Jump to content

Սումկայիթի Ջարդեր

Սումկայիթի ջարդեր, Խորհրդային Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ, Ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած՝ քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան եղեռն եւ զանգուածային տեղահանութիւն, որ տեղի ունեցած է 1988 թուականի Փետրուարի 27-էն 29-ի միջեւ։ Հայութեան դէմ իրականացած այս ոճիրին նպատակն էր կանխել Արցախեան շարժումը եւ հայերը ահաբեկելով նոր արիւնահեղ գործողութիւններու հեռանկարով՝ կանխել Արցախեան ազատագրական պայքարի տարածումը։ Եղեռնագործութեան նախօրեակին Խորհրդային Ատրպէյճանի կուսակցական գործիչ Է. Ասադով սպառնացած է՝ հայերու նկատմամբ հաշուեյարդար տեսնելու նպատակով բազմահազար ատրպէյճանցիներու արշաւ կազմակերպել դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։ Փետրուարի 26-ին, դէպքերէն մէկ օր առաջ, Միխայիլ Գորբաչով հայ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ «մտավախութիւն» յայտնած էր Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան 200.000 հայերու ապահովութեան մասին՝ զայն ուղղակիօրէն կապելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանին վերամիաւորելու արցախահայութեան պահանջին հետ։

Ստեղծուած պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար օգտագործուած են ստայօդ լուրեր՝ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ զանգուածաբար կը սպանեն ատրպէյճանցիները, կը թալանեն անոնց ունեցուածքը եւ այլն։ Մասնաւորապէս գրգռիչ ազդեցութիւն ունեցած է Խորհրդային Միութեան գլխաւոր դատախազ Կատուսեւի հեռատեսիլի ելոյթին ժամանակ հրապարակուած՝ Ասկերանի դէպքերու ընթացքին երկու ատրպէյճանցիներու սպանութեան մասին տեղեկութիւնը։

Ծրագրուած ոճրագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոճրագործութիւնը նախօրօք ծրագրուած էր, ինչպէս կը վկայեն ջարդարարներու մօտ հայերու բնակարաններու ցուցակներու գոյութիւնը, նախապէս մշակուած բեմադրութիւնը եւ դերաբաշխումը (սպանութիւն եւ ջարդ իրականացնողներ, թալանողներ, ունեցուածք ոչնչացնողներ, ոճիրի հետքերը անհետացնողներ), արտադրամասերու մէջ մետաղաձողերու եւ այլ գործիքներու պատրաստութիւնը, ոճիրը իրագործելու համար, թմրանիւթերու եւ ոգելից խմիչքներու բաժանումը։ Ասկէ զատ, հայերու հեռաձայնային կապը անջատուած է, ներքին գործոց եւ շտապ օգնութեան սպասարկութիւնը դիտումնաւոր կերպով չեն գործած, պայմանական եւ ազդանշանային համակարգ գործի դրուած է՝ հայերու տեղերը բացայայտելու համար, եւ այլն։

Երեք օր շարունակուող սպանդի արդիւնքները զարհուրելի էին։ Ըստ խորհրդային պաշտօնական տուեալներու, քանի մը տասնեակ սպանուածներ եղած են, իսկ անպաշտօն տուեալներով՝ հազարէն աւելի, որոնց մեծ մասը խոշտանգումներէ ու կտտանքներէ ետք ողջ-ողջ այրուած է։ Ասկէ զատ, եղած են հազարաւոր վիրաւորներ, հարիւրաւոր բռնաբարուածներ, ներառեալ՝ մեծաթիւ անչափահասներ, 18.000 փախստականներ, քանի մը հարիւր աւերուած ու թալանուած բնակարաններ, տասնեակ կողոպտուած խանութներ, արհեստանոցներ եւ հանրային հաստատութիւններ, քանի մը տասնեակ փճացած ինքնաշարժներ եւ այլն։

