Շուէտ

Բնակավայր
Շուէտ
շուէտ.՝ Sverige
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Շուէտ
Ներքին բաժանում Բլեքինգե?, Դալարնա?, Գոտլանդ?, Gävleborg County?, Հալանդ?, Եմտլանդ լեն?, Յոնչյոպինգ?, Կալմար?, Կրունուբերգ?, Նորրբոտտեն?, Սկոնե?, Ստոկհոլմի լեն?, Սյոդերմանլանդ?, Ուփսալա, Վերմլանդ?, Վեստերբոտեն?, Վեսթերնորլանդ?, Վեսթմանլանդ?, Վեստրա Գյոթալանդ?, Էրեբրու? եւ Էստերգյոտլանդ?
Prime Minister of Sweden? Ուլֆ Քրիստերսոն?
Օրէնսդրական մարմին Ռիքսդագ?
Հիմնադրուած է՝ 700
Առաջին յիշատակում 11 դար
Տարածութիւն 447 425,16 քմ²
Պաշտօնական լեզու շուէտերէն
Բնակչութիւն 10 551 707 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2023)[1]
Կը գտնուի ափին Պալթեան Ծով[2], Կատեգատ? եւ Էրեսուն?
Ժամային գօտի UTC+1
Շրջագայութեան պետ-համարագիր S
Պաշտօնական կայքէջ sweden.se(անգլերէն)

Շուէտ (շուէտ.՝ Sverige), պաշտօնապէս Շուէտի թագաւորութիւն (շուէտ.՝ Konungariket Sverige), Սկանտինաւեան երկիր Եւրոպայի Հիւսիսը: Այն Արեւմուտքէն եւ Հիւսիսէն սահմանակից է Նորվեկիոյ, իսկ արեւելքէն՝ Ֆինլանտային: Այն կապուած է Դանիային Հարաւ-Արեւմուտքէն Էրեսունտի կամուրջով: 450.295 քմ² տարածքով Շուէտը Եւրոպական միութեան մէջ տարածքով երրորդ ամէնամեծ երկիրն է: Շուէտի բնակչութիւնը մօտ 10 միլիոն է, որոնցմէ 2,3 միլիոնը ունի օտար արմատներ[3]: Շուէտի մէջ բնակչութեան խտութիւնը ցած է, 22 մարդ/քմ քառակուսի հաշուարկով: Բնակչութեան մեծ մասը կ՛ապրի երկրի հարաւային մասը: Բնակչութեան մօտ 85 %-ը կ՛ապրի քաղաքային տարածքներուն մէջ[4]։

Գերմանական ցեղերը բնակութիւն հաստատած են Շուէտի մէջ հնագոյն դարաշրջանէն, պատմութեան մէջ ծանօթ իբրեւ Կէօթէր/Götar եւ Շուէտեր/Svear. ծովափնեայ ժողովուրդները կոչուած են Նորսմէններ: Հարաւային Շուէտի տնտեսութեան հիմքը գլխաւորաբար զարգացած գիւղատնտեսութիւնն է, իսկ Հիւսիսը պատուած է սաղարթախիտ անտառներով:

Շուէտը Ֆեննոսքանտա աշխարհագրական տարածաշրջանի մասն է: Շուէտի կլիման հիմնականին մեղմ է իր հիւսիսային դիրքին ոչ բնորոշ, իսկ ամառները հիմնականին կ՛ըլլան տաք: Ներկայիս Շուէտը սահմանադրական միապետութիւն է իր ժողովրդավարական խորհրդարանական համակարգով, ուր թագաւորը պետութեան ղեկավարն է: Մայրաքաղաքը Սթոքհոլմն է, որ նաեւ երկրին ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող քաղաքն է: Օրէնսդրական իշխանութիւնը կը պատկանի 349 անդամ ունեցող Ռիքստակին: Գործադիր իշխանութիւնը կը պատկանի կառավարութեան, որ կը գլխաւորէ վարչապետը: Շուէտը մենական պետութիւն է, որ կը բաժանուի 21 կոմսութիւններու եւ 290 քաղաքապետութիւններու:

Ընդհանուր տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտին կը պատկանին Կոտլանտ, Էլանտ եւ շարք մը այլ փոքր կղզիներ։ Ափերը կ՛ողողեն Պալթեան եւ Հիւսիսային ծովերը։ Երկրի մակերեւոյթը հիմնականին հարթավայրային է։ Աւելի բարձր է հիւսիսարեւմտեան՝ Նորվեկիային սահմանակից տարածքը, ուր կը տարածուին Սկանտինաւեան լեռները (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 2123 մ, Քեպնեքասէ լեռ)։ Խիստ մասնատուած ափերուն շատ են մանր կղզիները՝ շխերները։ Տարածքին մէջ են Նորլանտ սարահարթը եւ Միջինշուէտական դաշտավայրը։ Կլիման Հիւսիսը ցամաքային է, ձմեռները խիստ են (Պոտնիկական ծոցը 4 ամիս կը սառի), Հարաւը՝ մեղմ եւ խոնաւ։ Հարուստ է ջրային պաշարներով։ Գետերը կարճ են ու ջրառատ։ Ինտալսէլվէն, Օնկէրմանէլվէն գետերէն իւրաքանչիւրի վրայ կը գործեն 10-էն աւելի ջրէկներ։ Հարաւային հարթավայրերուն մէջ շատ են լիճերը (Վենեռն, Վետեռն, Էլմարէն, Մելարէն) ու ճահիճները։ Տարածքի 54 %-ը ծածկուած է սոճիի եւ եղեւնիի անտառներով։ Կենդանիներէն կան որմզդեղ, գորշ արջ, գայլ, աղուէս, բեւեռաղուէս, կզաքիս, լուսան եւ այլն։ Շատ են ջրլող թռչունները, բազմատեսակ ձուկերը։ Կան բազմաթիւ արգելոցներ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկանտանաւիա

Հին շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտի տարածքին մարդու բնակութեան հետքերը Ն.Ք. 9-8-րդ հազարամեակներէն են։ Մօտ Բ. հազարամեակին եւրոպական մայրցամաքէն Շուէտ ներխուժած են անասնապահ ցեղեր, որոնք ենթարկուած են բնիկներուն։ Ք.Ե. առաջին դարերուն Շուէտի մէջ բնակուած են հիւսիսային գերմանական ցեղեր՝ սվիոններ, գաուաներ եւ այլն։ Ք.Ե. 7-6-րդ դարերուն տեղի ունեցած է շուէտական ցեղերու միաւորում, անցում նախնադարեան համայնականէն՝ դասակարգային հասարակարգի։ Շուէտացի վիքինկները թալանի նպատակով ասպատակած են հարեւան երկիրները։ 11-րդ դարու սկիզբը Շուէտի մէջ տարածուած է քրիստոնէութիւնը, երկիրը միաւորուած է միասնական թագաւորութեան մէջ։ Մինչեւ 14-րդ դարը աւատապետական յարաբերութիւնները զարգացած են դանդաղ, կը պահպանուէին տոհմացեղային աւանդութիւնները։ 12-րդ դարու կէսերուն շուէտ աւատապետները խաչակրաց արշաւանքներ ձեռնարկած են դէպի Արեւելք՝ Ֆինլանտա, Մերձպալթիկա, Ռուսիայի հիւսիս-արեւմուտք, ուր շուէտները պարտուած են Ալեքսանդր Նեւսքիին։ 1389 -ին աւատապետական երկպառակութիւններէն թուլացած Շուէտը Դանիայի հետ կնքած է համաձայնագիր, որուն 1397-ին միացած է նաեւ Նորվեկիան։ Այդ միութեամբ Շուէտի մէջ ուժեղացած է հարկային լուծը, Շուէտի ենթարկուածութիւնը Դանիային։ 1434-ին Շուէտի մէջ բռնկած է գիւղացիական պատերազմ, որ շուտով վերաճած է հակադանիական պայքարի եւ համաձայնագիրի խզման։ Դանիական տիրապետութեան վերջ տուած է 1521-ին Տուսդաւ էրիքսոնի գլխաւորած ժողովրդական ապստամբութիւնը։ 1527-1539-ականներուն Շուէտի մէջ տեղի ունեցած է բարեփոխում, որ ուժեղացուցած է թագաւորական իշխանութիւնը։ 16-րդ դարու աւարտին, եւ յատկապէս 17-րդ դարուն, շուէտական ֆէոտալական պետութիւնը բազմաթիւ պատերազմներ մղած է Պալթիկային տիրելու համար, որուն հետեւանքով Շուէտը զաւթած է Արեւելեան Մերձպալթիկան, Պոմերանիայէվ եւ այլն, եւ դարձած Եւրոպայի հզօր պետութիւններէն մէկը։ Շուէտի արտաքին քաղաքական յաջողութիւնները ամրապնդած են թագաւորական իշխանութիւնը երկրի ներսը։ Թագաւորները կատարած են հողերու տեղադրում, որ առաջընթաց քայլ էր դէպի երկրին քաղքենիացումը։ Շուէտի մէջ հաստատուեցաւ բացարձակ միապետութիւն, որուն հիմնական հէնարանն էին միջին ազնուականութիւնը, սպայութիւնը եւ առեւտրաճարտարուեստական քաղքենի դասը։ 1700-1721-ականներու Հիւսիսային պատերազմին Շուէտը ժամանակաւոր յաջողութեան հասաւ, սակայն մեծ պարտութիւն կրեց Ռուսաստանի մէջ եւ կորսնցուց իր տարածքները Արեւելեան Մերձպալթիկայի եւ Հարաւ-Արեմտեան Քարելիայի մէջ։ Քարլ 15-ի մահով (1781) աւարտեցաւ Շուէտի բացարձակապետութեան շրջանը։ Շուէտի փորձերը վրիժառութիւնը վերցնելու Ռուսաստանէն, աւարտուեցաւ շուէտական զօրքերու նոր պարտութեամբ։

Միջին դարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1805-1810-ականներու եւ 1813-1814-ականներու պատերազմներուն Շուէտը մասնակցեցաւ հակաֆրանսական դաշնութեան կազմին մէջ։ Դանիայի հետ կնքուած Քիլլի պայմանագրով (1814) Շուէտը ստացաւ Նորվեկիան։ Անընդմէջ պատերազմները հանգեցուցին Շուէտի տնտեսական քայքայման։ Սակայն, 19-րդ դարու 50-60-ականներուն Շուէտի մէջ սկսաւ արագօրէն զարգանալ արդիւնաբերական դրամատիրութիւնը։ Դրամատիրական յարաբերութիւնները կարեւոր չափով զարգացան նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ։ Քաղաքական աշխոյժ ուժ դարձաւ արդիւնաբերական քաղքենի դասը։ 19-րդ դարու 70-ականներու բանուորական շարժումը ընդունեց կազմակերպուած ձեւեր, առաջացան արհեստագործական միութիւններ։ Օսկար Բ.-ի օրօք (1872-1907) Շուէտը դարձաւ աւանդական չէզոքութեան երկիր, բայց որոշակի գերմանական կողմնորոշմամբ, որ պահպանուեցաւ նաեւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի (1914-1918) ժամանակ։ 1918-1920-ականներուն երկրին մէջ ծաւալեցաւ ուժեղ գործադուլային շարժում, կառավարութիւնը ստիպուած էր ընել ընտրական բարեփոխումներ, ընդունիլ օրէնք 8-ժամեայ աշխատանքային օրուան մասին։ 1920-ականներուն աւարտեցաւ շուէտական դրամատիրութեան անցումը մենաշնորհային փուլին։ Շուէտը դարձաւ արտահանող կարեւոր երկիր։ 1920-1922-ականներուն Շուէտի կառավարութիւնը գլխաւորաբար կը ղեկավարէին ազատականները։

1930-ականներու սկիզբը համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը ցնցեց նաեւ Շուէտը, անկում ապրեցաւ արդիւնաբերական արտադրութիւնը, աճեցաւ գործազրկութիւնը, ծաւալեցաւ գործադուլային շարժումը։

Երկրորդ աշխարհամարտ եւ յետպատերազմեան շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) ժամանակ Շուէտ չէզոքութիւն յայտարարեց, բայց յաճախ իր յայտարարած չէզոքութիւնը խախտեցր յօգուտ Գերմանիոյ եւ Ֆինլանտայի։ 1946-ին Շուէտ ընդունուեցաւ ՄԱԿի կազմին մէջ։ 1967-1968-ականներուն միջոցներ ձեռնարկուեցաւ տնտեսութեան մէջ պետական կարգաւորման դերը ուժեղացնելու ուղղութեամբ, սակայն կը շարունակուէր պահպանուիլ գործազրկութեան բարձր մակարդակը, աւելնալ գործադուլներու թիւը։ 1974-1976-ականներուն խորհրդարանը օրէնքներ ընդունեց միջին եւ ցած եկամուտ ունեցողներու պետական հարկերը, ի հաշիւ ձեռնարկատէրերէն գանձուող հարկերու, նուազեցնելու մասին։ 1970-ականներու 2-րդ կիսուն համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը հարուածեց նաեւ Շուէտի տնտեսութիւնը, դանդաղեցաւ արդիւնաբերական զարգացումը, աւելցաւ գործազրկութիւնը։ Շուէտը դրամատիրական երկիրներէն առաջինը ճանչցաւ ՎԴՀ-ին, տնտեսական օգնութիւն ցոյց տրուեցաւ անոր, դատապարտեց Իսրայէլի բռնութիւնը արաբական երկիրներու դէմ, ճանչցաւ Օտեր-Նայսէ սահմանագիծը, 1975-ին ստորագրեց Հելսինքիի եզրափակիչ գործողութիւնը։

Պետական կարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտը սահմանադրական միապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ուժի մէջ է 1975-էն ի վեր։ Պետութեան գլուխը թագաւորն է, որ կ՛իրականացնէ ներկայացուցչական պաշտօններ։ Ընտրական իրաւունքէն կ՛օգտուին 18 տարին լրացուցած բոլոր քաղաքացիները։ Օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինը խորհրդարանն է (միապալատ խորհրդարան), որ կ՛ընդունի օրէնքներ, պետութեան շահոյթը, կ՛ընտրէ վարչապետը, կը հաստատէ կառավարութեան կազմը եւ այլն։ Լեների մէջ կեդրոնական իշխանութիւնը կը ներկայացնէ նահանգապետը, որ կը գլխաւորէ յատուկ վարչական բիւրոն, կը վերահսկէ տեղական ինքնավարութեան մարմինները, լիազօրներու ժողովները՝ քաղաքներուն եւ գիւղական թեմերուն։ Դատական համակարգը կը կազմեն գերագոյն դատարանը, յարմարեցման դատարանները, քաղաքային եւ շրջանային դատարանները։ Կան յատուկ դատարաններ՝ գոյքի բաժանման, հողային գործերու, ոստիկանական եւ այլն։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտը կը գտնուի Ֆենօ Սկանտինաւիայի մէջ։ Կը գերակշռեն ոչ բարձր, ժայռոտ ափերը՝ մանր կղզիներով ու շխերներով, որոնք կը դժուարացնեն մերձափնեայ նաւագնացութիւնը։ Պոթնիքի ծոցի ափերը ցածրադիր են, գլխաւորապէս՝ աւազային։ Շուէտի հիւսիսային եւ արեւմտեան շրջանները կը զբաղեցնեն Սկանտինաւեան լեռները (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 2123 մ, Քեպնեքայսէ լեռ), որոնք լեռնաշղթաներու, սարահարթերու եւ միջլեռնային գոգաւորութիւններու զուգակցում են։ Սառցադաշտերը (աւելի քան 200) կը գրաւեն մօտ 400 քմ²։ Երկրի հիւսիսը տարածուած է խիստ մասնատուած Նորլանտ սարահարթը (բարձրութիւնը՝ 200-800 մ)։ Աւելի հարաւ կը գտնուի Միջին-շուէտական դաշտավայրը՝ իրար յաջորդող թմբաշարերով եւ գոգաւորութիւններով, որոնց զգալի մասը կը զբաղեցնեն լիճերը։ Տարածուած են թեթեւացման սառցադաշտային ձեւերը (օզեր, մորեններ եւ այլն)։ Երկրի հարաւը Ամոլանտ բարձրութիւնն է, որ շառաւղաձեւ հովիտներով կտրտուած է առանձին բլրաշարերու եւ լեռնազանգուածներու։

Երկրաբանական կառուցուածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտը կը գտնուի Արեւելա-Եւրոպական հարթակի Պալթիական վահանի սահմաններուն մէջ եւ շրջափակուած է քալետոնեան ծալքաւորման կառուցուածքներով։ Ծածկուած է քեմբր-սիլուրի մնացորդներով եւ առաւելաբար անտրոբոկենի սառցադաշտային նստուածքներով։

Օգտակար հանածոներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգտակար հանածոներէն կան երկաթ, պղինձ, կապար, ցինկ, վոլֆրամ, հազուագիւտ մետաղներ եւ ֆլիւորուտի ոչ մեծ հանքավայրեր, հանքային աղբիւրներ։

Կլիմա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիման բարեխառն է, խիստ կը զգացուի golfstream-ի ազդեցութիւնը։ Հիւսիսային շրջաններուն մէջ կլիման աւելի խիստ է, միջին եւ հարաւային շրջաններուն՝ անցումային ծովայինէն ցամաքայինի։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը Հարաւի մէջ 0—5 °C է, Հիւսիսի՝ -6 °C-էն մինչեւ - 14 °C, Յուլիսինը՝ համապատասխանաբար 15-17 եւ 10-11 °C։ Տարեկան տեղումները լեռներուն 1500-1700 մմ են, հարթավայրերուն՝ 700-800 մմ, հիւսիս-արեւելքը՝ 300-600 մմ։ Հիւսիսային լեռներուն ձնածածկոյթի տեւողութիւնը 6-7 ամիս է, հարաւը՝ մինչեւ 1 ամիս, որոշ շրջաններու մէջ ձնածածկոյթը կը բացակայի։

Ներքին ջուրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գետերը կարճ են, ջրառատ, սնումը՝ ձնաանձրեւային։ Մեծ գետէրն են Էստերտալելվէն, Թուռնելվէն, Քլարէլվէն, Օնկէրմանէլվէն, Կէօտաէլվ։ Գետերը ունին մեծ անկում, սահանքաւոր են, կ՛առաջացնեն ջրվէժներ։ Առաւելագոյն հոսքը կ՛ըլլայ գարնան եւ ամրան։ Հարաւի գետերու սառցակալման տեւողութիւնը 3-4 շաբաթ է, Հիւսիսի՝ 5-6 ամիս։ Hydropower-ի պաշարներով Շուէտը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը գրաւէ 2-րդ տեղը (Նորվեկիայէն ետք)։ Երկրի տարածքի 9 %-ը կը զբաղեցնեն լիճերը։ Մեծ լիճերն են՝ Վենեռնը, Վեթեռնը, Էլմարէնը, Մելարէնը։

Հողեր, բուսականութնւն եւ կենդանական աշխարհ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարածքի 50%-ը կը զբաղեցնեն անտառները։ Հիւսիսը, պոդզոլային հողերու վրայ տարածուած է տայգան, իսկ Հարաւի ճմապոդզոլային հողերու վրայ՝ խառն անտառները, Սքոնէ թերակղգիին մէջ, անտառային գորշ հողերու վրայ՝ լայնատերեւ անտառները։ Տարածքի մօտ 14 %-ը կը զբաղեցնեն ճահիճները, 15 %-ը՝ թունտրային բուսականութիւնը։ Ծովափնեայ շրջաններուն եւ հարթավայրերուն մէջ կը հանդիպին մացառուտներ, մարգագետնային տեղամասեր։ Կենդանիներէն կան որմզդեղը, գորշ արջ, գայլ, աղուէս, լուսան, սկիւռ, նապաստակ, կզաքիս, ոզնի, բեւեռաղուէս, լեմինգ։ Շատ են ջրլող թռչունները։ Գետերն ու լիճերը հարուստ են ձուկերով։ Շուէտի մէջ կայ 16 ազգային պահպանուած տարածք եւ 850 արգելոց։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

