Jump to content

Ջրաբերդ

Բնակավայր
Ջրաբերդ
Երկիր Արցախի Հանրապետութիւն
Շրջան Մարտակերտ
Բնակչութիւն 65 մարդ (2005)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Ջրաբերդ, գիւղ Մարտակերտի մէջ՝ կեդրոնէն 6 քմ հիւսիս-արեւմուտք՝ 450 մ բարձրութեան վրայ՝ Թարթառ գետի աջ ափին։ Շրջակայքը Երիցմանկանց վանքն է (Ժէ. դար)։


Ջրաբերդ ( բառացի «Ջրային Բերդ»), այլ անուանումներ՝ Ջերմուկ, Ջարոբերտ, Ջարապերթ, Ջարիպերթ, միջնադարեան հայկական ամրոց, որ կը գտնուի Թրղի եւ Թարթառ գետերու բարձրադիր լեռներուն վրայ։ Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային բաժանման ամրոցը կը գտնուի Մարտակերտի մէջ եւ կը հովանաւորուի ԼՂՀ կողմէ։ Ըստ Ազրպէյճանի վարչատարածքային բաժանման՝ Թերտերեան շրջանին մէջ։

Ըստ Րաֆֆիի՝ Ջրաբերդ ամրոցը «կանգնած» է ճիշդ ջուրին վրայ, որու գագաթը հսկայական ժայռաբեկոր մըն է եւ որ վարէն կ'ողողուի մոլեգնած Թարթառին եւ անոր Թրղի վտակին ջուրերով: Այս երկու գետերը իրարու մէջ թափելով, ամրոցին թերակղզիի տեսք մը կու տան։ Զառիթափ լանջերով հսկայածաւալ ժայռազանգուածը շրջապատուած է անտառախիտ լեռնակոյտերով: Րաֆֆի, համեմատելով Ջրաբերդը ղարաբաղցիներու ըմբոստ էութեան ու աննկուն կամքին հետ, գրած է.

Հրէշաւոր անդունդից բարձրանում է սեպաձեւ ժայռը: Նայում ես ու հիանում. Ինչքա՜ն հզօր է այս հրաշքը ստեղծած բնութիւնը:


Ջրաբերդ Հիւսիս-արեւելեան Հայաստանի պատմական ամրոցներէն մէկն է։ Ղարաբաղի ամենայայտնի բերդերէն մէկը, որ իր անունը ստացած է այն պատճառով, որ երեք կողմէն շրջապատուած է ջուրով[1]: Անիկա կանգուն է Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակաշրջանէն։ Առաջին անգամ Ջրաբերդի մասին խօսած է վաղ միջնադարեան նշանաւոր հայ պատմաբան Մովսէս Կաղանկատուացին։ Ամրոցը վաղ միջնադարէն ի վեր կառուցուած է եւ դարձած Արցախ-Խաչէն-Ղարաբաղի անառիկ ու նշանաւոր պաշտպանական յենակէտերէն մէկը[2]: Ջրաբերդ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին եղած է հայ մելիքներու հովանաւորութեան տակ, որոնց ծնունդներն են՝ Վախթանգեանները, Հասան Ջալալեանները, Մելիք -Իսրայէլեանը, Մելիք-Ալավերդեանը եւ Աթաբեկեանները։

Ամրոցին աւերակները պահպանուած են մինչեւ մեր օրերը։ Բացի պարիսպներէն ու բազմաթիւ այլ շինութիւններու աւերակներէն՝ պահպանուած են նաեւ դէպի գետ իջնող թաղածածկ գետնուղիներն ու հարաւարեւմտեան՝ գետամերձ ստորոտին հարող կամարական դարպասը: Տեսանելի են ռազմական եւ տնտեսական կառոյցները եւ ամրոցը։ Ջրաբերդին աւերակներէն փապուղի մը փորուած էր։ Բերդէն ոչ հեռու կը գտնուի հայկական Երեք Մանկուկ եկեղեցին, որ կառուցուած է ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն։ Հոս պահպանուած են հայկական խաչքարեր, նկարներ եւ այլն[3]։

Բերդին տարածքը բաւական ընդարձակ է: Ժայռերուն վրայ փորուած են դէպի գետը տանող աստիճաններ: Ջրաբերդը Ղարաբաղի լաւ պահպանուած բերդերէն մէկն է:

Աւանդութեան մը համաձայն՝ Ժամանակին հոն բնակած են քաջ, համարձակ, հաւասարակշռուած, հնարամիտ ու դիմացկուն մարդիկ: Կը պատմուի, թէ թշնամին կու գայ նուաճելու Ջրաբերդը եւ չկարենալով գրաւել զայն՝ կը պաշարէ: Պաշարումը կը տեւէ երկար: Թշնամին կը յուսայ, որ բերդին մէջ հացի պաշարը շուտով կը վերջանայ, եւ սովի վտանգէն վախցած մարդիկ անձնատուր կ'ըլլան: Սակայն Ջրաբերդին հնարամիտ մարդիկը չեն ձգեր, որ սովը գերութեան դուռը հասցնէ զիրենք: Բերդին պատերէն անոնք դուրս կը բերեն հոն գտնուած կիրը ու կը սկսին մաղել՝ ի ցոյց թշնամիին: Պաշարողները կը մնան զարմացած. ինչք՜ան հարուստ են այս բերդին բնակիչները, որ երկար պաշարումէ ետք ալ ալիւր կը մաղեն պարիսպներուն վրայ: Թշնամին, որ արդէն սպառած էր իր բոլոր ուժերը ու համբերութիւնը, կը կարծէ, որ դեռ շատ ալիւր կայ բերդին մէջ, յուսահատ եւ ձեռնունայն կը հեռանայ Ջրաբերդէն[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ղարաբաղի ամենայայտնի բերդերէն մէկը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-02 
  2. Ամրոցը վաղ միջնադարուն
  3. «Ջրաբերդ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-02 
  4. Առասպել Ջրաբերդի մասին