Jump to content

Մխիթարեան Միաբանութիւն

Մխիթարեաններու եկեղեցւոյ ներքին յարդարանքը (Ս. Ղազար Կղզի)
Վիեննա, Մխիթարեաններու եղեղեցւոյ ներքին մասը

Մխիթարեան Միաբանութիւն, Մխիթարեան միաբանութիւն (Մխիթարեաններ), հայ կրօնական եւ մշակութային կազմակերպութիւն, հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պենետիքթեան վանականներու միաբանութիւն։ Հիմնադրուած է 8 Սեպտեմբեր 1700-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ՝ վանահայր Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ։ Միաբանութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական այլ աշխատութիւններ։

Իւրաքանչիւր մեծ գործի ետին կը գտնուի մեծ, նուիրեալ ու հանճարեղ անհատականութիւն մը, որ ոչ միայն ճամբայ կը բանայ, այլեւ այդ ճամբուն առաջին ուղեւորը կը դառնայ: Այդ հզօր, բազմատաղանդ անհատներէն մէկը Մխիթար Սեբաստացի վարդապետն էր։ Ան պատանեկութենէն նուիրուելով ազգին, ծրագրած էր վիթխարի գործ մը՝ եւրոպական լուսաւորութեան մակարդակով ու չափանիշով խթանել իր ազգին յառաջդիմութիւնը:

Մխիթար Աբբահայր Սեբաստացին ծնած է 7 Փետրուար 1676 -ին՝ Սեբաստիա[1], երբ Հայաստանի մեծ մասը եւ ժողովուրդը դժուարին օրեր կ'ապրէր: Ուսումը ստացած է Սեբաստիոյ Ս.Նշան վանքին մէջ։ 1690-ականներուն կ'անցնի Էջմիածին, ապա Սեւանավանք եւ Կարինի Հնձուց վանքերը: 1693-ին ուսման նպատակով Մխիթար կը մեկնի Հալէպ, իսկ 17 Մայիս 1696-ին կուսակրօն քահանայ կ'օծուի: Մխիթար իր շուրջ կը հաւաքէ խումբ մը հայ երիտասարդներ եւ կ'որոշէ միաբանութիւն մը հիմնել։ Մխիթար Կ. Պոլսոյ վարդապետէն՝ Խաչատուր Առաքելեանէն, կը խնդրէ ստանձնել ապագայ միաբանութեան առաջնորդի պաշտօնը, սակայն Խաչատուր կը մերժէ ։ Այնուհետեւ Մխիթար Սեբաստացի կ'երթայ Կարմիր վանք, ուր կը սկսի զբաղիլ դպիրներու կրթութեան գործով։ 1699-ին, Կարմիր վանքին մէջ Մխիթարին կը շնորհուի վարդապետի աստիճան։ Շուտով Մխիթար կ'ընդունի կաթոլիկ դաւանանքը, բայց եւ այնպէս կը պահպանէ իր ազգային առանձնայատկութիւնները։

Ս․ Ղազար

8 Սեպտեմբեր 1701-ին, Ս. կոյս Մարիամ Աստուածածնայ ծննդեան տօնին, Մխիթար եւ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդները Կ. Պոլսոյ մէջ կը հիմնեն Ս. Անտոն Աբբայի միաբանութիւնը։ Շուտով Կ. Պոլսոյ հայ առաքելական եւ կաթոլիկ համայնքներու միջեւ յարաբերութիւնները կը լարուին՝ արիւնալի բախումներու հասնելով ։ Կ. Պոլսոյ ղեկավարութիւնը ոստիկանութեան աջակցութեան կը դիմէ՝ ձերբակալելու Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ համակիրները՝ Մխիթարը, Խաչատուր Առաքելեանը, Պետրոս Մսխեթցին եւ Սարգիս Եվդոկացին: Մխիթար փախուստի կը դիմէ։ Ան պաշտպանութիւն կը գտնէ յիսուսեան հայրերու քով, ապա Բերայի Քափուչին հայրերու միաբանութեան քով: Մխիթար ու միւս միաբանները կ'որոշեն տեղափոխուիլ Մորեա թերակղզի, որ կը գտնուէր Վենետիկի իշխանութեան տակ՝ օսմանեան հետապնդումներէն խուսափելու նպատակով։ Այս առիթով կը ծնի «Որդեգիր Կուսի-Վարդապետ Ապաշխարութեան» նշանաբանը, որու սկզբնատառերը կը յայտնուին Միաբանութեան զինանշանին վրայ։ Հիմնադրման ատեն միաբանութեան մէջ կար 12 վանական, որոնմէ 4-ը՝ վարդապետ։ Հետապնդումներու հետեւանքնով Մխիթար իր աշակերտներով գաղտնի կը մեկնի Յունաստանի Մորեայի (Պեղոպոնեզ) շրջանի Մեթոն բերդաքաղաքը։

1705-ին, Միաբանութեան մէջ ժողով մը կը գումարուի, որու ընթացքին կը մշակուի Միաբանութեան Կանոնադրութեան նախագիծը։ Անիկա հիմնուած էր պենետիքթեան միաբանութեան հայրերու կանոնադրութեան վրայ եւ քաղուած էր Ս. Անտոն Աբբայի վարքի կանոններէն, նաեւ այլ հոգեւոր հայրերու խրատներէն, վկայագիրներէն եւ տեղական իշխաններու յանձանարականներէն։ Ժողովէն ետք Մխիթար իր աշակերտներուն՝ հայր Եղիային եւ հայր Յովհաննէսին, կը յանձնէ Հռոմի Պապ Կղեմես Ժա.-ին ու Հաւատքի տարածման կուսակալ քարտինալ Ֆապրիոնիին ուղղուած նամակները, մշակուած կանոնադրութեան նախագիծը եւ զանոնք կ'ուղարկէ Պապին քով։ Սեպտեմբեր 1705-ի սկիզբները աշակերտները կը հասնին Հռոմ, ուր կ'արժանանան Հաւատքի տարածման կուսակալ, քարտինալ Ճուզեփփէ Սաքրիփանթէի, ինչպէս նաեւ Պապի ընդունելութեան։ Վերջինս կրօնական Հաւատասփիւռ ժողովին կը ներկայացնէ Մխիթարի «Հայ կաթողիկէ վանականներու հիմնադրած Ս. Անտոն աբբայի Միաբանութիւնը» հաստատելու մասին խնդրագիրը։ Ս. Անտոնի կանոնները լիարժէք չէին, այսուհանդերձ կրօնական Հաւատասփիւռ ժողովը Մխիթարին կ'առաջարկէ ընտրել Ս. Բարսեղի, Ս. Օգոստինոսի կամ Ս. Պենետիքթոսի կանոններէն մէկը։ Մխիթար կ'ընտրէ Ս. Պենետիքթոսի կանոնները եւ 12 Մայիս 1711-ին իր կանոնադրութիւնը կը ներկայացնէ Հռոմի Պապի հաստատման։ 1717 -ին Կղեմէս Ժա. Պապը կը հաստատէ միաբանութեան կանոնադրութիւնը եւ Մխիթարին կը շնորհէ «Աբբահայր» տիտղոսը։

Եկեղեցւոյ եւ վանքի շինարարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մխիթարեաններու շէնք, Թրիեստէ
Վենետիկ․ Ս․ Ղազար

1706-ին Մխիթար Վենետիկի կառավարութեան օգնութեամբ Մեթոնի մէջ կը սկսի եկեղեցւոյ շինարարութեան։

3 Դեկտեմբեր 1714-ին թուրքերը պատերազմ կը յայտարարեն վենետիկցիներուն դէմ։ Պատերազմի վտանգը կը ստիպէ Մխիթար Աբբահօր եւ միաբաններուն մեծ մասին լքել Մեթոնը եւ տեղափոխուիլ Վենետիկ, որ կը ծառայէ միաբանութեան իբրեւ մշտական օրրան։ Մխիթարեան միաբանները իրենց ծրագիրները իրականացնելու համար առանձին մենաստանի ու վանատան կարիքը ունէին։ Միեւնոյն ատեն անոնց համար ժամանակը խիստ աննպաստ էր. Սենատը նոր օրէնք ընդունած էր, որմով կ'արգիլուէր քաղաքին մէջ որեւէ նոր կրօնական միաբանութիւն կառուցել։ Այնուամենայնիւ, Սենատը նկատի կ'առնէ Մխիթարին խնդրանքը եւ կը քննէ զայն։ Սենատը Աբբահօր կ'առաջարկէ քաղաքէն դուրս միաբանութեան համար վայր մը ընտրել։ Մխիթար կ'ընտրէ Ս. Ղազար կղզին, որ կը պատկանէր Մենդիկանտի միաբանութեան։ 1716-ի ամրան ան կ'այցելէ կղզին։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւորականները կը փորձեն ամբաստանել եւ խոչընդոտել անոր գործունէութիւնը, սակայն 26 Օգոստոս 1717-ին Սենատը, այնուամենայնիւ, Մխիթարեաններուն մշտական բնակութեան իրաւունքով կը շնորհէ Ս. Ղազար կղզին, ուր Մխիթարն ու իր միաբանները կը հաստատուին 8 Սեպտեմբերին՝ Միաբանութեան հիմնադրման տարելիցին օրը։

Մխիթարեաններու շէնք, Վիեննա

1723-ին կ'աւարտին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները։ 1724-ին Մխիթար կը սկսի իրագործել նոր վանքի շինարարութեան իր նախագիծը եւ կ'աւարտէ 1740-ին, գրադարանով եւ սեղանատունով։ 27 Ապրիլ 1749-ին Մխիթար կը մահուան եւ կը թաղուի Ս. Ղազար կղզիին աւագ խորանին առջեւ։ Անոր գերեզմանը կը դառնայ ուխտատեղի։ 1990-ականներու սկիզբը Վիեննայի Մխիթարեաններու միաբանութիւնը վարձքով Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կը տրամադրէ մասնաշէնք մը եւ անոր փոխարէն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը ստանայ հողաշերտ մը եւ շէնք մը՝ Աւան համայնքին մէջ վարժարան հիմնելու նպատակով։ Այսպիսով, 1994-ին Երեւանի մէջ կը բացուի Մխիթարեաններու կեդրոնը, ուր կը գործէ ժառանգաւորաց դպրոցը, կայ նաեւ մատուռ մը եւ գրադարան մը։

2000-ին տեղի կ'ունենայ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու միաւորումը։ Միաւորումէն ետք՝ 10-21 Յուլիս 2000 Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ կը գումարուի արտակարգ ժողով մը, որու ընթացքին Վենետիկի եւ Վիեննայի միաբանները կ'որոշեն ստեղծել Մխիթարեան միացեալ միաբանութիւն մը՝ մէկ կեդրոնական վարչութեամբ։ Այսպիսով, Մխիթարեան միացեալ միաբանութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին կը դառնայ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մայրավանքը, իսկ Վիեննայի վանքը՝ առաջին գլխաւոր մենաստանը։

2000-ին Իտալիոյ իշխանութիւնները նիւթական յատուկ միջոցներ կը յատկացնեն Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան վանական համալիրի շինութիւններու եւ ծածկերու ընդհանուր վերանորոգման համար։

2002-2004 թուականներուն Վենետիկի քաղաքային իշխանութիւններու աջակցութեամբ վերանորոգուած են կղզիին ափերը, շրջապատող պարիսպները, նաւամատոյցն ու հրապարակը։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրօնական-կաթոլիկական աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման սկզբնական շրջանին Վատիկանի աջակցութիւնը ստանալու նպատակով կը թարգմանուին եւ կը հրատարակուին շարք մը գործեր։ Անոնցմէ են Ալպերթ Մեծի «Համառօտութիւն Աստուածաբանութեան» /1715/, Մխիթար Սեբաստացիի «Մեկնութիւն սրբոյ աւետարանին Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի որ ըստ Մատթէոսի» /1737/, Ալփոնսոս Ռոտրիկեցիի «Կրթութիւն կատարելութեան եւ կրօնաւորականի առաքինութեան» եռահատոր գործը /1741-1742/: Նշանաւոր է յատկապէս Մ. Չամչեանի «Մեկնութիւն Սաղմոսաց» տասը հատորէ բաղկացած գործը, ուր կը ներկայացուին Դաւիթ մարգարէի սաղմոսներու քննական ուսումնասիրութիւնն ու մեկնութիւնները։ Լոյս կը տեսնեն նաեւ Չամչեանի «Պատկեր Տօնից» ճառերը, «Նուագարան օրհնութեան» մեկնութիւնը եւ «Սեղան Խնկոց» աղօթագիրքը՝ նախատեսուած տարուան տարբեր տօներու համար։ 1810-1815 թուականներուն լոյս կը տեսնէՄ. Աւգերեանի «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն սրբոց» աստուածաբանական գործը։ Այս տարիներուն Մխիթարեանները լոյս կ'ընծայեն բազմաթիւ «վարք սրբոցներ» եւ «մեկնողական» գրականութիւն, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչ մատեանը:

Պատմական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց» գործին տիտղոսաթերթը

Լոյս կը տեսնեն Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն», Եղիշէի «Մատենագրութիւնք» /1838/, Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց», Փաւստոս Բիւզանդի «Պատմութիւն հայոց» /1832/, Մովսէս Խորենացիի «Գիրք պիտոյից», Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն» գործերը, ինչպես նաեւ յունա-հռոմէական մատենագրութեան թարգմանութիւններ, որոնցմէ են Պլուտարքոսի «Զուգակշիռներ»-ը՝ վեց հատորով, Քսենոֆոնի «Կիւրոսի խրատու պատմութիւնքը», Մարկոս Աւրելիոսի ճառերը, Հոմերոսի «Իլիականն» ու «Ոդիսականը»:

Այս բոլորէն բացի, Մխիթարեանները հանդէս կու գան իրենց ինքնուրոյն գործերով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Մ. Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոցն» է, որ լոյս կը տեսնէ 1784-1786 թուականներուն՝ Վենետիկ։ 1865-1878 թուականներուն լոյս կը տեսնէ Գ. Զարբհանալեանի «Պատմութիւն հայերէն դպրութեանց» գործը։

Պատմա-աշխարհագրական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խօսելով աշխարհագրութեան հետ առնչուող գործերուն մասին՝ առաջին հերթին հարկ է յիշել Ղուկաս Ինճիճեանի եւ Ստեփանոս Ագոնցի ջանքերով հրատարակուած «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» գործը։ 1802-1808 թուականներուն լոյս տեսած այս գործը բաղկացած էր 11 հատորներէ, «բոլորն ալ ոսկեզօծ ու կաշեկազմ»: «Շուրջ 8000 էջերէ բաղկացած այս գործին մէջ կը նկարագրուին Ասիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Ամերիկայի բոլոր երկիրները, որոնց աշխարհագրական դիրքը, բուսականութիւնը, վաճառականութիւնը, տեղագրութիւնը…» /«Հայ ժողովուրդի պատմութիւն», 1974/: Լոյս կը տեսնեն Ղեւոնդ Ալիշանի «Քաղաքական աշխարհագրութիւն» /1853/, «Սիսուան» /1885/, «Այրարատ» /1890/ եւ «Սիսական» /1893/ գործերը։ Կը տպագրուին նաեւ շարք մը աշխարհագրական քարտէսներ՝ Իգնատիոս Խաչատրեանի եւ Եղիա Էնտազեանի փորագրութեամբ։ Անոնք են «Համատարած աշխարհացոյց», «Հայաստանեայց», «Երկրին աւետեաց», «Չորից մասանց աշխարհի», «Օսմանեան տէրութեան», «Սեաւ ծովու եւ շրջակայիցն» եւ «Նեղուցին Կ. Պոլսոյ»:

Լեզուաբանական եւ բառարանագիտական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Բառգիրք հայկազեան լեզուի» կազմը

1749-ին լոյս կը տեսնէ Մխիթար Սեբաստացիի «Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» գործը։ Հայկական բառարանագիտութեան մէջ անիկա կը համարուի առաջին լիարժէք հայերէն բառարանը։ Մխիթար աբբան եւ իր աշակերտները 1727-ին կը սկսին աշխատիլ այս բացատրական բառարանին վրայ եւ կ'ամբողջացնեն 1745-ին։ Նախապէս հայերէն բառարաններ չկային, որոնք որպէս աղբիւր կրնային ծառայել Մխիթար աբբայի բառարանին համար։ Կային միայն լատին վարդապետներու կողմէ հրատարակուած լատիներէն-հայերէն քանի մը փոքր բառարաններ։ Կար նաեւ Աստուածաշնչեան բառարան մը, որու մէջ տրուած մեկնութիւնները նոյնպէս անօգուտ էին Մխիթարին։ «Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» ստեղծման համար աղբիւր կը հանդիսանան հայկական հին ձեռագիրներ, գիրքեր եւ ամենայայտնի հայ հեղինակներու գործերը։ Մխիթար աբբան գլխաւորաբար կը դիմէ վստահելի աղբիւրներու, մեծապէս կ'օգտուի Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութենէն՝ ձեռքին տակ ունենալով նաեւ յունարէն բնագիրները։ Մխիթար Սեբաստացիի գրիչին կը պատկանին նաեւ 1730-ին լոյս տեսած «Քերականութիւն Գրաբարի Լեզուի Հայկազեան սեռի» գործը։ Այս գործին նպատակն է մաքրել հայերէնը լատինամոլութիւններէ։

1836-1837 թուականներուն Գ. Աւգերեան, Մ. Աւգերեան եւ Խ. Սիւրմէլեան Վենետիկի մէջ կը հրատարակեն «Նոր Բառգիրք Հայկազեան լեզուի» երկհատոր բառարանը։ Անիկա ցայսօր կը համարուի հայ բառարանագրութեան արժէքաւոր գործերէն մէկը եւ չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնը։ Բառարանին մէջ տեղ գտած են մինչեւ այդ թուականները հայ մատենագրութեան մեջ գործածուած գրաբարեան բառերու բացատրութիւնները, ստուգաբանութիւնը։ Բառարանին առանձնայատկութիւններէն մէկն այն է, որ հոն կան նաեւ շարք մը բառեր, որոնք կը համեմատուին յունարէն, լատիներէն, պարսկերէն, ասորերէն եւ այլ լեզուական համարժէքներու հետ։ 1846-ին Մկրտիչ Աւգերեան կը հրատարակէ «Առձեռն բառարան հայկազեան լեզուի»՝ վերոնշեալ բառարանի համառօտ խմբագրութիւնը։ 1865-ին այս բառարանը կը վերահրատակուի եւ իր մէջ կը պարփակէ նախորդ հրատարակութենէն դուրս մնացած 5000 լրացուցիչ բառային միաւորներ։

Նշուած բառարաններէն բացի, լոյս կը տեսնեն նաեւ տարբեր լեզուներով այլ բառարաններ կամ, ինչպէս Մխիթարեանները կ'ըսէին՝ «առաջնորդներ»: Անոնցմէ են, օրինակ, 1804-ին Մ. Ջախջախեանի հրատարակած «Բառարան յիտալական լեզուէ ի հայ եւ ի տաճիկ բարբառ» գործը, Յարութիւն Աւգերեանի ֆրանսերէն-հայերէն եւ անգլերէն-հայերէն բառարանները։ 1820-ականներուն Հ. Աւգերեան կը հրատարակէ անգլերէն-հայերէն բառարաններ եւ քերականութիւն՝ Ս. Ղազար կղզիին մէջ հայերէն ուսանող Ճորճ Կորտըն Պայրընի օժանդակութեամբ։ Յիշատակութեան արժանի են նաեւ Մ. Չամչեանի «Քերականութիւն Հայկազեան լեզուի» /1779/, Պ. Յովհաննիսեանի «Մարդկային լեզուին սկզբան» /1857/, Ա. Այտընեանի «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» /1866/, Ս. Տէրվիշեանի «Հնդեւրոպական նախալեզու» /1885/ եւ այլ գործեր։

