Ղեւոնդ Ալիշան
Ղեւոնդ Ալիշան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Քերովբէ Պետրոս–Մարգարի Ալիշանեան[1][2] |
Ծնած է | 6 (18) Յուլիս 1820[1][2] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] |
Մահացած է | 9 Նոյեմբեր 1901[3][1][2] (81 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Ս. Ղազար կղզի, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[2] |
Քաղաքացիութիւն |
Լոմբարդո-Վենետիկ Իտալիոյ Թագաւորութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Կրօնք | Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի[1] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Հայաստանի դրօշ |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, պատմաբան, կղերական, հայագէտ, թարգմանիչ, բանասէր, գրագէտ, աշխարհագրագէտ |
Աշխատավայր |
Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1] Բազմավէպ[1] Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան[1] |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Անդամութիւն | Մոսկուայի Կայսերական Հնագիտական Ընկերութիւն[2], Ռուս գրականության սիրահարների ազատ ընկերություն?, Վենետիկի Գեղարուեստի Ակադեմիա[2] եւ Ռուսական կայսերական հնագիտական միութիւն[2] |
Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան Պետրոս–Մարգարի, 6 (18) Յուլիս 1820[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 9 Նոյեմբեր 1901[3][1][2], Ս. Ղազար կղզի, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[2]), հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ 1838։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս։ Աւազանի անունով՝ Քերովբէ։ Զաւակն էր հնահաւաք դրամագէտի մը։
1832-ին, երբ տասներկու տարեկան էր, մուտք կը գործէ Ս. Ղազար (Վենետիկ) ու կ'աւարտէ դասընթացքը՝ 1841-ին։ Այս թուականին կը սկսի Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի միաբանական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը։ Անմիջապէս կը նուիրուի նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան, միաժամանակ աշխատակցելով 1843-ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս կը տեսնեն իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։
1848-ին կը նշանակուի «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ, միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։ Մինչեւ 1849, իտալեւաւստրիական պատերազմի հետեւանքով Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հարկադրուի առժամաբար ընդհատել դասաւանդութիւնները, կը վարէ ուսուցչական եւ վարչական պաշտօններ։ 1850-ին կ'ուղեւորուի Հռոմ, օրուան աբբահայր Գէորգ Հիւրմիւզի հետ։ Յաջորդ տարի կը վերադառնայ Վենետիկ, սակայն քիչ ետք, յատուկ առաքելութեամբ կը մեկնի դարձեալ Լոնտոն, Մուրատ Ռափայէլեանի կտակին հարցով։ Կ'օգտագործէ այս առիթը, Գեմպրիճի եւ Օքսֆորտի համալսարաններու մատենադարաններու գրչագիրներուն մէջ հայկական ձեռագիրներ քննելու եւ ցուցակագրելու համար։ Կ'անցնի, յաջորդաբար, Պերլին, Վիեննա եւ Փարիզ, ապա՝ Պելճիքա (Կանտ, Պրիւքսէլ): Վենետիկ կը վերադառնայ 1853-ին: Կրթական իր բեղուն գործունէութիւնը կը զուգադիպի այս շրջանին, մինչեւ 1872, երբ կը մխրճուի հնապատմական գործերու պատրաստութեան գործին մէջ։ Մինչեւ իր վախճանումը՝ 22 Նոյեմբեր, 1901, Ալիշան կը փակուի Ս. Ղազարի վանքի[4] իր աշխատասենեակին մէջ եւ կը ստեղծէ աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Կրթական եւ գրական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեղծագործելու եւ ուսումնասիրելու, գիտութիւն ամբարելու եւ ճանաչումի իր անսպառ պաշարը անմնացորդ բաշխելու, այլեւ ու մանաւանդ՝ սերունդներ Հայկեան Հանճարի պաշտամունքով դաստիարակելու անմահ գործին ռահվիրան է Ալիշան, օժտուած՝ գրողի ու գիտաշխատողի բացառիկ շնորհներով, ստեղծագործելու բարձրորակ տաղանդով եւ ճառագայթող իմաստութեամբ, Հ. Ղեւոնդ Ալիշան կը շնչաւորէ ու կը բեղմնաւորէ իրեն ընծայուած կեանքի ժամանակը։ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1850-ական թուականներու մեր ազգային վերածննդեան շարժումին մէջ՝ Ալիշանի կրթական եւ գրական գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն եւ կշիռ կը ներկայացնէ։ Անկախ այն իրողութենէն, որ իր քերթողական վաստակին բացարձակ մեծամասնութիւնը գրաբարով գրի առնուած է,- հետեւաբար՝ այսօր չի խօսիր սերունդներուն ու դուրս կը մնայ անոնց ընկալչութենէն,- ան բացառաբար ոգեշունչ է եւ հայրենասիրական ու կը խօսի մեզի ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն մեր համազգային տենչերէն եւ զանոնք երկնող հոգեւորականին ազգի, հողի, եկեղեցիի, ազնուագոյն ձգտումներու պաշտամունքէն։ «Հայրունի»ներու շարքը կը վկայէ հայրենասիրական բռնկուն տենդի մը, թռիչքներու եւ զեղումներու մասին։ Վիպաշունչ քերթուածներ՝ երեւակայութեան ուժգին թափով մը ոտքի պահուած. սակայն՝ անկեղծութեամբ ու ապրումով վերածուած բառի։ Ալիշան այդ ապրումին պարտական է իր եօթանասունէ աւելի հատորները, տպուած կամ անտիպ։ 1850-1880ին, Ալիշան հայ գրականութեան փառքն է[5]:
