Jump to content

Դանիէլ Վարուժան

Դանիէլ Վարուժան
Ծննդեան անուն Դանիէլ Չպուքքարեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Դանիէլ Վարուժան
Ծնած է 20 Ապրիլ 1884(1884-04-20)[1][2][3]
Ծննդավայր Բրգնիք, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]
Մահացած է 26 Օգոստոս 1915(1915-08-26)[1][2][3] (31 տարեկանին)
Մահուան վայր Չանկիրի, Քասթամունիի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[4][2]
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[2] և Գենտի համալսարան?[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հարճը, Հեթանոս երգեր և Ցեղին սիրտը
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ և գրագէտ
Ստորագրութիւն

Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքքարեան) (20 Ապրիլ 1884(1884-04-20)[1][2][3], Բրգնիք, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3] - 26 Օգոստոս 1915(1915-08-26)[1][2][3], Չանկիրի, Քասթամունիի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), 20-րդ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ: Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը:

Թէպէտ Վարուժանի կեանքը ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւններ: Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերու հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը: Այս իրողութիւնը խոստովանած է նաեւ ինքը: Խօսելով նաեւ վերածնունդի շրջանի իտալական եւ ֆլամանկեան արուեստէն կրած ազդեցութեան մասին, Վարուժան միաժամանակ ընդծած է, որ իր վրձինը թաթխած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ի եւ «ծովածուփ արեան» մէջ:

Դանիէլ Վարուժան ծնած է 1884 թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը եւ հասակ առած է գեղեցիկ բնութեան մը մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ: Գիշերները մայրը անոր պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող իր հօր մասին եւ անոր երեւակայութիւնը բորբոքած է թուրք ենիչերիներու մասին պատմութիւններով: Բնութենէն ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են նաեւ կեանքի վիշտերը:

Վարուժան գրաճանաչ դարձած է գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ 1896 թուականէն ուսումը շարունակած Պոլսոյ մէջ, սկիզբը Սագըզ Աղաճի, ապա Քաղկեդոնի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ:

Պոլիս ծանր տպաւորութիւն ձգած է Վարուժանի վրայ։ Ան տեսած է Սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը: Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, զոր հարազատները երկար ժամանակ կը փնտռեն եւ վերջապէս զայն կը գտնեն բանտին մէջ՝ շղթայակապ: Տարիներ ետք, «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորին մէջ, Վարուժանը կը յիշէ՝

«Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահճի:»

Բանտարկեալ հօր կը պատմէ իրենց ապրած ծանր կեանքին մասին. մեծ մայրը մահացած է, մայրը՝ հիւանդ է եւ խուլ, կը հազայ, չորցած են պարտէզի վարդենիները, աւերուած է հայրական օճախը:

Հայրը ձեւով մը կ՛ազատի բանտէն եւ կ՛աշխատի Պոլսոյ իջեւանատուներէն մէկուն մէջ։ Դպրոցական արձակուրդները պատանին կ՛անցնէ հօր մօտ եւ ականատես կը դառնայ պանդուխտներու տառապալի կեանքին․ «Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավեար Խանը, հայ պանդուխտներու հառաչանքներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր», - գրած է բանաստեղծը:

1902 թուականին Վարուժանը կը տեղափոխուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը: Բանաստեղծին վրայ խորապէս կ՛ազդեն Վերածնունդի շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ: Ան յափշտակութեամբ կը կարդայ նշանաւոր գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Լեւ Տոլստոյի եւ ֆրանսացի մեծ մտածող Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարներով:

Վարուժանն առանձին սիրով կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը: Վենետիկի մէջ ան կը գրէ առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ 1896 թ. ջարդերու պատկերներով:

1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՛ընդունուի Կանտի համալսարանը: Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան անոր կազմաւորման մէջ. ան կը հետեւի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւնը եւ ընկերային ուսմունքներ: Անոր դիմաքանդակը զետեղուած է համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին մէջ, (Ghent University Library) Rozier 9, B-9000 Ghent : Դիմաքանդակին վրայ նշուած են անոր հետեւեալ խօսքերը։

«Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբոր երազը կ՛ապրի,
երբոր երազն անմահ է»։

Վարուժանի գեղագիտական հայեացքներուն ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ պելճիքացիներու բարձր մշակոյթը. ան խորազնին կ՛ուսումնասիրէ 17 - 18-րդ դարերու իրապաշտ նկարչութիւնը եւ կը տարուի 20-րդ դարու հռչակաւոր բանաստեղծ էմիլ Վերհառնի բանաստեղծութիւններով:

Ստանալով բարձրագոյն կրթութիւն, բանաստեղծը 1909-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911-ին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ (Թոքաթ) ազգային ճեմարան: 1912-ին Վարուժանը կը հրաւիրուի Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով:

Այս տարիներուն Վարուժանի բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչումի կ՛արժանանան: Ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին: Տասը տարուան ընթացքին մէջ, բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»: Ան կը գրէ նաեւ նոթեր, յօդուածներ եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ:

1915 թուականն էր եւ Վարուժանը կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին Երգը» շարքը, կը պատրաստուէր գրել «Հայկական Հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պէտք է տեղաւորէր հին հայկական առասպելներու ու աւանդութիւններու մշակումները, կ՛երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ Ծռեր» ժողովրդական դիւցազնավէպը: Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին Երգը» քերթողական հատորը[5]:

1914-ին կը դառնայ «Մեհեան» գրական ամսաթերթին հինգ հիմնադիրներէն մէկը՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ: Մինչեւ Յուլիս լոյս տեսած թերթի գրական եւ մշակութային մտածողութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է՝ Կոստան Զարեանի հետ, մինչեւ իր բաժանումը երրորդ թիւէն ետք: Խմբագրած է նաեւ «Նաւասարդ» գրական պարբերականը:

Բայց վրայ կը հասնի Մեծ Եղեռնը: Բանաստեղծի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուի արտերուն մէջ, միտքը՝ գանկին մէջ։ Այս ողբերգական օրերու զոհերէն մէկը եղաւ նաեւ Վարուժան: Թուրք մարդասպանները աքսորի ճանապարհին, Չանղըրը քաղաքին մօտ ձորի մը մէջ յօշոտեցին 31-ամեայ բանաստեղծը:

Երկերի մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Սարսուռներ, Վենետիկ, 1906, 44 էջ:
  • Ցեղին սիրտը: Բագինին վրայ։ Կրկէսին մէջ, Կ. Պոլիս, 1909, 256 էջ:
  • Հեթանոս երգեր, Կ. Պոլիս, 1912, 336 էջ:
  • Հացին երգը, Կ. Պոլիս, 1921, 96 էջ:
  • Սարսուռներ, Վենետիկ, 1927, 116 էջ:
  • Հացին երգը, ա. տ. եւ թ., 88 էջ:
  • Սարսուռներ: Ցեղին սիրտը, Վենետիկ, 1944, 132 էջ:
  • Հեթանոս երգեր: Հացին երգը, Վենետիկ, 1944, 88 էջ:
  • Երկեր. Սարսուռներ, Ցեղին սիրտը, Հեթանոս երգեր, Հացին երգը, Արձակ էջեր, Թարգմանութիւններ, Նամակներ, Երեւան, 1946, 480 էջ:
  • Հացին երգը, Երուսաղէմ, 1950, 76 էջ:
  • Սարսուռներ, Երուսաղէմ, 1950, 64 էջ:
  • Հեթանոս երգեր, Երուսաղէմ, 1953, 208 էջ:
  • Ցեղին սիրտը: Բագինին վրայ։ Կրկէսին մէջ, Երուսաղէմ, 1953, 228 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ, Երեւան, 1955, 448 էջ:
  • Հացին երգը (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 1964, 86 էջ:
  • Նամականի, Երեւան, 1965, 372 էջ:
  • Երկեր. Սարսուռներ, Ցեղին սիրտը, Հեթանոս երգեր, Հացին երգը, Երեւան, 1969, 356 էջ:
  • Երկեր, Երուսաղէմ, 1973, 204 էջ:
  • Հացին երգը, Պէյրութ, 1974, 56 էջ:
  • Ձօն (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 1975, 80 էջ:
  • Վարուժան Դանիէլ, Սիամանթօ, Երկեր. Բանաստեղծութիւններ  եւ պոէմներ, Երեւան, 1979, էջ 209–509:
  • Սարսուռներ: Ցեղին սիրտը, Վենետիկ, 1981, 132 էջ:
  • Հեթանոս երգեր: Հացին երգը, Վենետիկ, 1981, 88 էջ:
  • Երկեր, հատ. 1. Սարսուռներ, Հացին երգը, Թեհրան, 1983, 80 էջ:
  • Երկեր, հատ. 2. Ցեղին սիրտը, Թեհրան, 1983, 228 էջ:
  • Երկեր, հատ. 3. Հեթանոս երգեր, Թեհրան, 1983, 208 էջ:
  • Երկեր (բանաստեղծություններ, արձակ էջեր), Երեւան, 1984, 576 էջ:
  • Հացին երգը, Նիւ Ճըրզի, 1984, 80 էջ:
  • Բանաստեղծական երկեր, Անթիլիաս, 1986, 609 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 1. Բանաստեղծութիւններ, Երեւան, 1986, 596 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Բանաստեղծութիւններ, Պոէմներ, Թարգմանութիւններ, Երեւան, 1986, 448 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 3. Արձակ էջեր, Յօդուածներ եւ ելոյթներ, Նամակներ, Երեւան, 1987, 720 էջ:
  • Հացին երգը, ա. տ. եւ թ., 368 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, Երեւան, 2004, 476 էջ:
  • Հեթանոս երգեր, Իսթանպուլ, 2006, 204 էջ:
  • Հացին երգը, Երեւան, 2009, 60 էջ:
  • Ընտրանի, Երեւան, 2011, 276 էջ:
  • Հացին երգը, Անթիլիաս, 2011, 78 էջ:
  • Ստեղծագործութիւնների ժողովածու, Երեւան, 2012, 300 էջ:
  • Poemes, Beyrouth, 1972․

Բանաստեղծութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Գեղեցկութեան Արձանին »
  • «Հայր, Օրհնէ՛»
  • «Մեռած Աստուածներուն»
  • «Մոխիրներուն Առջեւ»
  • «Ձօն»
  • «Վահագն»
  • Հայ գրականութեան դասագիրք 9-րդ դասարանի համար. «Լոյս» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1978 թ.
  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, Պոսթըն 1977, էջ 574-577:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 Brockhaus EnzyklopädieF.A. Brockhaus, 1796.
  2. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
  3. 1 2 3 4 5 6 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 4.
  4. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 588–589. — ISBN 978-2-905686-93-0
  5. «ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՆ Է»[permanent dead link]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]