Գրական այլ գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիեննա, Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանը[2]

Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ, Մխիթարեան վարդապետներ, կը հաւաքեն հայ հին գրականութեան ձեռագիր գործեր։ Շնորհիւ բառամթերքի ու քերականութեան ուսումնասիրութեան, անոնք կը վերականգնեն դասական հայերէնը՝ գրաբարը, որ միայն եկեղեցւոյ մէջ կը գործածուէր։ Կը կազմեն ծաւալուն բառարաններ՝ եւրոպացի գրագէտներէ գործեր կը թարգմանեն գրաբարի, յետոյ աշխարհաբարի, սկսեալ՝ հին յոյն եւ լատին դասականներէն։ Վարդապետները, իրենք եւս կը գրեն նոյն ոճի գործեր՝ դիւցազներգութիւն, թատրոն եւ այլ գործեր։ Այս գործերը, մեծ մասամբ, մեր օրերուն ալ չեն կարդացուիր, բայց կը կազմեն հայ նոր գրականութեան «Դասական շրջան»ը։

Նոյն ժամանակաշրջանին՝ Գրական զարթօնք հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1750-ականներէն, մշակութային լուրջ խմորումներ կ'ունենան նաեւ հայութեան արեւելեան գօտիները։ Հնդկահայ գագաթը, որ կ'ապրէր ընկերա-մշակութային աւելի զարգացած պայմաններու մէջ, կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ արեւմտեան նոր, յառաջդիմական գրագէտներու գործերէն, կ'արտադրէ ինքնագիր գործեր, եւ նոյնիսկ՝ Ազգային ազատագրութեան վերաբերող քաղաքական երկեր։ Անդրկովկասի մէջ, նոյն տարիներուն, առանձին երեւոյթ կը կազմէ՝ Սայեաթ-Նովան, իր բանաստեղծական գործերով։ Սայեաթ-Նովան գագաթն էր գուսան-աշուղներու բազմադարեան աւանդութեան մը, որ կու գար մեր ամենահին պատմութենէն։ Կը սկսի կազմաւորուիլ նաեւ Ռուսիոյ մեծ կեդրոններու հայ մտաւորականութիւնը։ Բառարաններ կը գրուին, հայոց պատմութեան գործեր կը գրուին հայերէն եւ ռուսերէն։

Եւրոպայի մէջ կը սկսին զարգանալ հայագիտական ուսուցումները։ Կ'երեւին առաջին օտարազգի հայագէտները։ Լատիներէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի կը թարգմանուին հայ դասական հեղինակներու գործերը՝ Մովսէս Խորենացի, Ներսէս Շնորհալի, Եղիշէ եւ այլն։ 1798–էն՝ Փարիզի մէջ, համալսարանական մակարդակի վրայ, կը գործէ հայագիտական ամպիոնը։

1850-ի շուրջ, աւելի զգալի կը դառնան փոփոխութիւնները՝ լեզուի մարզին մէջ։ Քիչ-քիչ զտուած՝ խօսակցական լեզուի երկու ճիւղերը, իբր գրական լեզու, կը փոխարինեն գրաբարը, որուն վերակենդանացումը ալ անկարելի կ'երեւի։ Արեւմտահայ եւ արեւելահայ աշխարհաբարներու յաղթանակը կ'ապահովուի շնորհիւ՝ ուսեալ երիտասարդ մտաւորականներու սերունդի մը, Նիկողոս Զօրայեան, Ստեփան Ոսկան, Ստեփանոս Նազարեան, Միքայէլ Նալպանդեան եւ ուրիշներ

Գրական-գեղարուեստական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիեննա․ Մխիթարեան միաբութեան շէնքը
Ս․ Ղազար, ձեռագիրներ

