Հայկական Դիցաբանութիւն
Հայկական դիցաբանութիւն, հայկական ցեղերու եւ ցեղային միութիւններու, աւելի ուշ՝ հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած հաւատալիքներ։ Ներկայացուած է քանի մը դիցարաններով. պայմանականօրէն առաջին շրջան՝ պրոնզէ եւ երկաթէ դարերու հայկական տոհմացեղային դիցարան, երկրորդ շրջան` զրադաշտականութիւն (Երուանդունիներու թագաւորութեան շրջան՝ Ք.Ա. 6 – 2-րդ դարեր) եւ հելլենիստական (Արտաշէսեան եւ Արշակունեաց թագաւորութեան շրջան՝ Ք.Ա. 2-րդ – Ք.Ե. 4-րդ դարեր)։
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական դիցաբանութիւնը 4-րդ դարէն ի վեր ամբողջութեամբ իր տեղը զիջած է քրիստոնէութեան, որ Հայաստանի մէջ ընդունուած էր 301 թ.-ին։
Աստուածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայոց հեթանոս աստուածներու առաջին դիցարանը ձեւաւորուած է հայ ժողովուրդի կազմաւորման զուգընթաց՝ կրօնապաշտամունքային հաւատալիքներու (տոտեմականութիւն, ոգեպաշտութիւն, բնապաշտութիւն, եւ հմայական մոգութիւն) ազդեցութեամբ:
Հին գրաւոր աղբիւրներու մէջ պահպանուած են տեղեկութիւննեը հայոց առաջին պետական կազմաւորուման ընթացքին գոյութիւն ունեցած պաշտամունքային երեւոյթներուն մասին: Հայկական լեռնաշխարհին մէջ վկայուած առաջին պետական կազմաւորման՝ Արատտայի (Ք.Ա. 28-27-րդ դարեր) հովանաւորը արարչագործ Հայա աստուծոյ որդի Տումուզին էր (շումերերէն՝ հարազատ որդի), որու անունը Աստուածաշունչի թարգմանութեանց մէջ փոխարինուած է Օրիոն-Հայկով:
Հայասա երկրի (Ք.Ա. 15–13-րդ դարեր) աստուածները յիշատակուած են խեթա-հայասական պայմանագիրին մէջ, ուր վերծանուած են տասներկու աստուածներու անուններ: Հայասայի դիցարանը ղեկավարած է գերագոյն եռեակը. առաջինը ռազմի աստուածութիւնն էր, երկրորդը՝ մայր աստուածուհին, իսկ երրորդին անունը պահպանուած ՉԷ:
Վանի թագաւորութեան (Բիայնիլի, Ուրարտու, Արարատ) դիցարանը կը յիշատակուի Մհերի դրան արձանագրութեան մէջ։ Կազմուած է եօթանասուն աստուածութիւններէ՝ երեսունհինգ իգական եւ երեսունհինգ արական (իւրաքանչիւր աստուած ունէր իր նշանը), եւ հարիւրի շուրջ սրբութիւններէ: Դիցարանը գլխաւորած է գերագոյն եռեակը՝ Խալդի, Թէյշեբա եւ Շիւինի: Երկրպագուած են նաեւ դաշտեր, լեռներ, ծովեր եւ այլ աստուածութիւններ:
Վանի թագաւորութեան շրջանէն ետք, ազգակից աստուածներէն ձեւաւորուած է նոր պանթէոն մը, որ նոյնութեամբ պահպանուած է մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունումը:
Հայոց դիցարանի բնորոշ առանձնայատկութիւնը միակեդրոնութիւնն էր. չկային չար կամ չարագործ աստուածներ, կը մեծարուէին լոյսը, բարին, ընտանեկան օճախը եւ գիտութիւնները:
