Սուր (քաղաք)

Քաղաք
Սուր
արաբերէն՝ صور
Երկիր  Լիբանան
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ2750
Տարածութիւն 5 քմ²
ԲԾՄ 10 մեթր
Բնակչութիւն 160 000 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00

Սուր (արաբերէն՝ صور‎, փիւնիկերէն՝ Ṣūr, ասորերէն՝ ܣܘܪ, Tzór, հին յուն․՝ Τύρος Týros, լատ.՝ Tyrus, Տիր, ֆրանսերէն՝ Tyr), Լիբանանի հարաւը գտնուող մեծ քաղաք: Ըստ 2003-ի տուեալներուն, անոր բնակչութեան թիւը 117,000 է:[1] Բայց, Լիբանանի կառավարութիւնը 1932-էն ի վեր շատ յստակ հաշուարկներ չէ հրատարակած, ուստի յստակ վիճակագրութիւն մը կարելի չէ տալ:[2] Սուր կը գտնուի Միջերկրական ծովու ափին, Պէյրութէն 80 քիլոմեթր դէպի հարաւ: Տարածութեամբ՝ Լիբանանի չորրորդ մեծագոյն քաղաքն է Պէյրութէն, Թրիփոլիէն եւ Սայտայէն ետք: Քաղաքին անունը կը նշանակէ «ժայռ», որ կը վերագրուի քաղաքին շինութեան հիմնաքարերուն:[3]

Սուր փիւնիկեան քաղաք մըն է, ուր ծնած են Եւրոպա եւ Տիտօ դիցաբանութեան հերոսները:[4] Ունի Լիբանանի մեծագոյն նաւահանգիստները: Հոն զարգացած է նաեւ զբօսաշրջութիւնը: Քաղաքը ունի բազմաթիւ պատմական վայրեր, ինչպէս Սուրի հռոմէական բերդը, որ 1979-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կայքի ցանկին վրայ կը գտնուի:[5][6]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յաղթութեան կամարը (վերանորոգուած)
Հին սիւներու մնացորդներ՝ «Ալ-Մինա»-ի մէջ
«Ալ-Մինա»-ի քառանկիւն թատերասրահը
Սուրի հարաւային բաժինը՝ ներկայիս:

Սուր կը բաղկանար երկու հեռաւոր բնակավայրերէ՝ Սուրը, որ ծովեզերքը գտնուող կղզի մըն էր եւ ցամաքին վրայ գտնուող Ուշու բնակավայրը: Մեծն Աղեքսանտր Սուրի պաշարման ընթացքին կղզին ցամաքին կը միացնէ ճամբայ մը շինելով ՝ քանդելով հին քաղաքը, անոր քարերը օգտագործելու համար:[7][8]

Կղզիին վրայ գտնուող քաղաքը ունէր երկու նաւահանգիստ, որոնցմէ մէկը կը գտնուէր կղզիին հարաւը, իսկ միւսը՝ հիւսիսը: Այսպիսով, Սուր ծովեզերեայ շրջաններուն վրայ ձեւով մը կ'իշխէ: Հիւսիսային նաւահանգիստը Միջերկրական ծովուն արեւելեան լաւագոյն նաւահանգիստներէն էր։ Հարաւային նաւահանգիստը կ'ոչնչանայ, սակայն հիւսիսայինը մինչեւ օրս կ'օգտագործուի:[9]

Հին ժամանակներուն, Սուր կղզին ամրոցներով լաւապէս կը շրջապատուէր եւ Ուշու հողն ալ քաղաքէ մը աւելի կը նմանէր զանազան արուարձաններու ու կը գործածուէր իբրեւ ջուրի եւ տախտակի հարթակ կղզիին:[10] Յովսէփուս կ'արձանագրէ, որ այս երկու քաղաքներուն բնակիչները երբեմն կը կռուէին, սակայն ընդհանրապէս միշտ իրարու կողքին կը կանգնէին, որովհետեւ կ'օգտուէին կղզիին հարստութիւններէն, որոնք կու գային նաւահանգիստէն, բնական փայտէն, ջուրէն եւ հողէն:

Պրոնզի եւ երկաթի դարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Հերոտոթոսի, Սուր կը հիմնուի մօտաւորապէս Ք.Ա. 2750-ին՝ ցամաքին վրայ, իբրեւ պատուած քաղաք:[11] Սուր անունը յուշարձաններու վրայ կը սկսի յիշուիլ Ք.Ա. 1300-էն ի վեր:

Ք.Ա. 1350-էն հասած են 10 նամակներ, քաղաքապետ Ապիմիլքուին կողմէ՝ ուղղուած Աքենաթենի: Նամակներուն նիւթը ընդհանրապէս ջուրին, փայտին, Հապիրուի քաղաքը գրաւելուն ու կղզիին վրայ անոր ազդեցութեան մասին են:[11]

Հին աշխարհի դրամները կը պահուէին Սուրի մթերանոցներուն մէջ:[12]

Սուր կը դառնայ Փիւնիկէի ամէնէն զօրաւոր քաղաքներէն մէկը: Իր թագաւորներէն մէկը՝ Տէր Իթոպալ Ա. կը կառավարէ Փիւնիկէն, որ կը տարածուէր Պէյրութէն մինչեւ Կիպրոսի որոշ մասեր: Թունիսի մէջ Քարթաժ քաղաքը կը հիմնուի Ք.Ա. 814-ին՝ Փիկմալիոնի իշխանութեան օրերուն: Փիւնիկէի մասին որեւէ մէկ բան օտարներուն կողմէ կը սկսի կոչուիլ Սիտոնիա կամ Թիրիա: Փիւնիկեցիներն ու քանանացիները կը կոչուէին սիտոնցիներ կամ թիրցիներ, երբ փիւնիկեան քաղաքները յաջորդաբար կը սկսին հռչակ ստանալ:

Սուր նշանաւոր էր իր իւրայատուկ եւ թանկարժէք մանիշակագոյն ներկով, որ կ'արտադրուէր միւրէքս ձուկէն: Այս գոյնը կը կոչուէր սուրեան մանիշակագոյն, որ կը վերապահուէր թագաւորական կամ ազնուական ընտանիքներուն համար:[13]

Սուրէն փիւնիկեցիներ կը հաստատուին Մեմֆիսի մէջ՝ Հեփեստոսի տաճարին հարաւը գտնուող Սուրի բանակատեղին:[14]

Սուրի վրայ Եգիպտոսէն յաճախ կը յարձակէր ասորի թագաւոր Շալմանեսեր Ե., որ 5 տարի ցամաքի փիւնիկեցիներէն օգնութիւն ստանալէ ետք, կը պաշարէ Սուրը: Ք.Ա. 586-էն մինչեւ Ք.Ա. 573 քաղաքը կը պաշարուի Բաբելոնի Նաբուգոթոնոսոր Գ.-ի կողմէ, մինչեւ որ հարկ վճարելու համաձայնութիւնմը կը կնքուի փիւնիկեցիներուն եւ Բաբելոնի միջեւ:[15]

Պարսկական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաւային շարժում՝ Սուրի պաշարման ատեն (Ք.Ա. 332): Գծուած է Անտրէ Քասթանիէի կողմէ, 1888-89:

Ք.Ա. 539-էն մինչեւ Ք.Ա. 332, Սուր կը մնայ Մեծն Կիւրոսի հիմնած աքեմենեան կայսրութեան իշխանութեան տակ:[16]

Այնուհետեւ, պարսիկները Փիւնիկէն կը բաժնեն 4 վասալական թագաւորութիւններու՝ Սայտայի, Սուրի, Արուատի եւ Պիպլոսի: Անոնք կը սկսին ծաղկիլ ու զարգանալ պարսիկ թագաւորներու նաւատորմեր շինելով: Անկէ ետք, փիւնիկեան ազդեցութիւնը հետզհետէ կը սկսի տկարանալ:

Հելլենիստական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 332-ին, Մեծն Աղեքսանտր կը գրաւէ Սուրը:[16] Ք.Ա. 315-ին, Աղեքսանտրի նախկին հրամանատար Անթիկոնուս Ա. կը պաշարէ Սուրը՝[17] զայն գրաւելով տարի մը ետք:[18]

Պէյրութի ազգային թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի Տիւրոսի մէջ յայտնաբերուած՝ Ռամսիս Բ.-ի ժայռապատկերը:

Ք.Ա. 126-ին, Սուր իր անկախութիւնը կը ստանայ Սելեւկեաններու կայսրութենէն:[19]

Հռոմէական ժամանաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 64-ին, երբ Սուր կը դառնայ հռոմէական նահանգ մը, կը պահէ իր անկախ վիճակը՝ իբրեւ դաշնակից նահանգ (լատ.՝ civitas foederata):[20][21] Սուր կը շարունակէ մնալ առեւտրական կարեւոր կեդրոն մը, նոյնիսկ Քրիստոսի ծնունդէն ետք: Հռոմէական ժամանակաշրջանին, Սուրի ժողովուրդը կը սկսի հաստատուիլ մերձակայ շրջաններուն մէջ, ինչպէս՝ Քետէշի,[22] Քըրմոլ լերան[23] եւ հիւսիսային Պուքիայի մէջ:[24]