ԺԹ. դարը նշանաւոր է նաեւ Մխիթարեաններու գրական-գեղարուեստական գործունէութեամբ։ Անոր հիմքն էր Մխիթար Սեբաստացիի 1727-ին լոյս տեսած «Տաղարան» ժողովածուն։ Անիկա դասականութեան առաջին ամբողջական դրսեւորումն էր հայ գրականութեան մէջ, որ իր գագաթնակէտին կը հասնի 1858-ին, արտացոլալով Արսէն Բագրատունիի «Հայկ Դիւցազն»-ին մէջ։ Դասականութիւնը կ'արտացոլայ նաեւ Ղ. Ինճիճեանի, Մ. Ջախջախեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Հայկական դասականութիւնը աւելի արգասաբեր կը դառնայ վիպերգի եւ թատերախաղի ասպարէզներուն մէջ։ Առաջին դասական թատերախաղը՝ «Արկածք Տիգրանայ» վերնագիրով, կը յայտնուի Մխիթարեաններու թատրոնին մէջ 1776-ին։ Յաջորդ տասնամեակին ողբերգութիւններով հանդէս կու գան Մ. Ջախջախեան՝ «Յաղթութիւն Տրդատայ ի վերայ Հռչէի», «Դաւագործ մահ մեխին Խոսրովայ», Ե. Թովմաճեան՝ «Հայկ դիւցազն», «Հանդէս մենամարտութեան Որոտեանց» գործերով, Պետրոս Մինասեան՝ «Արշակ Բ.», «Խոսրով Մեծ», «Սմբատ Առաջին», «Երուանդ» պատմական ողբերգութիւններով եւ այլն։ Գեղարուեստական երկերէն յատկանշական են Ս. Տէրվիշեանի «Այրի մայրը եւ միամօր որդեակը», Կ. Սիպիլեանի «Տրդատայ առանձնանալը, վերջին օրերն ու մեռնիլը», Ս Գաթրճեանի «Տարւոյն չորս եղանակները կամ Նկարագիր սքանչելեաց բնութեան» գործերը եւ այլն։

Կը կատարուին նաեւ շարք մը գեղարուեստական թարգմանութիւններ՝ Ժ. Ռասինի «Երգ վասն կրօնից», Ժ. Լաֆոնթենի «Առակք» եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Ժթ. դարու երկրորդ կէսին դասականութիւնը կը զիջի վիպապաշտութեան: Վերջինիս հիմնադիրն էր Ղեւոնդ Ալիշան իր «Հայոց աշխարհիկ», «Պլպուլն Աւարայրի», «Հրազդան», չափածոյ, նաեւ «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» ստեղծագործութիւններով։

Բնագիտական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մխիթարեաններու գործունէութիւնը նպաստած է նաեւ բնագիտութեան զարգացման։ «Բազմավէպ»-ի էջերուն մէջ կը տպագրուին շարք մը գործեր, որոնցմէ են «Սկզբունք բուսաբանութեան» /1846/, «Տարերք բուսաբանութեան» /1883/, Յ. Քաւտաճեանի «Տարերք կենդանաբանութեան» /1885/, Ս. Երեմեանի «Նմոյշ հայ կենդանաբանութեան» /1879/ եւ այլն։

Տնտեսագիտական գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մխիթարեանները «Բազմավէպ» պարբերականին մէջ տեղ յատկացուցած են նաեւ տնտեսագիտութեան։ Ղ. Տէրտէրեան կ'անդրադառնայ տնտեսական գործունէութեան դասակարգման, կը յառաջացնէ շարք մը տեսութիւններ, կ'անդրադառնայ ապրանքի արժէքին եւ գինին։ Մէկ այլ յօդուածագիրի՝ Տ. Թնկրեանի գործին մէջ կարելի է նկատել Ատամ Սմիթի անմիջական ազդեցութիւնը։ Ան կ'անդրադառնայ ապրանքի, դրամի, արժէքի եւ գինի խնդիրներուն, կը փորձէ ստեղծել արտադրութեան տարրերու մասին ամբողջական տեսութիւն մը:

ԺԹ. դարու առաջին կէսէն վերելք կ'ապրի թատրոնը: Կը սկսին կազմակերպուիլ սիրողական ներկայացումներ։ 1770-ականներէն ի վեր ներկայացումներ կը կազմակերպուին նաեւ Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ։ 1790-ականներէն սկսեալ Մխիթարեանները կը բեմականացնեն հայոց պատմութիւնը ներկայացնող թատերախաղեր՝ «Վասակ Մամիկոնեան» /1792/, «Ղեւոնդեանց նահատակութիւնը» /1795/, «Մեծն Վարդան Մամիկոնեան» /1799/, «Հայկ դիւցազն» /1805/ եւ այլն։ Այս ժամանակաշրջանին կը ցուցադրուին նաեւ երկու ողբերգութիւններ՝ «Տրդատայ յաղթութիւնը» եւ «Վաճառումն Յովսէփայ»: Աւելի ուշ՝ 1820-1860 թուականներուն կը հանդիպինք նաեւ կեանքի հետ առնչուող կատակերգութիւններու՝ «Ծաղրածու Եուսուֆ», «Ճիմիճ Ահմետի նկարագիրը», «Աւրամ հրեայ», «Վաճառական Մոշօն» եւ այլն։