Փետրուար 29-ին խորհրդային զօրքեր մտած են Սումկայիթ, սակայն բռնարարքներն ու սպանութիւնները շարունակուած են։ Բանակը զէնք կիրառելու հրաման չէ ստացած մինչեւ երեկոյ, երբ դիմած է վճռական գործողութիւններու, կանխելով յետագայ ջարդերը։

Միայն 94 հոգի քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուած է, իսկ միայն մէկ հոգիի նկատմամբ մահապատիժ կիրարկուած է: Մնացածներուն ներկայացուած են սպանութեան, բռնաբարութեան, ջարդի եւ այլ մեղադրանքներ, որուն համաձայն, առանց բացառութեան, բոլոր դէպքերուն ոճիրի հիմնաւորումը «խուլիգանական դրդապատճառներ» էին։ Յատուկ դիտաւորութեամբ, խորհրդային իշխանութիւնները բոլոր ոճիրները, ընդհանուր մէկ գործի մէջ ներառելու փոխարէն, բաժնած են քանի մը մասերու՝ դատավարութիւնները կատարելով տարբեր քաղաքներու դատարաններուն մէջ։ Դատավարութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցած են դատական ընթացակարգի եւ տուժածներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ։ Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, ոճրագործներու շատ դատեր ընդհատուած են եւ անոնց մեծ մասը ազատ արձակուած։ Եղեռնը պաշտօնապէս չէ դատապարտուած եւ զոհերու հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնուած չէ։ Անպատիժ մնացած են նաեւ քաղաքային եւ իրավապահ համակարգի աշխատողները։

Սումկայիթի զոհերու ճշգրիտ թիւը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սումկայիթի զոհերու ճշգրիտ թիւը պարզուած չէ։ Ատրպէյճանի դատախազութեան տրամադրած տուեալներուն վրայ հիմնուելով, Խորհրդային Միութեան դատախազութիւնը յայտարարած է, որ «Սումկայիթի մէջ զոհուած է հայազգի 27 քաղաքացի»։ Սակայն, ոչ պաշտօնական տուեալներով ջարդուածներու թիւը կը հասնի հազարի, որոնց աճիւնները մինչեւ օրս ալ կը յայտնաբերուին Սումկայիթի արուարձաններու նոր շինարարութեան մէջ։

Միջազգային հանրութիւնը Սումկայիթի ոճրագործութիւնը չէ ճանչցած որպէս ցեղասպանութիւն։ Զայն դատապարտած են Եւրոպական Խորհրդարանը (1988), Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը (1988) եւ Արժանթինի խորհրդարանը։

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները եւս Սումկայիթի ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս չեն ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն, բաւարարուելով Ստեփանակերտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը եւ Երեւանի մէջ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին մօտ խաչքար մը տեղադրելով։

Ականատեսներու վկայութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերեանեան Շահէն Ֆրիդոնի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահէն Սերեանեանը ծնած է 1959 թուականին։ Կնոջ, 8 ամսական երեխային, քրոջը, մօրը, հօրը, զոքանչին եւ աներձագին հետ փախած է Սումկայիթ, ուր բնակած էր 45–րդ թաղամասի 12–րդ տան 38–րդ բնակարանին մէջ։ Աշխատած է որպէս կահագործ։ Ան կը պատմէ․

Փետրուարի 27–ի երեկոյեան ժամը 8–ին տանը նստած էինք, զանգահարեց մեր բարեկամը՝ Շահումեանի շրջանէն եւ ըսաւ, որ եկած է Պաքուէն, չէ կրցած տուն մտնել, թուրքերը ամբոխով հաւաքուած են, հայերու գործը վատ է։ Մենք սկիզբէն չհաւատացինք։ Քեռիս էր մեր տանը, ըսաւ, որ Սումկայիթն ալ անհանգիստ վիճակ է, թուրքերը հաւաքուած են։ Մեր թաղամասին մէջ գիշերը բան մը չի պատահեցաւ։ Առաւօտեան ժամը 11–էն մեր թաղամասն ալ իրար խառնուեցաւ։ Հազարաւոր մարդիկ գոռալով, հայհոյելով կը վխտային Դրուժբայի, Նարիմանովի փողոցներով, յարձակելով հայերու վրայ, ծեծելով կամ սպանելով։ Հայերը սկսան իրար զանգահարել․ տուներէն դուրս մի՛ ելլէք, դռներու վրայի ազգանունները հանեցէ՛ք։ Ամբողջ օրը դուրս չելանք։ Օֆելյա Յուսիֆունան, Էլդարը, Շաքիր Շիրինովը ըսին՝ մի՛ վախնաք, կը պաշտպանենք։ Երկուշաբթի մեզմէ ոչ ոք գործի չգնաց։ Մայրս գործարանի դարմանատան մէջ կ'աշխատի, բժշկուհին զանգահարեց․ գործի չգաս։

