Պլուտարքոս

Պլուտարքոս
հին յուն․՝ Πλούταρχος
լատ.՝ L. Mestrius Plutarchus[1]
Ծնած է ոչ վաղ քան 45 եւ ոչ ուշ քան 50
Ծննդավայր Chaeronea, Achaea, Հին Հռոմ[2][3][4][…]
Մահացած է 120[2][5][3][…]
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Համեմատական կենսագրություններ? եւ Q19740354?
Տեսակ կենսագրութիւն
Մասնագիտութիւն ակնարկագիր, քահանայ, մագիստրատ, կենսագիր, պատմաբան, գրագէտ, փիլիսոփայ
Վարած պաշտօններ դեսպան
Ամուսին Timoxena?
Երեխաներ Պլուտարքոս Կրտսեր? եւ Լամպրիաս?

Պլուտարքոս (Լուգիոս Մեստրիոս Պլուտարքոս, ոչ վաղ քան 45 եւ ոչ ուշ քան 50, Chaeronea, Achaea, Հին Հռոմ[2][3][4][…] - 120[2][5][3][…]), յոյն պատմիչ, կենսագիր եւ փիլիսոփայ։ Ծանօթ է իր «Զուգահեռ կենսագրութիւններ» երկով, ուր զուգահեռաբար կը ներկայացնէ նշանաւոր յոյներու եւ հռոմէացիներու կենսագրութիւնները։

Կենսագրութիւնները շարադրելու ատեն ան չէր նպատակադրեր պատմական իրադարձութիւններու վաւերագրական պատկերը տալու, այլ կը կեդրոնանար հերոսներու բարոյական բնութագիրին վրայ: Այսօր «Զուգահեռ կենսագրութիւններ» երկը կ'օգտագործուի իբրեւ արժէքաւոր պատմական աղբիւր։

Հռոմէացի զօրավարներ եւ քաղաքական գործիչներ՝ Սուլլայի, Լուկուլլոսի, Պոմպէոսի, Յուլիոս Կեսարի եւ Մարքոս Անտոնիոսի կենսագրութիւնները տեղեկութիւններ կը պարունակեն նաեւ հին Հայաստանի պատմութեան, յատկապէս՝ Մեծն Տիգրանի եւ Արտաւազդ Բ.-ի ժամանակաշրջանին մասին:

Պլուտարքոսի «Զուգահեռ կենսագրութիւններ»ը թարգմանուած են գրաբար (Պլուտարքեայ Քերովնացւոյ Զուգակշիռք, թարգմանեալ ի բնագրէն Հ. Եղիա վարդապետի Թումաճան, հ. Ա-Զ, Վենետիկ, 1832-1834)։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Յունաստանի Քերոնիա քաղաքը, կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի մէջ[6]։

