Ճափոն
Պաշտօնական անունը «Նիփփոն, Նիհոնքոքու» պետութիւն մըն է Ասիոյ խաղաղովկիանոսեան ափերէն դէպի արեւելք գտնուող կղզիներուն վրայ։
Հինէն ի վեր ճափոնցիները իրենց երկիրը կը կոչեն Նիփփոն կամ Նիհոն, որ կազմուած է երկու մեհենագրական նշաններէ՝ «արեւ» եւ «հիմք»։ Ճափոնական դրօշակին վրայի կարմիր արեւային սկաւառակը եւ պետական զինանշանի կլոր ոսկեծաղիկը՝ քրիզանթեմը, նոյնպէս կը խորհրդանշեն ծագող արեւը։
Ճափոնը աշխարհի հզօրագոյն երկիրներէն է։ Միւսներէն զգալիօրէն կը տարբերի իր աշխարհագրական դիրքով, պատմական անցեալով, լեզուով, տնտեսական զարգացմամբ եւ բնութագրական այլ գիծերով։
Իր տարածքով Ճափոնը կը գերազանցէ եւրոպական տէրութիւններէն շատեր։
1970 թուականէն սկսեալ Ճափոնի տնտեսութիւնը զբաղեցուցած է աշխարհիերկրորդ տեղը, զիջելով Միացեալ Նահանգներուն։ Այդ դիրքը հետագային, ան կը զիջի Չինաստանին։ Արտահանման ծաւալով չորրորդն է, ներմուծման ծաւալով՝ վեցերորդը։
Ճափոն կը համարուի աշխարհի մեծագոյն տնտեսական կեդրոններէն մէկը։
2005 - 2007 թուականներուն, Ճափոնը Միաւորուած Ազգերու Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամը եղած է։
Ճափոնը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք պաշտօնապէս հրաժարած է պատերազմ յայտարարելու իր իրաւունքէն։
Ճափոն աշխարհի միակ երկիրն է, որուն նկատմամբ կիրարկուած է միջուկային զէնք։[6]
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրի «Ճափոն» անուանումը եւրոպական բոլոր լեզուներով, յառաջացած է այդ երկրի Նիհոն կամ, առաւել հանդիսաւոր եւ պաշտօնական ոճով՝ Նիփփոն յատուկ անունը կազմող երկու հիերոկլիֆներու աղաւաղուած ընթերցումէն։ Այդ նշաններէն առաջինը՝ կը նշանակէ «արեւ», իսկ երկրորդը՝ «արմատ» կամ «հիմք»։ Հոսկէ ալ Ճափոնի այլաբանական նշումը որպէս «Ծագող արեւի երկիր»[7]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոն ունի շատ իւրօրինակ պատմութիւն, որ կը սկսի հնագոյն ժամանակներէն։ Ճափոնի պատմութեան վրայ մեծապէս ազդած է անոր աշխարհագրական մեկուսացուածութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ճափոնական մշակոյթի եւ գիրերու վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է քորէական եւ չինական մշակոյթը։
Ճափոնցիներու մասին առաջին գրաւոր յիշատակումը եղած է Ք․Ե. Առաջին դարու չինական ժամանակագրութեան մէջ։ Երկար ժամանակ այլ ազգերէն մեկուսացումը իր ազդեցութիւնը ձգած է Ճափոնի պատմութեան եւ մշակոյթին վրայ։
Ք.Ա. 500-էն մինչեւ օրս Ճափոնի տարածքին մէջ, կը սկսի Եայոյ (ճափ.՝ 弥生時代 [եայօյ ճիտայ]) ժամանակաշրջանը, որ կը համապատասխանէ Եւրոպայի պրոնզէ եւ երկաթէ դարերուն եւ որ տեւած է մինչեւ Ք․Ե. 250 թուական։
Եայոյ ժամանակաշրջանին, կը սկսի ոռոգման եղանակով բրինձի մշակումը, բրուտագործութիւնը, մանածագործութիւնը, մետաղներու (պղինձի, երկաթի եւ պրոնզի) մշակումը եւ պաշտպանուած քաղաքային բնակավայրերու կառուցումը։ Այդ նորոյթները իրենց հետ կը բերէին Չինաստանէն եւ Քորէայէն վերաբնակուածները։
250-ին Եայօն կը փոխարինէ Քոֆուն ժամանակաշրջանը, երբ Եամաթոյ տարածքին մէջ կը յառաջանայՃափոնական պետութիւնը։
Յաջորդը Ասուքա ժամանակաշրջանն էր, որ կը սկսի 538 թուականէն եւ կը տարածուի քորէական Փեքչեէ պետութենէն եկած Պուտտայականութիւնը, կը զարգանայ չինական տեսակի կեդրոնացուած պետութիւնը, կը ստեղծուի առաջին օրէնսգիրքը եւ մայրցամաքի իմաստասիրական եւ մշակութային գաղափարներու ազդեցութեան տակ ծաղկում կ'ապրի Ճափոնական մշակոյթը։
Ութերորդ դարէն սկսեալ Նարա ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ խիստ կեդրոնացած ճափոնական պետութիւնը՝ ժամանակէն Նարա քաղաքի մօտ գտնուող Հէյճեոյ-քեոյ կայսերական մայրաքաղաքով։ Ճափոնական հանրութեան արագացուած չինականացման հետ միասին այդ ժամանակաշրջանին կը բնորոշեն նաեւ առաջին պատմագրութիւններու ստեղծումն ու մշակոյթի ծաղկումը։ 712-ին կ'աւարտի Քոճիքի, իսկ 720-ին՝ Նիհոն Շեոքի սուրբ գիրքերը։
784-ին Քամու կայսրը մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ Նակաոքայ-քեոյ, սակայն տասը տարի ետք ան կը տեղափոխուի Հեյեան-քեոյ (այժմուՔեոթօն)։ Այդպէս սկսաւ Հէյեան ժամանակաշրջանը, երբ ծաղկում կ'ապրի ճափոնական ազգային մշակոյթը։
Քանա վանկային այբուբենին ստեղծումը թոյլ կու տայ չինարէնի փոխարէն գրել
ճափոներէն։
