Jump to content

Աղեքսանտրիա

Բնակավայր
Աղեքսանտրիա
արաբերէն՝ الإسكندرية
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր Եգիպտոս
Երկրամաս Ափրիկէ
Հիմնադրուած է՝ Ք․ա․ 331
Առաջին յիշատակում 332
Տարածութիւն 2523 քմ²
ԲԾՄ −1 մեթր
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն
Բնակչութիւն 5,280,664 մարդ
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծովուն
Ժամային գօտի Եգիպտոսի ստանդարտ ժամանակ? եւ Daylight saving time in Egypt?
Հեռախօսային ցուցանիշ 03
Փոստային ցուցանիշ 21500
Անուանուած է Մեծն Աղեքսանտրի կողմէ
Հիմնադիր Մեծն Աղեքսանտր
Պաշտօնական կայքէջ alexandria.gov.eg(արաբ.)

Աղեքսանտրիա, երբեմն ալ՝ Աղեքսանդրիա (արաբերէն՝ الإسكندريه‎‎‎), ծովեզերեայ քաղաք՝ Եգիպտոսի հիւսիսը, Միջերկրականի հարաւային ափերուն, Նեղոս գետին տելդային արեւմտեան կողմը։ Կառուցուած է Մարիուդ լիճին Lake Mariout եւ Միջերկրական ծովուն երկարող նեղուցին միջեւ։

Հիմնուած է Ք․Ա․ 331 Մեծն Աղեքսանտրին կողմէն։ Ներկայ Եգիպտոսին երկրորդ գլխաւոր քաղաքն է։ Անցեալին եղած է Եգիպտոսի Պտողեմէացիներու թագաւորութեան հզօր մայրաքաղաքը։

Աղեքսանտրիան 5 280 664 բնակչութեամբ[1] Միջերկրականի աւազանին ամէնէն ընդարձակ քաղաքն է, Արաբական աշխարհի՝ 6-րդը, իսկ Ափրիկէի՝ 9-րդը։ Քաղաքը 40 քմ․ երկարութեամբ կ՛երկարի Եգիպտոսի Միջերկրականի ափին։ Զբօսաշրջկութեան ժողովրդային համբաւ վայելող քաղաք է, նաեւ՝ ճարտարարուեստի կեդրոն շնորհիւ Սուէզէն եկող բնական կազի եւ քարիւղի կազամուղիին։

Հին ժամանակներուն, Աղեքսանտրիան Եգիպտոսին գլխաւոր նաւահանգիստն էր եւ մայրաքաղաքը։ Իր աճման շրջանին եղած է հիւսիսային Ափրիկէին ամենամեծ տնտեսական կեդրոնը, աշխարհի մշակոյթի ամենակարեւոր օճախներէն եւ համբաւաւոր իր Գրադարանին եւ Փարոսին համար՝ հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը, կառուցուած համանուն կղզիին վրայ։

Քաղաքին հին աւերակները եւ Աղեքսանտրիոյ նոր Գրադարանը, 2003 առաջարկուեցան եւ այժմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Բաժնի Ցուցական Ցանկին մաս կը կազմեն։[2][3][4]

Լուվրի թանգարան, Փարիզ․ Պտողեմէոսի կիսանդրին

Հելլենիստական Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղեքսանտրիան յուն․՝ Ἀλεξάνδρεια (Alexandreia) կը հիմնէ Մեծն Աղեքսանտր, Ք․Ա․ 331 թուականին։ Հելլենիստական շրջանին, յունական ամենամեծ քաղաքն է, համաքաղաքացիական բնակչութեամբ։

Մեծն Աղեքսնատրի նպատակն է խճուղի Heptastadion կառուցել, որպէսզի միացնէ Փարոս կղզիակը ցամաքին երկու բնական նաւահանգիստ ունենալու համար եւ այս ձեւով կապել Յունաստանը՝ Նեղոս գետի աւազանին։ Ան կը շարունակէ իր արշաւանքը, ետին ձգելով Քլէոմենիս կառավարիչը հետեւելու քաղաքին կառուցման աշխատանքներուն։ Ճարտարապետն է Ռոտացի Տինոքրաթիս Dinocrates of Rhodes։

Աղեքսանտրի մահէն ետք, Ք․Ա․ 323, անոր զօրավարներէն Պտողեմէոս կը յաջողի Աղեքսանտրի մարմինը յափշտակել եւ Եգիպտոս տանիլ։ Ըստ կարգ մը վկայութիւններու, Աղեքսանտրի մարմինը Մեմֆիս կ՛ամփոփուի եւ ապա Աղեքսանտրիա (երբ այլեւս քաղաքի կը վերածուի)։ Ուրիշ աղբիւրներու համաձայն, Եգիպտոս հասած, կ՛ամփոփուի Աղեքսանտրիա։ Պտողեմէոս սպաննել կու տայ Քլէոմենին եւ Ք․Ա․ 305-ին ինքզինք Փարաւոն կը յայտարարէ Պտողեմէոս Փրկիչ անունով եւ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը Մեմֆիսէն Աղեքսանտրիա կը տեղափոխէ։

Աղեքսանտրիոյ քաղաքին կառուցման վերջնական աշխատանքները եւ խճուղիին կառուցումը Պտողեմէոսին կը վերագրուին, իսկ Փարոսին Phare d'Alexandrie՝ անոր զաւկին, Պտողեմէոս Բ․ (Փարոսին ճարտարապետն է Սոսթրաթոս Քնիտեցին՝ ՍդրապոնStrabon զայն այդպէս կ՛ անուանէ Σώστρατος ὁ Κνίδιος - Sostrate de Cnide ․ Քնիտուս, Փոքր Ասիոյ ծովեզերեայ քաղաք)։ Ան, օրինակուելով Սուրի վաղեմի զարգացած քաղաքէն, Աղեքսանտրիան քանի մը տարուան ընթացքին կը դարձնէ վաճառականութեան կեդրոն․ Եւրոպայի, Արաբական աշխարհի եւ Հնդկաստանի միջեւ եւ դար մը ետք, աշխարհին ամենաընդարձակ քաղաքը, իսկ քանի մը դար ետք աշխարհի երկրորդ քաղաքը՝ Հռոմէն ետք։

Քաղաքը կը բնակուի մեծ մասով, յոյն բնակչութեամբ․ անոնք եկած են Յունաստանի տարբեր վայրերէ։ Նաեւ, կը հասնին հրեաներ, որոնք կը կազմեն այդ ժամանակի ամենամեծ հրէական համայնքը։ Աղեքսանտրիոյ մէջ է, ուր կը կատարուի Թանխի Tanakh (հրէական աստուաշունչ) յունարէնի թարգմանութիւնը Μετάφραση των Εβδομήκοντα - Septuagint։ Աղեքսանտրիան Հելլենիստական մշակոյթի կեդրոն է, սակայն ծագումով յոյն Պտողեմէացիները կը յաջողին հաւասարակշռել քաղաքին յոյն, հրեայ եւ Եգիպտացի բնակչութեանց միջեւ տարբերութիւնները։

Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղեքսանտրիոյ Թանգարան Հաստատութիւնը Μουσεῖον τῆς Ἀλεξανδρείας կ՛ընդգրկէ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը Library of Alexandria։

Ըստ պատմական աղբիւրներու, գրադարանը կը հիմնուի Պտողեմէոս Ա․ին կողմէ ու կը կառուցուի Պտողեմէոս Բ․ին կողմէ։ Եղած է աշխարհի գլխաւոր եւ ամենահամբաւաւոր գրադարաններէն մէկը։

Շնորհիւ պատմական եւ հնագիտական աղբիւրներու, գեղարուեստական պատկերացում Աղեքսանտրիոյ Գրադարանին․ O. Von Corven, 19-րդ դար․

Գրադարանի աշխատանքներուն ծիրէն ներս, կարեւոր տեղ կը գտնեն թարգմանութիւնները, մասնագիտացած բառարաններու կազմութիւնը եւ հին արձանագրութիւններուն գրադատութիւնը (այս աշխատանքով կը զբաղի յատկապէս Արիսթարխոս Սամոթրաքեցին Aristarchus of Samothrace (Ք․Ա․ 220-143)։ Բիւզանդացի Արիսթոֆանին Aristophanes of Byzantium (Ք․Ա․ մօտաւորապէս 275-180) կը սեպուի գիտական բառագիտութեան եւ գրական գիտութեան հիմնադիրը։

Աղեքսանտրիոյ Թանգարանը կը գործէր իբրեւ ուսման եւ հետազօտութեան բարձրագոյն կեդրոն։ Կ՛ունենայ բազմազան աշխատանոցներ, կենդանաբանական եւ բուսաբանական պարտէզ, աստղադիտարան եւ հիւրատուներ հիւր-ուսումնասիրողներուն համար։ Հոն կ՛աշխատին նշանաւոր գիտնականներ, օրինակ՝ թուաբանագէտ Էւքլիտը Euclide կը սեպուի երկրաչափութեան հայրը (Ք․Ա․ 300-270), աստղագէտ Արիսթարխոն, թուաբանագէտ Էրաթոսթենին Eratosthenes (Ք․Ա․ 276-194, հիմնադիր՝ գիտական աշխարհագրութեան եւ տեղագրութեան) եւ բժիշկ-կազմախօս Հիրոֆիլոս Խալքիտոնացին (Ք․Ա․ 4-րդ դար)․ վերջինը ու անոր յաջորդը Էրասիսթրաթոս Erasistratus (Ք․Ա․ 304 -250 Աղեքսանտրիոյ մեծ բժշկութեան համալսարանին հիմնադիրները կը սեպուին։ Համալսարանին համբաւը Ղալինոսին Γαληνός (հին աշխարհի երկրորդ համբաւաւոր բժիշկը, Հիփոքրաթիսէն Hippocrates ետք) ուշադրութիւնը կը գրաւէ․ ան Աղեքսանտրիա կու գայ եւ կ՛ուսանի Հերակլէսին մօտ, ապա 28 տարեկան հասակին ծննդավայրը՝ Փերկամօ, կը վերադառնայ 157-ին։

Հիփաթիային կենդանագիրը

47 թուականին, հրդեհ մը Թանգարանին մեծ վնաս կը պատճառէ։ Իսկ Հռոմի Աւրելիանոս կայսրի եւ Փալմիրի Զենովիա թագուհիին միջեւ բախումներուն ընթացքին (Գ․ դար, 273), զոյգ գրադարանները լուրջ վնասներ կ՛ունենան։

Շատ մեծ դէմքեր կ՛անցին վաղեմի Աղեքսանտրիոյ մտաւորական կեդրոններէն․ հարկ է նշել Հիփաթիա Υπάτια Hypatie անունը․ ան ծնաւ, ապրեցաւ ու մահացաւ Աղեքսանտրիա (370 - 415)։ Ան Նոր պղատոնականութեան փիլիսոփայ, աստղագէտ, թուաբանագէտ եւ Աղեքսանտրիոյ Նոր պղատոնականութեան Ուսումնարանին տնօրէնուհի էր։ Կը սպաննուի մոլեռանդ քրիստոնեայ խուժանի կողմէ 8 Մարտ 415-ին։ 25 տարի ետք, Սոկրատիս Սխոլասթիքոս Socrate le Scolastique իր արձանագրութիւններուն մէջ կը գրէ անոր մասին։ Ի պատիւ Հիփաթիային, 1884-ին գտնուած աստղակերպը կ՛անուանուի «238 Hypatia»։

Աղեքսանտրիոյ Գրադարանին աւերման թուականը յստակ չէ, սակայն տուեալ են շրջանները, ուր ծանր վնասներ կրած է։

Տեսակէտներ՝ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանի քայքայման շուրջ․-

Աղեքսանրիոյ մէջ տպուած դրամ, Ք․ա․ 2-րդ դար։ Երկու դրամներուն ետեւը կը պատկերացուին հռոմէացի հետեւեալ կայսրերը՝ առաջինին Antoninus Pius եւ երկրորդին՝ Marcus Aurelius Commodus Antoninus Augustus ․
  • Հռոմէական եղբայրասպան պատերազմ՝ Պոմպէոսի եւ Յուլիուս Կեսարի միջեւ (Ք․Ա․ 50)․
  • Գարագալա կայսրին կողմէ Աղեքսանտրիոյ մէջ կազմակերպուած ջարդեր (215)․
  • Հռոմի Աւրելիանուս կայսրի եւ Փալմիրի Զենովիա թագուհիին միջեւ բախումներուն ընթացքին (Գ․ դար, 273).
  • Կրօնական առաջնութեան՝ հեթանոսութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ բախումներու ընթացքին (Դ․ մինչեւ Ե․ դար)․
  • Արաբական գրաւման հետեւանքները (642)․
  • Բազմաթիւ քանդիչ երկրաշարժներ եւ մակընթացութիւններ 115 - 630, մասնաւորաբար 365
  • Բազմաթիւ այլ աւերումներ։[5][6][7][8][9]

Հռոմէական Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ Փարոսը․ 3-D պատկերացում, 2013 թ․ ուսումնասիրութեամբ Prof. H. Thiersch-ի (1909) աշխատութեան - (Studie des Gebäudes. Bild: Emad Victor SHENOUDA)