Տետրակներ եւ տարեգիրքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1799-ին Մխիթարեանները կը հրատարակեն «Տարեգրութիւն» փոքրիկ տետրակները։ 1803-ին կը դադրի «Տարեգրութեան» տպագրութիւնը եւ անոր փոխարէն լոյս կը տեսնէ «Եղանակ Բիւզանդեան» տարեգիրքը։ Քանի որ «Եղանակ Բիւզանդեանի» ընթերցողը հիմնականին մէջ եւրոպական քաղաքներու հետ առնչութիւն ունեցող վաճառականներն էին, տարեգիրքը լայն տեղ կը յատկացնէ աշխարհագրական, տեղագրական գիտելիքներուն, կ'անդրադառնայ տարբեր գիւտերու, ժողովուրդներու կենցաղին, առեւտուրին, քաղաքական դէպքերուն եւ այլն։ Այս տարեգիրքը կը շարունակուի լոյս տեսնել մինչեւ 1820։

1812-1826 թուականներուն Վենետիկի մէջ լոյս կը տեսնէ «Դիտակ Բիւզանդեան» պարբերականը։ Այնուհետեւ աւելի քան երկու տասնամեակ Մխիթարեանները պարբերական չեն ունենար։ Այդ ընթացքին կը հրատարակուին «Դարապատում» ժողովածուները։ Բոլոր հրատարակութիւններու խմբագիրը եղած է Ղուկաս Ինճիճեանը:

Պատկեր:Pazmaveb.jpg
«Բազմավէպ» ամսագիրի առաջին էջը

Այնուամենայնիւ, ոչ «Տարեգրութիւնը», ոչ «Եղանակ Բիւզանդեանը», ոչ ալ «Դիտակ Բիւզանդեանը» հայ հասարակական-մշակութային կեանքին մէջ կը կատարեն այն կարեւորագոյն դերը, որքան «Բազմավէպը»: 1843-ին լոյս տեսած ամսագիրին հետ կը համագործակցին Ղեւոնդ Ալիշան, Գ. Զարպհանալեան, Յ. Զոհրապեան եւ ուրիշներ։ «Բազմավէպի» առաջին խմբագիրը եղած է Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբայրը՝ Գաբրիէլ Այվազովսկին: Ամսագիրը, «Եղանակ Բիւզանդեանի» օրինակին հետեւելով, լայն տեղ կը յատկացնէ պատմութեան, աշխարհագրութեան, բնագիտութեան, հնագիտութեան, տեղագրութեան, առեւտուրին, գիւտերուն եւ այլն։ «Բազմավէպ»ի մէջ կը հրատարակուին բանասիրական եւ գիտական բազմաթիւ յօդուածներ։ Հետագային 1887-էն կը հրատարակուի նաեւ «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը։

1847-1863 թուականներուն Մխիթարեանները կը հրատարակեն նաեւ «Եւրոպա» շաբաթաթերթը։

Վենետիկի Ս․ Ղազար վանքի ձեռագիրներու պատկերասրահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութիւնը Մխիթար Սեբաստացի դպրոցներ կը բանայ տարբեր հայաբնակ քաղաքներու մէջ։ Աշխարհի տարբեր ծագերուն 1721 էն մինչեւ մեր օրերը գործած են շուրջ 80 Մխիթարեան վարժարաններ։

  1. Թրանսիլուանիոյ Պաշպալով հայաքաղաքը, Հունգարիա՝ 1721
  2. Եղիսաբէթուպոլիս, Հունգարիա՝ 1746-1820 (74 տարի)
  3. Վարատին, Հունգարիա՝ 1749-1820 (71 տարի)
  4. Սեփվիզ Ֆրումոասա, Հունգարիա՝ 1797-1815 (18 տարի)
  5. Կ.Պոլիս, Թուրքիա՝ 1803-էն ցայսօր՝ 2 վարժարան
  6. Բերա, Թուրքիա՝ 1808-1870 (62 տարի)
  7. Ղալաթիա, Թուրքիա՝ 1808-1915 (107 տարի)
  8. Տրապիզոն, Թուրքիա՝ 1817-1915 (98 տարի)
  9. Խարասու Պազար, Ղրիմ՝ 1821-1918 (97 տարի)
  10. Իսթանպուլ, Թուրքիա՝ 1825 ցայսօր
  11. Քեաֆթարլու, Կովկաս՝ 1830-1884 (54 տարի)
  12. Ախալցխա, Կովկաս՝ 1831-1844 (13 տարի)
  13. Կուտինա|Քոթահիա, Թուրքիա՝ 1912-1915 (3 տարի)
  14. Պաթովա, Իտալիա՝ 1834-1846 (12 տարի)
  15. Վենետիկ, Իտալիա՝ 1836-1997 (161 տարի)
  16. Իզմիր Զմիւռնիա, Թուրքիա՝ 1842- 1922
  17. Փարիզ, Ֆրանսա՝ 1846-1870 եւ 1928-էն ցայսօր
  18. Սիմֆերոպոլ, Ղրիմ՝ 1850-1918 (68 տարի)
  19. Մուշ, Թուրքիա՝ 1852-1913 (61 տարի)
  20. Քաղկեդոն, Թուրքիա՝ 1870-1915 (45 տարի)
  21. Պարտիզակ, Թուրքիա՝ 1883-1915 (32 տարի)
  22. Սաիրա, Պարսկաստան՝ 1885-1900 (15 տարի)
  23. Նիկոմեդիա, Թուրքիա՝ 1887-1915 (28 տարի)
  24. Խարբերդ, Թուրքիա՝ 1912-1915 (3 տարի)
  25. Մալաթիա, Թուրքիա՝ 1912-1915 (3 տարի)
  26. Մերտին, Թուրքիա՝ 1912-1918 (5 տարի)
  27. Միլան, Իտալիա 1918-1933 (15 տարի)
  28. Երուսաղէմ, Պաղեստին՝ 1931-1934 (3 տարի)
  29. Ալեքսանտրիա, Եգիպտոս՝ 1936-1964 (28 տարի)
  30. Հալէպ, Սուրիա՝ 1936-էն ցայսօր
  31. Պէյրութ, Լիբանան 1948-էն ցայսօր՝ 2 վարժարան
  32. Պուէնոս Այրէս, Արժանթին՝ 1956-էն ցայսօր

