Տող գիւղ

Գիւղ
Տող գիւղ
ազրպ.՝ Tuğ
Երկիր Արցախ
Շրջան Հադրութ
ԲԾՄ 843 մեթր
Բնակչութիւն 700 մարդ (2005)[1]
Ազգային կազմ Հայեր
Ժամային գօտի UTC+4

Տող, գիւղ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանին մէջ՝ կեդրոնէն 20 քմ հիւսիս-արեւմուտքˋ Տողասարի արեւելեան լանջին՝ 900 մ բարձրութեան վրայ։ Ունի 1567 հա տարածութիւն: Ըստ 2005-ի մարդահամարին՝ ունէր 10 հազար բնակիչ։ Տող գիւղին մասին յիշատակութիւններ կան Է. դարէն։ ԺԶ. դարուն եղած է Դիզակի մելիքութեան կեդրոնը, ԺԷ. դարուն՝ բերդաքաղաք [2]։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական աղբիւրներուն մէջ կը նշուին գիւղին մէջ եւ անոր մօտակայքը գտնուող բազմաթիւ խաչքարեր եւ տապանաքարեր, եկեղեցիներ եւ հին ամրոցներ, դղեակներ, քարանձաւներ, արտադրական եւ կենցաղային բնոյթի տարբեր կառոյցներ։

Տող գիւղը արցախեան ազատագրական պայքարին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տողի մէջ ինքնապաշտպանական ջոկատներ ստեղծուած են Մարտ 1988-ին, երբ գիւղի ազերիները 1988-ին ընդհարումներ ունեցած են հայերուն հետ: Տողի մէջ կայ ազրպէյճանական Ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանման գումարտակ մը, որու զինծառայողները 17 Հոկտեմբեր 1991-ին սպաննած են Դանիէլեաններու ընտանիքին բոլոր 5 անդամները։ Նոյն տարուան 30 Հոկտեմբերին Տողի (հրամանատարˋ Վիգէն Գրիգորեան) եւ այլ կամաւորական ջոկատներ ինքնապաշտպանական ուժերուն հետ (հրամանատար՝ Արկադի Տէր-Թադէոսեան) ազատագրած են գիւղը (տես Տողի ազատագրում

Տողէն հրամանատարներ են Վ. Գրիգորեան, Արմէն Գասպարեան, Ս. Աւագեան, Ա. Շաբարեան, Վ. Աւետիսեան, Վ. Սահակեան եւ Ա. Ստեփանեան։ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած են Վիգէն Գրիգորեանը, Արմէն Գասպարեանը[3], եւ Կ. Միքայէլեանը։ Զոհուած է 25 ազատամարտիկ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://census.stat-nkr.am/nkr/1-1.pdf
  2. Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ հանրագիտարան, 2005, էջ 633 Երեւան
  3. «Հայ Զինուոր կայք՝ «Մեր Արմէնճոն»»