Հելլենականութեան Դարաշրջան

Հելլենիզմ կամ Յունականութիւն, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի երկիրներու պատմութեան մէջ իւրայատուկ ժամանակաշրջան (Ք.Ա. 4-րդ - Ք.Ա. 1- ին դարերուն): Սկզբնաւորուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիի նուաճումներէն ետք, սկսած է գերակայել յունական մշակոյթն ու լեզուն:

Հելլենիստական դարաշրջանի եւ ոճի Գառնիի հեթանոսական տաճարը Հայաստանի մէջ:

Եզրոյթի Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հելլենիզմ» եզրը գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է գերմանացի պատմաբան Ճոհան Տրոյսեն (Johann Gustav Droysen,1808-1884)` անոր տակ հասկնալով «Յունական պետականութեան եւ կրթութեան տարածումը» արեւելեան ժողովուրդներու մէջ, անտեսելով Հելլենիզմի հասարակական եւ տնտեսական էութիւնը: Այնուհետեւ Հելլենիզմը մեկնաբանուած է իբրեւ միայն մշակութային (Իւ. Կերստ), քաղաքական (Վ. Դառն) կամ տնտեսական (Մ. Ռոսդովցեւ) ազդեցութիւն: Հելլենիզմը բնորոշուած է նաեւ իբրեւ պատմական որոշակի ժամանակաշրջան մը՝ պայմանաւորուած յունական եւ տեղական հասարակական եւ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային տարրերու ու սովորոյթներու փոխազդեցութեամբ (ԱՅ. Ռանովիչ եւ ուրիշներ): Հելլենիզմի ժամանակաշրջանին աւարտը ընդունուած է իբրեւ Ք.Ա. 30-ը, երբ Հռոմ նուաճած է հելլենիստական վերջին պետութիւնը՝ Պտղոմէոսեան Եգիպտոսը, թէեւ Հելլենիզմին բնորոշ երեւոյթները շարունակած են գոյատեւել:

Հելլենիզմը Մեծ Հայքի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Հայքը սկիզբէն ընդգրկուած է հելլենիստական աշխարհի ոլորտին մէջ: Զարգացած են երկիրին տնտեսութիւնը, քաղաքական կեանքը, քաղաքաշինութիւնը եւ հելլենիստական մշակոյթը: Արտաշէսեան արքայատան օրով (Ք.Ա. 2-1 դարերուն) Մեծ Հայքը դարձած է հելլենիստական մեծ տէրութիւն: Ինչպէս մնացեալ ազգերու, այնպէս ալ հայերու շրջանին մէջ անիկա մեծ զարգացում ունեցած է, դժբախտաբար, մեզի հասած է ժամանակի շինութիւններէն միայն Գառնիի հեթանոսական տաճարը:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։