Արցախի Պատմութիւն

Արցախ, պատմա-աշխարհագրական շրջան՝ Հայկական լեռնաշխարհին արեւելքը։

Անուանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախը (Artsak) 1788-ին, հրատարակուած՝ Մեծ Հայքի քարտէսին վրայ:

Երկրամասը տարբեր ժամանակներու ընթացքին հանդէս եկած է տարբեր անուններով՝ ապրելով պատմական իրադարձութիւններու զանազան հանգրուաններ։ Ամենահինը «Արցախ» անուանումն է, որուն յստակ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ։ Տեղանունը ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ հանդէս եկած է «Ուրտեխէ» եւ «Ուրտեխինի» ձեւերով։ Ըստ էութեան տարածքը նմանատիպ անունով կոչած են նաեւ հին յոյները։ Յոյն հեղինակ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութեան մէջ» (Ք.ա. 1-ին դար) երկրամասը կը յիշատակուի «Օրխիստենա» անունով՝ իբրեւ Մեծ Հայքի նահանգներէն մէկը, յայտնի իր հսկայ այրուձիով[1]։

Միջնադարուն Արցախ յայտնի եղած է նաեւ «Ծաւդեք» (Ծաւդեաց իշխանական տան անունով, որ Առանշահիկներու մէկ ճիւղը կը կազմէր), «Փոքր Սիւնիք», Ժ. դարէն՝ «Խաչէն» անուններով։ ԺԸ. դարու որոշ ռուսական փաստաթուղթերուն մէջ գործածական է «Փոքր Հայաստան» անուանումը։ Միեւնոյն ժամանակ Ուտիք նահանգին հետ միասին Արցախ կոչուած է «Աղուանք», «արեւելեան կողմանք», «Խորին աշխարհն Հայոց»։

Պատմական սկզբնաղբիւրներուն մէջ «Ղարաբաղ» անուանումը կը յիշատակուի ԺԴ. դարէն։ «Ղարաբաղ» տեղանունը յստակ ստուգաբանութիւն չունի։ Ըստ մէկ ստուգաբանութեան անիկա ձեւաւորուած է պարսկական աշխարհագրական անուանակարգի մը հիման վրայ. ի տարբերութիւն երկրամասին հարթավայրային մասին, որ կը կրէր «Բաղ-ի սաֆիդ» (Սպիտակ այգի) անունը, անոր լեռնային հատուածը կ'անուանուի «Բաղ-ի սայիդ», որ թրքալեզու ժողովուրդները կը վերափոխեն «Ղարաբաղի» (Սեւ Այգի)։ Ըստ երկրորդ ստուգաբանութեան՝ «բաղ» արմատով բազմաթիւ տեղանուններ գոյութիւն ունէին Սիւնիքի, Արցախի, Գանձակի եւ այլ շրջաններու մէջ. «Ղարաբաղ»ը «Բաղաբերդ» տեղանուան պարզ ու սովորական թարգմանութիւնն է։ «Ղարաբաղ»ի առաջին՝ «ղարա» մասը հայերէն «բերդ» բառին թարգմանութիւնն է՝ լ-ր հնչիւնափոխութեամբ։ Ինչպէս օրինակ, Կալա-կարա՝ Կալա, Կալաքենդ (Բերդաշէն), իսկ պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ՝ Կարաքենդ։ Տեղանուան երկրորդ՝ «բաղ» մասը օտար նուաճողներու կողմէն չէ թարգմանուած։ Այսպիսով՝ Ղարաբաղը Բաղաբերդ տեղանուան քմահաճ թարգմանութիւնն է[2]։

Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ անցնելով՝ «Ղարաբաղ» անուան կը կցուի նաեւ «нагорный» (լեռնային) ռուսերէն ածականը՝ բնութագրելու համար անոր լեռնային երկիր ըլլալը։ Այսպիսով, յաճախ գրաւուած ըլլալով պարսկական եւ ռուսական զօրքերուն կողմէն, Արցախ ցարդ իր վրայ կը կրէ այդ դարաշրջաններուն դրոշմը, որուն երկու բաղադրիչներէն մէկը ունի ռուսական ծագում, իսկ միւսը՝ պարսկական։

Հին շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանը Ք.ա. 3-1-ին հազարամեակներէն սկսեալ հանդէս կու գան առաջին պետական կազմաւորումները, որոնց շարքին մէջ կ'առանձնանար Ուրարտուն՝ Վանի կամ Արարատի թագաւորութիւնը[3]։ Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին (Ք.ա. 9-6 դարերուն) Արցախ յայտնի էր Ուրտեխէ-Ուրտեխինի անունով։ Արցախի՝ իբրեւ Հայաստանի մաս, յիշատակումներ կան Ստրաբոնի, Դիոն Կասիոսի, Փլինիոս Մեծի, Պլուտարքոսի եւ այլ հին հեղինակներու գործերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արգիշտի Ա.-ի` Կոտայքի մէջ յայտնաբերուած ժայռափոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը խօսուի Զառ քաղաքին մասին։ Պատմաբան Վ. Բալայեան զայն կը համընկնէ Արցախի միջնադարեան Ծար մելիքանիստ աւանին եւ ներկայի Քարվաճառի Զառ գիւղին հետ։

Երուանդունիներու օրով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ա. 4-րդ դարուն արդէն Երուանդունիներու թագաւորութեան օրով նոյնպէս վկայութիւններ կան, որ հայկական պետութեան կազմին մէջ կը մտնէին Արցախը եւ Ուտիքը[4]։ Այդ մասին կը փաստեն յոյն պատմագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոնի վկայութիւնները, ուր ան Արցախը կը ներկայացնէ, իբրեւ Մեծ Հայքի կազմին մէջ գտնուող նահանգ`Օրխիստինա-Արցախ։

Արշակունեաց հարստութեան օրով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արշակունեաց հարստութեան շրջանին Արցախ նոյնպէս կը գտնուէր հայկական միասնական պետութեան կազմին մէջ[5]։ Այդ մասին կը վկայէ հռոմէացի կայսեր` Ներոնի ժամանակներէն Հռոմի մէջ պահպանուած պատին վրայ փորագրուած աշխարհի մարմարէ քարտէսը, ուր Արցախ նոր պետութեան յառաջատար նահանգներէն մէկն է։

