Jump to content

Աստուածաշունչ

Աստուածաշունչ
Աստուածաշունչ Մատեան, 13րդ դար
Լեզու Հին Եբրայերէն
Նիւթ Քրիստոնէական, Մարգարէական, Աստուածաբանական
Գիրքի տեսակ Կրօնական, մարգարէական, քրիստոնէական

Աստուածաշունչ (Աստուածաշունչ Մատեան, Սուրբ Գիրք, Գիրք Գրոց, Աստուծոյ Խօսք) Քրիստոնեաներու համար պաշտամունքի Սուրբ գիրք:[1][2][3]

Անունի Ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեր թարգմանիչ հայրերը երբ թարգմանած են Սուրբ Գրութիւնները (Ե. Դարուն) Աստուածաշունչ կոչած են անոր ամբողջութիւնը: Պատահական կոչում մը չէ այս մէկը, այլ այն բոլոր հեղինակները, որոնք հեղինակած են Աստուածաշունչի գիրքերը, իրենց հոգիին աշխարհին մէջ ունեցած են Աստուծոյ պատկերը, շունչը, հոգին, ոգին: Անոնք ունեցած են խոր հաւատք եւ երկիւղածութիւն գերզօր Աստուծոյ հանդէպ եւ այն ջերմեռանդ հաւատքով, երկիւղածութեամբ եւ աստուածային ներշնչումով գրած են Աստուածաշունչը: Պօղոս Առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսի ուղղած իր նամակին մէջ կ'ըսէ. «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ սխալը հերքելու, մարդը ճիշդ ճամբուն մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար. որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու՝ պատրաստ» (Բ. Տիմոթէոս 3, 16-17):

Աստուածաշունչը գրող անձերուն շնորհուած են յայտնութիւններ: Մարդիկ, որոնք ունեցած են անարատ Աստուածային շնորհները առանց սխալներու գրելու այդ Սուրբ Գիրքերը: Յովհան Ոսկեբերան ըսած է. «Բոլոր գիրքերը գրուած են ոչ թէ ծառաներուն, այլ բոլորին Տիրոջ՝ Աստուծոյ կողմէ»:

Ուրիշ օտար քրիստոնեայ ազգեր Աստուածաշունչը, Սուրբ Գիրք (Holy Bible) կոչած են, որ կու գայ յունարէն (պիպլիա) բառէն: Աստուածաշունչ կոչումը միայն հայոց կը պատկանի:

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածաշունչի բոլոր ձեռագիր գրութիւնները, բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած է որպէս.-

Ուխտ՝ ընդհանուր իմաստը կը նշանակէ դաշինք, համաձայնագիր, պարտաւորութիւն: Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի: Ուխտ բառը յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ նաեւ կտակ կամ կտակարան, ուրկէ կու գան Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան բացատրութիւնները:

Հին Կտակարանը կամ Հին Ուխտը, կը պատմէ այն ուխտին մասին որ կնքուած էր.-

Ա).-Աստուծոյ եւ իսրայէլի ժողովուրդին միջեւ (Ելից 19, 5-6)

Բ).-Նոյի անձին ընդմէջէն համայն մարդկութեան հետ (Ծննդոց 9, 9-17)

Գ).- Աբրահամի անձին հետ (Ծննդոց 15, 18)

Դ).-Դաւիթի հետ (Սաղմոսաց 89, 4-5)

Նոր Կտակարանը կամ Նոր Ուխտը կը խօսի այն նոր ուխտին մասին, որ կնքուեցաւ Քրիստոսի զոհագործական մահով:

Աստուածաշունչի Հայերէն Թարգմանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ե. Դարուն մեր Թարգմանիչները Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար ո՞ր բնագիրները օգտագործեցին: Ասորակա՞ն, թէ՞ յունական բնագիրները: Առաջին հապճեպ թարգմանութենէն ետք անոնք մասնագիտական թարգմանութիւնը կատարեցին եօթանասնից յունարէն բնագրէն, մանաւանդ Հին Կտակարանի պարագային: Եօթանասնից թարգմանութիւնը կատարուած է 285-240 թուականներուն (Ք. Ա.): Եգիպտոսի Պտղոմէոս թագաւորը իր գրադարանապետ Տիմիթրիոս Փալերիոսի թելադրութեամբ, Երուսաղէմէն 70 ուսեալ հրեայ դպիրներ կանչել կու տայ Աղեքսանդրիա- Եգիպտոս եւ Հին Կտակարանը թարգմաներլ կու տայ եբրայերէնէ յունարէնի: Այս թարգմանութիւնն է ահաւասիկ որ Եօթանասնիցն է: Թարգմանչաց սերունդը այս թարգմանութեան մէջ ներառած է երկրորդական կամ պարականոն գիրքերը:

Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպագրութեան գիւտէն ետք, բազմաթին դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք Ոսկան Վրդ. Երեւանցի, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ, 1666-ին կը յաջողի տպագրել տալ հայերէն Աստուածաշունչը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Definition of Bible | Dictionary.com»։ www.dictionary.com (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 October 2006-ին 
  2. Hamilton Mark։ «From Hebrew Bible To Christian Bible | From Jesus To Christ – The First Christians | Frontline | PBS»։ www.pbs.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 June 2018-ին 
  3. «The Catholic Encyclopedia»։ Newadvent.org։ 1907։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 June 2010-ին։ արտագրուած է՝ 23 April 2010