Jump to content

Զեւս

Զեւսի 4-րդ դարու քանդակի հռոմէական պատճէն

Զեւս կամ Տիաս (յուն․՝ Ζεύς, Δίας)[1], Հին Յունական դիցաբանութեան երկինքի եւ ամպրոպի աստուած. Ողիմպոսի աստուածներուն կառավարիչ: Ան Հռոմէական դիցաբանութեան մէջ համապատասխանն է Լուսնթագին Juppiter, հայկականին՝ Արամազդ, իսկ ուրիշ ժողովուրդներու՝ Ինտրա, Փերուն, Թոր ու Օտին[2][3][4]: Զեւսը կրտսեր զաւակն է Քրոնոսի եւ Ռէայի: Ըստ յունական առասպելին ան ամուսնացած էր Հերային (կամ աւելի պարզ՝ Իրա) հետ։

Ունեցած է բազմաթիւ զաւակներ՝ կիներէն եւ ժամանակաւոր սիրուհիներէն․ ամենածանօթ աստուած-զաւակներն են՝ Փերսեֆոնի Περσεφόνη, Արուսեակ Ἀφροδίτη, Արիս Άρης, Հեպէ Ήβη, Իֆեստոս Ήφαιστος, Հեռմես Ερμής , Տիոնիսոս Διόνυσος , Ափոլոն Απόλλωνας , Արթեմիս Ἄρτεμις , Աթինա Αθηνά , Հեռաքլիս (Իրաքլիս) Ηρακλής, Փերսէաս Περσέας, 9 Մուսաները Μούσες եւ այլն[5][6]:

Տիաս, հին յունարէնով՝ Զեւս։ Հին յունարէնի մէջ Զեւս անունը հոլովումի ընթացքին «Տիոսին» (του Διός) կը դառնայ․ այս հոլովումէն կ՛առաջանայ նոր յունարէնի Տիաս անունը։ Բառին ստուգաբանութիւնը հետեւեալն է․-

Կ՛առաջանայ հնդեւրոպական*Dyēus բառէն։ Ըստ լեզուաբաններուն յառաջ կու գայ առաջին հնդեւրոպական ցերեկի աստուծոյ *Dyeus ph2tēr անունէն։ Այս բառը առաջ եկած է dyeu (շողալ) եւ div (երկինք)․ տուած է նաեւ յունարէնի Θεός (Աստուած) բառը, լատիներէն՝ Deus, Վետերէն (Veda) Dyaus, ԳերմաներէնTiwaz, Կաէլեան(GaeilDia, Հին իրլանտերէն Dia, որ «Աստուած» եւ «Օր» կը նշանակէ։ Անունը կը գտնենք նաեւ ուրիշ հնդեւրոպական ժողովուրդներուն մէջ․ հնդիկներ, լատին եւ այլն։

Յունարէն «Զեւս Հայր» Ζευς πατήρ ասացուածքը կը համապատասխանէ հռոմէացիներուն Diespiter (Juppiter)-ին, հին հնդիկներուն Dyaus Pita-ին. նՆոյն արմատէն առաջացած է նաեւ անգլերէն day բառը, որ «օր» կը նշանակէ։

Հին յոյները յաճախ երդում կու տային Տիասին անունով․ Μὰ τὸν Δία / Mà tòn Día եւ Nὴ τὸν Δία / Nề tòn Día ասացուացքով (մեր՝ «Աստուած վկայ»)[7][8][9]:

Իտա լերան քարանձաւի մուտքը ծանօթ իբրեւ՝«Զեւսին քարայրը», ուր Ռէան պահած է մանուկ Զեւսը

Տիտան Քրոնոսի եւ Ռէայի ամուսնութենէն ծնած են Տիմիթրան, Հերան, Պղուտոնը (Փլութոն), Էսթիան եւ Փոսիտոնը։ Սակայն Քրոնոս զանոնք կը կլլէ՝ անմիջապէս երբ կը ծնին, վախնալով որ անոնք զինք պիտի սպանեն եւ տիրանան իր գահին (Ղէայէն եւ Ուրանոսէն իմացած էր թէ իր մանչ զաւակը զայն պիտի տապալէ, ինչպէս ան հօրը ըրած էր): Երբ Զեւսին ծնունդը կը մօտենայ, Ռէան իր ծնողքի՝ Ուրանոս-Երկինքի եւ Ղէա-Երկրի խուհուրդին կը հետեւի․ կը հեռանայ եւ կ՛ապաստանի Կրետէ կղզին, ուր Զեւսը կը ծնի եւ Ռէան զայն կը պահէ Փսիլորիթիս Ψηλορείτης լերնաշղթային Իտա լերան Ίδα (2456 մ․) քարայրին մէջ, իսկ Քրոնոսին կը յանձնէ շորերու մէջ փաթթուած ժայռի կտոր մը, որ ան անմիջապէս կը կլլէ[10]:

Փսիլորիթիս Ψηλορείτης ․ Կրետէ

Մինչ Տիաս կը մեծնայ, ըստ պատմութեան տարբերակներուն, անոր հոգ կը տանին․-

  • Ղէան
  • Ամալթիա Αμάλθεια անունով այծ մը եւ միաժամանակ Գուրոսիկ Κουρήτες-զինուորները՝ փոքր տարողութեամբ աստուածներ․ անոնք կը պարեն, կը պոռան եւ իրենց վահանները ուժով կը զարնեն, որպէսզի Քրոնոսը մանուկին ձայնը չլսէ։
  • Շնագի Κυνοσούρα անունով յաւերժահարս մը, որուն Զեւսը իբրեւ երախտագիտութիւն, կը զետեղէ աստղերուն միջեւ (փոքր արջ՝ հիւսիսային բեւեռի աստեղատուն)։
  • Մեղուն Μελίσσα , այծի կաթով եւ մեղրով։
  • Հովիւներու ընտանիք մը, խոստումով՝ թէ իրենց հօտը գայլերէն պիտի փրկուի։
    Ողիմպոս լեռը, արեւմուտքէն դիտուած

Աստուածներուն թագաւոր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիաս չափահաս դառնալով Քրոնոսին կը պարտադրէ փսխել նախ քարը, ապա եղբայրները՝ ըստ կլլած շարքով։ Կարգ մը առապելներ կը պատմեն թէ Ովկիանիա Միթիսը Քրոնոսին կու տայ փսխել յառաջացնող հեղուկ մը, որպէսզի ան դուրս տայ նորածինները։

Ապա Տիաս, եղբայրներուն, Հսկաներուն Γίγαντες (Ղիղանտես), Կիկլոպներուն Κύκλωπες եւ Էքաթօհիրես/ներուն Εκατόγχειρες (հարիւր ձեռք ունեցողներ) հետ Տիտաններու կռիւի Τιτανομαχία ընթացքին Քրոնոսին եւ մնացեալ Տիտաններուն կը տապալէ:

Տիտաններու կռիւը (Τιτανομαχία)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տիաս եւ իր արծիւը

Ըստ Իսիոտոյին Ησίοδος, Տիաս (Զեւս) եւ եղբայրները կը կռուին Երկրին իշխելու համար։ Անոնք Ողիմպոս Όλυμπος լեռնէն կ՛արշաւեն Տիտաններուն, որոնք ամրացուած են Օթրիս Όθρυς լերան։ Այս պատերազմը 10 տարի կը տեւէ։ Ի վերջոյ, Ղէան Զեւսին կը խրատէ Տարտարոս Τάρταρα (վարի աշխարհի երկրորդական աստուած) իջնել, որպէսզի Տիտաններուն եղբայրները՝ Կիկլոփները եւ Էքաթօհիրեսները գերութենէն ազատէ։ Ան նախ կը կռուի առասպելի հրէշ Քապիին Κάμπη դէմ եւ կը յաղթէ։ Կ՛ազատէ Կիկլոփները եւ Էքաթօհիրեսները, որոնք կը զինակցին հետը։

Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն զանազան շնորհումներով։ Կիկլոփները Արիին եւ Փոսիտոնային զէնքեր կու տան, իսկ Զեւսին կը մատակարարեն կայծակներով, որոտումով եւ մուրճով, որոնք այդ օրէն սկսեալ անոր ուժին խորհրդանիշը կը դառնան։ Կռիւին Էքաթօհիրեսները Զեւսին կ՛ընկերակցին եւ իրենց օգնութեամբ աստուածները Տիտաններուն կը յաղթեն եւ Տարտարոս կը նետեն, պահակ դնելով Էքաթօհիրեսներուն։ Քրոնոսը կը բանտարկեն Տիտաններուն հետ եւ անոր հսկիչ կը նշանակեն Իրիկունը Νύχτα։ Բաւական ժամանակ ետք, Քրոնոսին ներում կը շնորհուի եւ Եղիւսեան դաշտերուն Ηλύσια Πεδία անոր թագաւոր կը նշանակեն․ ան հոն դարաւոր կը քնանայ։ Ապա Տիաս, Ղէային պատուէրով, աստուածներուն պետը կը դառնայ եւ աշխարհը երեք թագաւորութիւններու կը բաժնէ․ Երկինք, Ծով եւ Վարի աշխարհ։ Անոնց պետ կը նշանակէ ինքզինքը (Երկինք), Փոսիտոնասը (Ծով) եւ Ատին (Վարի աշխարհ)։

Երեք աստուածները․ Զեւս՝ Երկինքի, Փոսիտոնաս՝ Ծովուն եւ Ատիս՝ Վարի աշխարհին

Հսկաներուն կռիւը (Γιγαντομαχία)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հսկաները կը սպառնան Զեւսին (Տիա Δία) թագաւորութեան։ Անոնք Ղէային դրդումով կ՛ուզեն Տիտաններուն պարտութեան վրէժը լուծել։ Այս կռիւին ալ Տիաս յաղթական է․ Ողիմպոսի աստուածները, Հեռաքլեսին եւ Տիոնիսոսին օգնութեամբ կը կռուին եւ կը յաղթեն Հսկաներուն[11][12] [13][14][15]:

Ըստ Իսիոտոյին, Տիասին առաջին կինը Միթիսն է, հմտութեան աստուածուհին։ Ղէան կը զգուշացնէ Տիասը թէ անոնց մանչ զաւակը օր մը զայն պիտի տապալէ։ Տիասը յղի Միթիսը կը կլլէ եւ այդ իսկ պատճառով զօրաւոր գլխացաւ կ՛ունենայ։ Իֆեստոս օգնութեան կը փութայ եւ կ՛օգնէ Աթինային ծնունդին։ Աթինան զինուած, Տիասին գլխէն դուրս կը ցատկէ։

Միթիսին կը յաջորդէ Թեմիսը։ Տիասին թագաւորութիւնը կ՛ամրապնդուի․ կ՛ունենայ կանոններ պարզ մարդոց եւ աստուածներուն համար։ Առասպելին մէջ, Թեմիսն է որ կ՛օրէնսդրէ։ Կը ներկայացնէ արդարութիւնը, որ սուրբ է եւ կը վերաբերի նաեւ աստուածներուն․ արդարութիւնը անոնցմէ եւ անոնց կամքէն՝ վեր է։ Թեմիս կը ներկայացուի իբրեւ բնականոն կեանքի, կարգ կանոնին, բարոյական կանոններուն եւ մօրմէն՝ Ղէա, ժառանգած գուշակութեան աստուածուհի։ Նշուածներուն համաձայն, անոր աղջիկները պահապաններն են կարգ ու կանոնին։ Բնականոնութեան՝ Օրես/ները ((Ώρες=Ժամերը)․ կը ներկայացնեն եղանակները, իրենց ճշգրիտ փոխանակութեամբ), բարոյականութեան՝ Էվնոմիա Ευνομία(=Համերաշխութիւն), Տիքի Δίκη(=Դատ) եւ Իրինի Ειρήνη(=Խաղաղութիւն), որոնք կը կազմեն ընկերութեան գերագոյն ինչքերը, նաեւ Միրեսերը` Քլօթօ Κλωθώ, Լահեսիս Λάχεσις եւ Աթրոփոս Άτροπος, որոնք կը պատկերացնէին իւրաքանչիւր մարդու ճակատագիրը եւ որոնց հայրը՝ Տիաս, անոնց յանձնած է ինչքերը մարդոց բաժնելու պարտականութիւնը եւ վերջապէս յաւերժահարսերը Νύμφες եւ կոյս Ասթրէա Αστραία՝ նոյնպէս արդարութեան պատկերացումը։

Ողիմպիա (Օլիմպիու) Զեւսին տաճարը, Աթէնք․ կը կոչուի՝ «Սթիլես Օլիմպիու Տիոս»․ նկարուած Աքրոփոլի ժայռէն

Տիասին երրորդ կինը՝ Իրա (Հեռա), իր քոյրն ու կինն է։ Միասին կ՛ունենան երեք զաւակներ․ Արի, Իվի եւ Իֆեստոս։ Ըստ առասպելի մը, Իրան նախանձութենէն մինակը Իֆեստոյին ծնունդ կու տայ, հակադարձելով Տիասին՝ որմէ Աթինան կը ծնի։ Նոյնպէս, իրենց զաւակները աստուածներ են՝ Իլիթիան Ειλείθυια (ծննդաբերութեան), Արղիս Άργης (պատերազմի - յարձակման) եւ Էրիտա Έριδα (նախանձութեան, գժտութեան, բանակռիւի եւ կռիւի)։

Իրենց աղմկասէր կեանքը լեցուն է խարդախութիւններով եւ մախանքներով։ Կ՛ընդգրկէ նաեւ մէկը միւսին դէմ դաւադրութիւններ եւ կամ միւսին կամքին դէմ թշնամութիւն։ Կը պատմուի թէ զոյգին թշնամութիւնը շարունակութիւնն է Երկինքի եւ Ղէայի մրցակցութեան․ նահապետական տարիներուն արական սեռի կամեցողութիւնը իգականին տիրելու։ Բազմաթիւ առասպելներ կը պատմեն թէ Իրան կը նախանձի Տիասի սեռային յաջողութիւններուն վրայ եւ կը թշնամանայ վերջինին սիրահարներուն եւ անոնց զաւակներուն։ Մէկ ամբողջ տարուայ համար, յաւերժահարս մը Իխօ անունով, Տիասին կողմէ պարտականութիւն կ՛ունենայ անդադար խօսելով Իրային ուշադրութիւնը գրաւել։ Սակայն երբ Իրան խարդախութիւնը կը հասկնայ, զայն ուրիշներու խօսքերը կրկնելու կ՛անիծէ։

Տիաս ունենալով բազմաթիւ սիրածներ, կ՛ունենայ նաեւ բազմաթիւ զաւակներ։ Առասպելներ կը պատմեն թէ ան բազմիցս կը կերպանայ, որպէսզի սիրածներուն միանայ։ Զաւակներն են․-

Աստուածներ՝ Աֆրոտիթի, Փերսեֆոնի, Հեռմես, Տիոնիսոս, Էրսի, Էքաթի, Ափոլոնաս, Արթեմիս, Խարիթես (Աղլայիա, Էֆրոսինի, Թալիա), Մուսես (Քալիոփի, Քլիօ, Էֆթերփի, Թերփսիհորի, Էրաթօ, Մելփոմենի, Թալիա, Փօլիմնիա եւ Ուրանիա), Արմոնիա, Փանաս։

Նաեւ՝ Քորիվանդես, Էփաֆոս, Էնտիմիօն, Թիթիոս, Վրիթոմարթիս, Զաղրեւս, Քար, Քուրիտես, Քրաթոս, Քրիս, Մինոաս, Րատամանթիս, Սարփիտոնաս, Ղրէքոս, Էլլին, Ահէոս, Միրմիտոն, Մաղնիս, Մաքետոն, Վիթինոս, Տարտանոս, Թիվի, Ասօփոս, Ամֆիօն, Զիթոս, Լօքրոս, Օրհոմենոս, Թրոֆօնիոս, Հեռաքլես, Արղոս, Փերսէաս, Նեմէա, Լաքետէմօն, Օրէա էլենի, Տիոսքուրի (Քասթոր եւ Փոլիտեւքիս), Արքաս, Մեղարոս եւ էաքոս։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Դասական Ատտիկայի յունարէն
  2. Thomas Berry (1996)։ Religions of India: Hinduism, Yoga, Buddhism։ Columbia University Press։ էջեր 20–21։ ISBN 978-0-231-10781-5 
  3. T. N. Madan (2003)։ The Hinduism Omnibus։ Oxford University Press։ էջ 81։ ISBN 978-0-19-566411-9 
  4. Sukumari Bhattacharji (2015)։ The Indian Theogony։ Cambridge University Press։ էջեր 280–281 
  5. Hamilton Edith (1942)։ Mythology (1998 հրտրկթն․)։ New York: Back Bay Books։ էջ 467։ ISBN 978-0-316-34114-1 
  6. 9 Մուսաները «ΟΙ ΜΟΥΣΕΣ - MOUSES»։ web.archive.org։ 2006-02-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-02-19-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-12 
  7. Արցանց ստուգաբանութիւն - օր- (անգլերէն)
  8. Յունարէն լեզուի բառերու ստուգաբանութիւն, Klincksieck հրատարակութիւն,(ֆր.)
  9. Ուիքի բառարան, Զեւս/Տիաս (յունարէն)
  10. «Greek and Roman Mythology.»։ Mythology: Myths, Legends, & Fantasy։ Sweet Water Press։ 2003։ էջ 21։ ISBN 9781468265903 
  11. «Հսկաներու կռիւը (ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-12 
  12. Աշխարհարածնունդի առասպելներ․ Իսիոտոս (յունարէն)
  13. Աշխարհարածնունդի առասպելներ․ Ափոլոտորոս (յունարէն)
  14. Աշխարհարածնունդի առասպելներ․ Աստուածնունդը ըստ Հոմեռոսի(յունարէն)
  15. Զեւս, աստուածներուն թագաւորը (անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Աստուածային Նախագիծ, Զեւս
  2. Յունական Դիցաբանութիւն, Զեւս
  3. Զեւսին զաւակները (յունարէն)
  4. Տիտաններուն կռիւը (անգլերէն)