Ք․Ա․ 31, Օգոստոս կայսրին Imperator Caesar Divi filius Augustus Աքթէոնի Ճակատամարտին Bataille d'Actium տարած յաղթանակէն տարի մը ետք Աղեքսանտրիան պաշտօնապէս կ՛անցնի Հռոմէական իշխանութեան տակ։ Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մայրաքաղաքներէն ամենամեծը կը հանդիսանայ։

Օգոստոս կայսրի օրերուն, քաղաքը շրջապատող պարիսպներուն երկարութիւնն է 5․34 քմ․, իսկ քաղաքին բնակչութեան թիւը հռոմէական շրջանին արդէն հասած ու անցած է 300 000 հոգին։

115-117 թուականներուն, Աքսորեալներու Պատերազմին ժամանակ Guerre de Kitos (հռոմէահրէական պատերազմ) Աղեքսանտրիոյ մեծ մասը կ՛աւերուի։ Ատրիանոս կայսր Αδριανός, Hadrian եւ իր ճարտարապետը՝ Տեքրիանոս քաղաքը կը վերակառուցեն։

215 թուականին, Գարագալա Caracalla կայսրին այցելութեան ժամանակ, կարգ մը քաղաքացիներ անոր հասցէին հեգնական խօսքեր կ՛ուղղեն (ան, երբ կ՛այցելէ Մեծն Աղեքսանտրի դամբանը, անյարգանք վերաբերմունք կը ցուցնէ)։ Կայսրը, վիրաւորուած կը զգայ եւ սպանդի կ՛ենթարկէ Աղեքսանտրիոյ բնակչութեան բոլոր երիտասարդները։

Գ․ դարու ընթացքին Եգիպտական նուիրատառ գիրերը Egyptian hieroglyphs կը դադրին գործածուելէ, ինչպէս նաեւ դիակներուն զմռսումը այլեւս չի կիրարկուիր։

21 Յուլիս 315 թուականին Կրետէի երկրաշարժին պատճառով պատահած ցունամին կ՛աւերէ Աղեքսանտրիան։

435 թուականներուն, Յուլիական Օրացոյցով, Վաղարշապատի դպրոցի ուսուցիչներ՝ Մեսրոպ Մաշտոցեւ Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացին Աղեքսանտրիա կը ղրկեն ուսանելու համար։

Արաբական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

616-ին, Սասանեան պարսիկներու Խոսրով Բ․ թագաւորը Աղեքսանտրիան կը գրաւէ․ քաղաքը արդէն կորսնցուցած է վաղեմի համբաւը եւ բարգաւաճումը։ Բիւզանդիոյ Հեռակլես կայսրը 629-ին քաղաքին կը վեռատիրանայ, սակայն 642-ին արաբները 14 ամիս պաշարումէ ետք, Աղեքսանտրիան կը գրաւեն։

Աղեքսանտրիան 18-րդ դարուն վերջաւորութեան․Luigi Mayer

969-ին, Ֆաթիմեան Խալիֆայութեան Fatimid Caliphate շրջանին մայրաքաղաքը Աղեքսանտրիայէն Գահիրէ կը փոխադրուի։ Կը յաջորդեն Սալահհետինի հիմնած Ակուպեան հարստութեան իշխանութիւնը 1171, Մեմլուքներուն աւատապետական իշխանութիւնը 1250։

Աղեքսանտրիոյ անկումը կը շարունակուի։ 1309 երկրաշարժին պատճառով քաղաքին խորհրդանիշ Փարոսը կը կործանի։ Ջրանցքը որ Աղեքսանտրիան Նեղոս գետին կը միացնէր, անգործածելի կը դառնայ։ Իպն Պաթուդա Ibn Battuta մարոքցի պէրպէր ուսումնական եւ հետազօտող, իր շրջապտոյոտներուն ընթացքին (ԺԴ․ դար) կը նկարագրէ Աղեքսանտրիան եւ մանաւանդ Փարոսը իր աւերակ վիճակին մէջ։

Օսմանեան ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1517 օսմանցիները Եգիպտոսը կը գրաւեն եւ վերջինը Օսմանեան Կայսրութեան մէկ նահանգը կը դառնայ։

Նաբոլէոնի Աղեքսնտրիա ցամաքահանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
11 Յուլիս 1882 թ․ Աղեքսանտրիոյ ռմբակոծումը․ նկարին՝ անգլիական "Sultan" եւ "Alexandra" ռազմանաւերը

1798 Նափոլէոն Եգիպտոս կ՛արշաւէ եւ Աղեքսանտրիան կը գրաւէ։ Ան, Մեծն Աղեքսանտրէն կ՛օրինակուի եւ հետը Եգիպտոս կը բերէ գիտնականներու, պատմաբաններու, աշխարհագէտներու, բուսաբաններու եւ հնագէտներու մեծ խումբ մը։ Աղեքսանտրիոյ Պաշարումով Siege of Alexandria, վերջ կը գտնէ ֆրանսական ներխուժումը Եգիպտոս։

Աղեքսանտրիան կը վերագտնէ իր վաղեմի հռչակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1896 թ․ Կոստանտինոս Քավաֆիս Constantine Cavafy․ յոյն աշխարհահռչակ բանաստեղծ։ Ծնաւ ու ապրեցաւ Աղեքսանտրիա։

Օսմանցի կառավարիչ Մուհամէտ Ալի Muhammad Ali, 1810-ին կը սկսի վերակառուցել Աղեքսանտրիան։ Նոր քաղաքը կը կառուցուի հին քաղաքին աւերակներուն վրայ․ ինչ որ ներկայիս կը դժուարացնէ հնագիտական պեղումներու աշխատանքները։ Նոր ջրանցք կը բանայ ու քաղաքը Նեղոս գետին կը միացնէ․ այսպէս Աղեքսանտրիան կարեւոր նաւահանգիստի եւ ռազմական նաւակայքի կը վերածէ։ Կը հիմնէ համանուն հարստութիւնը որ Եգիպտոսը կ՛իշխէ մինչեւ 1957։ Իսկ 1867-էն մինչեւ 1914, Եգիպտոս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կիսանկախ վարչակարգ կ՛ունենայ։

1850-ական թուականներուն արդէն քաղաքը վերագտած է իր անցեալի փառքէն մաս մը։ Եգիպտոս աչքերը Եւրոպային կը յառէ երկիրը բարեփոխելու համար։ Յոյները առաջինը կ՛ ըլլան որ քաղաքը կը հասնին, անոնց կը հետեւին եւրոպացիներ եւ ուրիշ ժողովուրդներ։ Ի․ դարուն սկիզբին, Աղեքսանտրիան գրագէտներու, բանաստեղծներու քաղաք կը դառնայ։