Հայրս դուրս ելաւ՝ իր մօրաքրոջը Պաքու ուղարկելու։ Վերադարձաւ լալով։ Ան տեսած էր, թէ որոնց կը սպասեն մարդկիկը, պատուհանները ձքելով։ Երեկոյեան ժամը 5–ին ամբոխը ներխուժեց հարեւան 5 յարկանի շէնք։ Սարսափելի ճիչ բարձրացաւ։ Լսեցի իմ ծանօթիս՝ Սաշայի կնոջ ձայնը․ «Помогите»։

Մեր Ազրպէյճանցի հարեւան Էլշադը պատմեց, որ Սաշայի կնոջը՝ Աւագեան Լոլային, դուրս հանեցին շէնքին մուտքէն՝ առանց հագուստներու։ Սաշային ու Լոլային սպանեցին այլանդակ խոշտանգումներէն յետոյ։ Անոնք երեխայ չունէին։ Լոլայի մարմինը 500 մեթր քաշել տուին Դրուբայի փողոցով, դեռ ողջ էր, սպանեցին չայխանայի (թեհարանի) մօտ։ Միլիցիան ոչ մէկ միջոց ունէր։ Նոյն շենքին մէջ ծերունիի մը ծեծեցին[1]

։

Սերեանեան Էլմիրա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերեանեան Էլմիրան ծնած է 1963 թուականին։ Աշխատած էր իբրեւ մանկապարտէզի դաստիարակ։ Աւարտած է Երեւանի Օստրովսկիի անուան ուսումնարանը։ Ան կը պատմէ․

Երկուշաբթի ջարդը հասաւ մեր թաղամասը։ Ես հօրս ու հարսիս եղբօր հետ թաքնուած էի Էլտարի տանը, պատշգամի պահարանին մէջ՝ ես ու հայրս, Սերգէյը՝ բազմոցի տակ։ Իմ աչքով տեսած եմ միայն Սաշայի ու Լոլայի սպանութիւնը։ Աղմուկ–աղաղակ էր։ 100-150 հոգի էին։ Սաշային սպանեցին մուտքի մօտ, կը զարնէին փայտերով, ոտքերով։ Սաշայի քոյրը՝ Նատաշան, պատշգամէն կը գոռար, օգնութիւն կանչելով։ Ինչ եղաւ այդ աղջկան, չիմացանք։ Սաշայի դիակը քանի մը ժամ ինկած էր փողոցին մէջ, ոչ ոք չէր մօտենար, յետոյ հարեւաններէն մէկը տարաւ, բայց ու՞ր, չենք գիտեր։ Սաշայենց տան իրերը՝ կահոյքը, հեռատեսիլը, ամէն ինչ շպրտեցին 4–րդ յարկէն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Սամուէլ Շահմուրադեան, «Չմոռանանք ոչինչ․ Երեւան 1988 թ․», Երեւան 2005 թ․։
  • de Waal, Thomas (2003). Black Garden։ Armenia and Azerbaijan Through Peace and War. New York։ New York University Press. ISBN 9780814719459.
  • Kaufman, Stuart J. (2001). Modern Hatreds։ The Symbolic Politics of Ethnic War. Ithaca։ Cornell University Press. ISBN 0-8014-8736-6.

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։