12-րդ դարէն Ճափոնի մէջ, կը սկսի կառավարել ֆեուտալական ռազմականացուած իշխող դասը՝ սամուրայներու գերատեսչութիւնը։ 1192-ին Մինամոթօ-նօ Եորիթոմօն յաղթելով իր հետ մրցակցող Թայրայ գերդաստանին, նշանակուեցաւ շեոկուն, որմով սկիզբ դրուեցաւ Քամաքուրայ ժամանակաշրջանին։ Անոր մահէն ետք՝ 1199-ին իրական իշխանութիւնը անցաւ իր թողած Հոճեոյ գերդաստանին։ Քամաքուրայ շեոկունավարութիւնը 1274 եւ 1281 թուականներուն յաջողութեամբ ետ կը մղէ մոնկոլներու ներխուժումը։ Այդ ժամանակուան պաշտօնական կրօն կը դառնայ զէնը։ Մոնկոլներուն յաղթելէն ետք, ճափոնցի ռազմիկներու միջեւ կը սկսին պառակտիչ պատերազմներ, որուն արդիւնքով Քամաքուրայի ռեժիմն արագ անկում կ'ապրի։ 1318-ին գահակալեցաւ Կօ Տայկօ կայսրը եւ գլխաւոր հրամանատար Աշիքակա Թաքաուճիի աջակցութեամբ ետ վերադարձուց իշխանութիւնը, սակայն 1336-ին կայսեր որդիին հետ իշխանութիւնը չկիսած Աշիքակա Թաքաուճին Քեոթօյի մէջ, գահին նստեցուց կայսր Քեոմիյոյին եւ 1338-ին անոնցմէ ստացաւ շեոկունի տիտղոս, որու արդիւնք, Ճափոնի մէջ ունեցան երկու կայսր եւ երկու շեոկուն, որոնք կատաղի հակամարտութեան մէջ կ'ընդհարուէին մինչեւ 1392։ Աշիքակա շեոկունավարութիւնը չկրցաւ վերհսկել մեծ տայմեոյ աւատատէրներուն, այդիսկ պատճառաւ 1467-ին բռնկեցաւ քաղաքացիական պատերազմ, որով սկիզբ դրուեցաւ խռովութիւններով հարուստ Սենկոքու ժամանակաշրջանին։
1543-ին Ճափոնի ափերուն հասան փորթուկալացի ծովագնացները, իսկ աւելի ուշ՝ ճիզուիթ միսիոներներն ու հոլանտացի վաճառականները։ Դրուեցաւ Ճափոնի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտրական եւ մշակութային փոխազդեցութեան սկիզբը։ Եւրոպական ճարտարագիտական եւ հրազէնի օգնութեամբ Օտա Նոպունական յաղթեց միւս տայմեոյներուն եւ համարեայ կրցաւ միաւորել երկիրը, սակայն սպանուեցաւ 1582-ին։ Անոր ժառանգորդը դարձաւ Թոյեոթոմի Հիտեյոշին, ով 1590-ին աւարտին հասցուց երկրի միաւորման գործը։ Հիտեյոշին երկու անգամ գրաւեցաւ Քորէան, սակայն քորէական եւ չինական զօրքերու հասցուցած քանի մը պարտութիւններէն ետք ճափոնցիները 1598-ին նահանջեցին Քորէայէն։ Հիտեյեոշիի մահէն ետք Թոքուկաւա Իեյեաշուն ստացաւ քաղաքական ազդեցութիւն եւ ռազմական աջակցութիւն՝ օգտագործելով Թոյեոթոմի Հիտեյեոշիի վրայ ունեցած խնամակալութեան իրաւունքը եւ 1603-ին նշանակուելով շեոկուն։ Ան հիմնադրեց Թոքուկաւայի շեոկունավարութիւնը եւ մայրաքաղաքը տեղափոխեցաւ Էտօ (այսօրուան Թոքիօ)։ 1639-ին շեոկունավարութիւնը սկսաւ Ճափոնի ինքնամեկուսացման արտաքին քաղաքականութիւնը, որ տեւեցաւ երկուքսուկէս հարիւրամեակ։ Առաջացաւ ազգային մշակութային քոքուկաքու շարժումը։
Միացեալ Նահանգներու հետ պայմանագրի ստորագրումին հետ, 1854 թուականին բանալով իր ծովային սահմանները, Ճափոնի մէջ կը կարգաւորուին ընկերա-տնտեսական զարգացումները։ 1869-ին քաղաքացիական պատերազմի արդիւնքով, վերացաւ շեոկունավարութիւնը եւ ստեղծուեցաւ կեդրոնացած պետութիւն՝ կայսեր ղեկավարութեամբ։ Որպէս հիմք, վերցնելով արեւմտեան քաղաքական, դատաիրաւական եւ ռազմական համակարգերը, Ճափոնի նախարարներու աշխատակազմը ստեղծեց Գաղտնի խորհուրդ, նախապատրաստեց Մէյճիի սահմանադրութիւնը եւ գումարեց խորհրդարան։
Վերափոխուած Ճափոնական կայսրութիւնը դարձաւ արդիւնաբերացուած համաշխարհային տէրութիւն։ Յաղթանակներ տանելով չին-Ճափոնական (1894-1895) եւ ռուս-ճապոնական պատերազմները (1904-1905) Ճափոնը ապահովեց իր գերիշխանութիւնը Ճափոնական եւ Դեղին ծովերուն մէջ եւ իրեն միացուց Քորէան, Թայուանը եւ Սախալինի հարաւը։
20-րդ դարու սկզբին Թաշեոյի կարճ ժողովրդավարական ժամանակաշրջանին փոխարինուեցաւ ռազմականացման եւ ծաւալապաշտութեան աճը։ Անթանթի կողմէն մասնակցելով Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, Ճափոնը ընդլայնեց իր քաղաքական ազդեցութիւնը ու տարածքը։
1930-ականներուն Ճափոնը Չինաստանի հիւսիս-արեւելեան օկուպացուած մասին մէջ կը կառուցէ Ման-Չժոու-կօ ծովային պետութիւնը։ 1936-ին Ճափոնը համաձայնագիր կը ստորագրէ նացիստական Գերմանիոյ հետ, իսկ 1941-ին կը միանայ Առանցքի երկիրներուն։ 1937-ին Ճափոնը կը ներխուժէ Չինաստանի միւս տարածքներ եւս, սկսելով երկրորդ չին-Ճափոնական պատերազմը (1937-1945), ինչէն ետք ԱՄՆ-ը անոր կ'ենթարկէ քարուղային ապրանքարգելքի(Նաւթային ամպարկոյի)։ 1947 Դեկտեմբեր 7-ին Ճափոնը կը յարձակի խաղաղովկիանոսեան Փերլ Հարպըր ռազմակայանի վրայ եւ պատերազմ կը յայտարարէ ԱՄՆ-ին եւ Մեծն Բրիտանիոյ դէմ, որուն հետեւանքով ԱՄՆ-ը նոյնպէս կը մտնէ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին մէջ։ Ճափոնական կայսրութիւնը կը գրաւէ Հոնքոնկը, Փիլիպիններն ու Մալաեան թերակղզին, սակայն, 1942-ին Կորալեան ծովուն մէջ կրած պարտութիւնը զրկեց անոր ծովուն մէջ ունեցած առաւելութենէն։ 1945-ի Օգոստոս 6-ին եւ 9-ին ԱՄՆ-ի Հիրոշիմա եւ Նակասաքի քաղաքներու ատոմային ռմբակոծութիւններէն ետք, Ճափոնը 2 Սեպտեմբեր 1945-ին կը ստորագրէ դրամատիրութիւնը, որմով կ'աւարտի Երկրորդ աշխարհամարտը։
1947-ին Ճափոն կ'ընդունի նոր խաղաղասիրական սահմանադրութիւն, որուն մէջ, շեշտը կը դրուի ազատամտութեան վրայ։ Դաշնակից երկիրներու կողմէ Ճափոնի գրաւումը կ'աւարտի Սան-Սթեֆանոյի խաղաղութեան պայմանագիրով, որ ուժի մէջ կը մտնէ 1952-ին, իսկ 1956-ին Ճափոն կը դառնայ ՄԱԿ-ի անդամ։ Աւելի ուշ Ճափոն կը հասնի աննախադէպ տնտեսական աճի՝ տարեկան միջինը 10%, որ կը տեւէ չորս տասնամեակ։ Կը կատարուի Ճափոնական տնտեսական հրաշքը։ 1991-ին տնտեսական աճին կը փոխարինէ ճգնաժամը, որմէ երկիրը կրնայ դուրս գալ միայն 2000-ին[6]
Ճապոնի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն[8]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնակլիմայական պայմաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնը ծովային երկիր է, երկրի տարածքի 97%-ը կը գտնուի Հոնշու, Հոքայտօ, Քյուշու ու Սիքոքու կղզիներու, իսկ փոքր մասն ալ՝ Րիւքու, Ովկիանիա եւ այլ կղզեխումբերու վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, Ճափոնը կը գտնուի 6852 կղզիներէն բաղկացած Ճափոնական կղզաշարի վրայ։ Ճափոնը տակաւին տարածքային չլուծուած խնդիրներ ունի դրացի պետութիւններու հետ եւ, մասնաւորապէս՝ Ռուսիայէն կը պահանջէ 1945 թուականին ԽՍՀՄ գրաւուած չորս՝ Իթուրուփ, Քունաշիր, Շիքոթան եւ Հապոմաի կղզիները։ Ճափոնը կը գտնուի խաղաղովկիանոսեան գեոսինկլինային գօտիին մէջ, այսպէս կոչուած է հրէ օղակին մէջ, ատորմով ալ պայմանաւորուած է երկրաշարժերու յաճախականութիւնը։ Առանձնապէս մեծ աւերածութիւններ եւ մարդկային զոհեր պատճառած են 1903, 1923, 1994 թուականներու երկրաշարժերը։
Ճափոնական կղզիներու հիւսիսէն հարաւ գրեթէ 3500 քմ ձգուածութունը կ'անդրադառնայ երկրի կլիմայական պայմաններու վրայ։ Ան գերազանցապէս մուսոնային է, յաճախակի են արեւադարձային փոթորիկները՝ թայֆուններն ու ցունամիները, որոնք զգալի վնաս կը պատճառեն տնտեսութեան։ Ճափոնական կղզիներու ամբողջ տարածքի գրեթէ 3/4-ը կը զբաղեցնեն խիտ անտառներով ծածկուած բարձրաբերձ երիտասարդ լեռները, ուր դեռ շարունակուած է լեռնակազմութիւնը։ Ամենաբարձրը Ֆուճիյամա գործող հրաբուխն է, որ Ճափոնցիներու սրբազան լեռն է եւ անոր բարձրութիւնը կը կազմէ 3776 մ։
Ոչ մեծ դաշտավայրերը կը գտնուին ափամերձ շրջաններուն մէջ։ Ամենաընդարձակը Քոնդոյի դաշտավայրն է, ուր կը գտնուի երկրի մայրաքաղաք Թոքիօն։ Ընդերքին մէջ կան օգտակար հանածոներ, սակայն ատոնց պաշարները մեծ չեն։ Երկիրը համեմատաբար հարուստ է քարածուխով, պղինձով, կան տիտանի, մանկանիզի, երկաթի, ուրանի, ծծումբի պաշարներ։
Գետերը յորդառատ են՝ սահանքներով ու ջրվեժներով հարուստ։ Մեծ գետերն են՝ Սինանոն, Թոնեն, Քիսոն, Իսիքարին, լիճերէն՝ Պիուան։
Երկրի տարածքի 2/3-ը կը զբաղեցնեն անտառները։ Կ'աճին եղեւնի, սոճի, նուենի, դափնի, ճափոնական նոճի։ Անտառներու պահպանումը, բնական եւ արհեստական զբօսայգիներու ստեղծումը, երկրապատկերներու բարելաւումը ճափոնցիներու կենցաղի անբաժանելի մասն են։ Երկրի տարածքի 13 տոկոսը յայտարարուած է արգելոցային տարածք՝ Պանտայ, Ասահի, Նիքո, Թիպու, Սանկաքու, Քրիսմա։ Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Հոնշու կղզիի Նիքօ ազգային զբօսայգին, ուր կը գտնուի սրբազան Ֆուճիյաման։ Կայ նոյնիսկ այսպիսի ասացուածք մը«Ով չէ եղած Նիքոյի մէջ, ան չի կրնար խօսիլ գեղեցիկի մասին»։
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնը զարգացած երկիր է, եւ հոն շատ բարձր է բնակչութեան կենսամակարդակը։ Կեանքի տեւողութիւնը աշխարհի մէջ ամենաերկարներէն է՝ 2009-ին կեանքի սպասուող տեւողութիւնը կազմած է 82.12 տարի։ Նորածիններու մահացութեան մակարդակն աշխարհին մէջ ամենացածրերէն մէկն է։ Բնակչութեան քանակով աշխարհին մէջ, տասներորդն է՝ 127 միլիոն մարդ։ Մայրաքաղաք Թոքիօն իր մերձակայ վարչական բաժանումներով հանդերձ ունի 30 միլիոնէն աւելի բնակչութիւն։
