Յովհաննէս Թորոսեան
Յովհաննէս Թորոսեան (21 Սեպդեմպեր 1886, Թոմարզա - 16 Նոյեմբեր 1971, Պէյրութ) ուսուցիչ, նկարիչ եւ պատմագիր:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1900 թուականին կը մտնէ Թոմարզայի վանքը, որմէս գիշերօդիկ աշակերտ: Ապա՝ նոյն վանքին մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ եւ գիշերօդիկ աշակերտներու պատասխանատու: 1911 թուականին Կեսարիոյ մէջ կը ձեռնադրուի Աւագ Սարկաւագ: 1915 թուականին կ'աքսորուի Հալէպ:1917 թուականին կամաւոր կ'արձանագրուի եւ կ'երթայ Կիպրոս: 1918 թուականին՝ Պէյրուդ: Ապա իր բնակութիւնը կը հաստատէ Ալէյի մէջ: Լուսանկարչութիւնը կ'ընտրէ որպէս ապրուստի միջոց:
Պատանի հասակէն կը կապուի գիր ու գրականութեան: Իր կեանքի վերջին շրջանին կը լծուի Հայերէնի աշխարհին պատմութիւնը գրելու աշխատանքին: Պատմութիւն Հայ Տոմարծայի (Պէյրութ 1959,1969,1969) երէք ստուար հատորները կը մնան իր անխոնջ ու հաւատարիմ աշխատանքին արքասիքը: