Ատրպատական

Ատրպատականը Տիգրան Մեծի կայսրութեան կամ տիրակալութեան կազմին մէջ

Ատրպատական (նաեւ՝ Մարաստանի Ատրպատական, Փոքր Մարաստան, հին պարսկերէն՝ Āturpatkān, պահլաւերէն (Միջին պարսկերէն, որ կը գործածուէր Պարսկաստանի մէջ Սասանեաններու շրջանին) Āturpātākān, դասական պարսկերէն՝ Āδarbāδāgān/Āδarbāyagān, յունարեն՝ ᾿Ατροπατήνη, բիւզանդական յունարէն՝ Άδραβιγνων, ասորերէն՝ Aδorbāyγān, արաբերէն՝ آذربایجان‎‎), ներկայիս Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը տեղակայուած պատմական երկրամաս եւ հին պետութիւն։ Սահմանակից էր Մեծ Հայքին հարաւ-արեւելքէն։ Ատրպատականի մայրաքաղաքը Գանձակն էր։ Վաղ շրջանին մայրաքաղաքն էր ՝ Փրաասպան։


Ք.Ա. 7-6-րդ դարերուն Մարաստանի հիւսիսային երկրամասն էր, 6-4-րդ դարերուն Աքեմենեան Իրանի Փոքր Մարաստան սատրապութիւնը։ Տարածուած էր Կապուտան (Ուրմիոյ) լիճի եւ Կասպից ծովի միջեւ՝ հարաւէն սահմանակցելով Մեծ Մարաստանին, արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն՝ Մեծ Հայքի Նոր Շիրական (Պարսկահայք), Վասպուրական եւ Փայտակարան նահանգներուն։ Ք.Ա. 321 թուականին անկախացաւ եւ հարստութեան հիմնադիր թագաւոր Ատրոպատեսի անունով կոչուեցաւ նաեւ Ատրպատական։


Հայ Արշակունիներու ժամանակ կը զանազանուէր «Հայոց Ատրպատականը» (կոչուած է նաեւ «Մարաց գաւառ»)։ Հայաստանի այս գաւառը Տրդատ Ա-ի կալուածքն էր, որ անոր թագաւոր հռչակուելէն յետոյ, մնաց իբրեւ «տուն ձեռական իշխանութեան թագաւորին Հայոց» (Փավստոս Բիւզանդ)։ Տիոն Կասիոսը եւ Հերոտիանոսը կը վկայեն, որ Պարթեւ Արշակունիներու անկումէն (224) յետոյ Հայաստանն ու Ատրպատականը երկար տարիներ համատեղ ուժերով կը պայքարէին Սասանեան Արտաշիր I թագաւորի դէմ։ 252 թուականին Ատրպատականը վերջնականապէս նուաճուեցաւ եւ վերածուեցաւ մարզպանութեան՝ Սասանեաններուն ենթակայ շահապի կամ սատրապի գլխաւորութեամբ։ Այնուհետեւ Ատրպատականը դարձաւ Սասանեան պետութեան յենակէտը՝ ընդդէմ Հայաստանի, Աղուանքի եւ Վրաց աշխարհի։ 387 թուականին Հայաստանի բաժանումէն յետոյ, Պարսկահայք նահանգը Հեր, Զարեւանդ գաւառներով, որոնք ունէին ռազմավարական կարեւոր դիրք, Սասանեաններն անջատեցին Մեծ Հայքէն եւ միացուցին Ատրպատականին։ Պարսկական զօրքերը սովորաբար Պարսկահայքով կը ներխուժէին Հայաստան։ Սասանեան Խոսրով I Անուշիրվան թագաւորի (իշխած է 531—578) կատարած վարչական նոր բաժանումով, Ատրպատականը դարձաւ պարսկական պետութեան չորս քուստակութիւններէն մէկը, որ յայտնի է «Քուստակ-ի Ատրպատական» անունով։ Անիկա կը կառավարէր ռազմական եւ վարչական լիազօրութիւններ ունեցող «պատկոսպանը», որուն նստավայրն էր Գանձակ քաղաքը։ Ասոր իշխանութեան կ'ենթարկուէին Հայոց, Վրաց եւ Աղուանէն մարզպանութիւնները։