Հայոց դիցարանը կը ղեկավարէր գերագոյն եռեակը՝ Արամազդը՝ աստուածներու հայրը, երկինքի ու երկրի արարիչը, լիութիւն, բարութիւն եւ արիութիւն պարգեւողը (պաշտամունքային գլխաւոր կեդրոնը եղած է Դարանաղեաց գաւառի Անի ամրոցը), Անահիտը՝ արգասաւորութեան, պտղաբերութեան մայր դիցուհին (գլխաւոր կեդրոններն էին Եկեղեաց գաւառի Երիզա/Երզնկա աւանը, Արտաշատը) եւ Վահագնը՝ պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի աստուածը (գլխաւոր մեհեանը Աշտիշատի մէջ էր. կոչուած է Վահեվանեան): Գլխաւոր աստուածութիւններէն էր Աստղիկը՝ սիրոյ եւ գեղեցկութեան, երկնային լոյսի եւ ջուրի դիցուհին:
Հայոց դիցարանի ազդեցիկ դիցուհիներէն էր Արամազդի դուստր Նանէն՝ ընտանիքի պահապանը, իմաստութեան, ողջախոհութեան եւ ռազմի աստուածուհին, որուն պաշտամունքը սերտօրէն կապուած էր Անահիտի պաշտամունքին հետ: Նանէի տաճարը Եկեղեաց գաւառի Թիլ աւանին մէջ էր՝ Անահիտի տաճարին մօտակայքը: Յաճախ մեծ մայրերը ներկայիս կը կոչուին նաեւ Նանէ կամ Նան, որ կը վկայէ Նանէ դիցուհիի՝ մարդաստուածութեան հետ կապին եւ ժողովուրդին մէջ անոր անուան ու պաշտամունքի տարածուածութեան մասին:
Արեւի, կրակի ու լոյսի, մաքրութեան ու ճշմարտութեան աստուածը Արեգ-Միհրն էր։ Ըստ հայոց հին հաւատքին՝ Արեգակի սրտին մէջ կ՚ապրէին 365 սուրբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարուան մէկ օրուան տէրն էր. կը վկայակոչուէին չարը խափանելու նպատակով: Միհրի գլխաւոր տաճարը կը գտնուէր Դերճան գաւառի Բագառիճ աւանին մէջ։ Անոր նուիրուած էր նաեւ Գառնիի հեթանոսական տաճարը: Միհրի անունէն ծագած են հայոց հեթանոսական սրբավայրերուն տրուող ընդհանուր՝ մեհեան անուանումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայկական եւ օտար անձնանուններ՝ Միհրան, Միհրդատ, Միհրներսեհ, Մեհրուժան եւ այլն: Միհրի աստուածութեան հետագայ վիպական մարմնաւորումները «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի Մեծ եւ Փոքր Մհերներն են:
Դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութեանց եւ ուսման, արուեստներու հովանաւոր աստուածը Տիրն էր՝ Արամազդի ատենադպիրն ու սուրհանդակը: Համարուած է մարդոց ճակատագիրներու գուշակը եւ երազներու մեկնիչը, անոնց չար ու բարի գործերը գրառողը: Գլխաւոր տաճարը հին Արտաշատի մերձակայքը կը գտնուէր՝ Երազամոյն վայրին մէջ, եւ կը կոչուէր Արամազդի գրիչի դիւան կամ գիտութեանց ուսուցման մեհեան: Տիրը անուանած են նաեւ Երազացոյց ու Երազահան: Տիր աստուծոյ անունէն ծագած են շարք մը անձնանուններ (Տիրան, Տիրատուր, Տիրայր, Տրդատ) եւ տեղանուններ (Տիրինկատար լեռը, Տիրակատար քաղաքը, Տրէ եւ Տիրառիջ գիւղերը), ծիածանի՝ Տիրական կամ Տրական գօտի անուանումը եւ այլն:
Վանատուր հին հայերու դիցարանին մէջ հիւրընկալութեան աստուածն էր՝ պանդուխտներու, օտար ճամբորդներու հովանաւորը, անոնց ապաստան ու օթեւան տուողը: Վանատուրի տօնը նշած են հին հայոց տարեսկիզբին՝ Ամանորի առաջին օրը, որու համար յաճախ զինք անուանած են նաեւ Ամանորի դից, նոյնացնելով Նոր տարին անձնաւորող Ամանոր աստուծոյ հետ:
Հայկական դիցարանին մէջ անդրաշխարհի աստուածը Սպանդարամետն էր. պաշտուած են նաեւ Անգեղ (Ներգալ), Դեմետր, Գիսանէ, Բարշամին եւ այլ աստուածութիւններ:
