Նափոլէոն Գ.

Նափոլէոն Գ.
ֆրանսերէն՝ Napoléon III
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Charles Louis Napoléon Bonaparte
Ծնած է 20 Ապրիլ 1808(1808-04-20)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Փարիզ, ֆրանսական Առաջին Կայսրութիւն[4][5][5]
Մահացած է 9 Յունուար 1873(1873-01-09)[1][2][3][…] (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Չիզլհըրսթ, Լոնտոնի Պրոմլի Թաղամաս, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[5]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[6]
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Ուսումնավայր Ռազմական Դպրոց[7]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, գրագէտ
Վարած պաշտօններ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ, Ֆրանսայի Կայսր, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսայի կառավարութեան ղեկավար, Պատուոյ շքանշան՝ Լեգէոնի Մեծ Վարպետին եւ Անտորայի Ֆրանսացի Փոխ Իշխան
Ամուսին Էօժէնի
Ծնողներ հայր՝ Լուի Պոնաբարդ, մայր՝ Օրթենս Տը Պոարնէ
Երեխաներ Նափոլէոն, Կայսրութեան Իշխան, Էօժէն Պիւր եւ Ալեքսանտր Պիւր
Ստորագրութիւն

Նափոլէոն Գ. (ֆրանսերէն՝ Charles Louis Napoléon Bonaparte, Շարլ Լուի Նափոլէոն Պոնափարթ , 20 Ապրիլ 1808(1808-04-20)[1][2][3][…], Փարիզ, ֆրանսական Առաջին Կայսրութիւն[4][5][5] - 9 Յունուար 1873(1873-01-09)[1][2][3][…], Չիզլհըրսթ, Լոնտոնի Պրոմլի Թաղամաս, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[5]) Ֆրանսայի Ա. Նախագահ՝ 1848-էն 1852 եւ Ֆրանսայի կայսր՝ 1852-էն 1870: Նափոլէոն Ա.-ի եղբօր՝ Լուի Պոնափարթի որդին, զօրավար եւ պետական գործիչ, որ հիմը դրած է ժամանակակից ֆրանսական պետութեան, Արեւմուտքի պատմութեան ամէնէն ակնառու գործիչներէն մէկը[8]։

Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Քորսիքա կղզիին Այաչչօ քաղաքը, որ երկար ատեն կը գտնուէր Ճենովայի հանրապետութեան տիրապետութեան տակ։

1755-ին Քորսիքան կ'ազատագրուի ճենովական լուծէն եւ այդ թուականէն սկսեալ կը շարունակէ իր գոյութիւնը իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն՝ տեղի հողատէր Փասքալ Փաուլիի (Pasquale Paoli) ղեկավարութեան տակ։ Վերջինիս մտերիմ օգնականն էր Նափոլէոնի հայրը։

1768-ին Ճենովայի հանրապետութիւնը Քորսիքայի նկատմամբ իր իրաւունքները կը յանձնէ Լուդովիկոս ԺԵ. թագաւորին 40 մլն լիվրի դիմաց։ Մայիս 1769-ին, Փոնթէ Նուվոյի ճակատամարտին (Ponte Novu), ֆրանսական զօրքերը կը ջախջախեն Քորսիքացի ապստամբները։ Փաուլի եւ իր 340 զինակիցները կը գաղթեն Անգլիա։ Նափոլէոնի ծնողները կը մնան Քորսիքայի մէջ, իսկ Նափոլէոն կը ծնի այդ իրադարձութիւններէն երեք ամիս ետք։

Մինչեւ 1790, Փաուլի կը մնայ Նափոլէոնի կուռքը։

Քարլօ Պոնափարթ, Ժիրոտէ-Տրիոզին (1806)

Պոնափարթներուն նախնիները ազնուական տոհմէ սերած են եւ Քորսիքայի մէջ ապրած են 1529-էն սկսեալ։ Քարլօ Պոնափարթը, Նափոլէոնի հայրը, դատական ատենակալ էր եւ տարեկան 22,5 հազար լիվր աշխատավարձ կը ստանար, զոր կը փորձէր աւելցնել դրացիներուն հետ սեփականութեան համար ընթացող դատավէճեր ստանցնելով։ Նափոլէոնի մայրը՝ Լեթիսիա Ռամոլինոն, շատ գրաւիչ եւ ուժեղ կամքի տէր կին մըն էր։ Քորսիքայի ճամբաներու եւ կամուրջներու գլխաւոր տնօրէնին (արդէն մահացած) դուստրը ըլլալով՝ միշտ մեծ յարգանք կը վայելէր հանրութեան կողմէ։ Նափոլէոն իր ընտանիքին 13 երեխաներէն երկրորդն էր (անոնցմէ հինգը մահացած էին փոքր տարիքին)։ Նափոլէոնէն բացի, չափահասութեան տարիքի հասած են անոր եղբայներէն չորսը եւ քոյրերէն երեքը.

