Jump to content

9-րդ հրաշալիք

9-րդ հրաշալիք
9-րդ հրաշալիք եւ 9-rd hrashalik'[1]
Տեսակ պարբերաթերթ
Ժանր մշակոյթ, Լեզու, պատմութիւն, խաչբառ? եւ Փազըլ
Լեզու հայերէն[1]
Խմբագիր Վաչական Սարգսեան
Հիմնադրուած է 1994
Երկիր  Հայաստան
Հրատարակման վայր Երեւան
ISSN 1829-1635

«9-րդ հրաշալիք», Երեւանի մէջ 1994-2020 թուականներուն հրատարակուած հայկական լեզուաբանական, մշակութային, ժամանցային ամսաթերթ: Հիմնադիր եւ հրատարակիչ՝ «9-րդ հրաշալիք» ՍՊԸ: Ընդամէնը լոյս տեսած է 783 թիւ: Թերթին նշանաբանն էր Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ միտքը. «Հայ լեզուն տունն է հայուն»:

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոյս տեսնելու օրերը՝ ամէն ամսուան 20-ին

  • Ձեւաչափը՝ A4
  • Էջերու քանակը՝ 16
  • Տպաքանակը՝ 3000
  • Գոյները՝ սեւ-ճերմակ, առաջին եւ վերջին էջերը՝ գունաւոր, 8-9-րդ էջերը՝ յաւելեալ մէկ գոյնով

«9-րդ հրաշալիք» ամսաթերթը լոյս տեսած է 1994 թուականի հոկտեմբերէն: Թերթը հիմնադրած է Վաչական Սարգսեան, որ եղած է թերթին անփոփոխ գլխաւոր խմբագիրը: Սկզբնական շրջանին թերթին մէջ կը տպագրուէին բացառապէս խաչբառեր, գլուխկոտրուկներ, խաղեր եւ նման այլ նիւթեր: Յետագային «9-րդ հրաշալիք»ին մէջ սկսան հրապարակուիլ այլ նիւթեր եւս՝ լեզուաբանական, երգիծական, վերլուծական, հրապարակախօսական յօդուածներ, գրական ստեղծագործութիւններ եւ այլն: «9-րդ հրաշալիք» շաբաթաթերթը սկզբնական փուլին կը պատրաստուէր գլխաւոր խմբագիր Վաչական Ա. Սարգսեանի եւ Հայկ Սարգսեանի ուժերով: Տարիներու ընթացքին խմբագրակազմը ընդլայնուեցաւ, հոն սկսան աշխատիլ խմբագիրներ Հրանտ Վարդանեան եւ Արտաշէս Թադեւոսեան, էջադրողներ Լիանա Աւագեան, Հեղինէ Ասլանեան, Ալէն Խանբէկեան, համակարգչային բաժնի աշխատող Նարինէ Գէորգեան, գրական աշխատող Անահիտ Խաչատրեան, տնօրէն Յովհաննէս Սարգսեան: Թերթին գլխաւոր հաշուապահն էր Ռաֆիկ Ասլանեան: 2009 թուականի հոկտեմբերի 20-ին թերթը նշեց հիմնադրման 15-ամեակը[2]:

1998-2001 թուականներուն «9-րդ հրաշալիք» ՍՊԸ-ն կը հրատարակէր նոյն ուղղուածութեան ռուսերէն "9-ое чудо" թերթը, որուն առաջին գլխաւոր խմբագիրը Շիրակ Էլբակեան էր: 1999-2001 թուականներուն "9-ое чудо" թերթին գլխաւոր խմբագիրը Արտաշէս Թադեւոսեան էր:

1995-2000 թուականներուն Հ1-ի եթերին մէջ կը հեռարձակուէր «9-րդ հրաշալիք» հեռուստախաղը, որուն հեղինակն ու վարողը Վաչական Սարգսեան էր:

2000-2005 թուականներուն «Ստերեո-ստուդիա» ռատիոկայանով եւ «ԱրմենԱկոբ» հեռուստաընկերութեամբ կը հեռարձակուէր Վաչագան Սարգսեանի եւ «9-րդ հրաշալիք» շաբաթաթերթի «Զարմանահրաշ հայերէն» հաղորդաշարը, որ նուիրուած էր հայոց լեզուին: 2020 թուականի դեկտեմբերէն թերթին հրատարակումը ֆինանսական պատճառներով դադրեցուած է:

«9-րդ հրաշալիք» հեռուստախաղը 1995-2000 թուականներուն հեռարձակուած է Հ1-ի եթերին մէջ[3]: Խաղին հեղինակն ու վարողը Վաչագան Սարգսեան էր: Հեռուստախաղը հիմնադրելու գաղափարը ծնած է այսպէս. 1994-1995-ին «9-րդ հրաշալիք» թերթին մէջ կազմակերպուած մրցոյթներու յաղթողները կը հրաւիրուէին խմբագրութիւն՝ մասնակցելու խաղ-հանդիպման մը, որուն ընթացքին մասնակիցներուն կը տրուէին զանազան հարցումներ, անոնք կը մասնակցէին խաղերու ու վիքթորինաներու, իսկ յաղթողները կը ստանային մրցանակներ:

Այդպիսի հանդիպումներէն մէկուն ներկայ կը գտնուի հեռուստատեսային բեմադրիչ մը, որ կ'առաջարկէ այդ հանդիպումները դարձնել հեռուստախաղ: Այդպէս կը ծնի «9-րդ հրաշալիք» հեռուստախաղը: Սկզբնական շրջանին խաղին կը մասնակցին բացառապէս թերթի մրցոյթներու յաղթողները, յետագայ տարիներուն կազմակերպուեցան նաեւ խաղեր անուանի դերասաններու, հաղորդավարներու, երգիչներու մասնակցութեամբ:

Խաղին ընդմիջումներուն ելոյթ կ'ունենային էստրատային երգիչներ: Կը կազմակերպուէր նաեւ խաղ հանդիսատեսին հետ, որուն ընթացքին Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնի դերասանները կը պատկերէին որեւէ առարկայ, երեւոյթ կամ գործողութիւն, իսկ հանդիսականները պէտք է գուշակէին: Յաղթողը կը ստանար մրցանակ: Հեռուստախաղի բոլոր մասնակիցները կը ստանային մրցանակներ, իսկ յաղթողը՝ արժէքաւոր մրցանակներ:

Մշտական խորագրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայերէնը ափի մէջ
  • Սխալ եւ ճիշդ (կը ներկայացուին հանրապետութեան մամուլէն եւ այլ լրատուամիջոցներէն քաղուած լեզուական աղաւաղումներ, կը բերուին անոնց մեկնաբանութիւններն ու ճիշդ ձեւերը)
  • Օտարները եւ մենք հայերու մասին
  • Զարմանահրաշ իննեակ (կը ներկայացուին անսովոր փաստեր, տուեալներ տարբեր բնագաւառներէ)
  • Հայկական ասոյթներու հանրագիտարան (կը ներկայացուին հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն քաղուած ասոյթներ, որոնք յետագային պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով)
  • Խնդուկներ (զուարճախօսութիւններ)
  • Ծիծաղի ասուլիս (կը ներկայացուին երգիծական մանրապատումներ, ժպիտներ, հումորեսկներ, իրական կեանքէն առնուած միջադէպեր, փշոտ մտքեր եւ այլն)
  • Խճանկար
  • Աշխարհագրական ստուգաբանութիւն (կը ներկայացուին աշխարհագրական տարբեր օբիեքթներու անուանումներու ծագման ստուգաբանութիւնները)
  • Կը ստեղծագործեն մեր ընթերցողները եւ երիտասարդները
  • Մարդը սխալական է (կը ներկայացուին այնպիսի մոլորութիւններ, որոնց թուացեալ ճշմարտացիութիւնն ընդունած ենք առանց կասկածի)
  • Քիչերու ծանօթ է... (կը ներկայացուին տարբեր երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած հայ գործիչներ, որոնք մեծ աւանդ ունեցած են տուեալ երկրի եւ համաշխարհային մշակոյթին, պատմութեան, քաղաքականութեան, մարզանքի, գործարարութեան մէջ եւ այլ բնագաւառներու մէջ)
  • «9-րդ հրաշալիք»ի տեղեկատու (կը ներկայացուին զանազան տեղեկութիւններ տարբեր բնագաւառներէ՝ ցանկերու տեսքով)
  • Մանկական էջ (կը ներկայացուին երեխաներուն ուղղուած բազմաբնոյթ նիւթեր)
  • Կը խօսին երեխաները (կը ներկայացուին փոքրիկներու սրամիտ, միամիտ, անմիջական խօսքերը)
  • Կը ստեղծագործեն երեխաները
  • Հայկական խաչբառ (հեղինակ՝ Վաչագան Ա. Սարգսեան)
  • Նկարելուկներ (ռեպուսներ)
  • Ճափոնական նկարչութիւն
  • Բազմազան մրցանակային խաչբառեր, գլուխկոտրուկներ, խաղեր եւ այլն

Մշտական հեղինակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Վաչական Սարգսեան (հրապարակախօսական, լեզուաբանական յօդուածներ, չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւններ, հայկական եւ այլ խաչբառեր)
  • Թորոս Թորանեան (նիւթեր, գրախօսութիւն, յուշեր)
  • Արտաշէս Թադեւոսեան («Զարմանահրաշ իննեակ», «Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ...» խորագրեր, խաչբառեր, գլուխկոտրուկներ, նկարելուկներ)
  • Հրանտ Վարդանեան (նիւթեր, բազմազան խաչբառեր)
  • Արա Տիլանեան (նիւթեր, բազմազան խաչբառեր)
  • Սոս Ազիզեան (հումորային, երգիծական նիւթեր)
  • Հրանտ Հորիզոն (Ղազարեան) (հումորային, երգիծական նիւթեր)
  • Գուրգէն Լոռեցի (Պալայեան) (հումորային, երգիծական նիւթեր)
  • Արմէն Տէր-Քառեան (իրապատումներ)
  • Յուրի Ազիզեան (խաչբառեր, ասոյթներ)
  • Էտկար Պազինեան (խաչբառեր)
  • Յովհաննէս Սարգսեան (նիւթեր, խաչբառեր)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]