Գրական վաստակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չեն ձգեր երիտասարդ Ալիշանը, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս կ'ընծայէ «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ «Պլպուլն Աւարայրի», «Հայոց աշխարհիկ», «Լուսնկայն գերեզմանաց հայոց», «Բամբ որոտան» եւ «Նուագք» շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի կը բանան Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը կը թարմացնեն ու յառաջ կը մղեն վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը կը վառեն ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։ «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով իր քերթուածները, Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ վերահաստատեցին մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքը, իսկ միւս կողմէ հայոց անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, եւ, մանաւանդ, հայութեան ներուժին գիտակցութիւնը արծարծեցին։ Հաւատքի մարդու եւ տաղանդաշատ գրողի իր պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։ Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով, Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, Հայաստան աշխարհի եւ ստեղծագործ հայու հանրագիտարանը։ Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ հայոց աշխարհը եւ հնարաւորութիւնը չունեցաւ ուղղակիօրէն ապրելու իր ժողովուրդի առօրեային մէջ, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ հայակերտ կոթողներով։ Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ, «Յուշիկք հայրենեաց հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց հոգեմտաւոր արժէքներու կոթողական ժառանգութիւն մը, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ ԺԹ. դարու ազգային զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ Ալիշանի ներգործութիւնը, որ հայ գրականութեան անդաստանը մուտք գործած էր երգելով.
Մանկտիք, զիս հայոց հողն ու ջուրն սնուցել.
Ես այն հող ու ջուր սրտով եմ սիրել. Հայրենեաց հարուստ է հողն, ջուրն անուշ, Քանց օտար զարդ, քաղցր հայրենեացն փուշ...»: |
Ղեւոնդ Ալիշան եւ աշխարհաբարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղեւոնդ Ալիշան կը գիտակցէր, որ աշխարհաբարը գրաբարէն շատ աւելի պակասաւոր, աղքատ ու խառնակ է: Սակայն, միւս կողմէ շատ լաւ կը գիտակցէր նաեւ, որ այս ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքի եւ համընդհանուր վերելքի տարիներն էին, պէտք էր ոտքի հանել հայութիւնը, ոգեւորել զայն: Հարկաւոր էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճանաչելի դարձնել, հպարտութեամբ համակել հայը՝ ցոյց տալու համար, որ ան ալ իբրեւ ազգ իր լիիրաւ տեղը ունի այս աշխարհին մէջ։ Անհրաժեշտ էր ուրեմն լաւ իմացութիւնը հայրենիքի աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ մշակութային արժէքներուն: Այս բոլորը փոխանցելու համար հարկ էր միջոցներ որդեգրել, որ հասանելի ըլլային համայն հայութեան: Այդ միջոցներէն մէկը ժողովուրդին խօսած լեզուն էր, այսինքն՝ աշխարհաբարը:
- Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութեան մէջ աշխարհաբարի անցնելու առաջին նշանները ի յայտ եկան 1845 թուականէն սկսեալ: Աւելի քան տասը տարի, մինչեւ Յունուար 1862, «Հայադիր» ընդհանուր վերնագիրին տակ, «Բազմավէպ»ը հրատարակած է հայոց պատմութեան զանազան դէպքեր, պատմուածքներ, հայկական հին տոմարին վերաբերող նիւթեր:
- 1866-ին լոյս տեսած է «Նուէր տղայոց» արձակ ստեղծագործութիւնը, որ նախորդին բնական շարունակութիւնն է իր նիւթերու եւ ոճային առումներով եւ մինչեւ նոյն տարուան Յունիս ամիսը լոյս տեսած են 51 պատմուածքներ, որոնք ամփոփելով երկու ստուար հատորներու մէջ, կատարելով լեզուաոճական զգալի մշակումներ եւ աւելցնելով առաջին եւ վերջին գլուխները՝ «Նախաբան առ Հայկակ» եւ «Վերջաբան առ Հայկակ»:
- 1869-1870 թուականներուն վերահրատարակած է զանոնք առանձին գիրքով, «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց» խորագիրով: Սոյն ստեղծագործութիւնը ինքնատիպ է իր կառուցուածքային եւ գեղարուեստական արձակի իր մօտեցումներով: Լեզուին համար, իր նախաբանին մէջ, դիմելով իր փոքրիկ բարեկամ «Հայկակ»ին, Ալիշան կը գրէ.