Լեթիսիա Ռամոլինօ, Ռոպերթ Լեֆեվր (1813)
  • Ժոզէֆ (1768-1844)
  • Լիւսյէն (1775-1840)
  • Էլիզա (1777-1820)
  • Լուի (1778-1846)
  • Փոլինա (1780-1825)
  • Քարոլինա (1782-1839)
  • Ժերոմ (1784-1860)[9]։

Մանկութիւն եւ պատանեկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Casa Buonaparte, Նափոլէոնի ծնողական տունը:

Նափոլէոնի վաղ մանկութեան մասին քիչ բան հասած է մեզի։ Մանկութեան ան տառապած է չոր հազէ։ Ըստ մօր եւ մեծ եղբօր՝ Ժոզէֆին, Նափոլէոն շատ կը սիրէր կարդալ, յատկապէս պատմական գրականութիւն։ Ան իրենց տան երրորդ յարկը փոքր սենեակ մը ունէր, ուրկէ հազուադէպ պարագաներու վար կ'իջնէր։

Նափոլէոն հետագային նշած է, որ Ժան-Ժաք Ռուսոյի «Նոր Էլոիզա» գիրքը առաջին անգամ կարդացած է ինը տարեկան հասակին։

Նափոլէոնի մայրենի լեզուն իտալերէնի Քորսիքեան բարբառն էր։ Ան սորված է իտալերէն գրել եւ կարդալ տարրական դպրոցին մէջ, իսկ ֆրանսերէն սկսած է սորվիլ, երբ գրեթէ 10 տարեկան էր։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան խօսած է իտալական առոգանութեամբ։

Քորսիքայի նահանգապետ դուքս Շարլ Տը Մարպէօֆի (Charles Louis de Marbeuf) հովանաւորութեան եւ ֆրանսիացիներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ Քարլօ Պոնափարթ կը յաջողի իր երկու որդիները՝ Նափոլէոնին եւ Ժոզէֆին համար ստանալ թագաւորական կրթաթոշակ։ 1777-ին, Փարիզի մէջ, Քարլօ Քորսիքայի ազնուականութեան երեսփոխան կ'ընտրուի։ Դեկտեմբեր 1778-ին ուղեւորուելով Վերսայի պալատ՝ ան իրեն հետ կը տանի իր երկու որդիները եւ աներձագը՝ Ֆէշին։ Վերջինները չորս ամիս կ'ուսանին Օտէոնի քոլէճին մէջ, ուր անոնց գլխաւոր նպատակը ֆրանսերէն սորվիլն էր։

Նափոլէոն 16 տարեկան հասակին (իտալացի անյայտ հեղինակի մը կողմէ սեւ կաւիճով նկարուած):

Մայիս 1779-ին Նափոլէոն կ'ընդունուի Պրիյէն Լէօ Շաթոյի Ռազմական դպրոցը (École Militaire de Brienne-le-Château)։ Ան դպրոցը ընկերներ չունէր, որովհետեւ սերած էր ոչ այնքան հարուստ եւ յայտնի ընտանիքէ, ինչպէս նաեւ ան Քորսիքացի էր եւ շատ չէր ընդունուած ֆրանսացիներուն կողմէ։ Դասընկերներուն բռնացումը զինք դարձուցած էին ինքնամփոփ, եւ ան իր ժամանակին մեծ մասը ընթերցանութեամբ կ'անցընէր։ Նափոլէոն կարդացած է Քորնէյի, Ռասինի եւ Վոլթերի ստեղծագործութիւնները, իսկ անոր սիրելի բանաստեղծը Օսսիանն էր։

Մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է թուաբանութեան եւ պատմութեան հանդէպ: Զինք գրաւած են հին աշխարհը եւ այնպիսի պատմական հերոսներ, ինչպէս՝ Մեծն Աղեքսանտր եւ Յուլիոս Կեսարը։ Կարգ մը մանկավարժներու հետ ունեցած վիճաբանութիւններու շնորհիւ ան կը սկսի ժողովրդականութիւն վայելել իր հասակակիցներուն կողմէ եւ ժամանակի ընթացքին կը դառնայ անոնց ոչ պաշտօնական առաջնորդը։

Պրիյէնի մէջ Նափոլէոն կ'որոշէ մասնագիտանալ իբրեւ թնդանօթաձիգ: Աւարտական քննութիւնները յանձնելէ ետք՝ Նափոլէոն Հոկտեմբեր 1784-ին Կ'ընդունուի Փարիզի ռազմական դպրոցը: Հոն ան կը սորվի ուսողութիւն, բնական գիտութիւններ, ձիավարութիւն, զինուորական հմտութիւններ եւ մարտավարութիւն։ Նախորդ դպրոցին նման, Նափոլէոն հաճելի չի թուիր իր դասախօսներուն Փաուլիի եւ Քորսիքայի նկատմամբ ունեցած իր հիացումով եւ Ֆրանսայի դէմ ուղղուած անբարեացակամութեամբ։ Ան մինակ էր, ընկերներ չունէր, սակայն թշնամիներ ունէր։ Փիքօ Տը Փիքաթուն (Pico de pikatou), որ կը նստէր Նափոլէոնի եւ Փիքար Տը Ֆլիփփոյի (picar de filippo) մէջտեղը, նոր նստարան մը կ'ընտրէ իրեն համար, որովհետեւ գաղտնի կռիւներուն միշտ կ'արժանանար այդ երկուքին հարուածներուն։