387-ին, Հայաստանի առաջին բաժանման ժամանակաշրջանին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռազմավարական դիրք գրաւող Հայաստանի նկատմամբ Հռոմէական կայսրութեան եւ յատկապէս Սասանեան Պարսկաստանի գրաւելու քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, 387-ին Մեծ Հայք կը բաժնուի երկու տէրութիւններու միջեւ։ Երկրին արեւելեան նահանգները՝ Արցախը եւ Ուտիքը կը միանան Աղուանքին, վերջինիս թագաւորներուն՝ Սասանեան շահնշահերուն մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց։ Աւարայրի ճակատամարտին, ուր Արցախի այրուձին եւս պարսիկներուն դէմ կ'ելլէ[6], այս երկու նահանգներուն աւելի մեծ քաղաքական հեղինակութիւն կու տայ տարածաշրջանին մէջ։ Սակայն նոյնիսկ օտար լուծի տակ գտնուելով՝ Արցախ կը շարունակէ պայքարիլ եւ պահպանել իր հայկականութիւնը։ Այդ մասին կը փաստեն Կորիւնի վկայութիւնները, որոնց համաձայն Մ. Մաշտոց լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ, որ այդ օրերուն Փոքր Սիւնիք կը կոչուէր։ Եւ, ըստ աւանդութեան, նոյն նահանգին Հաբանդ գաւառին Ամարաս գիւղաքաղաքին մէջ Մ. Մաշտոց կը բանայ իր առաջին դպրոցներէն մէկը։ 451-ին օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկիզբ առած քաղաքական անկայունութիւններէն՝ Կուրի աջափնեայ Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու Առանշահիկ հայ իշխանական տոհմը թագաւորութիւն կը յայտարարէ։ Առանշահիկները կը կամզակերպեն Արցախի հայութեան հակապարսկական ապստամբութիւնները, որոնք կը գլխաւորուէին Վաչէ Առանշահիկ թագաւորին կողմէ՝ Վարդան Մամիկոնեանի համախոհներէն մէկը։ Զօրավարին մահէն ետք Արցախը պարսկական հետագայ ասպատակութիւններէն պաշտպանելու եւ ազատագրական պայքարներու միջոցով անկախութիւն հաստատելու նպատակով Վաչէ Առանշահիկ կեղծ ուրացութեան ուղին կը բռնէ եւ նոյնիսկ կ'ամուսնանայ Պարսկաստանի թագաւոր՝ Յազկերտ Բ.-ի քրոջ աղջկան հետ։ Սակայն 457-ին Յազկերտ Բ.-ի մահէն ետք, օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկիզբ առած գահակալական կռիւներէն Վաչէ կը վերադառնայ քրիստոնէական-լուսաւորչական կրօնին եւ ապստամբութիւն մը կը բարձրացնէ պարսիկներուն դէմ։ Վաչէի մահէն ետք, շուրջ 30 տարուան անիշխանութենէ ետք, 487-ին անոր եղբօր որդի Վաչագան Բարեպաշտը, Հայոց Արեւելքէն աշխարհային կը հռչակէ Աղուանից արքան։ Այդ ատեն բուն Մեծ Հայքի եւ կեդրոնական նահանգներուն հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Վաչագան Բարեպաշտի թագաւորութիւնը հայահաւաք կեդրոնի դեր կը կատարէ։ Անոր կառավարման տարիները աչքի կը զարնեն սահմանադրական եւ կրօնական բարեփոխումներով, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի վերելքով[7]։ Արցախի մշակութային զարգացման համար Ե. դարը եւս կը դառնայ վճռական շրջան մը, Հայոց գիրերու գիւտով։ Ըստ աւանդութեան, Ամարասի մէջ Մեսրոպ Մաշտոց հիմնած է տեղի առաջին հայկական դպրոցը։ Արքան յաճախ դպրոց կ'այցելէր եւ կը հրճուէր աշակերտներու ընթերցանութեամբ։ Ե. դարը նշանաւոր է նաեւ իբրեւ քրիստոնէութեան ծաղկման շրջան. ամէնուր երկրին մէջ եկեղեցիներ ու վանքեր կը կառուցուին։ Այսպիսով մինչեւ Զ. դարու կէսերը Արցախ աշխարհը խաղաղ եւ ինքնավար շրջան մը կ'ապրի։ Սակայն ամէն ինչ կը փոխուի Է. դարու սկզբը, երբ Հայոց երկիր կը ներխուժեն արաբները։

Միջնադար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին 652 Թէոդորոս Ռշտունին Ասորիքի եւ Վերին Միջագետքի կառավարիչ Մուավիայի հետ պայմանագիր մը կը ստորագրէ, որուն համաձայն Հայաստան կը պահպանէ իր ներքին ինքնավարութիւնը[8]։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան առանձին կը դիտարկուէր Սիւնիքէն եւ Արցախէն։ Իրավիճակը կը փոխուի Թէոդորոս Ռշտունիի մահէն ետք, երբ գահ կը բարձրանայ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան կը յաջողի իր իշխանութեան տակ առնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները, այդ թիւին մէջ նաեւ՝ Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ապստամբութիւնները վերջնականապէս կ'ունենան իրենց արդիւնքը եւ 885-ին արաբական խալիֆայութիւնը կը ճանչնայ Աշոտ Ա. Բագրատունիի Մեծ Հայք նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպիսով, Հայաստան կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ Արցախ դարձեալ կը յայտնուի համահայկական պետութեան կազմին մէջ։

Սելճուք-թուրքերու արշաւանքներու ատեն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն ինչ կը փոխուի ԺԱ. դարուն՝ սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն ատեն[9]։ Տուղրիլ բէկի (1025-1063) կառավարման տարիներուն սելճուք-թուրքերը կ'աւերեն Հայաստանի կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային շրջանները, սակայն Արցախ դեռ կը շարունակէ անվնաս մնալ։ 1064-ին սելճուք-թուրքերու հզօր զօրքերը՝ Ալփասլանի գլխաւորութեամբ, սուրի ու գերութեան կը մատնեն Արցախը։ ԺԲ. դարու սկիզբներէն, սելճուք-թուրքերու կայսրութեան քայքայման զուգընթաց կը հզօրանար վրացական թագաւորութիւնը։ Հայ ժողովուրդը, մնալով սելճուք-թուրքերու գերիշխանութեան տակ՝ չէր համակերպեր այդ կացութեան։

Զաքարեաններու օրով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախը Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ, 13-րդ դար

Հայերուն անհրաժեշտ էր Վրաստանի օգնութեամբ թօթափել սելճուք-թուրքերու լուծը։ Հայ-վրացական ռազմա-քաղաքական համագործակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան վրաց արքունիքին մէջ ծառայող հայ իշխանները, յատկապէս՝ Զաքարեաններու տոհմի ներկայացուցիչները[10]։ ԺԲ. դարու 90-ական թուականներուն նոր թափ կը ստանայ Հայաստանի ազատագրման եւ հայկական պետականութեան վերածնունդի ապահովման գործը։ Հայ-վրացական միացեալ ուժերուն կողմէ կ'ազատագրուին հայկական տարածքները, որոնց թիւին մէջ՝ Արցախը։ Սակայն Զաքարեանները չեն յաջողիր միաձոյլ կեդրոնաձիգ պետութիւն մը ստեղծել։ Այդ իսկ պատճառով հայոց միասնականութիւնը պահելու համար, Զաքարեան իշխանները խնամիական կապեր կը ստեղծեն գաւառային հզօր իշխանական տոհմերուն հետ[11]։ Այս ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտնուող երեք իշխանութիւնները՝ Ներքին Խաչէն, Հաթերք եւ Վերին Խաչէն, տարբեր յարաբերութիւններ ունէին Զաքարեաններուն հետ։ Վերին Խաչէնը (Ծարա), որ ազատագրուած էր Զաքարեաններուն օգնութեամբ կ'ընդունէր վերջիններուս գերիշխանութիւնը։ Միջին Խաչէնի կամ Հաթերքի իշխանութեան տիրոյթները ժամանակի ընթացքին կը բաժնուին Վերին Խաչէնի եւ Ներքին Խաչէնի միջեւ։ Վերջինիս իշխանական տան ներկայացուցիչները, Արցախի միւս իշխանութիւններուն համեմատ աւելի անկախ էին։ Ներքին Խաչէնը տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ վերելք կ'ապրի Հասան-Ջալալի օրով։ Հասան Ջալալի տիտղոսն էր. «Բնակաւոր ինքնակալ բարձր ու մեծ արցախական աշխարհի թագաւոր յոգնասահման նահանգիւ»։ Ան կը կառուցէ Գանձասարի մայր տաճարը, որ այնուհետեւ կը դառնայ Արցախի հոգեւոր կեդրոնը։ Նոյնանման զարգացման շնորհիւ երկրամասը նաեւ քաղաքական անկախութիւն կը ստանայ, որ կ'ընդունէին նոյնիսկ վրաց թագաւորները[12][13][14]: Աւելի ուշ միջնադարուն, մասնաւորապէս Արաբական տիրապետութենէն (Է.-Թ. դարեր) ետք, այստեղ կային քանի մը իշխանական տուներ. Խաչէնի իշխանութիւնը սակայն կը գերիշխէր Արցախի մէջ։ Է. դարէն մինչեւ Թ. դարասկիզբ Արցախ գտնուած է Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան տակ՝ Արմինիա կուսակալութեան կազմին մէջ։ Այդ շրջանին ըլլալով բազմաէթնիկ (Արցախի մէջ՝ հայեր, այլ գաւառներուն մէջ՝ աղուանական եւ իրանական ցեղեր) Աղուանէն թագաւորութեան մաս մը գտնուած է իշխող Միհրանեան տոհմին տիրապետութեան տակ։

Մոնկոլական արշաւանքներուն ատեն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1221-ին, Կոտման (Թոուզ) գետին մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին, հայ-վրացական միացեալ ուժերը պարտութիւն կը կրեն, որմէ ետք մոնկոլները կը սկսին ասպատակել Հայաստանն ու Վրաստանը։ Երկրորդ արշաւանքին կը գրաւեն նաեւ Արցախը[15]։ Հակառակ անոր, որ իշխանութիւնները կորսնցուցած էին իրենց ինքնավարութիւնը ժողովուրդը կը շարունակէր յամառ դիմադրութիւն ցուցաբերել։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, երբ մոնկոլները՝ Ղազան խանի օրով պաշտօնապէս կ'ընդունին մահմետականութիւնը։ Ազգային եւ ընկերային ճնշումներուն վրայ կ'աւելնան կրօնական հալածանքները։ 1386-ին Լենկ-Թիմուր, գրաւելով Թաւրիզը, կ'անցնի Արաքսը եւ կը մտնէ Սիւնիք, այնուհետեւ անոր զօրքերը կը ներխուժեն Արցախ՝ կը գրաւեն Վերին Խաչէնը։ Իրավիճակը կը փոխուի Լենկ-Թիմուրի մահէն ետք, երբ անոր հսկայածաւալ պետութիւնը կը սկսի քայքայուիլ։

ԺԵ. դարուն, Քարաքոյունլուի տիրակալներուն իշխանութեան տակ, հայերը համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ կը յայտնուին[16]։ Քարաքոյունլուները գիտակցելով իրենց տիրապետութեան տակ ինկած երկիրներու քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման եւ պետական գանձարանը լեցնելու կարեւորութեան, համեմատաբար մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէին հայ իշխաններուն նկատմամբ։ Անոնք պետական բարձր պաշտօններու կը նշանակէին հայ նախարարական անուանի տուներու որոշ ներկայացուցիչներ եւ շատերը կը դարձնէին իրենց նախկին տիրոյթներուն՝ տնօրէններն ու լիիրաւ իշխանները։ Նոյն իրավիճակը կը տիրէր նաեւ Աքքոյունլուի տիրապետութեան շրջանին։ Այս ժամանակաշրջանին կը վերականգնին Ներքին Խաչէնի եւ Վերին Խաչէնի իշխանական տուներու ներկայացուցիչներուն իրաւունքները։

ԺԴ.-ԺԵ. դարերուն հայ նախարարական տուներուն զգալի մասը կը կորսնցնէ իր ինքնավարութիւնը՝ զայն զիջելով Հայաստանին տէր դարձած քոչուոր ցեղերու աւագանիին։[17] Հակառակ անոր՝ Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ, Առանշահիկներու իշխանական տուներու առանձին ճիւղերը կրնան դիմադրել եկուորներու ճնշումներուն եւ պահպանել երկրամասին պետական հիմնարկներուն կենսունակութիւնը։ Այդ մասին կը վկայէ Քարաքոյունլու Ջիւան Շահի հրովարտակը, որմով կը ճանչցուի լեռնային Արցախի տէր մելիքներու իշխանութիւնը։

Թուրք-պարսկական պատերազմներու ատեն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԶ.-Ժէ. դարերուն Հայաստան կը դառնայ թուրք-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ։ 1555-ին պատերազմող կողմերը Ամասիոյ մէջ հաշտութիւն կը կնքեն։ Այսրկովկաս (Անդրկովկաս) կ'անցնի Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ։ ԺԶ. դարուն պարսկահպատակ տարածքներուն մէջ կը ստեղծուին ռազմա-վարչական երեք միաւորներ՝ Շիրուանի, Չուխուր Սաադի (Երեւան եւ Նախիջեւան) եւ Ղարաբաղի կուսակալութիւնները։ 1580-ին, թուրք զօրավար Մուսթաֆա Լալա-փաշայի զօրքերը կը ներխուժեն Ղարաբաղ, այնուհետեւ կ'աւերեն Երեւանը ու կը հասնին Գեղարքունիք։ Հայոց հողին վրայ թուրք-պարսկական բախումները կը շարունակուին մինչեւ 1639 եւ վերջ կը գտնեն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կնքուած հաշտութեան պայմանագիրով մը։ Պարսկաստանի կ'անցնին Հայաստանի արեւելեան նահանգները՝ Գուգարքը, Շիրակը, Արարատեան դաշտը, Սիւնիքն ու Արցախը եւ Վասպուրականի արեւելեան հատուածը։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ, գտնուելով պարսկական տիրապետութեան տակ, Արցախի մելիքութիւնները ունէին ներքին ինքնավարութիւն եւ անոր շնորհիւ կը ստեղծեն ինքնատիպ մշակոյթ մը։ Երկրամասին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար, Արցախի մելիքները, լեռնային անմատչելի ծերպերուն մէջ տասնեակ ամրոցներ կը կառուցեն եւ կը շարունակեն պահպանել հայկական պետականութիւնը։

Սղնախներու ձեւաւորումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԸ. դարուն սկիզբը Պարսկաստանի ներքին երկպառակտումներէն եւ աֆղաններուն հետ պատերազմներէն օգտուելով, Արցախի մելիքները աւելի անկախ կը դառնան։ Անոնք կը հրաժարին Պարսկաստանի հարկեր վճարելէ, որ կը նպաստէ Արցախի հայ բնակչութեան տնտեսական վիճակին բարելաւման։ Այդ շրջանին պարբերաբար կրկնուող աւերիչ արշաւանքներուն դիմադրելու նպատակով՝ Արցախի մելիքները կը միաւորուին եւ կը ստեղծեն զինուորական միասնութիւն մը, որ պատմութեան մէջ յայտնի է Սղնախներ անունով։ Յայտնի են Կիւլիստանի, Ջրաբերդի, Աւետարանոցի, Շուշիի, Բադարա գիւղի մօտերը, Հերհեր ու Ծովատեղ գիւղերու թիկունքին, Տող եւ Տումի գիւղերու սղնախները։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ ինքնավարութեան տեղական մարմինները իրենց ուժերը կը համախմբէին Լեռնահայաստանի մէջ, պարսկական իշխանութիւնը վերացնելու համար։