Ալիշանի օգտագործած աշխարհաբարին անդրադարձած է Հրաչեայ Աճառեան.
Ալիշանի աշխարհաբարը զերծ չէր գրաբարեան արտայայտչաձեւերէն, սակայն իսկապէս աւելի մատչելի էր ժողովուրդին: Ձեւաբանական եւ շարահիւսական միաւորներու միջոցով ոճական այլեւայլ խնդիրներու լուծումը յատուկ էր իրեն: Գոյականի քերականական կարգերու, խօսքի իմաստային փոխանցումներու, փոխանունութեան, ածականի համեմատական աստիճաններու, բայի եղանակաժամանակային ձեւերու հմուտ օգտագործումով իր խօսքը հարստացուցած է, օժտած է սեղմութեամբ եւ պարզութեամբ:
Ղեւոնդ Ալիշան յեղափոխականը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայրենիքի փուշ»ն անգամ «օտար զարդ»էն աւելի «քաղցր» նկատելու եւ նախընտրելու այս հաւատամքին դրօշակիրը եղաւ Ալիշան։ Հայ յեղափոխական շարժման բանբեր «Դրօշակ»ը թարգմանը կը հանդիսանար Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի անձին ու գործին վայելած համազգային ու անխառն գնահատանքին, երբ անոր մահուան առիթով կը վկայէր.
Ալիշան յեղափոխութեան կը պատկանի, մեր ազգային շարժման մեծ մուսան եղաւ։ Բոլոր ստրուկ ազգերը իրենց երգիչները ունեցան, որոնք բոցաշունչ տողերու մէջ հայրենասիրական ոգիին թափ տուին։ Մենք ունեցանք Ալիշանը, որ եղաւ «Աւարայրի պլպուլը», երգեց «Կարմիր Վարդանը»։ Իր տաղերը հանգուշն ու մեղմ՝ երազանքը, մրմունջը կամ անուշ տենչանքի մը պղատոնական զգայնութիւնը չեն տար միայն, այլ բարկաճայթ վրիժագոռ, սալասմբակ ճախրանք մը ունին, արիւնը մտրակող եւ գործի մղող… հապօ՜ն յառաջ։ - Դրօշակ
|
«Ան լսելի ըրաւ առաջին անգամ «Բամբ Որոտանը» Մարսէյէզի մը չափ հրաբորբոք, անոր չափ սրտոտ՝ «Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ»։
Ալիշանի պատգամը՝ նորահաս սերունդներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ, Ալիշան միեւնոյն պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդին.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 2,14 2,15 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1. — է. 91.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 SNAC — 2010.
- ↑ «Ղեւոնդ Ալիշան»։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-10
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շտիկեան Ս., Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը, Երեւան, 1967։
- Շտիկեան Ս. Ա., Ղեւոնդ Ալիշան (Ծննդեան 150-ամեակի առթիւ).- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1970, № 2, էջ 13-26։
- Շտիկեան Սուրէն, Ղեւոնդ Ալիշանի նորայայտ նամակները.- Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների, 1977, № 7, էջ 95-106։
- Շտիկեան Ս. Ա., Ալիշանի անստորագիր գործերը «Բազմավէպի» էջերում.- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1978, № 2, էջ 81-92։
- Շտիկեան Սուրէն֊, Ալիշանը հայ մտաւորականների յուշերում.- «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների», 1987, № 6, էջ 37-46։
- Շտիկեան Սուրէն, Պատկերներ Ալիշանի կեանքից‚ Գրական թերթ‚ 1979, № 5‚ Յունուարի 12։
- Շտիկեան Սուրէն, Եզակի մեծութիւն (Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 160-ամեակի առթիւ)‚ Գրական թերթ‚ 1980, № 29‚ Յուլիսի 18։ Արտատպուած նաեւ «Կանչ» (Պէյրութ)‚ 1980, № 466‚ Օգոստոսի 23 եւ «Լրաբեր» (ԱՄՆ)‚ 1980, № 3‚ Հոկտեմբերի 25։
- Շտիկեան Սուրէն, Ղեւոնդ Ալիշան‚ Երեկոյեան Երեւան‚ 1990, № 168‚ Յուլիսի 28։
- Շտիկեան Սուրէն, Ղեւոնդ Ալիշան (Ծննդեան 170-ամեակի առթիւ)‚- Լենինեան ուղիով‚ 1990, № 8‚ Օգոստոս։
- Ալիշանի տպագիր եւ անտիպ գործերի մատենագիտութիւն, տե՛ս Ղազիկեան Արսէն, Հայկական մատենագիտութիւն եւ հանրագիտարան հայ կեանքի, Պրակ առաջին. Ա-Թ, Վենետիկ-Սբ. Ղազար, 1909, էջ 34-68։
|