Փլինիոս Մեծ

Փլինիոս Մեծ
լատ.՝ Caius Plinius Secundus
Ծնած է ոչ վաղ քան 23 եւ ոչ ուշ քան 24
Ծննդավայր Novum Comum, Հռոմէական Իտալիա, Հռոմէական Կայսրութիւն[1][2][3][…]
Մահացած է 79[4][1][3][…]
Մահուան վայր Ստաբիի, Հռոմէական Իտալիա, Հռոմէական Կայսրութիւն[3][2][5][…]
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Մայրենի լեզու Լատիներէն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Natural History?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, պատմաբան, բնագէտ, զինուորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, արուեստագէտ, պետական ծառայող, military commander
Վարած պաշտօններ Procurator? եւ praefectus classis?
Ծնողներ հայր՝ Gaius Plinius Celer?, մայր՝ Marcella?
Երեխաներ Պլինիոս Կրտսեր?

Փլինիոս Մեծ, բուն անունով՝ Կայոս Փլինիոս Սեքունտոս, Հին հռոմէացի գրող-գիտնական, Փլինիոս Կրտսերի հօրեղբայրը եւ հոգեհայրը։

Ծառայած է Հռոմի հռենոսեան հեծելազօրքին մէջ (45-57), Ներոն կայսերի օրով (57-68) հեռացած է հասարակական քաղաքական կեանքէն։ Վեսպասիանոս կայսրի օրով (69-79) Փլինիոս աւագ դատախազ էր Սպանիոյ, Ափրիկէի, ապա՝ կայսերական (Վեսպասիանոսի, այնուհետեւ Տիտոսի) խորհրդատու։ Շնչահեղձ եղած է Վեզուվիο հրաբխային ժայթքման ընթացքին։

Գրած է բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ մեզի հասած են 37 գիրքերէ բաղկացած «Բնական պատմութիւն» հանրագիտարանային բնոյթի երկը։ Անիկա կարեւոր աղբիւր է բնագիտութեան մասին հին պատկերացումներու ուսումնասիրութեան համար։ «Բնական պատմութիւնը» ոչ ծաւալուն, սակայն խիստ կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան մասին[6]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]