1723-ին Արցախի սղնախականները կը ստիպուին դիմադրել թուրքերու յարձակումներուն, որոնք յամառօրէն կը փորձէին հասնիլ Կասպից ծովու ափերը։ Հայերը կը յաջողին պարտութեան մատնել թուրքերը եւ վերջիններս կը նահանջեն։ Ամէն ինչ կը փոխուի 1726-ին՝ Կ.Պոլսոյ մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագիրէն ետք, Թուրքիոյ կ'անցնին այսրկովկասեան տիրոյթները ներառեալ Թիֆլիս, Գանձակ, Նախիջեւան քաղաքները, Ղարաբաղի ու Ղափանի մարզերը։

Մելիքութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական սղնախները մարտեր կը մղեն թուրքերուն դէմ: Անոնցմէ կը ծնի վարչաքաղաքական նոր միաւոր մը՝ Խամսայի մելիքութիւններ անունով: Վերջիններս հետագայ տասնամեակներուն կը դառնան հայ ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդներ։ Արցախի մելիքները, որոնցմէ ոմանք սերած էին հին հայկական թագաւորներէն[18], ԺԷ. դարու վերջերէն կը սկսին օժանդակութիւն փնտռել Արեւմուտքի մէջ, ապա Ցարական Ռուսաստանի մէջ, նպատակ ունենալով Պարսկական լուծէն ազատագրել Հայաստանը եւ Հայկական պետականութիւնը վերականգնել։ Իսրայէլ Օրի, որ այդ նպատակով 20 տարի դեգերած էր Եւրոպայի մէջ, կը խոստանայ Յովհան Վիլհելմին՝ Պֆալցի կայսրընտիր իշխանին, Հայաստանի թագը, եթէ ան գոնէ փոքր բանակով մը օգնութեան գայ մելիքներուն[19]։ Այնուհետեւ Օրի կ'ուղղուի Մոսկուա, ուր կը հանդիպի Մեծն Պետրոսին։ Իրավիճակը կը փոխուի Նադիր շահի օրով։ Նադիր շահ յաղթանակ կը տանի թուրքերուն դէմ[20]։ Օսմանեան կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլալով շարունակել պատերազմը կը ստիպուի 1736-ին Էրզրումի մէջ հաշտութեան պայմանագիր մը կնքել պարսիկներուն հետ, որուն հիման վրայ թուրքերը պարսիկներուն կը յանձնեն Արեւելեան Հայաստանը (Երեւանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը) Վրաստանի մէկ մասը, Գանձակը, Շամախին եւ Ատրպատականը։ Նադիր շահի օրով եւ անոր հովանաւորութեամբ 1735-ին հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւնները (Կիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչէն, Վարանդա, Դիզակ) կը միաւորուին մէկ ռազմաքաղաքական եւ վարչական միաւորի մէջ եւ իրենց ծաղկման եւ հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնին ԺԸ. դարու վերջը։ Այսպիսով կը ձեւաւորուի հինգ մելիքութիւններէն կազմուած նահանգը, որուն կեդրոնը Տող աւանն էր։ Այս կազմաւորումը Դիզակի Մելիք-Եգանի գլխաւորութեամբ կը ճանչցուի իբրեւ հայկական ինքնավար երկիր մը, որուն սահմանները կը տարածուէին Գանձակի մատոյցներէն մինչեւ Արաքս գետ։ Մելիք-Եգանը Նադիրէն խանական տիտղոս ստանալով, մինչեւ 1744 կը գլխաւորէ Խամսայի մելիքութիւնները։ իրավիճակը կը փոխուի Նադիր շահի սպաննութենէն ետք, երբ Պարսից երկրին մէջ յառաջացած անիշխանութեան հետեւանքով պատմութեան թատերաբեմ կը բարձրանայ Փանահ խան, որուն նպատակն էր գրաւել լեռնային Արցախը։ Խամսայի մելիքները չեն հանդուրժեր Փանահի նման քաղաքականութիւնը եւ զինք դուրս կը մղեն Արցախի լեռնային հատուածներէն։ Այդ ժամանակաշրջանին մելիքներուն միջեւ յառաջացած գժտութիւններուն հետեւանքով՝ Փանահ խան հնարաւորութիւն կը ստանայ տիրանալու Արցախին[21][22]։ Վարանդայի մելիք Շահնազար, Փանահի կը նուիրէ Շոշի (Շուշուայ) բերդը եւ այդ քայլը աւելի կը սրէ Արցախի ներքաղաքական կեանքը։ Շուտով Փանահ ինքզինք խան կը հռչակէ, եւ Պարսից շահին միջոցով կը ստիպէ, որ հայ մելիքները ընդունին իր գերիշխանութիւնը։ Այդպիսով Խամսայի մելիքութիւնը կը տկարանայ եւ կը սկսի կործանիլ։ Շուրջ 1750-ին Ղարաբաղի իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Փանահ Ալի խան, որ կը հիմնէ Ղարաբաղի Խանութիւնը։ Այս շրջանին հայերու հոծ արտահոսք մը կը սկսի Արցախէն։ ԺԸ. դարու վերջը Իրանի մէջ գահին տիրելու համար դարձեալ պայքար մը կը սկսի եւ 1794-ին Աղա Մուհամմետ խան ինքզինք շահ կը հռչակէ։ Վերջինս կ'անհանգստացնէին ռուսական կողմնորոշում ունեցող Արցախի մելիքները։ Ան մելիքներուն կը խոստանայ զիրենք հաստատ պահել իրենց իշխանութիւններուն մէջ, եթէ անոնք իրեն օգնեն տապալելու Իպրահիմ խանը։ Սակայն Արցախի մելիքները վճռականութեամբ կը մերժեն Պարսից շահին պահանջը, որուն պատճառով 1795-ին շահը կը պաշարէ Շուշիի ամրոցը, սակայն կը պարտուի։ Հետագային Աղա Մուհամմետ խան դարձեալ կը յարձակի Շուշիի վրայ՝ այս անգամ արդէն յաջողութեան հասնելով։ Ան կը հաստատուի Շուշիի մէջ, սակայն որոշ ատեն մը ետք՝ դաւադրաբար կը սպաննուի։

Ռուսական նուաճում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուս-պարսկական պատերազմներու ատեն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղա Մուհամմետ շահի սպաննութենէն ետք իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Ֆաթալի շահը, որ կը փորձէ ամրապնդել Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը Այսրկովկասի մէջ[23]։ Այդ ժամանակաշրջանին ռուս-պարսկական խորացող հակասութիւնները կը վերածուին երկարատեւ պատերազմի (1804-1813)։ 1804-1813 ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին՝ 12 Հոկտեմբեր 1813-ին Կիւլիստանի հաշտութեան պայմանագիրով Արցախ կ'իյնայ Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Այդ պայմանագիրը կը վկայէ, որ Արցախ առանձին ազգային-պետական միաւորի կարգավիճակ կ'ունենայ Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ[24])։ 1828-ին Թիւրքմենչայի պայմանագիրով վերջ կը դրուի ռուս-պարսկական պատերազմին։ Հայաստան միանգամընդմիշտ կ'ազատագրուի պարսկական լուծէն։