Երկիրին բնակչութեան 99 տոկոսը ճափոնցիներ են, որոնք հազուադէպ կը հեռանան իրենց հայրենիքէն, այդ պատճառով ալ արտասահման կ'ապրի ճափոնցիներու ընդամէնը 1 տոկոսը։ Ճափոնցիները կը դաւանին միաժամանակ երկու կրօնք՝ սինթոիզմ եւ պուտտայականութիւն։ Սինթոիզմին կը հետեւին հիմնական կրօնակենցաղային ծէսերու, պուտտայականութեան՝ հոգեհանգիստի, թաղման ծիսակատարութիւններու ժամանակ։
Ժողովրդավարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայրաքաղաք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թոքիոն Ճափոնի ու համանուն պրեֆեկտուրայի մայրաքաղաքն է, աշխարհի առաւել մեծ եւ արագ աճող քաղաքներէն։ Հիմնադրուած է 12-րդ դարու կիսուն։
Թոքիոն կը գտնուի Հոնշու կղզիի հարաւարեւելքի մէջ Էտոկաւա, Արակաւա, Սումիտա, Թամա գետերու գետաբերանին մէջ՝ Խաղաղ ովկիանոսի Թոքիոյի ծոցի ափին, Քանթօ հարթավայրին մէջ։ Կլիման մերձարեւադարձային, մուսոնային է։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը 3.1 °C է, Օգոստոսինը՝ 25.6°C, տարեկան տեղումներու միջին քանակը՝ 1343 մմ։ Յաճախակի են թայֆուններն ու երկրաշարժերըվերջինը (1923 )՝ 8.3 բալլ ուժգնութեամբ, խլած է 142 հզ մարդու կեանք։
Մեծ թոքիօն (Թոքիո-թօ) Ճափոնի վարչական պրեֆեկտուրաներէն է՝ Թոքիոյի մայրաքաղաքային պրեֆեկտուրան, եւ բացի Հոնշու կղզիի հարաւարեւելեան մասէն՝ կազմուած է 23 վարչական շրջաններէ, 26 առանձին քաղաքներէ, 7 աւանային համայնքներէ, 8 գիւղէ, Իճու եւ Օկասաւարա կղզիներէ։ Մայրաքաղաքը կը ղեկավարուի համաժողովրդական քուէարկութեամբ ընտրուած պրեֆեկտային խորհուրդը՝ նահանգապետի գլխաւորութեամբ։ Թոքիոյի մէջ են երկրի կառավարութիւնը եւ կայսրի պալատական համալիրը՝ Ճափոնական կայսրերու գլխաւոր նստավայրը։
Թոքիօն հիմնադրուած է 12-րդ դարուն, երբ զինուոր Էտօ Թարօ Սիկետան հոն կառուցած է ամրոց (էտօ՝ բառացի կը նշանակէ ծովափ)։ 1457-ին այդ վայրի մէջ կառուցուած է Էտօ սամուրայական դղեակը, որուն շուրջ տարածուած են արհեստաւորներու եւ առեւտրականներու բնակավայրեր։ 1590-ին ամրոցին տիրած է աւատ պետական գործիչ Հեյասու Թոքուկաւան, իսկ 1603-1867 թուականներուն Էտօն եղած է Թոքուկաւա տան շոկուններու (զինուորական առաջնորդներ, աւատատիրական մեծ տուներու ներկայացուցիչներ) նստավայրը (մինչեւ 1868 Ճափոնի պաշտօնական մայրաքաղաքը Քեոթոն էր՝ կայսրերու նստավայրը)։ 1720-ին Էտոյի բնակչութիւնը 1 միլիոն էր (աշխարհի ամենամեծ քաղաքն էր)։ 1869-ին՝ շոկունութեան վերացումէն ետք, կայսրի նստավայրը տեղափոխուած է Էտօ, որ 1896-ին վերանուանուած է Թոքիօ (Արեւելեան մայրաքաղաք) եւ դարձած մայրաքաղաք։
Թոքիօն Ճափոնի գլխաւոր տնտեսական եւ արդիւնաբերական կեդրոնն է, աշխարհի 3 տնտեսական կեդրոններէն (Նիւ Եորքի ու Լոնտոնի հետ)։ Թոքիոյի մէջ են կեդրոնացած ապրանքային եւ տնտեսական սակարանները, մեծագոյն տնտեսաարդիւնաբերական խումբերը (Միցուբիշի, Սումիթոմո, Միցուի եւ այլն), դրամատուները (Ճափոնական, Զարգացման, Արտահանման-ներմուծման եւ այլն)։
Զարգացած են առաւելապէս գիտական եւ բարձր ճարտարարուեստական, ելեկտրաճարտարագիտական, ելեկտրոնային եւ օպտիկամեխանիկական արտադրութիւնները, մեքենաշինութիւնը, սարքաշինութիւնը, մեքենաշինութիւնը, նաւաշինութիւնը, նաֆթամշակման, նաֆթաքիմիական, քիմիական, տպագրական, թեթեւ արտադրութեան, սնունդի եւ այլ արդիւնաբերութիւններ։
Թոքիօն Ճափոնի հիմնական ճամբաներու հանգոյցն է քաղաքին մէջ կը գործեն Հանետա եւ Նարեթա միջազգային օդակայանները, մեթրօն։ Տոկիոն բազմաթիւ ճեպընթաց ինքնաշարժներու մայրուղիներով ու երկաթուղիներով կապուած է երկրի այլ քաղաքներուն։ Երկրի արտաքին առեւտուրի շրջանառութեան կէսէն աւելին կը կատարուի քաղաքամերձ Եոքոհամա, Քաւասաքի, Եոքոսովա, Թիպա նաւահանգիստներով։
Ճափոնի մշակութային կարեւորագոյն կենդրոններէն մայրաքաղաքին մէջ են գիտութիւններու եւ արուեստներու ակադեմիաները, Թոքիոյի համալսարանը (հիմնադրուած է 1887-ին), բազմաթիւ բուհեր, գիտահետազօտական հիմնարկները, տարրալուծարաններ եւ կեդրոններ, գրադարաններ, թատրոններ, աւելի քան 30 թանգարան (Թեներու պատկերասրահը, Պրիճսթըն գեղարուեստի, Ժամանակէն արուեստի ազգային, Թոքիոյի ազգային, արուեստներու, գեղագրութեան թանգարանները, «Մետրոպոլիտեն ֆեսթիվալ հոլը» եւ այլն), համերգասրահներ եւ թատրոններ։ Թոքիոյի մէջ սակաւ կանաչապատ տարածքները, իսկ կեդրոնը կառուցապատուած է քարէ, աղիւսէ շէնքերով ու երկապեթոնէ երկնաքերներով։ Քաղաքը բաղկացած է երկու մեծ մասերէ՝ Եամանոթի (բլրային) եւ Սութամաթի (ցածրադիր)։ Բնակելի թաղամասերը կառուցուած են 2 անգամ1923-ի Սեպտեմբեր 1-ին քաղաքի գրեթէ կէսը աւերուած է երկրաշարժէն, իսկ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ բազմիցս ենթարկուած է (1944-45) ամերիկեան օդանաւերու ռմբակոծութիւններուն։