1882-ին, Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ պատերազմի ժամանակ, Անգլիոյ Թագաւորական Նաւատորմիղը Աղեքսանտրիան կը ռմբակոծէ․ անգլիացիները քաղաքը կը գրաւեն։ Անոնք Աղեքսանտրիա եւ Եգիպտոս կը մնան մինչեւ 1922։

Նորագոյն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին (1941 - 1942) քաղաքը իր ռազմական դիրքին պատճառով, արեւելեան Միջերկրականի մէջ Դաշնակից ուժերուն խարիսխը կը դառնայ եւ պարբերաբար գերմանական ռազմական օդուժէն կը ռմբակոծուի։ Քաղաքին բնակիչները կ՛ապրին գերմանական ներխուժման վախով։ Աղեքսանտրիա իջեւանած են անգլիական ուժերը։ 1942 ամրան, գերմանական «փանզըր»ները Panzer Էլ-Ալամէյն կը հասնին (Աղեքսանտրիայէն 102 քմ․ արեւմուտք), սակայն 8 Նոյեմբեր 1942-ին, դաշնակից ուժերը վերջնականապէս կը յաջողին ետ մղել գերմանացիներուն։

Կամալ Ապտուլ Նասերի իշխանութեան տիրանալէն մինչեւ մեր օրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1952-ին, Ազատներու կամ՝ Այժմէականներու յեղափոխութիւնը կը ծագի։ Այս շարժումին առաջնորդներէն մէկն է Կամալ Ապտուլ Նասեր։ Շարժումը կը ձգտի Եգիպտոսի ազգային եւ տնտեսական անկախացման։

1903 թ․ Աղեքսանտրիա - Շերիֆ Փաշա ճամբան

Օտար ազգութեամբ քաղաքացիները՝ գլխաւորաբար յոյներ (որոնք Աղեքսանտրիոյ բնակչութեան գլխաւոր համայնքը կը կազմեն), եւրոպացիներ եւ հայեր քաղաքէն հերթաբար կը հեռանան․ այս արտագաղթը արդէն սկսած էր Ի․ դարուն չորրորդ տասնամեակէն, երբ անոնք կը կորսնցնեն իրենց առանձնաշնորհումները։

Աղեքսանտրիայէն հեռանալը զանգուածային բնոյթ կ՛առնէ երբ Նասեր՝ Եգիպտոսի նախագահ 1954 թուականէն, կ՛ազգայնացնէ Սուէզի ջրանցքը։ Կը յաջորդէ անգլիական, ֆրանսական եւ հրէական զինուորական ուժերու անյաջող ներխուժումը։

1957, Նասեր կը պետականացնէ ճարտարարուեստի գլխաւոր կեդրոնները, հիմնարկները, կը գրաւէ օտարներուն հարստութիւնը ի բացառեալ յոյներունը, (շնորհիւ 7 Յունիս 1960 Նասերին Յունաստան այցելութեան՝ ընդառաջելով թագաւոր Փաւլոսի հրաւէրին)։ Սակայն կ՛օրէնսդրէ հրամանագիրեր, որոնցմով՝ փոխանակագիրերու երկրէն դուրս ելլելը կ՛արգիլէ, գաղթաբնակները զերծ մը մնան արտաքին առեւտուրէն, պետական սպասարկութիւններէն, հողագործութենէն, ճարտարարուեստի ռազմական բաժիններէ եւայլն։

Այս զարգացումները, կը ստիպեն մնացած օտարազգի բնակչութեան մեծամասնութեան հեռանալ Աղեքսանտրիայէն․ յոյներ, հայեր եւ այլ։ Հետեւանքն է մեծ թիւով ուսումնական կեդրոններու՝ դպրոց եւ ճեմարաններ, հիմնարկութիւններու եւ եկեղեցիներու փակման։

Աղեքսանտրիոյ տնտեսական վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարանայ 1967 Իսրայէլի դէմ Եօթը Օրուան պատերազմի ընթացքին․ կը փակուի Սուէզի Ջրանցքը եւ առեւտուրը լուրջ վնասներ կ՛ունենայ։[10][11][12][13][14][9][15][16][17][18][19][20][21][22][23]

Աղեքսանտրիոյ համայնապատկեր

Ժամանակակից Աղեքսանտրիան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից Աղեքսանտրիան ծովային առեւտուրի գլխաւոր խաչմերուկ դարձած է եւ կը սպասարկէ Եգիպտոսի արտածումի եւ ներածումի 80%։ Դարձած է զբօսաշրջկութեան նշանաւոր սահմանեալ տեղ եւ նաեւ ճարտարարուեստի կարեւոր կեդրոն՝ շնորհիւ Սուէզէն եկող բնական կազի եւ քարիւղի կազամուղիին։ Քաղաքին տարածքն է 300 ք․քմ․։[24][25]

Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանը

Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանը եւ կամ՝ bibliotheca alexandrina (եգիպտական արաբ․՝ مكتبة الإسكندرية‎ Maktabat El-Iskandarīyah) հսկայ գրադարան մըն է եւ մշակութային կեդրոն։ Կը գտնուի քաղաքին Միջերկրականի ափին։ Կառուցուեցաւ շնորհիւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-յի, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութեան, որուն նպատակն էր կառուցել Նոր Գրադարան մը հնադարեան հռչակաւոր շինուածքին տեղը։ Մամտուհ Համզա Mamdouh Hamza ճարտարապետն է։ Պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ 16 Օգոստոս, 2002-ին։

Նոր Գրադարանին նկարագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընթերցանութեան սրահին կից կը գտնուին երեք թանգարաններ, հինգ հետազօտական կաճառներ եւ ցուցադրութեան սրահներ։ Գրադարանին ընթերցանութեան սրահները (կրնան ընդունիլ մինչեւ 2 000 հոգի) եօթը մակարդակներու վրայ են, որոնցմէ մէկը՝ ծովուն մակերեսէն վար։ Ընթերցասրահներուն բարձր սիւները զարդարուած են լուտաս ծաղիկով։ Թանգարաններէն մէկը կը պահպանէ հազարաւոր հին ձեռագիրներ, որոնցմէ երկուքը Աստուածաշունչի օրինակ գիրքեր (Նոր Գրադարանին նուիրուեցան Վատիկանի կողմէ), ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի նկարագրութեան գիրքը Description de l'Égypte (1809-ի հրատարակութիւն եւ կը վերահրատարակուի բազմիցս մինչեւ 1829, Նափոլէոնի հրամանագրով)։[4][9][24][26]

Տնտեսութիւն եւ Հասարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղեքսանտրիոյ հիմնումին օրերէն, քաղաքը կը բնակին յոյներ, հրեաներ, ասորիներ եւ եգիպտացիներ։ Յունական եւ հրէական համայքները գլխաւորներն են։ Քաղաքին վարչաձեւը հին Աթէնքի քաղաք-պետութեան նման է։

Աղեքսանտրիան տարածուն աշխուժ տնտեսութեան կեդրոնն է։ Միջերկրական Ծովուն վրայ Եգիպտոսի միակ նաւահանգիստն է, ուրկէ կը ներածուին փայտ, մետաղի տեսակներ, մարմար, գինի, ձէթ եւ կ՛արտածուին՝ ցորեն, փափիրուս, կտաւեղէն եւ մարմաշէ կտաւ, բուրմունքներ եւ ուրիշ շքեղանքի արտադրանքներ։ Նաւահանգիստին միջոցաւ կ՛առաքուին Ափրիկէի, Արաբական աշխարհի եւ Հնդկաստանի արտադրանքները։

ԻԱ․ դարուն, Աղեքսանտրիոյ տնտեսութիւնը կը յենուի նաւահանգիստին, ճարտարարուեստին եւ զբօսաշրջութեան՝ հակառակ ունեցած ելեւէջներուն։

Ճարտարարուետը աշխուժ է․ զտարաններ, կրաշաղախ, նաւային կառուցում, հիւսուածեղէն, երկաթ, թուղթ, սննդեղէն, քիմիական նիւթեր եւ մեքենագիտութիւն։

Աղեքսանտրիոյ մարզադաշտը

Հակառակ հնագիտական հետքերու հազուադիպութեան, Աղեքսանտրիան զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը կը նկատուի։ Միջերկրականի ծովափնեայ կլիման լոգանքի յատուկ վայրերու զարգացման թափ կու տայ․ ամէն ամառ կը ներգրաւէ Գահիրէ մայրաքաղաքին միջին եւ ունեւոր դասակարգը։

Աղեքսանտրիան մարզական պատկառելի աւանդութիւն կը ունի։ Քաղաքը կազմակերպած է 1951-ի Միջերկրականի Խաղերը եւ 1953-ի Համարաբական Խաղերը։ Ունի բազմաթիւ մարզադաշտեր, օրինակ՝ Աղեքսանտրիոյ մարզադաշտը 13 660 հոգինոց է․ քաղաքին եւ Եգիպտոսին ամենահինը որ նաեւ դասական մարզախաղեր կը հիւրասիրէ, 86 000 հոգինոց Պորկ Ալ Արաբ՝ քաղաքին ամենաընդարձակ մարզադաշտը, ինչպէս նաեւ՝ Էլ Մաքս մարզադաշտը։

Մարզախաղեր եւ մարզական խումբեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժ դարէն կը հիմնուին մարզական միութիւններ կամ խումբեր, գլխաւորաբար յունական համայնքին մէջ։ Ոտնագնդակը շատ տարածուած ու սիրուած է բնակիչներէն, նաեւ վերջին տասնամեակներուն՝ կողովագնդակը։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ խումբեր, որոնցմէ 4-5 Եգիպտոսի ախոյեանութեան մրցաշարքին առաջնահերթութիւններ բերած են ու կը բերեն։ Նաեւ, տարածուած են դասական մարզախաղերը։

Համափրիկեան Բաժակի խաղերուն, Յունուար 2006, Աղեքսանտրիան խաղերը հիւրասիրող երեք քաղաքներէն մէկն է։ Կը զարգանան նաեւ ծովու խաղերը՝ surfing, jet-skiing եւ water polo։ Եգիպտոսի մէջ տարածուած Skateboarding խաղը Աղեքսանտրիայէն սկսած է։

Նաեւ Աղեքսանտրիան չորս անգամ հիւրասիրած է Համափրիկեան Կողովագնդակի մարզախաղերը՝ 1970, 1975, 1983, 2003։[27][28][29][30]

Հայկական Գաղութը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութը

Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութը կազմուած է Ժ դարուն ընթացքին։ Ի․ դարու առաջին կիսուն, գաղութին թիւը կը սկսի դանդաղօրէն նուազիլ։ Այժմ Աղեքսանտրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հայութեան թիւը մօտաւորապէս 400-500 հոգի է։ Համայնքին կեանքը համերաշխ է։ Գաղութը ունի եկեղեցի, դպրոց եւ կը գործեն հետեւեալ միութիւնները․- «Տիգրան Երկաթ» եւ «Յառաջադիմասէր» մշակ. միութիւնները, ՀԲԸՄ Նուպար եւ ՀՄԸՄ մարզական ակումբները, ուր երիտասարդները կը զբաղին հայկական պարով եւ երգով։ [31][32][33][34][35][36][37][38][39]


Գիր եւ Գիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ք․ա․ 30 թ․, Աղեքսանտրիոյ յատակագիծը․ հարաւ-արեւմուտքը կը նշուի Սերափիոյին Serapeum of Alexandria վայրը․ (քարտէսին մէջ, թիւ 7)

Պտողեմէոս Փրկիչին տարիներէն (Ք․Ա․ 662-283), Աղեքսանտրիոյ մէջ աշխարհի բոլոր կողմերէն հաւաքուած գիրքերը, արձանագրութիւնները եւ փիլիսոփայութիւնները, ինչպէս նաեւ գիտնականներն եւ գիտունները պաճառ կ՛ըլլան մտաւորական կեանքի աշխուժ զարգացման։ Քաղաքը կ՛ունենայ երկու համբաւաւոր գրադարաններ, մէկը Աղեքսանտրիոյ Թանգարան Հաստատութեան մէջ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը, իսկ միւսը՝ «Քոյր Գրադարանը» Սարափիօ տաճարին մէջ (Աղեքսանտրիոյ արեւմուտքը)։

Նորագոյն շրջանի Եգիպտացի հեղինակներ իրենց հայեացքը դէպի Աղեքսանտրիա կ՛ուղղեն․ կը ներշնչուին անոր եւրոպական ազդեցութենէն։ Աղեքսանտրիոյ աշխարհաքաղաքացի մթնոլորտը եւ անոր պատմութիւնը կը ներշնչեն միջազգային համբաւի գրագէտներ, արուեստագէտներ․ ինչպէս՝ Կոստանտինոս Քավաֆիս Constantine Cavafy (յոյն աշխարհահռչակ բանաստեղծ, Ժ դար), Կարպիս Ափրիկեան Garbis Aprikian հայ յօրինող (Աղեքսանտրիոյ «Համազգային» երգչախումբի հիմնադիր), Սելին Աքսելոս Céline Axelos՝ հրապարակագիր, բանաստեղծուհի եւ հեղինակ (19021992), Ֆիլիփ Թոմասօ Մարինեդի Filippo Tommaso Marinetti (1876 - 1944) գրագէտ, ծագումով իտալացի, ապագայնապաշտութեան հիմնադիրը։ Ուրիշներ ալ, որոնք թէեւ Աղեքսանտրիա ծնան ու մեծցան, սակայն հետագային կը գաղթեն ու կը ստեղծագործեն այլուր․ օրինակ՝ երգչուհի Տալիտա Dalida, յօրինող Ժորժ Մուստաքի Georges Moustaki, երգիչ Տեմիս Ռուսոս Demis Roussos, բանաստեղծ Ճիւզեփէ Ունկարեդի Giuseppe Ungaretti, գծագրիչ Ժորժ Սապահ Georges Sabbagh, դերձակ՝ Ժան Տեսէ Jean Dessès, շարժապատկերի արտադրիչ՝ Ռէյմոն Հագիմ Raymond Hakim եւ շատ ուրիշներ։

Աղեքսանտրիա․ Սերափիոնին աւերակները եւ Պոմպէոսին Սիւնը Pompey's Pillar

Աղեքսանտրիան ունի բարձրագոյն ուսումնարաններու լուրջ թիւ մը։

  • Աղեքսանտրիոյ պետական համալսարանը,
  • Ափրիկէի Զարգացման Ֆրանսերէն Լեզուի Համալսարանը Université Senghor d'Alexandrie - UILFDA,
  • Եգիպտաճափոնական գիտութեան եւ ճարտարարուեստի համալսարանը,
  • Գիտութեան, Ճարտարարուեստի եւ Նաւային Փոխադրութեան Արաբական կաճառը,
  • Ընկերային, Քաղաքական եւ Միջազգային կապերու ուսման Ֆրանսական անձնական համալսարանը,
  • Աղեքսանտրիոյ Ճարտարարուեստի Կաճառը,
  • Աղեքսանտրիոյ Փարոս Համալսարանը։

Աղեքսանտրիոյ մէջ Ժ դարու առաջին տարիներէն բազմաթիւ օտար կրթական հաստատութիւններ կը հիմնուին (յունական, հայկական, ֆրանսական, անգլիական, իտալական)։ Մինչեւ այսօր, անոնցմէ շատեր կը գործեն։ Այժմ, համբաւի կ՛արժանանան ընհանրապէս անգլերէն լեզուով կրթական հաստատութիւնները։

Աղեքսանտրիոյ «Ափրիկէի Զարգացման Ֆրանսերէն Լեզուի Համալսարան»ը

Յատկանշական է որ Մոնթեսորեան դաստիարակչական մեթոտի մուտքը Եգիպտոս, Աղեքսանտրիա քաղաքէն կը կատարուի, 1970-ին։

[9][40][41][42][43][44][45][46][47]

Աղեքսանտրիան հարուստ է յուշարձաններով, Ժ, Ի․ դարերու ճարտարապետական եւ ժամանակակից շրջանի կառոյցներով եւ թանգարաններով։

  • Յունահռոմէական Թանգարանը Graeco-Roman Museum (հիմն․՝ 1892),
  • Աղեքսանտրիոյ Ազգային Թանգարանը (հիմն․՝ 1926, սակայն վերջնական կառուցումէն ետք, բացումը եղաւ 31 Դեկտ․ 2003)
  • Քավաֆի Cavafy Թանգարանը,
  • Նրբարուեստի Fine Arts թանգարանը,
  • Ոսկերչութեան Թագաւորական Royal Jewelery թանգարանը։
    Աղեքսանտրիոյ Օփերան․ կը կոչուի նաեւ՝ Sayyed Darwish Թատրոն (եւ վերջերս Mohamed Aly Թատրոն)

Նաեւ, Եունեսքօն ծրագրած է Աղեքսանտրիոյ մէջ կառուցել ստորաջրային թանգարան մը։

Աղեքսանտրիոյ Օփերան, ուր տեղի կ՛ունենան դասական եւ արաբական երաժշտութեան, պարի եւ օփերայի ներկայացումներ։

Պաշտամունքի վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից Աղեքսանտրիոյ մէջ իսլամ կրօնի մզկիթները կը գերիշխեն։ Սակայն կան քրիստոնէական կրօնի՝ Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցիներ եւ տաճարներ։ Աղեքսանտրիան նաեւ Ղպտի քրիստոնիաներուն կեդրոնն է։ Աղեքսանտրիոյ Եկեղեցին աշխարհի քրիստոնէական հնագոյն Եկեղեցիներէն է։[48][49][50][51]

Պատկերասրահ Աղեքսանտրիոյ տեսարժան վայրերու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոխադրական միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղեքսանտրիան Եգիպտոսի մնացեալ քաղաքներուն հետ կը կապուի ցամաքի երթեւեկութեան եւ երկաթագծային ցանցով, ինչպէս նաեւ 77 քմ․ երկարութեամբ Մահմուտիա Ջրանցքին Mahmoudia Canal միջոցաւ (ջրանցք որ կը սկսի Նեղոս գետի ափին Մահմուտիա քաղաք-նաւահանգիստէն եւ Աղեքսանտրիայէն անցնելով կը հասնի Միջերկրական Ծով․ կառուցուած էր Աղեքսանտրիան հայթայթելու համար սնունդով, Նեղոս գետի թարմ ձուկով եւ ջուրով)։

Քաղաքին մէջ փոխադրութիւնները կ՛ըլլան հանրային փոխադրամիջոցներու՝ trolleybus - autobus եւ թաքսի taxis միջոցաւ։ Ասոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։ Աղեքսանտրիան Գահիրէ կապող պողոտան անապատէն կ՛անցնի եւ Եգիպտոսի լաւագոյններէն կը սեպուի։

Նաւային փոխադրամիջոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաւային փոխադրամիջոցը կը կատարուի քաղաքին չորս նաւահանգիստներէն․ Արեւմտեան՝ որ Աղեքսանտրիոյ գլխաւոր նաւահանգիստն է, 1980-ին կառուցուած Տեքելիա՝ կը գտնուի նախորդին արեւմուտքը եւ կը սպասարկէ բեռնարկող նաւերն ու մօտակայ պողպատի գործարանը, Արեւելեան՝ զբօսանաւերու նաւակայք եւ Ապուքիր՝ քաղաքին հարաւ արեւելեան կողմը։ Եգիպտոսի նաւային բեռնատարութեան ծաւալին՝ արտածումի եւ ներածումի մեծ մասը կը սպասարկուի այս նաւահանգիստներէն։