Ռուսական կայսրութեան տարիներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուշի բերդաքաղաքի «Ամենափրկիչ» Մայր տաճարը, կառուցուած 1868-1888 թուականներուն։

Շուշի բերդաքաղաքին «Ամենափրկիչ» Մայր տաճարը, կառուցուած է 1868-1888 թուականներուն, հոն, ուր շրջան մը քաղաքին կեդրոնն էր։

Ռուս-Պարսկական պատերազմէն ետք, Արցախի համար կը սկսի տեւական խաղաղութեան շրջան մը, որ հնարաւոր կը դարձնէ երկրին տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը[25][26]։ Շուշին, որ նախկին խանութեան ամրոց-նստավայրն էր, կը դառնայ Արցախի մայրաքաղաքը, եւ իբրեւ տարածաշրջանի կարեւոր առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն,կը հռչակուի Կովկասի «Փոքր Փարիզ»ը[27]։

1920-ին Շուշին շուրջ 60.000 բնակչութեամբ (որու 78 տոկոսը հայեր էին), Թիֆլիսէն ետք Անդրկովկասի ամենամեծ քաղաքը կը դառնայ, այսինքն՝ իր բնակչութեան թիւով կը գերազանցէր թէ՛ Երեւանին, թէ՛ Պաքուին։ Արցախի բնակչութիւնը 1918-ին շուրջ 350.000 էր, որմէ 95 տոկոսը՝ հայեր, 3 տոկոսը՝ Ազերիներ, 2 տոկոսը՝ ռուսեր, քիւրտեր եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ 1840-1917 թուականներուն շարք մը վարչատարածքային բաժանումներ կը կատարուին Ցարական Ռուսաստանին կողմէ, ուր Ղարաբաղ կը յայտնուէր Կասպիական մարզի, Շամախի նահանգին եւ Ելիզաուետպոլի նահանգին կազմին մէջ։ Փետրուարեան պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք ժամանակաւոր կառավարութիւնը 9 Մարտ 1917-ին կը ստեղծէ Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ մը (Օզակոմ), որու կարգադրութեամբ կը ստեղծուին գաւառային, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ: Անոնց իբրեւ արդիւնք, Անդրկովկասի մէջ կը ստեղծուին երեք ազգային պետութիւններ՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւնները։ Իսկ 22 Յուլիս 1918-ին Շուշիի մէջ տեղի կ'ունենայ Արցախահայութեան անդրանիկ համագումարը (ԱՀՀ), որ Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ «անկախ վարչա-քաղաքական տարածք», կ'ընտրէ Ազգային Խորհուրդ եւ կը հիմնէ ժողովրդական կառավարութիւն։ Երկու օր ետք «Ղարաբաղի ժողովրդական կառավարութեան[25][28] դեկլարացիայով» կը հրապարակուին իշխանութեան յառաջիկայ կարեւորագոյն խնդիրները։ Մինչեւ 1920, Արցախ ունէր ինքնիշխան պետութեան բոլոր անհրաժեշտ յատկանիշները, այդ թիւին մէջ՝ օրինաւոր իշխանութիւն եւ զինուած ուժեր։ Ազգերու Լիկային կողմէ Ղարաբաղ ճանչցուած է իբրեւ վիճելի տարածք, ոչ թէ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք[29]։[25][28] Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին խաղաղ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը կը դիմէ ռազմական գործողութիւններու[30]։ Մայիս 1918-էն մինչեւ Ապրիլ 1920 Ազրպէյճանի եւ անոր սատարող Թուրքիոյ զինուած ստորաբաժանումները հայ բնակչութիւնը բռնութիւններու եւ ջարդերու կ'ենթարկեն։ Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Արցախը կը յայտարարեն Ազրպէյճանի մէկ մասը եւ Խոսրով Սուլթանովը կը նշանակեն Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի զօրավար-նահանգապետ։ Խոսրով Սուլթանովին կ'աջակցէին օսմանեան զօրավար Խալիլ փաշան եւ Նուրի փաշան՝ Ազրպէյճանի մէջ օսմանեան կայազօրին հրամանատարը, որուն եղբայրը՝ Էնվեր փաշայէն հրահանգ ստացած էր այդ տարածքը «մաքրել» հայերէն։ Սակայն, անոր հետ հնարաւոր չ'ըլլար պարտադրել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ընդունելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ 22 Օգոստոս 1919-ին 7-րդ ԱՀՀ-ն թուրք-ազրպէյճանական սպառնալիքներուն տակ հաշտութեան պայմանագիր մը կը ստորագրուի Ազրպէյճանի հետ, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ ժամանակաւորապէս դրուած էր Ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ մինչեւ անոր վերջնական կարգավիճակը որոշուէր Փարիզի Խաղաղութեան Համագումարին մէջ, այն պայմանով, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը Արցախ մուտք չեն գործեր։ Սակայն այս պայմանագիրին պայմանները շարունակաբար կ'ոտնահարուին Ազրպէյճանին կողմէ[25][31]։ Ի վերջոյ Թուրք-ազրպէյճանական ներխուժումը Արցախցիներուն կու տայ երկրին մայրաքաղաքը՝ Շուշին, որ մեծ մասամբ կ'աւերուի ու կը հրդեհուի. եւ ուր 22 Մարտ 1920-ի գիշերը սարսափելի կոտորածներ կ'ըլլան։ Այնպէս որ ազերի սպայ Իսմաիլ Ալիմանդարբեկովը նամակին մէջ կը գրէ Պաքուի իր եղբօրը.

«Տեսածդ հայկական Շուշան ամբողջովին հրդեհուած է։ Միայն 5-10 տուն ձգած են անվնաս։ Աւելի քան 1.000 հայեր գերի վերցուած են։ Բոլոր տղամարդիկը կոտորուած են, բոլոր յայտնի ու հարուստ մարդիկը, նոյնիսկ խալիֆին (Վահան Տէր-Գրիգորեանին՝ Արցախի եպիսկոպոսին)։ Իսլամները անհաշիւ հարստութիւն կողոպտած են հայերէն...» — Իսմաիլ Ալիմանդարբեկով (7 Ապրիլ, 1920 ) 22 Ապրիլին Թաղվարդ գիւղին մէջ 9-րդ ԱՀՀ-ն չեղեալ կը յայտարարէ Ազրպէյճանի հետ պայմանագիրը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կը հռչակէ Հայաստանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը)։[28][32] Նոյն ամսուն, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը դեռ կը փորձէին արեան մէջ խեղդել արցախահայերու դիմադրութիւնը, Կարմիր բանակը մուտք կը գործէ Պաքու։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրկովկասի խորհրդային կարգերու հաստատումը կ'ուղեկցի քաղաքական նոր կարգերու ստեղծմամբ։ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք մը կը գրաւէ նաեւ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէն։ 1920 Օգոստոսին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրով մը, ռուսական զօրքերը ժամանակաւորապէս կը տեղաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, 30 Նոյեմբեր 1920-ին Ազրպէյճանի կոմկուսի Կեդրոնական կոմիտէի քաղբիւրոյի եւ կազմբիւրոյի համատեղ նիստին մէջ որոշում մը կ'ընդունուի, ըստ որուն Ազրպէյճանի բանուորագիւղացիական կառավարութեան կողմէն կը յայտարարուի[33], որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վէճերը վերացած կը համարուին։ Որուն արդիւնքով Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը կը համարուին Հայաստանի ընկերվարական հանրապետութեան մասը։ Այդ որոշումը կը վաւերացուի 1 Դեկտեմբեր 1920-ին Պաքուի խորհուրդին ընդլայնուած նիստին մէջ ընդունուած հռչակագիրով մը։[34] Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ հաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ՝ Յունիս 1921-ին, Հայաստան նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղը կը յայտարարէ իր անբաժանելի մէկ մասը։[35]

