Jump to content

Շուշիի բերդ

Շուշիի պարիսպներ

Շուշիի բերդ, հայկական միջնադարեան ամրոց-բնակավայր։ Կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ։

Բերդը հիմնուած է Փանահ-Ալիի կողմէն[1], որ Նադիր շահի բանակին կը ծառայէր։ Վերջինիս մահէն ետք Իրանի մէջ կը սկսին գահակալական կռիւներ, եւ Փանահ-Ալի, առիթէն օգտուելով, կը հեռանայ Շաքի (քաղաք, Ազրպէյճանի մէջ), ապա՝ Շիրվան (քաղաք), եւ ինքզինք Ղարաբաղի խան կը հռչակէ։ Խամսայի հայ մելիքներու միութիւնը խախտելով՝ ան 1748-1759 թուականներուն կը դառնայ տեղին վարչական ղեկավարը։

Շուշիի ամրոցին հիւսիս արեւմտեան մասը ԺԹ. դարուն

1744-ին Վարանդայի տիրակալ կը նշանակուի Մելիք-Հիւսէյնի անդրանիկ որդին Մելիք-Յովսէփը, զոր պարսիկները Հիւսէյնկ'անուանէին[2]: Ան Խաչէնի Հասան-Ջալալեաններու տան փեսան էր։ Անոր կրտսեր եղբայրը՝ Մելիք-Շահնազար Բ., օգտուելով Իրանի գահակալական կռիւներէն, կը սպաննէ եղբայրը, կը կոտորէ անոր ընտանիքը եւ ինքզինք կը հռչակէ Վարանդայի մելիք։

Մելիք-Յովսէփ եւ Մելիք-Շահնազար խորթ եղբայրներ էին, Յովսէփ ծնուած էր Մելիք-Հուսէինի Աննա-խաթուն անունով կնոջից, որ Դիզակի իշխան Մելիք-աւանի քոյրն էր, իսկ Մելիք-Շահնազարը ծնուած էր Զոհրախանումից, որ Նախիջեւանի խանի աղջիկն էր, ազգով թուրք: Մելիք-Հիւսէին անոր իբրեւ գերու բերեց Նախիջեւանից, յետոյ ամուսնացաւ նրա հետ:

Իրանի Ալի Իպրահիմ շահը կը հաստատէ Շահնազարի իշխանութիւնը։ Արցախի մելիքները կը միաւորեն իրենց ուժերը, կը պաշարեն Մելիք-Շահնազարի աւետարանոց բերդը, բայց ձմրան պատճառով կը վերադառնան՝ գարնան կրկին արշաւելու պայմանով։ Վարանդայի մելիքը կը դիմէ Փանահ խանի օգնութեան, անոր կը հպատակին եւ հաւատարմութեան երդում կու տան եւ անոր աջակցութեամբ կ'ազատին մելիքներու պատիժէն։ Ապա Մելիք- Շահնազարը իր աղջիկը Հուրզադ խանումը, կնութեան կու տայ Փանահի որդիին՝ Իպրահիմ խանին, անոնց կը նուիրէ Արցախի անառիկ բերդաքաղաք Շուշին:

Շուշին կը կոչուի «Փանահաբադ», իսկ աւելի ուշ՝ մօտակայ Շուշիքենդ գիւղին անունով՝ Շուշի, որու բնակիչներուն մէկ մասը կը տեղափոխուի այս ամրոցը[3]՝ Շահբուլաղի բնակիչներուն հետ միասին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Mirza Yusuf Nersesov. A Truthful History. (անգլերէն)
  2. Պարսամեան Վ.Ա. - Հայ ժողովրդի պատմութիւն. հատոր 2 -րդ Չ (Թ.- ԺԹ. դարեր)
  3. Րաֆֆի՝ Խամսայի Մելիքութիւնները[permanent dead link]