Jump to content

Մարտունի (Արցախ)

Բնակավայր
Մարտունի
Մարտունիի կեդրոնական փողոցներէն մէկը
Երկիր Արցախ
ԲԾՄ 390±1 մեթր
Բնակչութիւն 5800 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00

Մարտունի, քաղաք Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան կողմը, Մարտունի շրջանի վարչական կեդրոնը։

Մարտունին Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան կողմը գտնուող քաղաք է։ Կը զբաղեցնէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի հարաւ-արեւելեան մասը։ Մարտունի շրջանի տարածքը կը կազմէ 1025 քառ․քմ․, իսկ բնակչութիւնը՝ 22990 մարդ։ Վարչական կեդրոնը Մարտունի քաղաքն է, որուն բնակչութիւնը կը կազմէ 4695 մարդ։

Մարտունին, պատմական Հայաստանի Արցախ նահանգի Վարանտա գաւառի մէկ մասն է, որ ոչ միայն Արցախի, այլ՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի, տնտեսական կեանքի զարգացման, արտաքին թշնամիներու դէմ պայքարելու համար կարեւոր դեր ունեցած է։ Արցախի միւս շրջաններուն հետ համեմատելով Մարտունի շրջանի տարածքին զգալի մասը հարթավայրային է եւ ծովի մակերեսէն 400 մեթր բարձրութիւն ունի։ Շրջանի հարթավայրային մասին մէջ, յատկապէս Մարտունի քաղաքի կլիմայական պայմանները չոր մերձարեւադարձային են, մթնոլորտային տեղումները՝ նուազ։ Արեւմտեան շրջանը սահմանակից է Ասկերանի, հարաւային մասը՝ Հատրութի շրջաններուն, արեւելեան ու հարաւային մասերը՝ Ֆիզուլիի, իսկ հիւսիսային մասը՝ Աղտամի շրջաններուն։

Մարտունի շրջանի արեւմտեան կէսը նախալեռնային, թոյլ թեքութիւն ունեցող մակերես ունի։ Կլիմայական պայմանները նպաստաւոր են գիւղատնտեսութեան համար։ Համեմատաբար բարձր են Ննգի, Կաղարծի, Աշան, Խերխան, Թաղավարդ գիւղերու եւ Ճարտար քաղաքի Կիւնէ մասի մօտէն ձգուող լեռնաճիւղերու գագաթները, որոնք ծովի մակերեսէն 1200-1500 մեթր բարձրութիւն ունին։

Մարտունիի շրջանի ընդերքը հարուստ է կրաքարի, պազլտի, մարմարի, կրանիտի եւ կաւի պաշարներով։ Մարմարի պաշարներով հարուստ է Նորշէնը, կրանիտի պաշարներով՝ Ննկին, կաւի պաշարներով՝ Ննկի ու Ղաւախան գիւղերու շրջակայքը։

Շրջանի տարածքոին մէջ պահպանուած են հայկական պատմաճարտարապետական 353 յուշարձան, որոնցմէ կանգունն ու հնագոյնը Ամարասի վանքն է։ Այն կը գտնուի Մարտունի քաղաքէն աւելի քան 20քմ․ հարաւ-արեւմուտք, Մաճկալաշէն գիւղին մօտ, Ամարաս գետի ձախ ափին։ Ամարասի վանքը Էջմիածնի հասակակիցն է, որ կառուցուած է 4-րդ դարու սկիզբը Գրիգոր Լուսաւորիչի, այնուհետեւ՝ անոր թոռ Գրիգորիս եպիսկոպոսի կողմէ։ Վերջինս թաղուած է Ամարասի մէջ։ Շրջանին մէջ կայ քաղաքային 2 համայնք, գիւղական 34 համայնք եւ գիւղական 38 բնակավայր։

Մարտունի շրջանի քաղաքներն են՝ Մարտունի եւ Ճարտար։

Գիւղերէն առաւել խոշորներն են՝ Բերդաշէնը, Կիշին, Թաղավարդը, Մաճկալաշէնը, Խնուշինակը, Հերհերը, Աշանը եւ Քերթը։

Շրջանի գիւղատնտեսական հողատարածքները կը կազմեն 35985,3 հեկտար, իսկ վարելահողերը 21324,0 հեկտար։ Մարտունի շրջանը գիւղատնտեսութեան համար առաւել նպաստաւոր պայման ունեցող շրջաններէն մէկն է։

Առողջապահութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2013-ին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի (Նիւ Եորք) իր տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ Մարտունի քաղաքին մէջ կը կառուցէ հիւանդանոց[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]