ԼՂ բռնակցումը Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

4 Յուլիս 1921-ին Ռուսաստանի քոմունիստական կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոն Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ կը հրաւիրուի լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին նոյնպէս կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական ԽՍՀ մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ, 5 Յուլիսի գիշերը կը վերանայուի նախորդ օրուան որոշումը եւ կ'ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում մը՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։

...ելնելով մուսուլմաններու եւ հայերու միջեւ խաղաղութեան անհրաժեշտութենէն, եւ Վերին ու Ներքին Ղարաբաղի տնտեսական կապերէն, Ազրպէյճանի հետ անոր մշտական կապերէն, Լեռնային Ղարաբաղը ձգել Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ի կազմին մէջ, շնորհելով անոր լայն մարզային ինքնավարութիւն եւ վարչական կեդրոն Շուշային մէջ...

[36]

Այս որոշումը աննախադէպ իրաւական շարժում մըն է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)` առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւահասութեան, կ'որոշէ մէկ այլ տարածքի մը, երկրի մը կարգավիճակը[33]: Ազրպէյճանական եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ները Դեկտեմբեր 1922-ին կը ներառուին ԽՍՀՄ-ի կազմաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկ Ղարաբաղի տարածքին ընդամէնը մէկ հատուածի մէջ 7 Յուլիս 1923-ին[37]։ Ազրպէյճանական ԽՍՀ Կեդրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէին որոշումով կը կազմաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար Մարզը` ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, որմով, ըստ էութեան, ոչ թէ կը լուծուի, այլ ժամանակաւորապէս կը սառեցուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Սկզբնապէս ԼՂԻՄ-ը կը սահմանակցի Հայկական ԽՍՀ-ին սակայն սահմանագիծերու պարբերական փոփոխութիւնները (այդ թիւին մէջ Քարվաճառի եւ Լաչինի անջատումը[25]) 20-ական թուականներու աւարտին զայն կը դարձնեն միջերկիր[26]։ 1923 ԼՂԻՄ-ի բնակչութիւն կը կազմէր 157.800[26]։ Խորհրդային ողջ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չի հաշտուիր այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ կը պայքարի Մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախը Ազրպէյճանին անմիջապէս բռնակցելէ ետք՝ սկիզբ կ'առնէ ազգային-ազատագրական պայքարը։ 1920-ական թուականներուն Արցախի մէջ հակաազրպէյճանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով կը ստեղծուի «Ղարաբաղը` Հայաստանին» միութիւնը[38]։ Նոյեմբեր 1927-ի սկիզբները միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ կը ցրուէ՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ 1962-ին Ստեփանակերտի շարժախումբէն 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ մը կը գրեն ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին եւ նախարարներու խորհուրդին։ Նամակին մէջ կը ներկայացուի մարզին գաղութային վիճակը եւ կ'առաջարկուի ԼՂԻՄ-ը վերամիաւորել ՀԽՍՀ-ին։ 1962-ին շարք մը մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով մը կը դիմեն ԽՄԿԿ կեդրոնական կոմիտէին։ Այսպիսի դիմումները պարբերական բնոյթ մը կը կրէին եւ կը յղուէին թէ՛ ԼՂԻՄ-էն, թէ՛ ՀԽՍՀ-էն։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն կեդրոնական կոմիտէին հասած դիմումներուն տակ ստորագրած էին 45 հազար աշխատաւորներ։ ԼՂԻՄ-ի գոյութեան 60 տարիներու ընթացքին Արցախցիները ազրպէյճանական կողմէն կ'ենթարկուէին տարբեր սահմանափակումներու։ Իբրեւ արդիւնք, հայաթափ կ'ըլլան 85 գիւղեր (ընդհանուր առմամբ ԼՂԻՄ-ի գիւղեր 1/3-ը)։ Կը նուազի նաեւ հայերուն տեսակարար թիւը (1926 ՝ 93, 5% հայ, 1989 ՝ 77% հայ)։

1988 - Շարժման սկիզբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1985 ԽՄԿԿ ապրիլեան պլենիումի կողմէն կորպաչովեան «գլաստնոստի» հռչակումէն ետք արցախահայութեան հնարաւորութիւն կը տրուի ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորել։ 1987-1988 թուականներուն ԼՂԻՄ-ի հայութիւնը աշխոյժ ստորագրահաւաք մը կը սկսի՝ ԼՂԻՄ-ը Հայկական ԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորելու, զոր կը ստորագրէ աւելի քան 80 հազար հոգի[39]։ 20 Փետրուար 1988-ին ԼՂԻՄ-ի Ժողովրդական պատգամաւորներու մարզխորհուրդի նստաշրջանը կ'որոշէ դիմել Ազրպէյճանի ԽՍՀ՝ ԼՂԻՄ-ն Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմին մէջ ներառելու խնդրանքով[40]։ Խնդիրին խաղաղ լուծում տալու փոխարէն 21 Փետրուարին ԽՄԿԿ կեդրոնական կոմիտէին քաղբիւրոն որոշում մը կ'առնէ, ըստ որուն Ղարաբաղեան շարժումը կ'որակուի «ծայրահեղական» եւ «ազգայնական», որ կը հակասէ Ազրպէյճանի ԽՍՀ եւ ՀԽՍՀ աշխատաւորներու շահերուն։ Տեսնելով, որ խնդիրը վերէն լուծում ստանալու առիթ չունի, ժողովուրդը ինք կը սկսի իր պայքարը, որուն կը յաջորդեն ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները, որոնց վերջին արդիւնքը կ'ըլլայ 27-29 Փետրուար 1988-ին տեղի ունեցած Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը։ Հետզհետէ իրավիճակը աւելի կը բարդանայ եւ անորոշ կը դառնայ թէ՛ ազրպէյճանահայերուն եւ թէ՛ արցախահայութեան ճակատագիրը[41]։16 Օգոստոս 1989-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ'ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի լիազօր ներկայացուցիչներու համագումար մը, որ Ազգային Խորհուրդ մը կ'ընտրէ։ Համագումարին որոշումով մինչեւ ժողովրդական պատգամաւորներու մարզխորհուրդի ու կուսակցութեան մարզային կոմիտէին գործունէութեան վերականգնումը՝ երկրամասին բարձրագոյն գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւնները կը յանձնուին Ազգային Խորհուրդին։ Բացի անոնցմէ համագումարին ընթացքին կ'ընդունուի հռչակագիր մը, ըստ որուն, ինքնավար Մարզի գործերուն Ազրպէյճանի ԽՍՀ-ի միջամտութիւնը պիտի գնահատուէր իբրեւ բռնագրաւման շարժում եւ ստանար համարժէք պատասխան։ 28 Նոյեմբեր 1989-ին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ընդունած որոշման համաձայն Լեռնային Ղարաբաղ դարձեալ կը բռնակցուի Ազրպէյճանին։ Դէպքերու զարգացման իբրեւ արդիւնք՝ 1 Դեկտեմբեր 1989-ին ՀԽՍՀ ԳԽ եւ ԼՂ Ազգային Խորհուրդը կ'ընդունին համատեղ որոշում մը ԼՂ-ի եւ Հայկական ԽՍՀ-ի վերամիաւորման մասին։[42]

