Jump to content

Ղազար Փարպեցի

Ղազար Փարպեցի
Ծնած է 442[1]
Ծննդավայր Փարպի, Այրարատ, Մեծ Հայք[1]
Մահացած է 510
Մահուան վայր Փարպի, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ History of the Armenians?
Մասնագիտութիւն պատմաբան
1793 թուական Վենետիկի մէջ տպագրուած Ղազար Փարպեցի «Հայոց պատմութեան» շապիկը

Ղազար Փարփեցի (442[1], Փարպի, Այրարատ, Մեծ Հայք[1] - 510, Փարպի, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան), միջնադարեան հայ պատմիչ, «Հայոց Պատմութիւն» եւ «Թուղթ Առ Վահան Մամիկոնեան» երկերի հեղինակ։

Մերձաւոր կապ ունեցած է Մամիկոնեան նախարարական տան հետ։ Աւարայրի ճակատամարտէն յետոյ, անոնց հետ տեղափոխուած է Ցուրտաւ (Վրաստան)։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Աշուշա բդեշխի պալատին մէջ, խաղընկերոջ՝ ապագայ մարզպան Վահան Մամիկոնեանի քեռի՝ Աղան Արծրունիի վերահսկողութեամբ։ Մօտ 465-470 թուականներուն ուսանած է Բիւզանդիոյ մէջ։ Վերադառնալով՝ հաստատուած է Կամսարականներու նախարարական տիրոյթի՝ Շիրակի մէջ, զբաղուած՝ ուսումնա–կրթական գործերով։ 484-486 թուականներուն եղած է Սիւնիքի մէջ։ 486 թուականին մարզպան դարձած Վահան Մամիկոնեանը, Ղազար Փարպեցին կանչած է Սիւնիքէն եւ նշանակած՝ Վաղարշապատի վերակառուցուած վանքի առաջնորդ։ Ղազար Փարպեցին բարեկարգած է վանքի շինութիւնները, ստեղծած մատենադարան, ձեռնամուխ եղած՝ լուսաւորական աշխատանքի, որ անոր դէմ առաջ բերած է յետադէմ հոգեւորականութեան թշնամութիւնը։ Ստիպուած հեռացած է (մօտ 490-ին) Ամիդ, ուր գրած է «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» ուղերձը։ Հայոց մարզպանը ետ կանչած է Ղազար Փարպեցին եւ պատուիրած է գրել հայոց պատմութիւնը։

Ըստ աւանդութեան՝ Ղազար Փարպեցին թաղուած է Ղազարաւան գիւղի (այժմ՝ ՀՀ Արագածոտնի մարզին մէջ) եկեղեցի աւանդատան մէջ, մէկ այլ տուեալով՝ Մշոյ Սբ. Առաքելոց վանքի բակին մէջ։

Պատմական եւ գիտական առումով աւելի արժէքաւոր է «Պատմութիւն Հայոց»–ը։ Անիկա բաղկացած է յառաջաբանէ եւ 3 դրուագէ։ Յառաջաբանին մէջ Ղազար Փարպեցին կը յիշատակէ իր նախորդներու՝ Ագաթանգեղոսի եւ Փաւստոս Բիւզանդի աշխատութիւններու համառօտ բովանդակութիւնը, կ'արժեւորէ զիրենք, կը նշէ, որ գրաւոր սկզբնաղբիւրներէն բացի, օգտագործած է նաեւ ականատեսներու պատմածները, նախապէս ստուգելով եւ ճշդելով։

Առաջին՝ Ա դրուագին մէջ մանրամասն շարադրուած են Վռամշապուհի գահակալութեան տարիներու քաղաքական պատմութիւնը եւ Սասանեան Պարսկաստանի պառակտիչ ու դաւադիր քաղաքականութիւնը մինչեւ Արշակունեաց թագաւորական հարստութեան անկումը (428

Երկրորդ՝ Բ դրուագի նիւթը Վարդանանց պատերազմն է, կը համընկնի Եղիշէի «Վարդանի եւ Հայոց պատերազմի մասին» երկի ժամանակաշրջանին։

Երրորդ՝ Գ դրուագը ամէնաարժէքաւորն է, որովհետեւ Ղազար Փարպեցին իր նկարագրած դէպքերու ականատեսն է։ Անիկա կ'ընդգրկէ 460-480–ական թուականներուն հայ–պարսկական փոխյարաբերութիւններու եւ հայերու 482-484–ի հակապարսկական ապստամբութեան պատմութիւնը։

Փարպեցիի «Պատմութիւն Հայոց»-ը տպագրուած է 1793 թուականին, Վենետիկի մէջ, աշխարհաբարը՝ 1895 թուականին, Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Հրատարակուած է նաեւ ֆրանսերէն (1869)։

Ղազար Փարպեցիի «Թուղթ»–ն ամբաստանագիր է ընդդէմ ժամանակի հոգեւորականութեան, անհատի իրաւունքներու պաշտպանութեան փորձ, միջնադարեան ազատամտութեան կարեւոր փաստաթուղթ։ Ղազար Փարպեցին կը հրաժարի աղանդաւորներու հետ կապերը խզելէ եւ զանոնք քննադատելէ, քանի որ Քրիստոսը ուսուցանած է ուրիշին դատաւոր չըլլալ։ Ան կը գրէ բարոյական արժէքներու, հոգեւորականներու առաքինութեան ու աշխարհիկներու քաջութեան պատմութիւնը, որ կ'ընթանայ պայքարի, հակադրութիւններու ու ելեւէջներու ձեւով։ Ան աշխարհիկ ֆէոդալներու իշխանութիւնը կը սահմանափակէ տնտեսական, քաղաքական, եկեղեցին՝ կրօնական գործնէութեամբ։ Ղեկավարը, ըստ Ղազար Փարպեցիի, պետք չէ գերագնահատել իր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը, անոր եւ ղեկավարուողի միջեւ պետք է ըլլայ որոշակի համապատասխանութիւն եւ հաղորդականութիւն։

«Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան»–ը վաւերական աղբիւր է V դ. 2–րդ կիսուն հայոց եկեղեցիին մէջ գոյութիւն ունեցող երկու թեւերու անհաշտ պայքարի մասին, երբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի մահէն յետոյ յետադէմ կղերականութիւնը հալածանք սկսած էր առաջադէմ մտաւորականութեան դէմ։

«Պատմութիւնը» եւ «Թուղթը» միասին («Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան») հրատարակուած է 1904 թուականին, Թիֆլիսի մէջ։

Աշխատութիւններ եւ թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.