Նիկողոս Զօրայեան
Նիկողոս Զօրայեան | |
---|---|
Ծնած է | 1821[1] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 30 Նոյեմբեր 1859[1] |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մասնագիտութիւն | տնտեսագէտ, հրապարակախօս, ուսուցիչ |
Նիկողոս Զօրայեան (1821[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 30 Նոյեմբեր 1859[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), Հայ տնտեսագէտ, կրթական գործիչ եւ հրապարակագիր, որ զբաղած է մասնաւորաբար ըներակաբանական հարցերով:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նիկողոս ծնած է Գումգաբու, Թուրքիա։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին Մայր վարժարանին մէջ։ Պոլսոյ զանազան վարժարաններէն ներս աշակերտելէ ետք անցած է Եւրոպա՝ տարբեր երկիրներ շրջելով ձեռք բերած է մեծ զարգացում։ Եղած է գրագէտ, հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պոլիս վերադաձին աջակիցը եղած է Կարապետ Իւթիւճեան «Մասիս» օրաթերթի հիմնարկութեան կապակցութեամբ։ Ան կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ Անգլերէն է եւ 1838 թուականին նշանակուած է Պոլիսի մաքսատունին թարգմանն ու մեկնաբանը: Քանի մը տարիներ աշխատելէ յետոյ ճամբորդած է Փարիզ, իսկ այնտեղէն՝ Վենետիկ, ապա՝ ծննդավայրը:
Անոր նախասիրած ճիւղերը եղած են տնտեսագիտութիւն, իմաստասիրութիւն, մանկավարժութիւն եւ պատմութիւն: Ան «Մասիս» օրաթերթին նուիրած է տնտեսական նշանաւոր յօդուածներու շարք մը «Օ․» ստորագրութեամբ։
Զօրայեան 1947 թուականին կրկին ճամբորդած է Փարիզ, որպէս Տատեան Յովհաննէսին թարգման։ Վերադառնալով Պոլիս, ծաւալած է մշակութային լայն գործունէութիւն։ Զօրայեան իր գրական ասպարէզը սկսած է 1847 թուականին վերջերուն, «Բազմավէպ» պարբերաթերթին մէջ տպագրելով տնտեսագիտական յօդուածներ եւ այսպիսով սկսած է աշխատիլ «Հայաստան» թերթին մէջ։
Նիկողոս եղաւ աշխարհաբարի ախոյաններէն մէկը եւ ինքն գրած էր պարզ լեզուով, յստակ տրամաբանութեամբ եւ հաստատ համոզումներով։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նիկողոս ստորագրած է բազմաթիւ գործեր․
- «Նկարագիր ազգային դաստիրակութեան»,
- «Քաղաքական տնտեսութեան վրայ տեղեկութիւններ»,
- «Վարժութիւն ընթերցանութեան»,
- «Ընթերցասիրութիւն» թարգմանութիւնները եւ այլ գործեր։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Արդի Հայ Գրականութիւն», Ա. Հատոր, Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ, 1850-1885, էջ 211:
- «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 1-35։
- «Ժամանակ» օրաթերթ, 23 Յուլիս 2009, էջ 2։