Ընդհանուր առմամբ Նափոլէոն Քորսիքայէն կը բացակայի շուրջ ութ տարի։ Ֆրանսայի մէջ ստացած կրթութիւնը զինք կը դարձնէ ֆրանսացի:1815-էն եղած է տարագրութեան մէջ։ Նափոլէոն Ա.-ի որդւոյն՝ Ռայխշտադի դաքսի, մահէն (1832) ետք, Պոնափարթիստները կը ճանչցուին իբրեւ ֆրանսական գահին «արժանի» յաջորդները։ Նափոլէոն Խռովութեան միջոցով բազմիցս կը փորձէ գրաւել իշխանութիւնը։

Զինուորական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նափոլէոն 1792-ին

Հազիւ վարժարանը աւարտած` առիթ կ'ունենայ զինուորական իր բնածին հանճարին ապացոյցը տալու Թուլոնի մէջ` իբրեւ թնդանօթաձիգ տեղակալ:

  • 1840-ին ֆրանսական կառավարութիւնը զինք կը դատապարտէ ցմահ բանտարկութեան։
  • 1846-ին կը փախչի Անգլիա,
  • 1848-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք կը վերադառնայ Ֆրանսա։ Օգտուելով ստեղծուած բարենպաստ ընկերային եւ քաղաքական պայմաններէն՝ 1848-ին Նափոլէոն Գ. կը յաջողի ընտրուիլ հանրապետութեան նախագահ։
  • 1852-ին զինուորականութեան օգնութեամբ կը կատարէ պետական յեղաշրջում եւ կը հռչակուի կայսր՝ Նափոլէոն Գ. անունով։
  • 1866-ին, Եօթը շաբաթ տեւող պատերազմին, Աւստրիա-Պրուսիոյ պարտութիւնը կը հաստատէ գերմանական պետութիւններու պրուսական ղեկավարութիւնը եւ սպառնացած է Ֆրանսայի դիրքորոշումը որպէս Եւրոպայի գերիշխող ուժ:

Անմիջական պատճառը Ֆրանքօ-Գերմանական պատերազմին, սակայն իշխան Լէոփոլի (որ կապուած էր Պրուսական թագաւորութեան) թեկնածութիւնը Սպանիոյ գահին որ մնացած էր թափուր երբ թագուհին Իզապելլա Բ. Դադրած էր 1868-ին: Յունիս 1870-ին Պրուսական արտադրողը, օթօ Վոն Պիսմարք եւ Սպանական առաջնորդը, Խուան Բրիմ, յամոզեցին Լէոփոլ իշխանը որ ընդունի Սպանական գահը: Այս շարժումը Ֆրանսան սպառնալիքի տակ ձգեց որ զգաց թէ Պրուսիոյ եւ Սպանիոյ հաւանական դաշնակցութիւնը կրնայ իրեն դէմ սարքուած պայքար մը ըլլալ: 19 Յուլիս 1870-ին Ֆրանսական կայսրը, Նափոլէոն Գ. Պատերազմ հայտարարեց Պրուսիոյ դէմ, որովհետէւ իր ռազմական խորհրդականները անոր ըսին թէ ֆրանսական բանակը կարող է հաղթել Պրուսիային եւ այդ հաղթանակը պիտի վերականգնէ իր ժողովրդականութիւնը Ֆրանսայի մէջ[10]:

Նափոլէոն Գ.-ի կառավարութիւնը պատերազմներ մղած է Աւստրիայի, Հնդկաստանի, Սուրիոյ, Մեքսիքօյի դեմ, մասնակցած է Ղրիմի պատերազմին (1853 - 56)։ Երկրորդ կայսրութեան արտաքին քաղաքական անհաջողութիւնները եւ մասնաւորապէս ֆրանս-պրուսական պատերազմը (1870 - 1871), արագացուցին կայսրութեան կործանումը։ 1870-ին Սեդանի ճակատամարտին Նափոլէոն Գ.-ը գերի հանձնուեցաւ պրուսացիներուն։ Փարիզի մէջ 1870-ի սեպտեմբեր 4-ին հեղափոխութիւնը գահը յանձնեց Նափոլէոն Գ.-ին։ 1871-ի Ֆրանքֆուրթի պայմանագիրով Նափոլէոն Գ.- ազատուած է գերութենէն եւ մինչեւ կեանքին վերջը ապրած է Անգլիոյ մէջ։

Նափոլէոնի Գաղափարներէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նափոլէոն Պոնափարթ կ'ըսէր. քաղաքականութեան մէջ երեք բան չես ըներ. չես նահանջեր, խօսքդ ետ չես առներ եւ քու սխալներդ չես ընդունիր:


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]