Թոքիոյի պատմական կեդրոնը Նիհոմբասի շրջանն է, ուր պահպանուած են կայսերական պալատի համալիրը (մօտ 1600., վերականգնուած է ԺԹ. դարու վերջին-Ի. դարու սկիզբին), Ռիքոշէն երկրապատկերային զբօսայգին (ԺԷ. դարու վերջը – ԺԸ. դարու սկիզբը), սինթոիստական Տոսյեգու (ժամանակէն տեսքը ստացած է ԺԸ. դարուն եւ Մեյգի (ԺԹ. դարու վերջը), պուտտայական Քաննոն (հիմնադրուած է ԺԷ. դարուն, վերականգնած՝ Ի. դարուն) տաճարները եւ ճարտարապետական այլ յուշարձաններ։
Ի. դարու լաւագոյն կառոյցներէն են՝ Խորհրդարանի շէնքը (1915-1936), «Մեթրոփոլիթեն ֆեսթիւալ հոլլը» (1960-1961), Ողիմպիական մարզահամալիրը (1963-64), Սուրբ Մարիամի տաճարը (1964) եւ այլն։
Թոքիոյի մէջ են անցկացուած 18-րդ ողիմպիական խաղերը (1964)։ Թոքիոյի մէջ կ'ապրի 50-60 հայ, կը գործէ հայագիտական կեդրոն, տարեկան 7–8 անգամ լոյս կը տեսնէ «Արարատ» թերթիկը՝ հայերու եւ Հայաստանով հետաքրքրուող ճափոնցիներու համար։
Կրօնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնը այն բացառիկ երկիրներէն է, ուր միաժամանակ կը գործեն տարբեր կրօններ։ Ճափոնցիներու 83.9%-ը կը դաւանի շինտօ, իսկ 71.4%-ը՝ պուտտիզմ[9](գումարայինի 100%-ը գերազանցելը պայմանաւորուած է բնակչութեան որոշ մասի կողմէն միաժամանակ այդ երկու կրօնները դաւանելով)։ Բացի աւանդական պուտտիզմի եւ սինթոիզմի արարողակարգերէն, կը կատարուին նաեւ քրիստոնէական ծիսակատարութիւններ։ Քրիստոնէութիւնը Ճափոն ներթափանցած է XVI դարուն։
Վարչական միաւորները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնը պաշտօնապէս բաժանուած է 47 բարձր աստիճանի վարչական միաւորներու։ Ատոնք միաորուած են տոդոֆուկեն (ճափ.՝ 都道府県) համակարգի մէջ։ Այդ կարգով պետութիւնը կազմուած է մէկ մայրաքաղաքէն թօ (ճափ.՝ 都)` Տոկիո, մէկ շրջանէն տօ (ճափ.՝ 道)` Հոքքայտօ, երկու քաղաքէն ֆու (ճափ.՝ 府), որոնք փրեֆեկտուրի կարգավիճակ ունին՝ Քեոթօ եւ Օսաքա եւ 43 փրեֆեկտուրներէն քէն (ճափ.՝ 県)։ Յարմարութեան համար արեւմտեան ճափոնագէտները թուարկած միաւոները կ'անուանեն փրեֆեկտուր, կամ ոստիկանապետութիւն։
Պրեֆեկտուրաները կը բաժնուին աւելի փոքր միաւորներու։ Ատոնք Հոքքայտոյի օքրուկներն են, յատուկ քաղաքներ եւ գաւառներ։ Օքրուկներ կան միայն Հոքքայտօյին մէջ՝ 14 հատ։ Մնացած պրեֆեկտուրաները կը բաժնուին ոչ թե օքրուկներու, այլ գաւառներու։ Յատուկ քաղաքներուն կը վերաբերին անոնք, որոնց բնակչութիւնը աւելի է 500 հազարէն։ Այդ քաղաքները՝ Քոպէ (1956), Քեոթօ (1956), Նակոյա (1956), Օսաքա (1956), Եոքոհամա (1956), Քիթաքիւշու (1963), Ֆուքուոքա (1972), Քաւասաքի (1972), Սափփորօ (1972), Հիրոշիմա (1980), Սենտայ (1989), Թիպա (1992), Սայթամա (2003), Սիճուոքա (2005) եւ Սակաի (2006) Նիիկաթա եւ Համամացու քաղաքները մտած են ցանկի մէջ 2007 թուականին։ Իսկ մայրաքաղաք Թոքիօն այդ քաղաքներու ցանկին մէջ չի մտներ, որովհետեւ այդ քաղաքային քոնկլոմերաթ է, ոչ թէ քաղաք։
Ճափոնի ժամանակակէն վարչական բաժանման համակարգը արմատաւորուած է 1871 թուականին Մեյճի ժամանակաշրջանին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք վերացած են հան աւատները եւ ստեղծուած են պրեֆեկտուրաներ։ Այդ դէպքը կը կրէ հայհան թիքեն (ճափ.՝ 廃藩置県 ) անուանումը։ Սկիզբը՝ պրեֆեկտուրաներու եւ հաներու թիւը կը համապատասխանէր մէկը մէկուն՝ աւելի քան 300 հատ։ Ժամանակի հետ անոնց թիւը կրճատած էին մինչեւ 72, իսկ 1888-ին՝ մինչեւ 47։ Տեղի ինքնավարութեան օրէնքը տուած էր պրեֆեկտուրաներուն աւելի շատ տիրական լիազօրութիւններ։ Ի վերջոյ, հաշուի առնելով Ճափոնի բուռն քաղաքականացոմը, կառավարութիւնը կը քննարկէ պրեֆեկտուրաներու ռեֆորմի նախագիծը 10 մեծ վարչական միաւորներու։
Բացի վարչական միաւորներու եւ գաւառներու Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին մունիցիպալ աստիճանի վարչական միաւորներ, որոնք ունին լայն ինքնավարութիւն։ Անոնք վարչական կեդրոնային քաղաքներն են՝ յատուկ քաղաքները, սովորական քաղաքները, Թոքիոյի 23 յատուկ շրջանները եւ գիւղեր։
Վարչական բաժանումներու ցանկ