Օդային փոխադրամիջոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջազգային թռիչքները կը կատարուին Պորկ Ալ Արաբ օդակայանէն, իսկ ներքին թռիչքները ընդհանրապէս Ալ Նոզա օդակայանէն։

Աղեքսանտրիոյ կլիման անջրդի է, տարեկան 189 մմ․ անձրեւաչափով։ Ձմեռը անձրեւ կը տեղայ մանաւանդ Դեկտեմբերին։ Ջերմաստիճանը, անկախ եղանակէն, չափազանց փոփոխումներ չի կրեր եւ հաճելի է շնորհիւ Միջերկրական Ծովուն բարեկարգ ազդեցութեամբ։ Աղեքսանտրիան Ռաֆա քաղաքին հետ, Եգիպտոսին ամենախոնաւ շջրանն է։ Յունուար եւ Փետրուարին ամէնէն պաղն է․ ջերմաստիճանը կը խաղայ 18°C մինչեւ՝ 5°C (բարձրագոյնը՝ 12 - 18°C եւ նուազագոյնը՝ 5°C)։ Նաեւ, պաղ ամիսներուն, քաղաքը կը փորձուի զօրաւոր փոթորիկներէ, անձրեւներէ եւ քանի մը անգամներ թեթեւ կամ կանոնաւոր կարկուտներէ, որոնք միացուած թաթաւներուն՝ պատահական ողողումներու պատճառ կ՛ըլլան։ Տարուան ամէնէն տաք եւ չոր ամիսներն են՝ Յուլիսն ու Օգոստոսը։[52][53]

Աղեքսանտրիայի կլիմայական տուեալները
Ամիս յունու փետ մարտ ապր մայ յուն յուլ օգոս սեպ հոկ նոյ դեկ Տարի
ցուցանշային բարձր °C (°F) 29.6
(85.3)
33.0
(91.4)
40.0
(104)
41.0
(105.8)
45.0
(113)
43.8
(110.8)
43.0
(109.4)
38.6
(101.5)
41.4
(106.5)
38.2
(100.8)
35.7
(96.3)
31.0
(87.8)
45
(113)
Միջին բարձր °C (°F) 18.4
(65.1)
19.3
(66.7)
20.9
(69.6)
24.0
(75.2)
26.5
(79.7)
28.6
(83.5)
29.7
(85.5)
30.4
(86.7)
29.6
(85.3)
27.6
(81.7)
24.1
(75.4)
20.1
(68.2)
24.9
(76.8)
Միջին օրական °C (°F) 13.4
(56.1)
13.9
(57)
15.7
(60.3)
18.5
(65.3)
21.2
(70.2)
24.3
(75.7)
25.9
(78.6)
26.3
(79.3)
25.1
(77.2)
22.0
(71.6)
18.7
(65.7)
14.9
(58.8)
20.0
(68)
Միջին ցած °C (°F) 9.1
(48.4)
9.3
(48.7)
10.8
(51.4)
13.4
(56.1)
16.6
(61.9)
20.3
(68.5)
22.8
(73)
23.1
(73.6)
21.3
(70.3)
17.8
(64)
14.3
(57.7)
10.6
(51.1)
15.8
(60.4)
ցուցանշային ցած °C (°F) 0.0
(32)
0.0
(32)
2.3
(36.1)
3.6
(38.5)
7.0
(44.6)
11.6
(52.9)
17.0
(62.6)
17.7
(63.9)
14
(57)
10.7
(51.3)
1.0
(33.8)
1.2
(34.2)
0
(32)
Անձրեւի տեղումներ մմ (մատնաչափ) 52.8
(2.079)
29.2
(1.15)
14.3
(0.563)
3.6
(0.142)
1.3
(0.051)
0.0
(0)
0.0
(0)
0.1
(0.004)
0.8
(0.031)
9.4
(0.37)
31.7
(1.248)
52.7
(2.075)
195.9
(7.713)
Միջ. անձրեւոտ օրեր (≥ 0.01 mm) 11.0 8.9 6.0 1.9 1.0 0.0 0.0 0.0 0.2 2.9 5.4 9.5 46.8
% խոնաւութիւն 69 67 67 65 66 68 71 71 67 68 68 68 67.92
Միջին ամսական արեւային ժամ 192.2 217.5 248.0 273.0 316.2 354.0 362.7 344.1 297.0 282.1 225.0 195.3 3307,1
Աղբիւր: {{{Աղբիւր 1}}}


Ծովուն միջին ջերմաստիճանը
Յունուար Փետրուար Մարտ Ապրիլ Մայիս Յունիս Յուլիս Օգոստոս Սեպտ․ Հոկտ․ Նոյ․ Դեկտ․
18 °C (64 °F) 17 °C (63 °F) 17 °C (63 °F) 18 °C (64 °F) 20 °C (68 °F) 23 °C (73 °F) 25 °C (77 °F) 26 °C (79 °F) 26 °C (79 °F) 25 °C (77 °F) 22 °C (72 °F) 20 °C (68 °F)

Աղեքսանտրիոյ հետ Եղբայրացած Քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
19-րդ դար․ Աղեքսանտրիա, բացիկ ․ Հիւպատոսներու Հրապարակը / El Mansheya
Մարիուդ լիճին համայնապատկեր
Երկիր Քաղաք
Ղազախստան Ալմաթի
Սլովաքիա Պրաթիսլաւա
Մարոքօ Քազապլանքա
Ա․Մ․Ն․ Քլիվլանտ
Ռումանիա Գոստանծա
Հարաւային Ափրիկէ Տերպան
Թուրքիա Զմիւռնա
Պուլկարիա Քազանլուք
Ֆրանսա Մարսէյլ
Հնդկաստան Քանփուր
Ազրպէյճան Սեմենդապատ (Եէւլախ)
Հայաստան Կիւմրի
Կիպրոս Լիմասոլ
Ուքրանիա Օտեսա
Չինաստան Շանկհայ
Ռուսիա Սուրբ Փեթերսպուրկ
Յունաստան Սելանիկ
  1. ՆԻՒԹԵՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, Ա․ գիրք, Պատմութիւն Եգիպտահայ Եկեղեցիներու եւ Գերեզմաններու, գրեց՝ Արտաշէս Հ․ Գարտաշեան, 1943 Տպր․ Նուպար, Գահիրէ
  2. Հայ Գիրքը Եգիպտոսի մէջ, ըստ Ժամանակագրութեան