Աստուածաշունչի Նոր Կտակարանին մէջ կը նշուի, որ Յիսուս Քրիստոս այցելած է Սուր ու Սայտա եւ բժշկած է ոչ-հրեայ մը: (Մատթէոս 15:21, Մարկոս 7:24) Այս շրջաններէն շատեր կու գային իր քարոզները լսելու: (Մարկոս 3:8, Ղուկասի աւետարան 6:17, Մատթէոս 11:21-23) Ս. Ստեփանոսէն ետք կը հիմնուի միութիւն մը: Իր երրորդ քարոզչական արշաւանքէն ետք, Պօղոս առաքեալ իր մարգարէներուն հետ հոն ժամանակ կ'անցընէ: Ըստ Լիոնի Երանիոսի «Կնոսիս կոչուածին յայտնաբերութեան եւ շրջման», Սիմոն Մակոսի աղջիկ ընկերակիցը եկած է հոնկէ:

Նշանաւոր Հատրիանի կամարը եւ շրջանի լաւագոյն ձիարշաւարանները կը կառուցուին Հռոմէական կայսրութեան ընթացքին:[25]

Բիւզանդական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

395-էն 638, Սուր կը մնայ Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ: Այս թուականէն ետք, շրջանը կը գրաւուի արաբներուն կողմէ:

Վաղ իսլամական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրի ապստամբութեան ընթացքին (996-998), ժողովուրդը կ'ապստամբի ֆաթիմական իշխանութեան դէմ՝ գլխաւորութեամբ Ալլաքա անունով նաւավարի մը, սակայն անոնք ճնշման կ'ենթարկուին Մայիս 998-ին: 1086-ին, շրջանը կ'անցնի սելճուքներու ձեռքը, որմէ ետք՝ 1089-ին, Սուր կ'անցնի ֆաթիմականներու տիրապետութեան տակ:

Խաչակրական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1111-ի առաջին պաշարման ձախողութենէն ետք, Խաչակիրներու առաջին խումբը կ'արշաւէ Սուրի վրայէն 7 Յուլիս 1124-ին ու կը դառնայ Երուսաղէմի թագաւորութեան կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը: Անիկա թագաւորական կալուած կը դառնայ, հակառակ անոր, որ Իտալիոյ վաճառական քաղաքներուն հետ առեւտուր կ'ընէր:

1187-ի Հաթթինի պատերազմի խաչակրական պարտութեան եւ Անգլիոյ Ռիչարտ Ա.-ի Աքրան գրաւելէն ետք (12 Յուլիս 1191), թագաւորական աթոռը կը փոխադրուի Աքրա, բայց թագադրութիւնները տեղի կ'ունենան Սուրի մէջ։ ԺԳ. դարուն, Սուր կը բաժնուի թագաւորական կալուածէն:

Մեմլուքեան ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1291-ին, Սուր կը գրաւուի մեմլուքներուն կողմէ:

Օսմանեան ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1516-17-ին օսմանցիները կը գրաւեն Սուրը մինչեւ Համաշխարհային Ա. Պատերազմ:

Ներկայի Լիբանան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայի Լիբանանի պետութիւնը կը հռչակուի 1920-ին:

Ներկայի Սուրը կը ծածկէ բուն կղզին եւ ցամաքը միացնող ճամբուն մեծ մասը: Դարերու ընթացքին տեղի ունեցած ցեխի նուազումին պատճառով, այս միացնող ճամբան բաւական կը լայննայ: Կղզիին այն բաժինը, որ այսօր չի գտնուիր Սուրի սահմաններուն մէջ, իր ունեցած հնութիւններուն պատճառով է:

Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան կատարած յարձակումներէն եւ վրէժխնդրութիւններէն ետք, ինչպէս՝ Իսրայէլի դեսպան Արկովի մահափորձը, 1978-ի Հարաւային Լիբանանի պատերազմով Իսրայէլ կը գրաւէ շրջանը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Սուրի ահաւոր աւերման: Սուր դարձեալ կը վնասուի Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան միջեւ տեղի ունեցած 1982-ի լիբանանեան պատերազմի ընթացքին: Քաղաքը կ'օգտագործուի իբրեւ Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան զինուորական կայան եւ կը կործանուի իսրայէլական հրետանիով:[26] 1982-ի պատերազմէն ետք, Սուր կը դառնայ իսրայէլական զօրակայան: 1982-ի վերջաւորութեան եւ Նոյեմբեր 1983-ին, իսրայէլցիներու ապաստանած շէնքեր կը կործանին ռմբակոծումով, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ կեանքի կորուստներու երկու կողմերէն. այս մէկը Իսրայէլի կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Սուրի առաջին եւ երկրորդ աղէտներ: 1983-ին Պէյրութի ԱՄՆ-ի զինուորներու եւ ֆրանսական ջոկատի զօրանոցներու ռմբակոծումէն 10 օր ետք, բեռնատար ինքնաշարժով մը անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի կ'ունենայ: Իսրայէլ եւ ԱՄՆ կը մեղադրեն Իրանն ու Հըզպալլան, բայց անոնք կը հերքեն այս գործողութիւններուն իրենց միջամտութիւնը:

2006-ի Իսրայէլի Լիբանանի գրաւման ատեն, քաղաքին շրջակայքը գտնուող բազմաթիւ անբնակելի վայրեր կ'օգտագործուին իբրեւ հրասանդի արձակման կեդրոններ:[27] Բազմաթիւ վայրերու կողքին, նուազագոյնը մէկ գիւղ կը ռմբակոծուի Իսրայէլի կողմէ՝ պատճառելով քաղաքացիներու մահ եւ Սուրի մէջ սնունդի պակաս:[28]

Ծովեզերքի բնութեան պահպանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրի ծովեզերքի բնութեան պահպանումը կը կազմէ 380 հեկտար տարածք եւ կը բաժնուի երեք մասերու՝ զբօսաշրջութեան մաս, որ կ'ընդգրկէ հանրային ծովափները, հին քաղաքն ու շուկան եւ հին նաւահանգիստը, հողագործական մաս եւ հնագիտական մաս: Այս երեք հիմնական մասերուն վրայ կ'աւելնայ պահպանողական մասը, որ կ'ընդգրկէ փիւնիկեան Ռաս Ըլ-Էյնի աղբիւրները: Իր բազմատեսակ բուսականութեան եւ անասնային կեանքին պատճառով, պահպանութեան վայրը կը կոչուի Ռամսար: Անիկա կարեւոր թուխսի վայր մըն է գաղթող թռչուններու եւ վտանգուած Լոճըրհետ ու կանաչ ծովային կրիաներուն համար: Անիկա նաեւ ապաստան է արաբական ողնայարով մուկին եւ այլ կարեւոր էակներու:[29][30]

Մշակութային ժառանգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրի հռոմէական ձիարշաւարանը

Սուրի պատմական մշակութային վայրերը վտանգուած են, քաղաքին զարգացման եւ հին իրերու անօրէն վաճառականութեան պատճառով:[31] 2011-էն ի վեր պողոտայ մը կառուցելու ծրագիրը կայ, հնագիտական արժէք ներկայացնող տարածքներուն վրայ։ Փոքրածաւալ աշխարհաբնագիտական քննաչափութիւն մը տարածքին մէջ ի յայտ կը բերէ հնագիտական մնացորդներ: Շրջանները չեն հետազօտուած: Հակառակ ճամբուն կառուցման վայրի փոփոխութեան, ճշգրիտ սահմաններու բացակայութիւնը ձախողութեան կը մատնէ պահպանութեան գործընթացը:[32]

Սիւներն ու զբօսաշրջիկները

2006-ին Լիբանանի պատերազմը հնութիւնները վտանգի կ'ենթարկէ, ինչ որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գործավար պատասխանատուն կը մղէ, որ մշակութային ահազանգ հնչեցնէ:[33] Պատերազմի աւարտէն ետք՝ Սեպտեմբեր 2006-ին, պահպանութեան մասնագէտներ կ'այցելեն Լիբանան եւ հնութեան վրայ վտանգներ չեն նկատեր: Բայց, ռմբակոծումները կը վնասեն Սուրի գերեզմանատան քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուող որմնանկարները: Կը յիշուին նաեւ վայրին վատթարացման մասին, ինչպէս պահպանութեան գործընթացին պակասը, անձրեւի ջուրի անկարգաւորութեան պատճառով շինութեան կործանում եւ փափուկ քարերու կործանում:[32]

Ժողովրդագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիա իսլամ է: Ունի նաեւ քրիստոնեայ բնակչութիւն: Սուրի մէջ կը բնակին նաեւ 60,000 պաղեստինցի Սիւննի գաղթականներ: 2010-ին, քրիստոնեաները կը կազմեն Սուրի բնակչութեան 10 առ հարիւրը:[34]