Պլուտարքոս Քերոնիոյ մէջ ստացած է քերականի եւ հռետորական կրթութիւն, ապա ուսումը շարունակած է Աթէնքի մէջ։ Ճամբորդած է Յունաստան, ապրած է Ալեքսանտրիոյ եւ Հռոմի մէջ։ Եղած է Հռոմի ապագայ կայսր Ատրիանոսի դաստիարակը, ստացած Հռոմի քաղաքացիութիւն, ապա նշանակուած Աքքայա վարչական միաւորի դատախազ։ Կեանքին մեծ մասը անցուցած է ծննդավայրին մէջ. զբաղած է հասարակական եւ լուսաւորական գործունէութեամբ։ Քերոնիոյ մէջ երիտասարդութեան յատուկ հաստատութիւն մը հիմնած է։ Անոր «Երեխաներու դաստիարակութեան մասին» գործը Վերածնունդի շրջանին թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, իսկ մանկավարժական բնոյթի այլ գործեր՝ ԺԵ. դարուն՝ լատիներէնի։ Իբրեւ փիլիսոփայ՝ Պլուտարքոս Պղատոնեան ուսմունքին հետեւած է։ Ան փիլիսոփայութիւնը համարած է դաստիարակութեան միջոց։ 95-ին ընտրուած է Տելփիքի Ապողոնի սրբարանի քուրմերու խորհուրդի անդամ։ Իբրեւ պատմագիր՝ պաշտպանած է Հռոմէական կայսրութեան վերնախաւին շահերը, եղած անոր նուաճողական քաղաքականութեան ջատագովը։ Պլուտարքոսի բարոյափիլիսոփայական եւ պատմագիտական հայեացքները արտայայտուած են անոր «Բարոյականք» (հայերէն՝ 1860-ին) եւ «Զուգահեռ կենսագրութիւններ» (հայերէն՝ «Զուգակշիռք», 1832-1835) գործերուն մէջ։ Վերջինս յունական եւ հռոմէական քաղաքական ու ռազմական հանրայայտ 70 գործիչներու՝ զուգահեռ շարադրուած (մէկ յոյն եւ մէկ հռոմէացի) կենսագրութիւններու հաւաքածոյ մըն է (շուրջ 50)։ Անոնցմէ մեզի հասած են 23 զոյգ զուգահեռ կենսագրութիւններ։ Ըստ Պլուտարքոսի՝ անոնք զուտ պատմական երկեր չեն, այլ իր հերոսներուն բնութագիրներն են, անոնց մարդկային արժանիքներուն եւ թուլութիւններուն գրական դիմանկարները։ Պլուտարքոս, իբրեւ կանոն, յոյն եւ հռոմէացի գործիչները ներկայացուցած է լաւագոյն գիծերով, արդարացուցած է միհրդատեան եւ հայ-հռոմէական պատերազմներուն մասնակցած հռոմէական ընչաքաղց ու փառամոլ զօրավարներու (Լուկուլլոս, Պոմպէոս, Կրասոս եւ Անտոնիոս) նուաճողական արշաւանքները Արեւելքի մէջ, իսկ իրենց հակառակորդներուն՝ ինչպէս հայերուն ու պարթեւներուն անկախութեան ի խնդիր մղած գործողութիւնները համարած բարբարոսական։ «Էթիքա» ընդհանուր խորագիրով գործը կ'ընդգրկէ Պլուտարքոսի բարոյախրատական եւ փիլիսոփայական գործերը՝ «Թագաւորներու եւ զօրավարներու ասոյթները», «յունական հարցեր», «Հռոմէական հարցեր», «Միապետութեան, ժողովրդավարութեան եւ սակաւապետութեան մասին», «Իզիսի եւ Օզիրիսի մասին» եւ այլն։ Հայաստանի, հայերու եւ հայ գործիչներու մասին Պլուտարքոս զանազան տեղեկութիւններ կը հաղորդէ «Թագաւորներու եւ զորավարներու ասոյթներ»ուն մէջ։ Ան նկարագրած է Արտաշատի կառուցումը, Ք.Ա. 69-66 թուականներուն հայ-հռոմէական պատերազմը, Տիգրան Բ. Մեծի գործունէութիւնը, անոր փոխյարաբերութիւնները՝ Լուկուլլոսի եւ Պոմպէոսի, Արտաւազդ Բ.-ի փոխյարաբերութիւնները՝ Կրասոսի եւ Անտոնիոսի հետ։ Հռոմի ոտնձգութիւններէն իրենց երկիրը պաշտպանող Հայոց Տիգրան Բ. Մեծ եւ Արտաւազդ Բ. թագաւորները վարկաբեկուած են։ Պլուտարքոս յանդիմանած է Հերոդոտոսը՝ յոյն-պարսկական պատերազմներու նկարագրութեան ընթացքին ցուցաբերած «կողմնակալութեան» համար։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պլուտարքոս ունի 227 ստեղծագործութիւն, որոնցմէ մեզի հասած է 150-ը։ Անոր գործերը կը բաժնուին երկու մասի՝ moralia (բարոյագիտական, կրօնական, փիլիսոփայական, մանկավարժական, քաղաքական, առողջապահական, անասուններու հոգեբանութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան վերաբերեալ գործեր) եւ վարքագրութիւններ։ Պլուտարքոս կենսագրական ժանրի մեծագոյն ներկայացուցիչն է։ Անոր հերոսները կենդանի են, իրական, իրենց թուլութիւններն ու արժանիքները ունեցող մարդիկ։ Անոր գործերուն մէջ տեղ գտած են ե՛ւ պատմական անեկդոտները, ե՛ւ հերոսներու խօսքերը, նոյնիսկ՝ բամբասանքները։ Պլուտարքոս մեծապէս ազդած է եւրոպական գրականութեան, յատկապէս, պատմական եւ կենսագրական ժանրերու զարգացման վրայ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ռուբէն Մանասերեան, Տիգրան Մեծ, Հայաստանի պայքարը Հռոմի եւ Պարթեւստանի դէմ, Երեւան, 1987
  • Ն. Մ. Խաչատրեան, Անթիք գրականութեան պատմութիւն, Երեւան, 2002

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]