւծոյ անունով: Տեղացիները զայն անուանած են «Մազպտա», որ արաբերէն կը նշանակէ «ծովի փրփուր»: Յուստինիանոս կայսրը զայն վերանուանած է «Թէոտորարիս», իսկ խաչակիրները՝ «Լալիշ»:

Ամէնէն ատարածուած անուանումը եւ այսօր օգտագործուող անուան ծագումը մ.թ.ա. չորրորդ դարուն կայսր Seleucus I Nicator-ի կողմէ կոչուած է Լաոթիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոթիսի:  Ապա Լատիներէնով  անոր անունը դարձած է «Լաոթիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ: Աւելի ուշ փոխուած է՝ դառնալով «Լաթաքիա»: Հռոմէական դարաշրջանին Յուլիոս Կեսարը մ.թ.ա. առաջին դարուն զայն ​​վերանուանեց «Ճուլիա», իսկ կայսր Սեպտիմիոս Սեւերոսը՝ «Սեպտիմա Սաֆրիա»։ Սակայն հռոմէական անունները չտարածուեցան եւ Սելեւկեաններու անունը մնաց ամէնէն տարածուածը։ Երբ Դամասկոսի մէջ առաջացաւ Ումայադներու պետութիւնը, վերանուանեցաւ «Լաթաքիա ալ-Շամ»՝ նոյն անունը կրող քանի մը այլ քաղաքներէն տարբերելու համար։ Անոր մակդիրերէն է «Ափի հարսը»։

Քաղաքի խորհրդանիշը, որն ընդունուած է 1975 թուականին Լաթաքիայի քաղաքային խորհուրդին կողմէ, կը պատկերէ նաւի խարիսխ՝ երկու դլփիններով շրջապատուած, որ մ.թ.ա. երկրորդ դարով թուագրուող քաղաքին մէջ յայտնաբերուած հնութիւններէն մէկուն կրկնօրինակն է։ Դլփինը յայտնաբերուած է նաեւ Սելեւկեաններու ժամանակաշրջանով թուագրուող մեծ թիւով մետաղադրամներու վրայ։ Լաթաքիան Մերձաւոր Արեւելքի միակ քաղաքն է, որ կ'օգտագործէ դլփինը որպէս իր խորհրդանիշներէն մէկը եւ Լեւանտի այն քիչ քաղաքներէն մէկն է, որու անունը չի ծագիր սուրիական կամ արամէական լեզուներէն։ Խարիսխը, կամ եաթերը, կը վերաբերի նաւարկութեան, քաղաքի տնտեսական կեանքին կենսական նշանակութիւն ունեցող աղբիւրին։ «Արաբական Լաթաքիա» անուանումը յօրինուած է, քանի որ այն եօթերորդ դարուն քաղաք մուտք գործելով իսլամներու կողմէ տրուած անուններէն մէկն էր՝ զայն նոյն անունը կրող ութ այլ քաղաքներէն տարբերելու համար։ Այս խորհրդանիշը ստեղծուած է Գաբրիէլ Սաատէի կողմէ։

Սելեւկեան բազմաթիւ քաղաքներու նման, Լաթաքիան կոչուած է զայն իշխող ընտանիքներու անդամներու անունով: Նախ Seleucus I Nicator-ի կողմէ ան կոչուած է Լաոթիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոտիսի:  Ապա Լատիներէնով  անոր անունը դարձած է «Լաոթիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. H. Zain / Mazen / H. Sabbagh (23 April 2011)։ «New Governor of Lattakia sworn in»։ Syrian Arab News Agency։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 April 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ ապրիլի 23
  2. https://web.archive.org/web/20230217204151/https://www.macrotrends.net/cities/22614/lattakia/population#:~:text=The%20current%20metro%20area%20population,a%201.98%25%20increase%20from%202020.
  3. (արաբերեն) اللاذقية, 2025-10-05, https://ar.wikipedia.org/w/index.php?title=%D8%A7%D9%84%D9%84%D8%A7%D8%B0%D9%82%D9%8A%D8%A9&oldid=72191401, վերցված է 2025-10-24