96 %-ը շուէտներ են, կը բնակին նաեւ սաամներ, ֆիններ։ Պաշտօնական լեզուն շուէտերէնն է, կրօնը՝ լիւթերականութիւնը, տոմարը՝ գրիգորեանը։ Միջին խտութիւնը 1քմ² տարածքի վրայ 22 մարդ կ՛ապրի (2015-ի տուեալներու համաձայն), քաղաքային բնակչութիւնը՝ 86 %[5] (2015)։ Աւելի խիտ բնակեցուած են երկրին միջին եւ հարաւային շրջանները։ Մեծ քաղաքներն են Սթոքհոլմը, Կէօթեպորկը, Մալմէօն։

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտը Հիւսիսային Եւրոպայի զարգացած դրամատիրական արդիւնաբերական երկիրներէն է՝ ուժեղ գիւղատնտեսութեամբ եւ արտաքին տնտեսական լայն կապերով։ Շուէտի տնտեսութեան մէջ առաջատար են մեքենաշինութիւնը, յատկապէս նաւի եւ ինքնաշարժաաշինութիւնը, ինքնաթիռաշինութիւնը, ելեկտրաարուեստագիտական եւ ելեկտրոնիկան, թէեւ Շուէտը կը շարունակէ մնալ երկաթի հանքանիւթի, որակեալ պողպատի, սղոցանիւթերու, թաղանթանիւթի-թուղթի աշխարհի մեծագոյն արտադրողներէն մէկը։ Տնտեսութիւնը կը բնութագրուի արտադրութեան եւ բարձր աստիճանի կեդրոնացմամբ։ Արդիւնաբերութեան եւ դրամատուներու վերահսկողութիւնը կեդրոնացած է շուէտական նիւթական խմբիշխանութեան 20-25 ընտանիքներու ձեռքը։ Պետական ոլորտին բաժին կ՛իյնայ ազգային համախառն արդիւնքի աւելի քան 15 %-ը եւ ներդրուած մինչեւ 30-40 %-ը։

Արդիւնաբերութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդիւնաբերութեան ճիւղերէն կ՛առանձնանան մետաղաձուլութիւնը (բարձրորակ պողպատ, գունաւոր մետաղներ) եւ մեքենաշինութիւնը (նաւեր, ինքնաթիռներ, ելեկտրատեխնիկա, ելեկտրոնային հաշուիչ մեքենաներ)։ Երկրի ընդերքին մէջ յայտնաբերուած են բարձրորակ երկաթաքարի համաշխարհային նշանակութեան պաշարներ։ Կան նաեւ ցինկի, կապարի, պղինձի, վոլֆրամի հանքավայրեր։

Սթոքհոլմը 17-րդ դարուն

Մեքենաշինութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեքենաշինութեան մէջ յայտնի է Վոլվօ վերազգային մենատիրութիւնը՝ համանուն մեքենաներու արտադրութեամբ։

Փայտամշակման արդիւնաբերութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարգացած է փայտամշակման արդիւնաբերութիւնը, կ՛արտադրուի կահոյք, թուղթ եւ այլն։

Գիւղատնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութիւնը կ՛ապահուէ Շուէտի մթերքներու պահանջին 80 %-ը, ինչպէս՝ կաթի, միսի, սննդամթերքի, հացահատիկի պահանջը ամբողջութեամբ։ Զարգացած է նաեւ ձկնորսութիւնը։

Առողջապահութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին ծնունդը կազմած է 1000 բնակիչին 12[6], մահը՝ 9,4[6]։ Մահացութեան հիմնական պատճառները սրտանօթային համակարգի, թոքերու հիւանդութիւններն են եւ չարորակ նորագոյացութիւնները։ Տարածուած են կրիփը, մանկական վարակիչ հիւանդութիւնները, վարակիչ դեղնախտը եւ վեներական հիւանդութիւնները։ Առողջապահութեան ծառայութիւնը կը գտնուի Ընկերային Գործերու Նախարարութեան եւ Առողջապահութեան ու Ընկերային Ապահովագրութեան Ազգային Խորհուրդի ենթակայութեան տակ։

Գիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարլ Լիննէյ

Շուէտները մեծ ներդրում ունին գիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ։ Անոր մեծապէս նպաստած է Ուփսալայի եւ Լունտիի առաջին համալսարաններու (համապատասխանաբար՝ 1477 եւ 1668 թուականներուն) ու աստղադիտարաններու (1650 եւ 1670 թուականներուն) հիմնադրումը։ Համաշխարհային ճանաչում ունի բնախոյզ Քառլ Լիննէյը, որ եղած է շուէտական գիտութիւններու թագաւորական ակադեմիայի առաջին նախագահը։ Քիմիագէտ Շեէլէն ստացած է քլոր, գլիցերինը, Լ. Նիլսոնը՝ սկանդիիի մէջ քիմիական տարրը, Ա. Քրոնսդետդը՝ նիքէլը, Կ. Փաշը՝ անվտանգ, այսպէս կոչուած, «շուէտական լուցկիները»։ Հանրայայտ է գիւտարար եւ արդիւնաբերող Նոպէլներու ընտանիքը։ Ալֆրէտ Նոպէլը (յայտնագործած է պայթուցիկ նիւթեր տինամիթը եւ բալիստիթը) սահմանած է Նոպէլեան մրցանակը, որ կը տրուի բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բժշկութեան, գրականութեան, 1968-էն՝ նաեւ տնտեսագիտութեան բնագաւառներու աշխատանքներու եւ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած ծանրակշիռ աւանդի համար։ Հանրայայտ են նաեւ աստղագէտ-բնագէտ Անտերս Ցելսիուսը, գրողներ Ասդրիտ Լինտկրէնը, Եուհան Աւկուստ Ստրինտպերկը, բեմադդրիչ Ինկմար Պերկմանը, շարժանկարի դերասաններ Ինկրիտ Պերկմանը, Կրեթա Կարպոն եւ ուրիշներ։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտի տարածքին դպրոցները կազմաւորուած են 13-րդ դարուն։ 16-րդ դարուն կային 20 եկեղեցական ու վանական եւ 10 քաղաքային դպրոցներ։ Լիւթերական բարեփոխումը (16-րդ դար) նպաստեց գրագիտութեան տարածման։ Մինչեւ 19-րդ դարու կէսը դպրոցը կ՛ենթարկուէր եկեղեցւոյ։ 1842-ին օրէնք ընդունուեցաւ պարտադիր ժողովրդական դպրոցներու մասին, որոնք ստորին դասի երեխաներուն կու տային տարրական գիտելիք։ 1936-ին օրէնք ընդունուած է 7-ամեայ, 1962-ին՝ 9-ամեայ պարտադիր կրթութեան մասին։ Ժողովրդական կրթութիւնը կը ղեկավարէ կրթութեան նախարարութիւնը։ Կրթական համակարգի մէջ կը մտնեն մանկապարտէզները եւ խաղային դպրոցները (3-6 տարեկաններու համար), 9-ամեայ պարտադիր դպրոցներ, եւ միաւորուած գիմնազիոնները 22 բաժանմունքով, որոնցմէ 5-ը՝ արուեստագիտական, գիտական, մարդասիրական, տնտեսական եւ հասարակագիտական (3-4 տարուան ուսուցմամբ), իրաւունք կու տան համալսարան ընդունուելու, իսկ միւսները (2-ամեայ ուսուցմամբ) կու տան արդիւնաբերական պատրաստուածութիւն։ Բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ կայ 35 համալսարան (ուսման տեւողութիւնը՝ 3-6 տարի)։ Մեծ համալսարաններէն են Սթոքհոլմի (հիմնադրուած է 1877-ին), Ուլփսալայի (1477), Լունտի (1668), Կէօտեպորկի (1891), Ումէոյի (1963), Լինչէօբինկի (1970) համալսարանները, Թագաւորական Բարձրագոյն Արուեստագիտական Դպրոցը (1827, Սթոքհոլմ), արդիւնաբերական (1829, Կէօտեպորկ), Քարոլինեան բժշկավիրաբուժական (1810, Սթոքհոլմ) եւ այլ ուսումնարաններ։ Ամենամեծ գրադարաններն են Թագաւորականը (Սթոքհոլմ, 1 մլն գիրք), Ուփսալայի (աւելի քան 2 մլն գիրք), Լունտի (աւելի քան 1,3 մլն գիրք), Կէօտեպորկի (1,25 մլն գիրք) համալսարաններու, Սթոքհոլմի (աւելի քան 1,4 մլն գիրք), Կէօտեպորկի (աւելի քան 1 մլն գիրք) քաղաքային եւ այլ գրադարաններ։ Թանգարաններէն են Ազգային Ժամանակակից Արուեստի, Ազգագրութեան, Սթոքհոլմ քաղաքի (Սթոքհոլմ), Ծովային (Կէօտեպորկ) եւ այլ թանգարաններ։

Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պահպանուած յուշարձաններէն ամենահինը ռունական վիմագիր արձանագրութիւններն են։ Աւատականութեան կազմաւորման եւ քրիստոնէութեան տարածման շրջանին առաջացած է լատիներէնով կրօն, գրականութիւնը։ 14-15-րդ դարերուն տարածուած են պալլատ-երգերը։ 14-րդ դարու սկիզբը երեւան եկած են պատմական ժամանակագրութիւններն ու ասպետական բանաստեղծութիւնը, 18-րդ դարուն՝ թատերգութիւնը ու քնարերգութիւնը։ 18-րդ դարու սկիզբը կազմաւորուած է Լուսաւորականութեան գրականութիւնը։ 20-րդ դարու սկիզբը երեւան եկան Մ․ Գոգի (1882-1940), Կ․ Հետէնվինտ-էրիքսոնի (1880-1967), Տ․ Անտերսոնի (1880-1920) բանուոր դասակարգի մասին պատմող առաջին նշանակալի ստեղծագործութիւնները։ Լ․ Նուրտսդրէօմ (1882-1942), Կ․ Հելսդրէօմ (1882-1953) եւ Էլին Վեկներ (1882-1949) ստեղծեցին շուէտական հասարակութեան տարբեր խաւեր ներկայացնող կենցաղային վէպեր։ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ծնած շփոթութեան ու սարսափի տրամադրութիւնները արտայայտուած են Փ․ Լակէրգվիսթի (1891-1974) «Սարսափ» (1916) բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին մէջ։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի (1939-1945) նախօրէին եւ պատերազմի տարիներուն ստեղծուեցաւ հակաֆաշիստական երկեր։ ժամանակակից մարդու բարոյական որոնումները պատկերուած են Լակէրքվիսթի աստուածաշնչային նիւթերով վէպերու շարքին մէջ («Վարավվա», 1950 եւ այլն)։ Շուէտի Գրողներու Միութիւնը, որ գոյութիւն ունի 1893-էն ի վեր, մասնագիտական կազմակերպութիւն է եւ կոչուած է պաշտպանելու գրողներու տնտեսական ու ստեղծագործական շահերը։

Ճարտարապետութիւն եւ կերպարուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պրոնզի դարուն կը վերաբերին Պոխուսլենի մէջ յայտնաբերուած սխեմատիկ ժայռապատկերները, զարդապատ զէնքերն ու կահկարասին, երկաթի դարուն եւ Ք.Ե. Ա. հազարամեակին՝ քարէ ստելաները, մետաղի եւ փայտի վրայ կատարուած կենդանակերպ զարդանախշերը, մարդոց եւ կենդանիներու պատկերները, վիկինկներու շրջանին՝ հիմնակմախքային կառոյցները։ 11-12-րդ դարերուն կառուցուած են ռոմանական ոճի քարէ ծանրանիստ եկեղեցիներ, 13-15-րդ դարերուն՝ գոթական տաճարներ, 16-րդ դարուն՝ Վերածնունդի ճարտարապետութեան բնորոշ գիծերով դղեակներ։ Միջին դարերուն աճած են փողոցներու մանր ցանցով քաղաքներ, զարգացած է գեղանկարչութիւնը եւ քանդակագործութիւնը, գիրքի մանրանկարչութիւնը։ 17-րդ դարուն կոշտ եւ դասական ոգիով կառուցուած են քաղաքային պալատներ, պուրակներով քաղաքամերձ նստավայրեր: Քաղաքային նոր շրջանները ստեղծուած են կանոնաւոր յատակագիծով։ 19-րդ դարու Ա. կիսուն կերպարուեստին մէջ անցում կատարուած է դէպի ռոմանթիզմը, աճած է հետաքրքրութիւնը երկրի անցեալին, բնութեան եւ մարդոց նկատմամբ։ Զարգացած է նաեւ պատմական գունանկարչութիւնը։

Երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ 19-րդ դար Շուէտի երաժշտութիւնը զարգացած է Սկանտինաւեան երաժշտական մշակոյթներու ընդհանուր հոսանքին համընթաց։ 20-րդ դարուն այն ձեռք բերած է ազգային ինքնատիպութեան գիծեր։ Հնագոյն ժողովրդական նուագարաններէն են լուր, զանգակներ. աւելի ուշ գեղջկական անսամպլներու մէջ կիրառուած են նաեւ ջութակ, քլառինէթ, ֆլեյթա, տաւիղ։ Մինչեւ 13-րդ դար երաժշտական արուեստի ներկայացուցիչները եղած են սքաչտերը, մինչեւ 16-րդ դարու սկիզբը՝ շրջիկ երաժիշտները՝ «լեքարները»։ 14-15-րդ դարերուն ստեղծուած են երգ-պալլատներ եւ քաղաքական հակաֆէոտալական երգեր, բարեփոխումէն ետք՝ աւետարանական սաղմոսներ։ Մասնագիտական երաժշտութեան ձեւաւորման վրայ ազդած է գրիգորեան խմբերգը, բարեփոխման ժամանակներէն՝ բողոքական խմբերգը։ Աշխարհիկ երաժշտական կեանքի կեդրոնը թագաւորական պալատն էր Սթոքհոլմի մէջ։

Բեմապար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1638-էն Սթոքհոլմի մէջ ֆրանսացի արուեստագէտները կազմակերպած են բեմապարի ներկայացումներ։ Առաջին մշտական թատերախումբը ստեղծուած է շուէտական Թագաւորական օփերային կից, որ բացուած է 1773-ին։ Առաջին շուէտ բեմապարի վարպետ Ա․ Սելինտերը 1843-ին բեմադրած է Ֆ․ Թալէօնիի «Սիլֆիտա» բեմապարը։ Շուէտի բեմապարը նշանակալից վերելք ապրած է Մ․ Մ․ Ֆոքինի օրօք, որ 1913-ին բեմադրած է շարք մը բեմապարեր։ 1920-ականներուն ստեղծուած է Շուէտական Բեմապար թատերախումբը։ Շուէտ պարագիրները օգտագործած են նաեւ ազատ պարը։ 1967-էն բեմապարտ վարպետ Ի․ Քրամերը կը գլխաւորէ իր ստեղծած Քրամեր-պալեթթէն թատերախումբը, որուն ներկայացումները նշանակալից չափով հիմնուած են ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ։ Մշտական բեմապարային թատերախումբեր կը գործեն նաեւ Կէօտեպորկի եւ Մալմէոյի մէջ։

Թատրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

15-16-րդ դարերուն Շուէտի մէջ տարածուած են դպրոցական թատրոնները։ 16-րդ դարու վերջը թագաւորական դղեակներուն մէջ կազմակերպուած են ներկայացումներ։ Առաջին պալատական թատրոնը բացուած է 1649-ին, Սթոքհոլմի մէջ։ Մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը այնտեղ խաղցած են comedy del art, գերմանական եւ քանի մը ֆրանսական թատերախումբեր։ Առաջին մշտական ազգային բեմը եղած է Ուփսալայի Ուսանողական թատրոնը (1682-1691)։ 1737-ին երիտասարդ ազնուականներէն եւ պետական պաշտօնեաներէն կազմուած սիրողական թատարախումբը անուանուած է Թագաւորական շուէտ. բեմեր։ 1753-ին այդ թատրոնը իր տեղը զիջած է ֆրանսական եւ իտալական թատերախումբերմոն։ Կէօտեպորկի (1779), Սթոքհոլմի (1778) մէջ Կուսթաւ Գ.-ի օրօք ստեղծուած են առաջին հանրամատչելի շուէտական թատրոնները։ 19-րդ դարու 70-ականներուն, կապուած հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային վերելքին հետ, մասնաւոր եւ պետական թատրոններու խաղացանկ թափանցած է «նոր տրաման»։

Շարժանկար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուէտի մէջ վաւերագրական առաջին նկարահանումները իրագործած է գերմանացի շարժանկարիչ Մ․ Սքլատանովսքի։ 1897-ին շուէտ Ն․ Փեթերսոն պատրաստած է քանի մը վաւերագրական եւ խաղարկային ֆիլմեր։ Շարժանկարներու կանոնաւոր արտադրութիւնը սկսած է 1907-ին։ 1910-1920-ականներուն շուէտական դասական շարժանկարի դպրոցը համաշխարհային շարժանկարչութեան վրայ ունեցած է կարեւոր ազդեցութիւն։ 1930-ականներուն թողարկուած են նուագախաղեր եւ կատակերգութիւններ, 1940-ականներուն՝ ֆաշիզմը մերկացնող շարժանկարներ։ 1940-1950-ականներուն ստեղծուած են բանուոր դասակարգի մասին Հ․ Ֆաուսթմանի ֆիլմերը։

Հայերը Շուէտի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ-շուէտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են վաղ միջնադարուն։ Շուէտի մէջ յայտնաբերուած շարք մը հնութիւններ, շուէտ մասնագէտներու կարծիքով, Սկանտինաւիա հասած են հայկական Պարտաւ (Բարդա) քաղաքէն (Ուտիքի նահանգ)։ Հայերու բնակեցումը Շուէտի մէջ տեղի ունեցած է տարերայնօրէն. եկած են Ռուսաստանէն, Թուրքիայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն։ Շուէտահայ համայնքը կազմաւորուած է 1970-ականներուն՝ Լիբանանէն, Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Իրանէն գաղթած հայերով։ Ներկայիս հայերու թիւը Շուէտի մէջ շուրջ 7-8 հազար է, որոնցմէ 5 հազարը կը բնակի Սթոքհոլմի եւ Ուփսալայի մէջ։ Հայերու թիւի ստուարացման զուգընթաց ձեւաւորուած է համայնքին ազգային կեանքը։ 1974-ին Սթոքհոլմի մէջ հիմնուած է շուէտահայ անդրանիկ կազմակերպութիւնը՝ Հայ Մշակութային Միութիւնը։ Յետագային եւս ստեղծուած են հայկական տարբեր ընկերութիւններ եւ միութիւններ (Ուփսալայի հայ մշակութային, Հայ-շուէտական, «Րաֆֆի», «Արարատ» եւ այլն)։ Կը գործեն երգչախումբեր, գրական խմբակներ, գեղագիտական դաստիարակութեան կեդրոններ։ Աշխոյժ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։ Շուէտի մէջ գործող օրէնքին համաձայն, երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու, ինչպէս հայերու երեխաներուն տրուած է պետական դպրոցներուն մէջ մայրենի լեզու սորվելու առիթ։ Կան նաեւ մշակութային միութիւններուն կից գործող շաբաթօրեայ դպրոցներ։ 1910–1920-ականներուն Շուէտի մէջ լոյս տեսած են Հայկական Հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տասնեակ հրատարակութիւններ։ 2000-ին Շուէտի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նշանաւոր շուէտ բեմադրիչ Պ. Հոլմկուիատ նկարահանած է «Վերադարձ դէպի Արարատ» վաւերագրական շարժանկարը։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Folkmängd i riket, län och kommuner 31 december 2023 och befolkningsförändringar 1 oktober - 31 december 2023Շվեդիայի կենտրոնական վիճակագրական բյուրո, 2024.
  2. 1 // Limits of Oceans and Seas, Limits of the Oceans and Seas // Nature / M. Skipper — 3 — IHO, 1953. — Vol. 172, Iss. 4376. — P. 484–484. — ISSN 1476-4687; 0028-0836
  3. «Statistics Sweden»։ www.statistikdatabasen.scb.se։ արտագրուած է՝ 2017-09-15 
  4. Yearbook of Housing and Building Statistics 2007
  5. «Շուէտի Քաղաքայնացման մակարդակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-19-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  6. 6,0 6,1 «Շուէտի Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-19-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25