1 Դեկտեմբեր 1989-ի որոշումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Դեկտեմբեր 1989-ին ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂ Ազգային խորհուրդը իրենց համատեղ նիստի մը ընթացքին միաձայն կ'ընդունին ՀԽՍՀ եւ ԼՂԻՄ վերամիաւորման մասին որոշում մը[43]։ Միացումը, որուն կարգախօսին տակ բարձրացած էր Ղարաբաղեան շարժումը՝ կը կայանայ։ ՀԽՍՀ-ի եւ ԼՂԻՄ-ի վերամիաւորման մասին ընդունուած «Համատեղ որոշումը» օրինական է եւ ընդունելի միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներու տեսանկիւնէն։ Յայտնի է, որ միջազգային իրաւունքի՝ «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման» սկզբունքը ՄԱԿ-ը հռչակած է իբրեւ պետութիւններու ու ազգերու յարաբերութիւններու կարգաւորման համապարտադիր սկզբունք։ Միացման շարժումը միջազգային իրաւունքի տեսակետէն որեւէ առարկութիւն չի յարուցներ, մանաւանդ, որ խօսքը ոչ թէ ինքնորոշման առաջնային շարժումի, այլ արդէն ինքնորոշման ենթակայ հանդիսացող պետական երկու կազմաւորումներու մասին է։ Որեւէ արգելք չկար նաեւ ԽՍՀՄ օրէնքին մէջ, ուր նախընթաց տարիներուն հանրապետութիւններու ու ազգային պետական կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութեան գրեթէ երկու տասնեակ դէպք արձանագրուած էր ( Կարելոֆիննական միութենական հանրապետութիւնը, օրինակ, վերակազմաւորուած է ինքնավար հանրապետութեան, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան Ղազախստանի ինքնավար հանրապետութեան Կեդրոնէն տրուած է միութենական հանրապետութեան կարգավիճակ)։ ԽՍՀՄ-ի՝ իբրեւ միասնական պետութեան ներսը տարբեր ազգային կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութիւնները երբեք չէին կապուած սահմաններու անխախտելիութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հետ։ Անոնք դիտուած են, իբրեւ միութենական դաշնային պետութեան ներքին գործը, նաեւ իրաւական այն հիմքով, որ նման վերակազմաւորումներն ու վերաենթարկումները չէին կապեր ԽՍՀՄ-ի՝ իբրեւ միասնական պետութեան սահմաններու փոփոխութեան կամ անոր տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետ։ «Տարածքային ամբողջականութեան» սկզբունքը, որ մինչ այդ լրջօրէն չէր կիարկուեր հանրապետութիւններու ու ինքնավար կազմաւորումներու նկատմամբ, ձեռք կը բերէ սկզբունքային նշանակութիւն մը, երբ ԼՂ դէպքին մէջ յայտնի էր, որ անիկա բռնութեամբ մտած է ԱդրԽՍՀ կազմին մէջ եւ երբ ակնյայտ էր, որ ԱդրԽՍՀ-ի մէջ կ'իրագործուի հանրապետութեան հայ ազգաբնակչութեան ցեղասպանութիւնը։ Բայց եթէ միութենական հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան նոյնիսկ նման սկզբունքային բնոյթ մը տար, ապա սահմանադրական արգելք դարձեալ չէր յառաջանար, քանի որ խօսքը ինքնորոշման իրաւունքի ենթարկուող եւ ԽՍՀՄ ազգային-պետական կառուցուածքի երկու կազմաւորումներուն մասին էր։ ԼՂԻՄ-ի վերամիաւորումը ՀԽՍՀ-ի հետ չէր հակասեր ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան 78-ը յօդուածին, որ կ'արգիլէր փոփոխութեան ենթարկած միութենական հանրապետութեան սահմանները առանց անոր համաձայնութեան։ ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ ենթադասութեան տալը չէր նշանակեր, թէ կը խախտի ԱդրԽՍՀ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եթէ անոր հաշուառումով ալ Փետրուար 1988-ին ժողպատգամաւորներու մարզային խորհուրդը բարձրացած է ՀԽՍՀ-ի հետ միայն մարզի վերամիաւորման հարցը, հակառակ անոր, որ բոլորը գիտէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հսկայական տարածքներ, որոնք Կովբիւրոյի որոշմամբ պէտք է ըլլային ԼՂԻՄ կազմին մէջ, կամայականօրէն դուրս ձգած են անոր սահմաններէն։ ԼՂԻՄ եւ ՀԽՍՀ բարձրագոյն իշխանութիւններու կողմէն վերամիաւորման մասին «Համատեղ որոշման» կը հետեւին ԱդրԽՍՀ պատժիչ գործողութիւնները։ Ապրիլ 1991-էն մինչեւ Յուլիս ինկած ժամակահատուածին մէջ ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեամբ (ՕՄՕՆ) զինուած ջոկատները՝ խորհրդային բանակի զօրքերուն հետ միատեղ կ'իրականացնեն «Օղակ» գործողութիւնը՝ Արցախի հայաթափման եւ անոր տարածքին տէր դառնալու համար ձեռնարկուած ծայրահեղ գործողութիւն մը[44]:

2 Սեպտեմբեր 1991-ին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2 Սեպտեմբեր 1991-ին ԼՂԻՄ-ի եւ չհայաթափուած Շահումեանի շրջանի բոլոր մակարդակներու խորհուրդներու ժողովրդական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նստաշրջանը կ'ընդունի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին» հռչակագիրը։ Իսկ արդէն 10 Դեկտեմբեր 1991-ին, ԼՂ-ի բնակչութիւնը հանրաքուէով կ'ամրագրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը։ Այսպիսով, նախկին ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքին մէջ կը ձեւաւորուին երկու իրաւահաւասար պետական կազմաւորումներ՝ ԼՂՀ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն։ Ստեղծուած իրավիճակը անսպասելի էր Ազրպէյճանի համար եւ 3 շաբաթ ետք կը սկսի Պաքուի պատասխան գործողութիւնը։