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Աշխարհի Քաղաքներուն Բանկչութիւնը - Աղեքսանտրիոյ Բնակչութիւնը, (անգլերէն)
  2. Աղեքսանտրիոյ քաղաքապետութիւնը (անգլերէն)
  3. Աղեքսանտրիա (ֆր.)
  4. 4,0 4,1 Աղեքսանտրիա․ հնադարեան ժառանգութիւն եւ Նոր Գրադարանը (անգլերէն)
  5. Culture France (Ֆրանսական Մշակոյթ) - Աղեքսանտրիոյ գրադարաններուն պատմութիւնը 12-5-2017 (ֆր.)
  6. Յունական եւ Հռոմէական Եգիպտոսը, Bernard Legras, գլուխ 9 էջ՝162-184 (ֆր.)
  7. Կեանքն ու ճակատագիրը Աղեքսանտրիոյ հին գրադարանին 1992, Martine Poulain (ֆր.)
  8. Կորսուած Գրադարաններ, James Raven (անգլերէն)
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 Աղեքսանտրիոյ եղելութիւնները - Գրադարանը, Գիր (յունարէն)
  10. Հելլենիստական Աշխարհը (ֆր.)
  11. Պղուդարխոս․ Աղեքսանտրին հետքերով (անգլերէն)
  12. Քեմպրիճի համալսարան - Մշակոյթ եւ իշխանութիւն Եգիպտոսի մէջ․ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը եւ Թանգարանը․(անգլերէն)
  13. le monde - Հռոմէական կայսրութեան Բարձր Շրջանը՝ Միջերկրականի արեւելեան շրջաններ
  14. Ամիանուս եւ Միջերկրականի մեծ Ցունամին (անգլերէն)
  15. Բջիջային Եգիպտոս (անգլերէն)
  16. The Cambridge, Եգիպտոսը իսլամական խալիֆայութեան նահանգ, էջ 70-85 (անգլերէն)
  17. եգիպտոսը ակուպեան եւ Մեմլուքներուն իշխանութեանց տակ (անգլերէն)
  18. «ԱրեւՊարբերական, Նաբոլէոն Եգիպտոսի մէջ – 1938. – ԻԲ.Տարի.– թ.6021. – Հոկտեմբերի 18. – էջ 2»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-20-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-20 
  19. Հին Աշխարհի վեց հրաշքները․ Իպն Պադուդա՝ Աղեքսանտրիոյ Փարոսը․ Peter A Clayton, Martin Price - էջ 151-160 (անգլերէն)
  20. Եգիպտոս Մուհամմատ Ալիի թագաւորութեան շրջանին, Afaf Lutfi Al-Sayyid Marsot, (անգլերէն)
  21. Գահիրէի Ամերիկեան համալսարան․ Աղեքսանտրիոյ 1882 թ․ ռմբակոծումը, (անգլերէն)
  22. Եգիպտոսը Նասերին իշխանութեան տակ․ Հրայր Տէքմէճեան(անգլերէն)
  23. Հայրենիք օրաթերթ - Պոստոն, Պատերազմ արաբ երկիրներուն ու Իսրայէլի միջեւ, 1967 Յունիս 6, թիւ 16729
  24. 24,0 24,1 Աղեքսանտրիոյ նահանգապետարան - Աղեքսանտրիա․ մշակոյթ եւ արուեստ (անգլերէն)
  25. Աղեքսանտրիոյ նահանգապետարան (անգլերէն)
  26. Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանի բացումը, 16-10-2020(անգլերէն)
  27. «Աղեքսանտրիա - Յունական մշակոյթի երկու դարեր (յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-23 
  28. Եգիպտոս․ Աղեքսանտրիոյ զարգացումը (անգլերէն)
  29. Կեդրոնական Եւրոպայէն Եգիպտոս, ANTONIO LASCIAC ARCHITECT (1856-1946)(անգլերէն)
  30. Մելգոնեան Նորակառոյց Մանկապարտէզին բացումը․ Արեւ օրաթերթ, Գահիրէ, Հինգ․ 30 Մայիս, 1929
  31. «Հայկազեան»ի՝ «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները 2018/06/12
  32. Հայերը Եգիպտոս, Աղեքսանտրիա,09/11/2017 (անգլերէն)
  33. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ (արեւլ/հ)
  34. «Եգիպտահայերը Փոքրաթիւ, Սակայն՝ Վճռական Ի Հեճուկս Երկրին Մէջ Տիրող Խառնաշփոթ Իրավիճակին Ասպարէզ, Մայիս 17, 2012»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-03 
  35. Եգիպտոսում հայաստանի Դեսպանութիւն - հայերը Եգիպտոսում,
  36. «AGBU Աղեքսանտրիոյ հայերը, Դաւիթ Զենեան, Յունիս 1, 1994 (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-28 
  37. Մանկապատանեկան Արեւմտահայերէն Կայք Ուղղեւորութիւն դէպի Եգիպտոս, Հայկուհի Մուրատեան
  38. ՀՄՒՄ Մարմնամարզ, Բ․ տարի թիւ 14 Յուլիս 15, 1912, 1912-14
  39. HAY HORIZON TV CHANNEL Աղեքսանտրիոյ հայ գաղութը
  40. Աղեքսանտրիոյ Իփադիան (անգլերէն)
  41. Աթէնքի եւ Աղեքսանտրիոյ քաղաքներն ու Ուսումնարանները, Edward Jay Watts (անգլերէն)
  42. asia minor հանրագիտարան - Հիրոֆիլոս Խալքիտոնացին (յունարէն)
  43. Աղեքսանտրիոյ Մոնթեսորի կրթութեան դաստիարակութեան դպրոց (անգլերէն)
  44. Աղեքսանտրիոյ դպրոցներ (անգլերէն)
  45. Աղեքսանտրիոյ հինգ լաւագոյն համալսարանները(անգլերէն)
  46. Աղեքսանտրիոյ ամենագլխաւոր համալսարանները(անգլերէն)
  47. Աղեքսանտրիոյ բարձրագոյն ուսման համալսարաններն ու կաճառները (անգլերէն)
  48. Աղեքսանտրիոյ տեսարժան վայրեր եւ թանգարաններ (յունարէն)
  49. Եունեսքօի ծրագիրը՝ հիմնել ստորաջրային թանգարան (ֆր.)
  50. Եգիպտոսը կը պատրաստուի ընդունիլ ստորաջրային թանգարանը (ֆր.)
  51. Աղեքսանտրիոյ Պատրիարքութիւն (ֆր.)
  52. weather2travel, Աղեքսանտրիոյ կլիման (անգլերէն)
  53. Պրիտանական Հանրագիտարան,Միջերկրականի Կլիման (անգլերէն)

Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութը (Եգիպտոս)

Աղեքսանտրիոյ հայերը

Մեծն Աղեքսանտր

Սելանիկ

Աթէնք

Յունաստան

Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը

Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարանը

Եգիպտոս

Բաբելոն

Փիրէա

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]