Ծերենց

Յովսէփ Շիշմանեան
Ծննդեան անուն Յովսէփ Շիշմանեան
Ծնած է 16 Սեպտեմբեր 1822(1822-09-16)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Փետրուար 1888(1888-02-17)[1] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Ս. Ղազար կղզի
Փարիզի Համալսարան
Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Երկունք Թ. Դարու եւ Թէոդորոս Ռշտունի
Մասնագիտութիւն Բժշկութիւն ու պատմավիպագրութիւն
Աշխատավայր Արեւելեան մամուլ
Ներսիսեան դպրոց

Ծերենց (Յովսէփ Շիշմանեան, 16 Սեպտեմբեր 1822(1822-09-16)[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Փետրուար 1888(1888-02-17)[1], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ եւ պատմավիպագիր։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 16 Սեպտեմբեր 1822-ին, Կ.Պոլիս։ Երեք տարեկանին կորսնցուցած է մայրը, իսկ տասնմէկ տարեկանին` հայրը[2]:

Տասը տարեկանին կ'երթայ Վենետիկ՝ Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ Ղեւոնդ Ալիշանը, որուն զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, կը հրաժարի վանական դառնալու մտադրութենէն ու 1840-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։

28 Օգոստոս 1848-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ Հայաստանի եւ Կովկասի պատմական քաղաքները՝ Կարին, Կարս, Ալեքսանդրապոլ եւ Թիֆլիս ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք հետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ա՛լ չեն կրնար բեկում մը յառաջացնել իր հոգիին մէջ։

1848-ին Ծերենց կը մեկնի Փարիզ։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի, միաժամանակ կը յաճախէ ֆրանսական բժշկական համալսարանը։ Ան կը ծանօթանայ Նահապետ Ռուսինեանին եւ իր ընկերներուն հետ ու անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։

1853-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր այդ օրերուն, խումբ մը կաթողիկէ եկեղեցականներ, Հռոմի պապին դրդումով եւ Անտոն Հասունի գլխաւորութեամբ, կը վարէին ազգադաւ ուղղութիւն՝ նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցւոյ հետ։ Հասունեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։ Թէեւ այս հակընդդէմ պայքարը երեւութապէս կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր հայ կաթոլիկ համայնքին ազգային դիմագիծը ջլատել։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կը կանգնի հակահասունեաններու կողքին եւ կը դառնայ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին։ Ան հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը կը բերէ Իւթիւճեանի «Մասիս»ին, Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին եւ «Ծիածան»ին։

1862-ին Սկիւտարի մէջ հիմը կը դրուէր Համազգեաց անունով բարեգործական ընկերութեան մը՝ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, բժիշկ Նահապետ Ռուսինեանի, Ծերենցի եւ ուրիշներու ջանքերով[2]։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ եւ հայ ժողովուրդին տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածքներ, հոն հաստատելու գաղթական հայեր։

1863-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ կ'ուղեւորուի Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագիրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ կը դարձնէ Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ կ'առնէ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, իբրեւ յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։

1875-ին Ծերենց հազիւ ստանձնած էր Օրթագիւղի հայ կաթոլիկ վարժարանին տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարական բժիշկի պաշտօնով կ'ուղարկուի Կիպրոս։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք իբրեւ կասկածելի մեկուսացնելու համար։ Կիպրոսի մէջ, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի 1877-ին, Պոլսոյ մէջ։ Ան յաջորդ տարին կը վերադառնայ ծննդավայրը, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցընէ իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով հայոց պատմութիւն Ներսիսեան վարժարանին մէջ։

1879-ին Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարուն», իսկ 1881-ին երրորդը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»ն։

1884-ին, իր դստեր Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս կ'ընկճուի եւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքին հանդէպ իր ոգեւորութիւնը։ Ան կարճ ժամանակով մը կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անկարող կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ ետք, կաթուածահար կը մահանայ 17 Փետրուար 1888-ին։

Ծերենցին աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, Րաֆֆիի եւ Գրիգոր Արծրունիի հողակոյտերուն մօտ։

Ստեղծագործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայ ազգային պատմավէպին նահապետը կը համարուի ան, որ գեղարուեստական տաղանդաւոր մշակումով յատկանշուող իր գործերով ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ջամբէ սերունդներուն ու հայրենասիրութեան եւ ազատագրական պայքարի հուրը կը վառէ իր ժամանակի երիտասարդութեան միտքին եւ սիրտին մէջ[3]:

Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են․

  1. Թորոս Լեւոնի (1877)
  2. Երկունք Թ. Դարու (1879)
  3. Թէոթորոս Ռշտունի (1881)

Երեք վէպերու պարագային ալ Ծերենցի ազգային-գաղափարական պատգամը կը կեդրոնանայ հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին եւ ազգային արժանաւորութեան վրայ:

Թորոս Լեւոնի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու։ Իսկ 1957-ին Սովետական Հայաստանի Հայպետհրատի կողմէ լոյս կը տեսնէ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մէկ հատորեակը՝ «Երկեր» ընդհանուր խորագիրով։

«Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար Բիւզանդական տիրապետութեան դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը։ «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները։ Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է։ Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ։ Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է։ Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի Ռուբինեանց հարստութեան կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած Լեւոն Ա.-ի եւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի եւ Թորոսի բանտարկութիւնը, ապա՝ Ռուբէնի սպաննութիւնը յոյներու կողմէ։ Վէպին սկիզբէն կը յայտնուի Թորոս, որ Բիւզանդիոնի կայսեր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ինքզինք յիմար կը ձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին հանդէպ եւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը կ'ապահովէ բանտէն, հասցնելով Կիպրոս, ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա: Բիւզանդացիներուն դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը եւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը։ Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանին մահով։

Երկունք Թ. Դարու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը, որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ 851-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ։ Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանին ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպաննութեան վրայ։ Վէպին մէջ կը յայտնուին ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր եւ յագեցուած ընդհանրացումներ։ Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը իր անմիաբան նախարարներով, հայ ժողովուրդին խոնարհ եւ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանին արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շքեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ։ Սասուն առանձին կը պայքարի արաբներուն դէմ։ Բուղա ոստիկանը մահ ու աւեր կը սփռէ։ Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի։ Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդին դերին հետ։ Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատուութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար։ Մինչդեռ կը նկատէ, որ հայ ազնուականներն ու նախարարները իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարին հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպանելու երկիրն ու ժողովուրդը օտար ներխուժումներու դէմ։ Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդին հասարակ ու համեստ զաւակին՝ վէպին գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»։ Այսպիսով «Հայկական Հարց»ին ամէնէն եռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէ ժողովուրդին համախմբուելու եւ անձնական միջոցներով ու ուժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը։

Պատահական չէ, որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին կը ստեղծուի հայ ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն հայութեան։ Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել, թէ՝ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ուժերուն վրայ։ Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ։ Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները։

Ծերենցի համոզումով, հայ ժողովուրդը ի վիճակի է դիմադրելու ամէն կարգի բռնակալի եւ ներխուժողի, որովհետեւ Յովնան Խութեցիի օրինակով, նոյնինքն հայ ժողովուրդին շինական ու խաղաղասէր զաւակներուն մէջ միշտ արթուն է ազգին ու հայրենիքին համար պայքարելու եւ յաղթելու ոգին: Եւ եթէ պատմութիւնը դաժան պարտութիւններու դատապարտեց հայ ժողովուրդը, Ծերենցի ախտորոշումով, գլխաւոր պատճառը հայոց իշխաններու անմիաբանութիւնն է:

Թէոդորոս Ռշտունի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէոդորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն շրջանը, երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց իբրեւ արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ, Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու։ Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատես քաղաքականութիւն մը կը վարեն Հայաստանը տկարացնելով։ Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն։ Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար։ Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել «Հայկական Հարց»ին հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը։ Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ընթացքին Օսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել, թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն զիրենք, այլ փնտռել տան անոնց դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն։

Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է։ Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանգներու հեշտութեամբ փարատման եւ յանկարծ դէմքերու յայտնաբերման, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը։

Գրական յատկանիշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծերենց իր վէպերով եւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային եւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը։ Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան եւ միաձուլման կապը կը հանդիսանայ։ Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագիրի տաղանդով։ Ան յաջողած է սեղմ եւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն եւ հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնելու իր գործերը։ Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ո՛չ թէ ճառով, այլ՝ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով եւ գործով։ Անոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով եւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր եւ ո՛չ թէ քարոզչական։ Գրող հրապարակագիր, բժիշկ եւ ուսուցիչ Ծերենցը հայ գրականութեան մէջ ունի իր արժանի տեղը, իբրեւ վիպագիր։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թորոս Լեւոնի, Կ. Պոլիս, 1877, 336 էջ:
  • Երկունք Թ դարու, Տփղիս, 1879, 468 էջ:
  • Թէոդորոս Ռշտունի, Տփղիս, 1881, 235 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Տփղիս, 1881, 237 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Տփղիս, 1901, 307 էջ:
  • Երկունք Թ. դարու, Կ. Պոլիս, 1911, 346 էջ:
  • Թեոդորոս Ռշտունի, Կ. Պոլիս, 1911, 312 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Կ. Պոլիս, 1911, 319 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Պոսթըն, 1917, 302 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Հալէպ, 1933, 308 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Պէյրութ, 1935, 342 էջ:
  • Թէոդորոս Ռշտունի, Պէյրութ, 1936, 307 էջ:
  • Երկունք Թ. դարու, Պէյրութ, 1936, 341 էջ:
  • Թորոս Լեւոնի, Գահիրէ, 1939, 328 էջ:
  • Երկունք Թ. դարու, Գահիրէ, 1940, 331 էջ:
  • Երկունք Թ. դարու, Երեւան, 1941, 264 էջ:
  • Թէոդորոս Ռշտունի, Գահիրէ, 1944, 323 էջ:

Տես՛ նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 https://avproduction.am/?ln=am&page=person&id=2424
  2. 2,0 2,1 «Ծերենց (Ծննդեան 195-ամեակ)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-06-15։ արտագրուած է՝ 2021-10-30 
  3. Արեւմտահայ ազգային պատմավէպին նահապետը

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ուսումնական Ծրագիր Հ. Պարիկեան Հալէպ 60-ական թուական։ Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթօնքի Շրջան» Էջ 121-124
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 50: