Jump to content

Մալաթիա

Քաղաք
Մալաթիա
թրք.՝ Malatya
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 922,16 քմ²
ԲԾՄ 954 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 426 381 մարդ (2012)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 44000
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 44
Պաշտօնական կայքէջ malatya.bel.tr(թուրք.)

Մալաթիա (թրք.՝ Malatya; յուն․՝ Μαλάτεια, Մալատեյա;Malīṭīná)՝ քաղաք եւ շրջան Թուրքիոյ Արեւելեան Անատոլիա տարածաշրջանին մէջ, Մալաթիոյ մարզին կեդրոնը։ Ունի 426,381 բնակիչ[1]։

Միջին բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն՝ 954 մեթր է։

Մալաթիա Փոքր Հայքի հնագոյն քաղաքներէն է։ Անիկա Մելիտա անունով յիշուած է խեթական Մելիտ, Միլիտա եւ Մելիտի անուններով, ասորեստանեան եւ Մելիտեիա անունով՝ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ։ Հայերէնով անուանուած է նաեւ Մելետինէ անունով։ Ներկայիս թրքական պաշտօնական անունն է՝ Մալաթիա։

Հեթական թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանին, քաղաքին շրջակայքը գտնուած է Մելիտ (Արսլանտեփէ) քաղաքը[2][3]։ Ք.Ա. Զ. դարէն մինչեւ 1071 գտնուած է Փոքր Հայքի կազմին մէջ։ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք, 1071-ին, քաղաքը գրաւած են սելճուք թուրքերը, որմէ ետք մտած է Քոնիայի սուլթանատի կազմին մէջ։ ԺԶ. դարուն գրաւուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, քաղաքին բնակչութեան հիմնական մասը կազմած են հայերը։

Պատմական Մալաթիան ժամանակակից Մալաթիայէն 7-8 քմ հարաւ-արեւմուտք կը գտնուէր։ Անիկա ներկայիս շատ քիչ թիւով բնակիչներ ունի, աւերուած ու ամայի է, եւ թուրքերուն կողմէ ստացած է Էսքի Մալաթիա անունը։ Ջրառատ քաղաք մըն է, անոր տարբեր թաղերուն մէջ կը բխին աղբիւրներ, իսկ աւերուած պարիսպին տակէն կը հոսի Թուխմա կոչուած գետակը։ Նոր եւ Հին Մալաթիաները բաւական վնասուած են 1893-ին տեղի ունեցած աղէտաբեր երկրաշարժէն։

  • Հրանդ Տինք, թրքահայ լրագրող
  • Էրմենի Սուլէյման Փաշա, ազգութեամբ հայ, Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր նախարար (1655-1656)
  • Չեթին Ալփ, երգիչ
  • Ահմետ Քայա, երգիչ
  • Օքթայ Քայնարճա, դերասան
  • Մեհմետ Կիւլեն, ֆութպոլիստ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. TURKISH STATISTICAL INSTITUTE Archived 2014-11-12 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  2. Hawkins, John D. Corpus of Hieroglyphic Luwian Inscriptions. Vol. 1: Inscriptions of the Iron Age. Walter de Gruyter, 2000.
  3. Strabo Geographica, Translated from the Greek text by W. Falconer (London, 1903);Book XII, Chapter I