Բագրատ Ուլուբաբեան

Բագրատ Ուլուբաբեան
Ծնած է 9 Դեկտեմբեր 1925(1925-12-09)
Ծննդավայր Մուշկապատ, Շուշիի գաւառ
Մահացած է 19 Նոյեմբեր 2001(2001-11-19) (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Եղուարդ, Կոտայքի մարզ, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Ազրպէյճանի Պետական Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արձակագիր
Աշխատավայր Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Բագրատ Ուլուբաբեան (9 Դեկտեմբեր 1925(1925-12-09), Մուշկապատ, Շուշիի գաւառ - 19 Նոյեմբեր 2001(2001-11-19), Եղուարդ, Կոտայքի մարզ, Հայաստան), հայ գրող , պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, թարգմանիչ։ ԽՍՀՄ գրողներու Միութեան անդամ 1950 թուականէն։ ԽՄԿԿ անդամ 1947 թուականէն։ Յայտնի է Արցախի պատմութեան վերաբերեալ աշխատանքներով։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Արցախի Մուշկապատ գիւղին մէջ։ 1944-ին աւարտած է Շուշիի մանկավարժական հիմնարկը, իսկ 1946-ին՝ Պաքուի մանկավարժական հիմնարկի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Այնուհետեւ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղի դպրոցին եւ Ստեփանակերտի ուսուցչական հիմնարկին մէջ։

1949-ին, Ուլուբաբեան Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու Միութեան  պատասխանատու քարտուղար ընտրուած է։ Ան միաժամանակ եղած է «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի խմբագիր[1], մշակոյթի մարզային վարչութեան պետ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի գործադիր կոմիտէի փոխնախագահ։

1965-ին, ստորագրողներէն մէկը եղած է «13-ի նամակին», որ Ղարաբաղի ողբալի վիճակը պարզող բովանդակութեամբ ուղարկուած էր Խորհրդային Միութեան Համայնավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին, Գերագոյն Խորհուրդին եւ Նախարարաց Խորհուրդին։

1967-ին, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու պայքարին իր գործօն մասնակցութեան համար, հեռացուած է իր պաշտօնէն եւ յաջորդ տարի տեղափոխուած է Հայաստան, ուր անդամակցած է Գրողներու Միութեան։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բանաստեղծական երկու հատոր հրատարակելէ ետք 1950ական թուականներուն, այնուհետեւ արձակի անցած է, հրատարակելով հինգ պատմուածքներու եւ վիպակներու ժողովածուներ (1960-1976), ինչպէս եւ երեք վէպեր, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը «Սարդարապատ» պատմավէպն է, որ մնացած է արգիլուած մինչեւ 1988։

Գրական գործունէութեան կողքին, Ուլուբաբեան աւելի ծանօթ եղած է իր պատմագիտական աշխատութիւններով։

1969-ին «Արցախի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 10րդ դարը» նիւթով ատենախօսութիւն պաշտպանած է եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան ստացած, իսկ 1973-ին՝ դոկտորի տիտղոս, « Խաչէնի իշխանութեան պատմութիւնը (9ից 10րդ դարեր)» ատենախօսութեան համար։

Աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող։ Պատմագիտական գործերը գլխաւորապէս նուիրուած են Արցախի պատմութեան ու մշակոյթին, պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններուն, գործիչներուն, որոնց նուիրած է 11 հատոր, եւ Հայաստանի զարգացած աւատապետութեան պատմութեան։

Աշխարհաբարի վերածած է Ղազար Փարպեցիի եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութիւնները։

Մահացած է Եղուարդի մէջ։ Թաղուած է Երեւան[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։