Արցախեան ազատամարտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

25 Սեպտեմբեր 1991-ին Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տեսակի հրթիռներով կը ռմբակոծուի Ստեփանակերտը՝ կը սկսի Արցախեան գոյամարտը։ Պատերազմի հորձանուտին մէջ հայերը միացեալ ուժերով կը ստեղծեն հայոց ազգային բանակ մը, որ բաղկացած էր շուրջ 20-25 հազար հոգիէ:[45]։ Ազրպէյճանի բանակը՝ 75-80 հազար։ Սակայն հայերը կը յաջողին ետ մղել հակառակորդին գրոհը եւ ազատագրել Արցախը։ Ազերի բանակին նշանառուած հարուածներուն զոհ կ'երթան հազարէ աւելի հայ խաղաղ բնակիչներ։ Հայկական կողմը կը կորսնցնէ Արծուաշէնը, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէկ մասը։ Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն հակառակորդը չկարենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու միտքէն զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի 12 Մայիս 1994-ին։ Հայերը կու տան 5856 զոհ (ինչպէս նաեւ՝ 1264 զոհ՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ, եւ 596 անյայտ կորսուած՝ այդ թիւին մէջ խաղաղ բնակիչներ), իսկ ազերիները՝ 11557/30 հազար զոհ։ 9 Ապրիլ 1994-ին կը սկսի Արցախեան գոյամարտին ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակին յաղթարշաւը։ Այդ պայմաններուն մէջ Ազրպէյճան այլ ելք չունէր, ստիպուած էր զինադադարի պայմանագիր կնքել։ Այդպիսով 12 Մայիս 1994-ին Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան կը կնքեն հրադադարի համաձայնագիր մը, որ՝ չնայած խախտումներուն, ուժի մէջ է ցայսօր[46]։

Մատենագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ստրաբոն, Աշխարհագրութիւն, 11, 14, 1։ [1]
  2. Լեւոն Յարութիւնեան, Նշխարներ Արցախի բանահիւսութեան
  3. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 32
  4. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 34
  5. Մկրտչեան. Շ., «Արցախ», Երեւան, 1991, էջ 26
  6. Հոս Եղիշէ Արցախը եւ Աղուանքը առանձին կը յիշատակէ:
  7. Մովսէս Կաղանկատուացի (Է. դար), Աղուանքի Պատմութիւն, 1.18, 3.22։
  8. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 85
  9. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 114
  10. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 118
  11. (Տե՛ս Գանձասարի գլխաւոր արձանագրութիւն)։
  12. (անգլերէն) The New Encyclopedia Britannica by Robert MacHenry (1993), p.761.
  13. Բագրատ Ուլուբաբեան, «Խաչէնի իշխանութիւնը Ժ.-ԺԶ. դարերուն», Երեւան - 1975, էջ 30։
  14. (Ռուսերէն) Վ. Շնիրելման, Ալբանական առասպել։ («Խաչէնը միջնադարեան հայկական աւատատիրական իշխանութիւն է Արցախի տարածքին, որ Ժ.- ԺԶ.դարերուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանին քաղաքական պատմութեան մէջ։»)
  15. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 125-136
  16. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 144
  17. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 152
  18. Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), «Հայոց պատմութիւն», հատոր 4, «Ժամանակակից պատմութիւն» (ԺԹ. դարու առաջին կէս), գիրք 1, Երեւան 1984, էջ 257։
  19. Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), «Հայոց պատմութիւն», Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երեւան - 1973, էջ 32-33։
  20. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 204
  21. Րաֆֆի, «Խամսայի մելիքութիւնները 36. («Սովէն ետք տեղի ունեցաւ 1798-ի ժանտախտը, որ ամբողջացուց ժողովուրդին դժբախտութիւնը։ 60 հազար տուն հայ բնակչութիւն ունեցող Ղարաբաղը գրեթէ պարպուեցաւ։») (ռուս. թարգմ. [2]).
  22. Լէօ, «Հայոց պատմութիւն», հատոր 4, «Ժամանակակից պատմութիւն» (ԺԹ. դարու առաջին կէս), գիրք 1, Երեւան 1984, էջ 371։(«Ժամանակակից պաշտօնական տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ Ռուսաստանին կցուելու տարին (1805) Ղարաբաղը ունէր 10 հազար ընտանիք, իսկ այժմ 5-6 տարուց յետոյ, այդ քանակութիւնից հազիւ մնացել էին 4 հազար ընտանիք։ Այս ցոյց է տալիս, թէ ժողովուրդն ինչքան մեծ ալիքներով էր դուրս փախչում այդ երկրից. փրկութիւն որոնելով առաջ ու առաջ կեղեքումներից, աւազակութիւններից, խանական կամայականութիւններից եւ վերջին հաշուով նաեւ սովից ու ժանտախտից։»)
  23. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 200
  24. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26 
  25. 25,0 25,1 25,2 25,3 25,4 The Nagorno Karabagh Crisis: A Blueprint for Resolution, A Memorandum Prepared by the Public International Law and Policy Group, June 2000.
  26. 26,0 26,1 26,2 Office of the NKR in Washington, DC, Refugees and Displaced Persons in Nagorno Karabakh
  27. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 242-243
  28. 28,0 28,1 28,2 «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, 1918»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26 
  29. (Ռուսերէն) Փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու, Լեռնային Ղարաբաղ 1918-1923, AN Armenia, Jerevan, 1992, p 18, փաստաթուղթ № 8.
  30. Թաներ Ակչամ, (հոլանտերէն) De Armeense Genocide («Հայոց Ցեղասպանութիւն»), Nieuw Amsterdam Uitgevers 2007, p 124, ISBN 978-90-468-0225-0։ Բնօրինակ (անգլերէն) - Taner Akçam, A Shameful Act, The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsability, New York, Metropolitan Books, 2006.
  31. (անգլերէն) Lords Hansard text for 1 Jul 1997 (170701-19)
  32. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Վերամիաւորում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26 
  33. 33,0 33,1 Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 307
  34. «Կոմունիստ», 2 Դեկտեմբեր, 1920-ի, Հոկտեմբերեան սոցիալիստական մեծ յեղափոխութիւնը եւ խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը Հայաստանում, ժողովածու, Երեւան, 1957, էջ 497-498
  35. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի[permanent dead link]
  36. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութիւն. Արցախի պատմութիւն, Շուշի[permanent dead link]
  37. Ուլուբաբեան Բ., «Արցախի պատմութիւնը», Երեւան, 1994
  38. Ուլուբաբեան Բ., «Արցախի պատմութիւնը», Երեւան, 1994
  39. Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 354
  40. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգաւորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 Մարտ, 2005, «Անտարես», Երեւան, 2006, էջ 279
  41. Մելքումեան Ս., «Լեռնային Ղարաբաղ», Երեւան, 1990, էջ 38
  42. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգաւորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 Մարտ, 2005 «Անտարես», Երեւան, 2006, էջ 281
  43. Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով, «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիներ», Երեւան 2006, էջ 280
  44. Ալեքսանդր Մանասեան, Ալեն Ղեւոնդեան «Լեռնային Ղարաբաղ. ինչպէս է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կեդրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 102
  45. Ալեքսանդր Մանասեան, Ալեն Ղեւոնդեան «Լեռնային Ղարաբաղ. ինչպէս է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կեդրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 118
  46. Ալ. Մանասեան, Ալ. Ղեւոնդեան «Լեռնային Ղարաբաղ. ինչպէս է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կեդրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 281