Jump to content

Սթոքհոլմ

Սթոքհոլմ

Սթոքհոլմ[1](շուէտ.՝ Stockholm) Շուէտի մայրաքաղաքը, Շուէտի եւ Սկանտինաւիոյ մեծագոյն քաղաքն է։ Բնակչութիւնը՝ 984 748 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2022)[2][3]։ Տեղակայուած է Մելարէն լիճի արեւելեան մասը։ Սթոքհոլմի մէջ կը գտնուի Շուէտի թագաւորի նստավայրը, Արլանտա միջազգային օդակայանը, շուէտական կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը (շուէտերէն՝ riksdag)։

13-րդ դարուն անիկա համարուած է երկրի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոնը։ Քաղաքի պատմական տուեալները շատ կարեւոր եղած են երկրի համար։ Քաղաքը կառուցուած է տասնըչորս առանձին, իրար հետ կապ չունեցող կղզիներուն մէջ, ուր հնարաւոր էր փակել նաւերուն մուտքը դէպի Մելարէն լիճ։ Անուան առաջին մասը՝ «սթոք» կը նշանակէ գերան, իսկ երկրորդը՝ «հոլմ»՝ փոքր կղզի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]