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քոյր քաղաքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Lebanon – city population
  2. Lebanon Population
  3. Bikai, P., "The Land of Tyre", in Joukowsky, M., The Heritage of Tyre, 1992, chapter 2, p. 13
  4. Tyre City, Lebanon
  5. Resolution 459
  6. Lebanon's Archaeological Heritage Archived March 11, 2009, at the Wayback Machine.
  7. Presutta, David. The Biblical Cosmos Versus Modern Cosmology. 2007, page 225, referencing: Katzenstein, H.J., The History of Tyre, 1973, p.9
  8. Robin Lane Fox, Alexander the Great 1973:181f.
  9. See Jidejian, Nina. Tyre Through the Ages, 1969, for further information about the history of Tyre and its present condition.
  10. 'Tyre' from Encyclopædia Britannica 11th ed.
  11. 11,0 11,1 Bement R B։ Tyre; the history of Phoenicia, Palestine and Syria, and the final captivity of Israel and Judah by the Assyrians։ Ulan Press։ էջ 47։ ASIN B009WP2MR8 
  12. from 'Tyre' in Easton's Bible Dictionary
  13. Bariaa Mourad. "Du Patrimoine à la Muséologie : Conception d'un musée sur le site archéologique de Tyr",(Thesis); Museum National d'Histoire Naturelle (MNHN), Study realised in cooperation with the Unesco, Secteur de la Culture, Division du Patrimoine Culturel, Paris, 1998
  14. Herodotus։ The Histories։ Oxford World's Classics։ էջ 137։ ISBN 9780199535668 
  15. Bement R B։ Tyre; the history of Phoenicia, Palestine and Syria, and the final captivity of Israel and Judah by the Assyrians։ Ulan Press։ էջ 48։ ASIN B009WP2MR8 
  16. 16,0 16,1 «Tyre in the early Persian period (539-486 B.C)»։ արտագրուած է՝ 9 November 2014 
  17. 315 B.C. – events and references
  18. 314 B.C. – events and references
  19. 126 B.C. – events and references
  20. E. G. Hardy, Roman Laws and Charters, New Jersey 2005, p.95
  21. 64 B.C. – events and references
  22. Josephus, Wars of the Jews (ii.xviii.§1; iv.ii.§3)
  23. Josephus, Wars of the Jews (iii.iii.§1)
  24. Josephus, De Bello Judaico (Wars of the Jews III, 35 (Wars of the Jews 3.3.1)
  25. Video showing the Roman hippodrome of Tyre
  26. The toll of three cities, The Economist June 19, 1982. p. 26.
  27. Butcher, Tim. Rebels were ready for attacks. Sydney Morning Herald 27 July 2006.
  28. Engel, Richard. Desperation descends on Tyre, Lebanon. MSNBC 25 July 2006.
  29. «Protecting marine biodiversity in Lebanon»։ International Union for Conservation of Nature (IUCN)]]։ 2 May 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 August 2014-ին։ արտագրուած է՝ 17 August 2014 
  30. Hany El Shaer, Ms. Lara Samaha, Ghassan Jaradi (Dec 2012)։ «Lebanon’s Marine Protected Area Strategy»։ Lebanese Ministry of Environment 
  31. Helga Seeden (December 2, 2000)։ «Lebanon's Archaeological Heritage» 
  32. 32,0 32,1 Toubekis, Georgios (2010). "Lebanon: Tyre (Sour)". In Christoph Machat, Michael Petzet and John Ziesemer (Eds.), «Heritage at Risk: ICOMOS World Report 2008-2010 on Monuments and Sites in Danger» . Berlin: hendrik Bäßler verlag, 2010, pg. 118.
  33. Koïchiro Matsuura, The Director-General of UNESCO (August 11, 2006)։ «UNESCO Director-General Launches "Heritage Alert" for the Middle East»։ UNESCO World Heritage Centre 
  34. http://www.asianews.it/news-en/Bishop-of-Tyre:-Christians-in-Lebanon-have-become-a-minority-in-their-country-17638.html

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Bikai, Patricia Maynor. The Pottery of Tyre. Warminster: Aris and Phillips, 1978.
  • Bullitt, Orville H. Phoenicia and Carthage: A Thousand Years to Oblivion. Philadelphia: Dorrance, 1978.
  • Joukowsky, Martha, and Camille Asmar. The Heritage of Tyre: Essays On the History, Archaeology, and Preservation of Tyre. Dubuque, Iowa: Kendall/Hunt Pub. Co., 1992.
  • Woolmer, Mark. Ancient Phoenicia: An Introduction. London: Bristol Classical Press, 2011.

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]