Jump to content

Շահումեան (Արցախ)

Շահումեան

Շահումեան, քաղաք Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ութ շրջաններէն մէկը, որ կ'ընդգրկէ երկիրին հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան մասը։ Անիկա կը համապատասխանէ պատմական Արցախի Կիւլիստանի եւ Քարվաճառի տարածքին:

Շահումեան արեւելքէն սահմանակից է Մարտակերտին, հարաւէն՝ Քաշաթաղի շրջանին, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ ՀՀ Գեղարքունիքին եւ հարաւ-արեւմուտքէն Սիւնիքին, Վայոց Ձորին, Հիւսիսային մասին մէջ Շահումեանի շրջանը սահմանակից է Ազրպէյճանին ինչպէս նաեւ բռնակացուած հայկական հողատարածքներուն մէջ ձեւաւորուած Խանլարի շրջաններուն։

Շահումանի շրջանին տարածութիւնը 1837,5 քառ. քմ է: 2009-ի տուեալներով ունէր 2821 բնակիչ: Շրջանը կը կազմէ ԼՂՀ տարածութեան 16,1%-ը, իսկ բնակչութիւնը` 2%-ը[1]:

Շահումեան շրջանին Դադիվանք գիւղին մէջ, Դադիվան լերան լանջին, Թարթառ գետի ձախ ափին կը գտնուի Դադիվանքը։

Դադիվանք

Բռնագրաւուած եւ ազատագրուած տարածքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահումեանի շրջանին մէկ մասը այսօր բռնագրաւուած է Ազերիներէն: Յունիս 1992-ին, ազրպէյճանական բանակին կողմէ շրջանին բռնագրաւման պահուն, հոն կային 18 բնակավայրեր եւ շուրջ 25.000 բնակիչ։ Այս շրջանին մէջ կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի ամենահին քրիստոնէական յուշարձաններէն՝ Գլխավանքը եւ Օրեկավանքը։ Բռնագրաւուած հատուածին մէջ կը գտնուի նաեւ հերոսական Գետաշէնը[2]:

Շրջանին ազատագրուած տարածքին մէջ (Քարվաճառ, զոր ազերիները Քելբաջար կը կոչէին) կան 15 գիւղական բնակավայրեր, որոնց մեծ մասին բնակիչները տեղափոխուած են Ազրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած, պատմական Կիւլիստանի տարածաշրջանէն, որ խորհրդային տարիներուն կը կոչուէր Շահումեանի շրջան: Ահա թէ ինչու ազատագրուած այս մասն ալ Շահումեանի շրջան կ'անուանուի:

Այսօրուան Շահումեանի շրջանը (ասիկա պատմական Հայաստանի այն տարածութիւնն է, զոր պատմահայր Խորենացին կ'անուանէ Վայկունիք, իսկ ԺԲ.- ԺԳ. դարերուն անիկա կոչուած է Վերին Խաչէն, իսկ աւելի ուշ՝ Քոլան), երբ Արցախ Ռուսաստանի կազմին մէջ էր, անիկա ներառուած է Ճիւանշիր գաւառին մէջ եւ այդպէս ալ կոչուած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը: Այդպիսով բոլոր փաստերը կը հաստատեն, որ այս տարածքը միշտ ալ եղած է հայկական Արցախի անբաժանելի մէկ մասը:

Հանրապետութեան հռչակում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988-ի սկիզբներէն Շահումեանի շրջանին հայութիւնը հերոսաբար կը պայքարի Ազրպէյճանի 70-ամեայ գաղութային լուծին դէմ, կը վերամիանայ ԼՂԻՄ-ին, որուն հետ միասին կը հռչակէ Հանրապետութիւնը: Այդ հերոսական պայքարը կը շարունակուի մինչեւ 13 Յունիս 1992, մինչեւ այն պահը, երբ ազրպէյճանական կանոնաւոր զօրքը ռուս եւ այլազգ վարձկան զինուորներու եւ սպաներու օգնութեամբ, մեծաթիւ հրասայլերով եւ զրահամեքենաներով կը ներխուժեն Շահումեանի շրջան: Անհաւասար ուժերու առկայութեան եւ սպասուող անհրաժեշտ օգնութեան ուշացման պատճառով, ինչպէս նաեւ համատարած ցեղասպանութենէն խուսափելու նպատակով, այս հերոսական շրջանին բնակչութիւնը ստիպուած, եւ մեծ դժուարութիւններով կը հեռանայ հայրենի սահմաններէն: Շահումեանի շրջանին հայերը ժամանակաւորապէս բնակութիւն կը հաստատեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ փոքր մասը կը բնակի ներկայի Շահումեանի շրջանին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Շահումեանի շրջան» 
  2. «Շահումեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-28