Ներկայիս կը գործեն Մխիթարեաններու Պուէնոս Այրէսի, Հալէպի, Պէյրութի, Կ.Պոլսոյ, Փարիզի եւ Լոս Անճելըսի վարժարանները։

Ժառանգաւորաց դպրոցներէն ներկայիս կը գործեն երկուքը՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի ժառանգաւորաց դպրոցները, որոնց վերապահուած է միաբանութիւնը նոր վարդապետ-միաբաններով համալրելու առաքելութիւնը։ Վերջին 10 տարիներուն միաբանութիւնը ունեցած է միայն մէկ նոր միաբան, իսկ երեք շրջանաւարտներ ներկայիս կ'անցընեն փորձառական միամեայ շրջան մը։

Մխիթարեան միաբանութեան վարժարաններուն մէջ ուսանած եւ աշխատած են Միքայէլ Չամչեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Ծերենց, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Դանիէլ Վարուժան, Արփիար Արփիարեան, Պետրոս Ադամեան, Վահրամ Փափազեան, ինչպէս նաեւ Ճորճ Պայրըն, Վալտեր Սքոթ, Ալֆրետ տը Միւսէ, Սթենտալ, Հայնրիխ Փեթերմեն եւ ուրիշներ։

1921-ին Կիւրեղեանի մահէն ետք միաբանութիւնը նոր շրջան մը կը սկսի՝ Հայր Յովհաննէս վարդապետ Թորոսեանի ղեկավարութեամբ, իսկ աբբահօր պաշտօնը կը մնայ թափուր։ 1928-ին կ'ընդունուի միաբանութեան նոր օրէնսգիրքով վերատեսութեան ենթարկուած կանոնադրութիւնը։

  1. Մխիթար Սեբաստացի (1700-1749)
  2. Ստեփանոս Մելքոնեան (1749-1799)
  3. Ստեփանոս Ագոնց (1800-1824)
  4. Սուքիաս Սոմալեցի (1824-1846)
  5. Գէորգ Հիւրմիւզեան (1846-1876)
  6. Իգնատիոս Կիւրեղեան (1876-1921)
  7. Յովհաննէս Թորոսեան, Տեղապահ (1921-1929)
  8. Յովհան Աւգերեան (1929-1935)
  9. Սրապիոն Ուլուհոճեան (1935-1964)
  10. Հմայեակ Կետիկեան (1964-1970)
  11. Պօղոս Անանեան (1970-1982)
  12. Յովհաննէս Դերձակեան (1982-1984)
  13. Ներսէս Տէր-Ներսիսեան, Տեղապահ, (1984-1991)
  14. Գէորգ Պալեան (1991-1996)
  15. Սահակ Ճեմճեմեան (1996)
  16. Վարդան Քեշիշեան (1996-1999)
  17. Եղիա Քիլաղպեան (2000-2016)
  • Հ. Բարսեղ Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1905, էջ 19-29:
  • Հ . Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան, «Մխիթար վրդ. Սեբաստացիի եւ Մխիթարեաններու նպաստը հայ մշակոյթին», Երեւան, 2003
  • «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն», ԳԱԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1974
  • Լէօ, «Հայոց պատմութիւն», Երեւան, 1973
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, Երեւան, 1981

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մխիթար Աբբահայր (1676-1749)
  2. «ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»։ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ։ արտագրուած է՝ 2022-12-12 
  • Հ. Բարսեղ Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1905, էջ 19-29:
  • Հ . Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան, «Մխիթար վրդ. Սեբաստացիի եւ Մխիթարեաններու նպաստը հայ մշակոյթին», Երեւան, 2003։
  • «Հայ ժողովրդի պատմութիւն», ԳԱԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1974։
  • Լէօ, «Հայոց պատմութիււն», Երեւան, 1973։
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, Երեւան, 1981։