Jump to content

Ղուկաս Ինճիճեան

Ղուկաս Ինճիճեան
Ծննդեան անուն Ղուզիոս Միքայէլեան
Ծնած է 17 Մարտ 1758(1758-03-17)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3]
Մահացած է 2 Յուլիս 1833(1833-07-02)[1] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն[2][3]
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
 Աւստրիական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Սուրբ Ղազար կղզու վանք?
Մասնագիտութիւն աշխարհագրագէտ, պատմաբան, բանասէր, ազգագրագետ, թարգմանիչ
Աշխատավայր Արշարունեաց ընկերություն[2]

Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան[4], 17 Մարտ 1758(1758-03-17)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][3] - 2 Յուլիս 1833(1833-07-02)[1], Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն[2][3]), հմուտ վարդապետ, հայ բանասէր, աշխարհագրագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Ծնած է 1758 թուին Պոլսոյ մէջ եւ քեռորդին է Յակոբոս եւ Միքայէլ Չամչեաններու։ Իր մեծ հայրը ատրիանապոլսեցի Ինճիճի Հաճի Միքայէլն է, իսկ հայրը՝ Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանը։ Մայրը՝ Տիրուհին, կը յիշատակուի որպէս պատմաբան Միքայէլ Չամչեանի (1738-1823) քոյրը։

Տասներկու տարեկան էր, երբ իր ծնողքը զինք կը ղրկեն Վենետիկի Ս. Ղազար վանքը ու հետզհետէ զարգանալով ուսմանց ու գիտութեանց մէջ, 1786 թուականին կը ղրկուի Պոլիս։ Չորս տարի վերջ դարձեալ կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը մնայ 15 տարուան չափ եւ պատմական գեղեցիկ արտադրութիւններ կը պատրաստէ։

Գրական վաստակ եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախ կը ձեռնարկէ պատրաստել «Ստորագրութիւն Հին Հայաստանի» անուն գործը, որուն մէջ Հայաստանի առաջին նահանգէն սկսեալ մինչեւ 16-րդ նահանգի մասին կը խօսի։

Հ. Ղուկաս Ինճիճեան լրագրական ասպարէզին մէջ ալ մեծ արդիւնք ցույց կու տայ, հրատարակելով (1702- 1802) «Տարեգրութիւն» անունով տարեկան տետրեր, որոնք հայ լրագրութեան երկրորդ նմոյշը կը համարուին եւ առաւելութիւն մը ունին՝ աշխարհաբար գրուած ըլլալով, ցոլացնելով ժամանակի աշխարհաբարը։ Հ. Ղուկաս Ինճիճեան կրնայ նկատուիլ արեւմտեան աշխարհաբար գրողներուն առաջին կարեւորագոյն դէմքը։ Անոր աշխարհաբար առաջին հրատարակութիւնն է 1791-ին Վենետիկ տպուած աշխարհագրութիւն մը։

Տարեգրութիւններ եւ գրքոյկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարեգրութիւնները կը պարունակեն նախորդ տարուան քաղաքական դէպքերը, թէեւ շատ շահեկան պարունակութիւն մը չունին եւ մեծ մասամբ թարգմանութիւններ են, սակայն տեղ–տեղ ալ ինքնատիպ մասեր կան։ Շահեկան են այդ գրքոյկները անոր համար, որ Իճիճեան կատարելապէս ժողովրդական լեզուով գրած է, ինչ որ մեծ կարեւորութիւն ունի արդի աշխարհաբարի տեսակէտով, իբր անոր նախնական վիճակը եւ առանց գրաբարի խառնուրդ ներկայացնող գիրք։

1803-ին Հ. Ղուկաս Ինճիճեան «Տարեգրութիւնը» կը փոխէ «Եղանակ Բիւզանդեան Բազմավէպ» անունով, տարեկան գրքոյկներու, որ թէեւ նոյն դիրքը ունէր, սակայն՝ աւելի ընդարձակ եւ օրացոյցի յաւելմամբ։

1824-ին հրատարակեց աշխարհաբար բազմահատոր գործ մըն ալ «Դարապատում» անունով, որ դարու մը պատմութիւնն է։ Կարեւոր է նաեւ «Ամառանոց Բիւզանդեան»ը տպեալ 1794-ին (տես թիւ 292). այս գիրքը լրջօրէն ուսումնասիրուած գործ մըն է։ Հ. Ղուկաս Ինճիճեան դեգերած է բիւզանդական պատմագիրներու գործերուն մէջ եւ խորհուրդ հարցուցած նաեւ թուրք հեղինակներու, աւելցնելով անոնց դիտողութիւնները իր Պոլիս բնակութեան ժամանակ։

Իր այս գործը մեծ ընդունելութիւն գտած են եւ առաջին մասը թարգմանուած՝ ֆրանսերէնի։ Ֆրանսական նշանաւոր թերթեր՝ Moniteur, Mercurie Etrange, Journal Litteraire եւ Journal Typographique գովեստով խօսած են անոր մասին։ Գերմանական թերթերն ալ գնահատած են սոյն աշխատութեան արժանիքը։

1805 թուականին վերստին կը ղրկուի Պոլիս։ Այս շրջանին, իր քարոզներուն հետեւանքով նախանձորդներ կ՚ունենայ եւ կը հալածուի։ Այդ պատճառաւ ալ 1819-ին Օտեսա կը փախչի, ուր քանի մը տարի մնալէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս՝ 70 տարեկանին։ Ապա կը վերադառնայ Վենետիկ Մայիս 1828–ին։

Աւելի ուշ, Ս. Ղազար մայրավանքի աթոռակալ կը նշանակուի։ Ան այս պաշտօնը կը վարէ մինչեւ մահը՝ 1833-ին, 75 տարեկանին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]