Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Ինսպրուք (գերմաներէն՝ Innsbruck), քաղաք Աւստրիոյ արեւմտեան մասին մէջ, Թիրոլ շրջանի մէջ։ Այն Թիրոլի նահանգի կեդրոնն է։ Իր մեծութեամբ հինգերորդն է Վիեննաէն, Կրացէն, Լինցէն եւ Զալցպուրկէն յետոյ։ Տարածքը 104,91 քմ² է, իսկ բնակչութիւնը՝ 127 հազար մարդ (ըստ 2009-ի մարդահամարի տուեալներուն)։ Կարեւոր արդիւնաբերական, մշակութաին, կրթական, դուրիստական եւ մարզական կեդրոն է։