1.Հոքայտօ 2.Աոմորի 3.Իվաթէ 4.Միյեակի 5.Աքիթա 6.Եամակաթա 7.Ֆուքուշիմա 8.Իպարաքի 9.Թոչիկի 10.Կումմա 11.Սայթամա 12.Չիպա 13.Թոքեոյ 14.Քանակաւա 15.Նիիկաթա 16.Թոյեամա |
17.Իշիքաւա 18.Ֆուքուի 19.Եամանաշի 20.Նականօ 21.Կիֆու 22.Սիզուոքա 23.Այչի 24.Միէ 25.Շիկա 26.Քեոթօ 27.Օսաքա 28.Հեոկօ 29.Նարա 30.Վաքայեամա 31.Թոթթորի 32.Շիմանէ |
33.Օքայեամա 34.Հիրոշիմա 35.Եամակուչի 36.Թոքուշիմա 37.Քակաւա 38.Էհիմէ 39.Քոչի 40.Ֆուքուոքա 41.Սակա 42.Նակասաքի 43.Քոմումոթօ 44.Օյթա 45.Միյեազաքի 46.Քակոշիմա 47.Օքինաւա |
Հայերը Ճափոնի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերը Ճափոն եկած են 19-րդ դարու 2-րդ կէսէն։ Այստեղ գործած են «Աղաբեկ եւ ընկերութիւն» առեւտրական հաստատութիւնները։ Վերջինս գործած է Անահիտ Աբգարեանի եւ անոր որդիի ղեկավարութեամբ։ Անահիտ Աղաբեկեան-Աբգարեանը 1920 -ին նշանակուած է Հայաստանի հիւպատոս Ճափոնի մէջ։ Ան Հայ դատի մասին յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է Ճափոնի անգիալեզու մամուլին մէջ, օգնած՝ հայ գաղթականներուն։ Ներկայիս Ճափոնի մէջ կը բնակի 100 հայ, հիմնականին մէջ՝ Տոկիոյի մէջ։ Կը գործէ հայագիտական կեդրոն, տարեկան 7-8 անգամ լոյս կը տեսնէ «Արարատ» թերթիկը՝ հայերու եւ Հայաստանով հետաքրքրուող Ճափոնցիներու համար։ Տոկիոյի մէջ կը գործէ նաեւ ՀՀ դեսպանատունը։[10]
Մշակոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնը հին ու զարգացած մշակոյթի երկիր էուշագրաւ են հին եւ ժամանակակից վարպետներու արուեստը, բնապատկերային գեղանկարչութիւնը, ճենապակիի արուեստը, ճարտարապետութիւնը, թատրոնը։ Յայտնի է յատկապէս քապուքի թատրոնը, որ սկիզբ առած է թափառաշրջիկ երգիչներու ու պարողներու կատարումներէն եւ մինչեւ օրս ալ տարածուած է ժողովուրդի մէջ։ Ճափոնցիները յայտնի են ծաղկեփնջեր կազմելու եւ գաճաճ ծառեր մշակելու իւրայատուկ արուեստով։ Համաշխարհայնօրէն ճանաչցուած են ճափոնական ճուտօ, քարաթէ, սումօ մարզաձեւերը[11]։
Ֆուճիյեամայ լեռը եւ արագընթաց շինքայսեն գնացքները Ճափոնի խորհրդանիշներն են:
|
Ճափոնը յայտնի է իր հրաշալի ճարտարապետական ու պատմական յուշարձաններով՝ Պուտտայի հսկայական արձաններով ու տաճարներով, մեհեաններով, գեղատեսիլ երկրապատկերային զբօսայգիներով եւ թագաւորական դղեակներով։ Ճափոնական յուշարձաններու մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի Հիրոշիմայի՝ աթոմային ռմբակոծութեան զոհերու յուշահամալիրը, որ ամէն տարի Օգոստոս 6-ին իր զանգերու տխուր ղօղանջով ամբողջ աշխարհին կը յիշեցնէ 1945-ի այդ մեծ ողբերգութեան մասին[12]։
Ժամանակակից ճարտարապետութիւնը տնտեսական նպատակայարմարարութիւններով պայմանաւորուած գործունէութեամբ եւ յարմարագոյն լուծումներով։ Ամէն ինչ շատ գործնական է, յարմար՝ ապրելու, ստեղծագործելու, աշխատելու եւ կրթուելու համար։ Ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը թոյլ կու տայ կառուցելու երկնաքերներ, կամուրջներ, փապուղիներ եւ այլ ճարտարապետական կառոյցներ, ինչպէս երկրին ներսը, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս՝ ամբողջ աշխարհի մէջ[13],[14]։
Չափազանց բարդ ու հետաքրքրական են ճափոնական գիրերը։ Անոնց հիմքին մէջ, ինկած է 6-էն 8-րդ դարերուն չինացիներէն փոխառնուած եւ ճափոներէնի առանձնայատկութիւններուն յարմարեցուած հիերոկլիֆները։ Թերթ կարդալու համար, օրինակ, անհրաժեշտ է իմանալ մօտ երկու հազար նշան, իսկ ատոնց ընդհանուր թիւը տասը հազարէն աւելի է։ Ի հարկէ, դժուար է ատոնք բոլորը յիշելը, եւ ճափոնցիները գիրքերուն մէջ այս կամ այն նշանին հանդիպելով յաճախ կը դիմեն բառարանի օգնութեան։
Միաժամանակ Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի վանկային այբուբեն։ Գրուածքներու բառերու մեծ մասի արմատները, կը գրուին հիերոկլիֆներով, իսկ քերականական վերջաւորութիւնները՝ վանկակազմիչ այբուբենի նշաններով։ Գրուածքները կը կարդացուին վերէն վար եւ աջէն ձախ։ Եւ չնայած նշուած բարդութիւններուն՝ ճափոնը համատարած գրագիտութեան երկիր է։ Վեց տարեկանէն երեխաները կը յաճախեն դպրոց, իսկ տասնամեայ կրթութիւնը պարտադիր է։ Բարձագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումը վճարովի է, բայց կան նաեւ անվճար պետական համալսարաններ, ուր ընդունուելու համար պետք է յաղթահարել մրցակցային մեծ դժուարութիւններ։
Բաւականին հարուստ եւ բազմազան է նաեւ Ճափոնի մէջ ստեղծուած փազըլներու տեսականին։ Աշխարհի մէջ, շատ տարածուած են նոնոկրամները, թիւային դաշտերով փազըլները։ Նշանաւոր են օրիկամիները։
Ճափոնական երգարուեստի վրայ իր խորն ազդեցութիւնը կը ձգեն ժամանակակից արեւմտեան եւ նամանաւանդ ամերիկեան երաժշտական ուղղութիւններն ու ոճերը։ Ճափոնցիները ամէն կերպ կը ձգտին երգարուեստի գծով ըլլալ ժամանակակից։ Միեւնոյն ժամանակ՝ Ճափոնի մէջ, յարգի են աւանդական ճափոնական երգ-երաժշտութիւնն ու անոնց հիման վրայ մշակուած ուղղութիւնները։ Ամբողջ աշխարհին յայտնի է եւ տարածուած XX դարու 70-ականներուն ստեղծուած՝ երգի երաժշտութեան ձայնակցութեամբ երգելու ձեւը։
Հարիւրամեակներ առաջ ստեղծուած մշակութային արժէքներէն շատերը այսօր նոյնպէս ունին լայն տարածում եւ կը կազմեն ժամանակակից Ճափոնի մշակոյթի անբաժան մասը։ Ատոնցմէ է նաեւ յատուկ ձեւով կրթուած եւ դաստիարակուած կանանց կողմէն մատուցուող ծառայութիւնները։
Կենցաղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնցիներու տնային կենցաղը շատ բանով կը տարբերի եւրոպականէն։ Օրինակ՝ ճափոնական տուներուն մէջ կահոյք գրեթէ չկայ, յատակին փռուած են բրինձի ծղոտէն գործուած խսիրներ, տուն մտնելէն կօշիկները կը հանեն ու կը դնեն դրան շեմին, իսկ ներսը՝ խսիրներու վրայ կը քայլեն գուլպաներով։ Ի տարբերութիւն եւրոպացիներու՝ ճափոնցիները կը ճաշեն յատակին նստած, յատակին ալ անկողին կը պահեն։
Թեպետ ճափոնական քաղաքներուն մէջ շատ են եւրոպական խոհանոց ունեցող ճաշարանները, ճափոնցիներու համար հիմնական սնունդ կը հանդիսանայ իրենց աւանդական կերակուրը՝ անալի եփած բրինձը, որ կ'ուտեն թասիկներէն՝ ձողիկներով։ Հիմնական ուտելիքներէն են նաեւ աղ դրած բանջարեղէնը ու ձկնեղէնը, ծովամթերքէն պատրաստած տարբեր ուտեստները։ Ճափոնական խոհանոցէն համաշխարհային ճանաչում ստացած է սուշին։ Ի դէպ՝ ձկան որսով Ճափոնը աշխարհին մէջ, կը զբաղեցնէ առաջին տեղերէն մէկը։ Ճափոնական խոհանոցի յայտնի աւանդոյթներէն է թէյ խմելու արարողութիւնը։ Ճափոնական ոգելից խմիչքներէն յայտնի է բրնձէն թորած օղին՝ սաքէն։
Ճափոնի մէջ «ինեմուրի»-ն արտօնուած է: Ինեմուրի կը նշանակէ` «գտնուած տեղը քունի անցնիլ»: Իսկ Ճափոնի մէջ ամէնուրեք ինեմուրին վարձատրութիւն նկատուած է գործը աւարտին հասցնելու ձգտող բոլոր պաշտօնեաներուն համար: Մելպուռնի համալսարանի եւ Ճափոնի Կէյոյի համալսարանի մասնագէտները կը յայտնեն, որ շաբթուան աշխատանքային ամէնէն արդիւնաւէտ տեւողութիւնը 30 ժամ է:
«Ինֆորմինկ» կը հաղորդէ, որ հետազօտողները կատարած են փորձ մը, որուն մասնակցած են 7,500 տղամարդիկ եւ կիներ: Անոնք անցած են քննութենէ մը, որ ներկայացուցած է տեղեկութեան հոսքի ընկալման անոնց մակարդակը: Պարզուած է, որ կարգ մը մարդիկ ի վիճակի են շաբաթական 30 ժամէ աւելի աշխատելու, եւ քննութեան խնդիրները աւելի վատ ձեւով լուծած են անոնք, որոնք շաբաթական աշխատաժամերը 30 ժամէն պակաս են:
Արուեստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաշխարհային անուն շահած բեմադրիչ է Աքիրա Քուրոսաւան։ Ճափոնական ֆիլմաշխարհին մէջ, իւրայատուկ են մեծ քանակով նկարահանուած ֆիլմերը։
Արժոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճափոնի արժոյթը եէնն է, որ կը համարուի աշխարհի պահեստային արժոյթներէն մէկը, կը բաժնուի 100 սէնի։ Նշանը՝ (¥) JPY:
Եէնը իբրեւ արժոյթ Ճափոնի մէջ սկսած է գործածուիլ 1869 թուականէն։
Ճանչցուած Մարդիկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրայայտ գրողներ են՝ Քաւապաթա Եասունարին, Քոպօ Ապէն, Նոմա Հիրոշին, շարժապատկերի բեմադրիչ Աքիրա Քուրոսաւան, երաժշտահան՝ Ճօ Հիշիասին, գեղանկարիչ-ձեւաւորող՝ Եշիթաքա Ամանոն, ճարտարապետ՝ Քիշէ Քուրոքաւան, նկարիչ Հիրոշիքի Անտօն, ֆիզիկոսներ՝ Քաշիպա Մաշաթաքին, Իւքաւա Հիտեքին, արդիւնաբերողներ՝ Հոնտա Սոչիրօն, Մորիթա Աքէօն, Մորի Մինորին եւ ուիշներ։ Ժամանակակից գրողներէն յայտնի է՝ Հարուքի Մուրաքամին։
Տօներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնի մէջ կը նշուի 15 պետական տօն։ Ատոնք նշելու օրերը ոչ աշխատանքային են եւ անոնց ցանկը կը սահմանուի պետական տօներու օրէնքով։ Իրար յաջորդող չորս տօներուն (Շեովայի օր, Սահմանադրութեան օր, Կանաչ միջավայրի օր եւ Երեխաներու օր) կ'ըսեն ոսկի շաբաթ։ Ճափոնի կառավարութիւնը որդեգրած է նաեւ երջանիկ երկուշաբթիներու համակարգը, որուն համապատասխան տօներէն չորսը՝ Չափահասութեան օրը, Ծովու օրը, Աւագներուն մեծարելու օրը եւ Ֆիզմշակոյթի օրը ճշդուած ամսաթիւերէն տեղափոխուած են Երկուշաբթի, ստեղծելով երեք անընդմէջ հանգիստի օր։ Ճափոնի մէջ տօնական իրադարձութիւն կը համարուի նաեւ սաքուրայի ծաղկելու օրը։ Կը նշուին նաեւ փոխառնուած տօներ, որոնք Ճափոնի մէջ աւանդոյթ դարձած են համեմատաբար վերջերս, օրինակ՝ Սուրբ Վալենդինի օրը։
Ճափոնի պետական տօները
Ամսաթիւ | Տոնի անուն |
1 Յունուար | Նոր տարուան առաջին օր |
Յունուարի երկրորդ երկուշաբթի | Չափահաս դառնալու օր |
11 Փետրուար 11 | Պետութիւնը իւրացնելու օր |
21 Մարտիին մօտ Ճշգրիտ օրը կը յայտարարէ նախարարներու աշխատակազմը նախորդ տարուան Փետրուարի սկիզբին | Գարնանային գիշերահաւասարի օր |
29 Ապրիլ[15] | Շեովայի օր |
3 Մայիս[15] | Սահմանադրութեան օր |
4 Մայիս [16] | Կանաչ միջավայրի օրը |
5 Մայիս[16] | Երեխաներու օր |
Յուլիսի երրորդ Երկուշաբթին | Ծովու օր |
Սեպտեմբերի երրորդ Երկուշաբթին | Աւագներուն մեծարելու օր |
23 Սեպտեմբերին մօտ Ճշգրիտ օրը կը յայտարարէ նախարարներու աշխատակազմը նախորդ տարուան Փետրուարի սկիզբին | Աշնանային գիշերահաւասարի օր |
Հոկտեմբերի երկրորդ երկուշաբթին | Ֆիզմշակոյթի օր |
3 Նոյեմբեր | Մշակոյթի օր |
23 Նոյեմբեր | Աշխատանքը գովաբանելու օր |
23 Դեկտեմբեր |
Հետաքրքրական փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ֆուճի լեռը Ճափոնի ամէնէն բարձր հրաբուխը եւ լեռն է: Ան կազմուած է իրարու վրայ կուտակուած երեք հրաբուխներէ:
- Ճափոնի մէջ դպրոցական տարին կը սկսի Ապրիլ ամսուն, երբ կեռասենիները կը ծաղկին:
- Ճափոներէնը կը գրուի «Քանճի» կոչուած «տառերով»: Գոյութիւն ունին աւելի քան 60.000 քանճիներ: Սակայն անոնցմէ նուազ քան 2000-ը միայն կը գործածուի գիրքերուն եւ թերթերուն մէջ:
- Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի 109 հրաբուխ:
- Դեկտեմբեր ամսուն ճափոնցիները կը կազմակերպեն «տարին-մոռնալու-հաւաքոյթներ»` պոնենքայներ, անցնող տարուան հարցերը իրենց ետեւը ձգելու համար:
- Թոքիոյի Ձուքիճի շուկային մէջ ամէն օր կը ծախուին աւելի քան 2 թոն ձուկ եւ ծովային անասուններ:
- Ճափոնի մօտաւորապէս 73 առ հարիւրը լեռներով ծածկուած է:
- Քարաօքէն, որ կը նշանակէ «պարապ նուագախումբ», ծնած է Ճափոնի մէջ, 1970-ական թուականներու սկիզբը:
- Բրինձը ճափոնցիներուն սննդականոնին մէջ այնքան մեծ տեղ կը գրաւէ, որ «Կոհան» բառը, որ կը նշանակէ «եփուած բրինձ», կը նշանակէ նաեւ «ճաշ»:
- Ճափոնի մէջ մարդիկ իրաւունք ունին գործի վայրին մէջ կէսօրէ ետք քնանալու, պայմանաւ որ անոնք իրենց կռնակը ուղիղ պահեն[17]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://www.stat.go.jp/english/data/jinsui/tsuki/index.html
- ↑ 2,0 2,1 2,2 https://www.bunka.go.jp/tokei_hakusho_shuppan/hakusho_nenjihokokusho/shukyo_nenkan/pdf/r04nenkan_gaiyo.pdf
- ↑ Central Intelligence Agency The World Factbook — Washington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
- ↑ https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ 6,0 6,1 www.dasaran.am Archived 2016-04-04 at the Wayback Machine. Ճափոն Ընդհանուր տեղեկութիւններ Մայրաքաղաք Պատմութիւն
- ↑ Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Յարութիւնեան (1987)։ Աշխարհագրական անուններու բառարան։ Երեւան: «Լույս»
- ↑ Marc Ferro. Comment on raconte l'histoire aux enfants. Payot, Paris. 106, Boulevard Saint-Germain, 1986
- ↑ «World Factbook: Japan-People» (անգլերեն)։ ԿՀՎ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-12-28-ին։ արտագրուած է՝ 2013-06-09
- ↑ http://www.encyclopedia.am Archived 2010-02-24 at the Wayback Machine. Հայերը Ճափոնի մէջ
- ↑ «Սումո: East and West»։ PBS։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-03-07-ին։ արտագրուած է՝ 2007-03-10
- ↑ «OECD Environmental Performance Review of Japan» (անգլերեն)։ Տնտեսական Համագործակցութեան Եւ Զարգացման Կազմակերպութիւն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-02-15-ին։ արտագրուած է՝ 2010-01-22
- ↑ Fred Varcoe։ «Japanese Golf Gets Friendly»։ Metropolis։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2007-04-01
- ↑ Len Clarke։ «Japanese Omnibus: Sports»։ Metropolis։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2007-04-01
- ↑ 15,0 15,1 Ոսկի շաբաթի օրերէն մէկն է
- ↑ 16,0 16,1 Ոսկի շաբաթի օրերէն մէկն է
- ↑ Հետաքրքրական փաստեր