Հելլենական մշակոյթի տարածումէն ետք, հայ հեթանոս աստուածները նոյնացուած են յունական համապատասխան աստուածներու հետ՝
Հայերէն անուանումը | Յունարէն անուանումը |
Արամազդ | Զեւս |
Անահիտ | Արտեմիս |
Միհր | Հեղիոս կամ Հեփեստոս |
Վահագն | Հերակղէս կամ Արէս |
Տիր | Ապողոն կամ Հերմէս |
Աստղիկ | Ափրոդիտէ |
Նանէ | Աթենաս |
Սպանդարամետ | Հադէս |
եւ այլք՝ պահպանելով, սակայն, իրենց ազգային, պաշտամունքային ինքնատիպ յատկանիշները: Հեթանոս հայերը իրենց աստուածներուն նուիրած են յատուկ տօներ, անոնց համար կառուցած են տաճարներ, մեհեաններ, նուիրատուութիւններ ըրած են եւ անասուններ զոհաբերած են: Անոնց անուններով կոչած են հայ հեթանոսական տոմարի ամիսները, օրերը, տեղանուններ, անձնանուններ եւ այլն:
Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութեան տարածման շրջանին ոչնչացուած են հեթանոս աստուածներուն նուիրուած արձաններն ու քանդակները, մեհենական արժէքները, ինչպէս նաեւ տաճարները, բագինները. պահպանուած են միայն Անահիտի պղնձաձոյլ արձանի գլուխն ու անոր պատկերով մետալիոն մը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը: Վերջին տարիներուն, շարք մը հնավայրերու պեղումներու ժամանակ, յայտնաբերուած են հեթանոսական մշակոյթի նորանոր արժէքներ, հեթանոս աստուածներուն նուիրուած տարբեր իրեր:
Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակուելէ ետք ետք, հեթանոս աստուածներուն նուիրուած որոշ սովորոյթներուն, պաշտամունքային տարրերուն քրիստոնէական շունչ հաղորդուած է՝ կապելով Հայ եկեղեցւոյ տարբեր տօներու կամ արարողութեանց հետ:
Հայկական դիցարանին վերաբերող բացառիկ ու արժէքաւոր տեղեկութիւններ պահպանուած են Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Զենոբ Գլակի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ այլ հայ ու օտար (Ստրաբոն, Պլուտարքոս եւ ուրիշներ) պատմիչներու ու հեղինակներու աշխատութեանց մէջ։ Հայ ժողովուրդի հնագոյն հաւատքի մասին պատկերացում կու տայ նաեւ «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպը: Հայոց նախաքրիստոնէական կրօնի ուսումնասիրութեան առումով մեծ արժէք ունի Հայոց տոմարը:
Բնութեան հաւատալիքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագոյն հայերու համոզումները կապուած էին բազմաթիւ աղանդներու պաշտամունքին հետ, հիմնականօրէն նախնիներու, երկնային մարմիններու պաշտամունքին (արեւու, լուսինի) եւ որոշակի արարածներու երկրպագութեան (առիւծներու, արծիւի եւ ցուլի): Սակայն, հիմնական պաշտամունքի առարկայ եղած են հայկական պանթէոնի աստուածները: Բարձրագոյն աստուածն էր հնդեւրոպական Ար (որպէս ելակէտ), որու կը յաջորդէր Վանատուրը: Հետագային, շնորհիւ հայ-պարսկական յարաբերութեանց ազդեցութեան, Արարիչ աստուած կը դառնայ Արամազդը, իսկ հելլենիստական դարաշրջանի ազդեցութենէն, ան կը նոյնացուի Զեւսին հետ:
Տոտեմականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնական արծիւի եւ առիւծի պաշտամունքի կողքին, կային այլ սրբազան անասուններ.
- Ցուլ – Երուանդ եւ Երուազը ծնած էին կնոջ եւ ցուլի յարաբերութենէն:
- Եղնիկ – Պաշտամունքը կապուած էր մայր աստուածուհիին եւ աւելի ուշ քրիստոնէական Մայր Աստուածածինին հետ:
- Արջ – Ժամանակին ջրաղացպան եղած է: Բայց երբ շատ գողութիւն ըրած է, աստուած զայրացած է անկէ եւ արջ դարձուցած:
- Կատու – Նոյեան տապանին մէջ գտնուած ատեն, առիւծը յանկարծ կը փռշտայ եւ քիթէն դուրս կ՚իյնայ կատուն: Այդ պատճառով ալ կատուն շատ նման է առիւծի:
- Կապիկ – Ժամանակին մարդ եղած է եւ զբաղած ներկարարութեամբ: Ան աշխատելէ առաջ ոչ երեսը խաչակնքած է, ոչ ալ աղօթած: Աստուած զայրացած է անկէ, անիծած եւ կապիկ դարձուցած։
- Շուն, օրինակ՝ Յարալէզ – սկիզբը, աշխարհի վրայ հաց չէ եղած: Օր մը անօթի շունը սկսած է անընդհատ ոռնալ եւ դէպի երկինք նայիլ: Այնքան ոռնացած է, որ երկինքէն հատիկ մը ինկած է գետին: Հատիկը ծլած, աճած, արտը լեցուցած է ցորենով: Շան տէրը քաղած է արտը, ծեծած հասկերը եւ ցորենը աղացած: Ատկէ ետք, աշխարհը հացով լեցուած է:
- Գորտ – Առաջ յղի հարս եղած է: Սկեսրայրը նկատած է, թէ հարսը առանց մէկէն քաշուելու, կ՚առնէր կ՚ուտէր սիրտին ուզածը: Ան բարկանալով հարսէն, թքնած է անոր երեսին: Խեղճ հարսը ամօթէն իսկոյն գորտ դառնալով մտած է ջուրը:
- Կրիայ – Նախ եղած է գող եւ շատ վարձք առնող ագահ ջրաղացպան: Ան աղքատ մարդէ մը այնքան շատ վարձք առած է, որ զայրացած աղքատը անիծած է զինք եւ ըսած. «Քեզ տեսնեմ այդ կոկոշը (աղուն կամ ալիւր չափելու դդումէ աման) գլխիդ ման գալու ատեն:» Աղքատին անէծքն անմիջապէս կատարուած է, ջրաղացպանը դարձած է կրիայ, գլխուն՝ կոտ:
- Իշխան ձուկ – Ժամանակին Ճըռան գետէն միայն մէկ տեսակ սեւ ձուկ դուրս կու գար, որ կը վնասէր զայն ուտողը: Այդ կողմերը կ՚ապրէր Իշխան անունով մարդ մը, որ ճգնաւոր դարձած էր։ Իշխանը փայտէ ձուկ մը շինելով, ձգած է ջուրը: Ատեն մը ետք, նոյն գետէն սկսած է դուրս գալ նոր հրաշալի ու համեղ ձուկ մը, որ ճգնաւորին անունով կոչուած է Իշխան:
Սուրբ կաթնասուններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուրբ թռչուններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արծիւ
- Աքաղաղ
- Ծիծեռնակ – Ճարտար ու քաղցրախօս երեխայ եղած է: Խորթ մայրը սաստիկ ատած է զինք: Անգամ մը մայրը հիւանդ ձեւանալով, ամուսինէն պահանջած է, որ կտրէ երեխային ճկոյթը, տայ իրեն, որ ուտէ, որպէսզի ինք առողջանայ: Ամուսինը ստիպուած կատարած է չար կնոջ կամքը: Երբ կտրած է տղուն ճկոյթը, տղան մեռած է: Իսկ երբ կտրած ճկոյթը տուած է կնոջ, որ ուտէ, ճկոյթը յանկարծ ծիծեռնակ դարձած է:
- Արագիլներ – Իրենց երկրին մէջ մարդեր էին, մարդկային կերպարանք ունէին: Չուելու ատեն, անոնք կու գային գետափ, կը լոգնային ջուրերու մէջ, կը հագնէին թռչունի փետուրներ եւ ճամբայ կ՚իյնային դէպի մեր երկիրը: Վերադարձի ատեն անոնք կը հաւաքուէին բարձր սարի մը վրայ, մատաղ կ՚ընէին, կը լոգնային գետին մէջ, նորէն մարդ կը դառնային եւ կ՚երթային իրենց երկիրը: Արագիլը ամէն տարի կը խեղդէր իր ձագերէն մէկը աստուծոյ մատաղ ընելու համար:
- Կռունկ – Սպաննելը մեծ մեղք էր։ Երբ մարդ հրացան առնէր ձեռքը եւ նշան բռնէր դէպի կռունկը, կռունկը իսկոյն կը դառնար գեղանի հարս՝ ծծկեր երեխան կուրծքին:
Սուրբ բոյսեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սօսի, չինարի
- Գիհի
Տոտեմները նաեւ կը դասէին ձուկերու կարգին, շնորհիւ գոյութիւն ունեցող հին քանդակներուն:
Շատ առասպելներ նուիրուած էին օձերուն, անոնց պաշտամունքը, որ հին ատեն տարածուած էր ժողովուրդին մէջ (յատկապէս լորտիի, որ կը համարուէր հայերու ընկեր): Կ՚ենթադրուէր, որ սուրբ օձերը կ՚ապրէին քարանձաւներու իրենց պալատներուն մէջ, իսկ օձերու արքային գլխուն կ՚ըլլային թանկարժէք քարեր կամ ոսկեայ եղջիւրներ: Իւրաքանչիւր թագաւոր ունէր իր բանակը:
Սարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեռներու ծագումը առասպելներու մէջ սովորաբար մարդակերպ բնոյթ մը ունէր: Ըստ որոշ առասպելներու, լեռները եղբայր-հսկաներ եղած են: Ամէն առտու անոնք ամուր կը գօտեւորուէին ու բարի առաւօտ կը մաղթէին իրարու:
Սակայն ժամանակի ընթացքին, անոնք կը ծուլանան կանուխ արթննալու եւ բարեւելու իրարու, ինչպէս նաեւ գօտիներն ալ չեն կապեր: Աստուածները կը պատժեն եղբայրները եւ զանոնք կը վերածեն լեռներու, իրենց գօտիները կանաչ հովիտներու, իսկ արցունքները՝ աղբիւրներու: Ըստ մէկ այլ առասպելի,Մասիս սարը (Արարատ) եւ Արագածը քոյրեր էին, իսկ Զագրոշն ու Տաւրոսը՝ եղջերաւոր վիշապներ (տրակոններ), որոնք կը մարտնչէին իրարու դէմ:
Տիեզերաբանութիւնը եւ երկնային մարմինները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առասպելներու մէջ երկինքը կարծես քաղաքի կը նմանէր, շրջապատուած քարէ պատերով եւ պղինձէ դարպասներով: Անյատակ ծովու մը մօտ, որ կը բաժնէր երկինքն ու երկիրը, կը գտնուէր դրախտը:
Դրախտի դարպասներուն կից կը հոսէր հուրէ գետը, որուն վրայ կը կախուէր կամուրջը՝ մէկ մազէ թելիկով: Դժոխքը կը գտնուէր երկրին տակ: Դժոխքին մէջ տանջանք ապրող հոգիները դուրս կու գային եւ կը բարձրանային կամուրջին վրայ, սակայն կամուրջը չդիմանալով իրենց մեղքերուն ծանրութեան, իսկոյն կը պատռուէր եւ հոգիները կ՚իյնային հուրէ գետը:
Ըստ այլ առասպելի մը, կամուրջը կ՚երկարէր դժոխքին վրայ։ Աշխարհին վերջը, երբ բոլոր մահացածները յարութիւն պիտի առնեն, իւրաքանչիւրը պէտք է անցնի այդ կամուրջէն. մեղաւորները պիտի իյնան դժոխք, իսկ արդար մարդիկ պիտի անցնին դրախտ:
Երկրագունդը, ըստ առասպելի մը, ցուլի մը կոտոշներու վրայ տեղաւորուած էր։ Երբ ան ցնցէր գլուխը, երկրաշարժ տեղի կ՚ունենար: Ըստ մէկ այլ առասպելի, երկիրը շրջապատուած էր հսկայ մարմինով ձուկով մը (Lekeon կամ Leviathan), որ կը լողար ովկիանոսին մէջ։ Ձուկը կը ջանար բռնել իր պոչը, բայց չէր կրնար: Իր շարժումներէն երկրաշարժներ կը յառաջանային: Սակայն եթէ ձուկը կարենար բռնել իր պոչը, ապա ատիկա պատճառ կը դառնար աշխարհի ոչնչացման:
Հին ատեն, հայերու պաշտօնական կրօնը կ՚ընդգրկէր արեւու եւ լուսինի պաշտամունքը, անոնց արձանները կը գտնուէին Արմաւիրի տաճարին մէջ։ Արեւապաշտներու աղանդը մնացած էր Հայաստանի մէջ նոյնիսկ մինչեւ ԺԲ.դար:
Աստղերու հետ սերտօրէն կապուած էր նախնիներու պաշտամունքը: Հայկը՝ աստղէ աղեղնաձիգը, նոյնացուած է Օրիոնի համաստեղութեան:
Համաձայն մէկ առասպելի՝ Ծիր Կաթին, Յարդագողի կամ Դարմանագողի - այդ կաթն էր, որ թափած էր մարդագայլ կնոջ մը կուրծքէն, իսկ Մեծ Արջի համաստեղութիւնը կամ Եօթը սանամօր աստղերը եօթը շատախօս եւ բամբասող աղջիկներն էին, որոնք շարժած էին աստուծոյ զայրոյթը, որու պատճառով ալ աստուած փոխակերպած է զանոնք աստղերու: Մէկ այլ առասպելով, այդ եօթը աստղերը սանամայրեր եղած էին, որոնք ունեցած էին կնքահայր մը: Սանամայրերէն իւրաքանչիւրը մտածած էր, թէ իրենցմէ մէկը կը հոգար կնքահօր պէտքերը, որու պատճառով ալ կնքահայրը մնացած էր առանց խնամքի եւ անօթութենէն մեռած էր։ Աստուած զանոնք փոխակերպած է եօթը աստղերու:
Կշիռ համաստեղութեան աստղերը Հայկ նահապետի զաւակներն էին՝ երեքը տղայ, երեքը աղջիկ, որոնք կը կոչուէին նաեւ հայկեր (խեքեր):
Նաեւ յայտնի համոզում մը կար, որ իւրաքանչիւր անհատ ունէր իր աստղը երկինքի մէջ, եւ եթէ անիկա խամրէր, ապա վտանգի հաւանականութիւնը շատ կը մեծնար:
Հուր, ջուր եւ կայծակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ հայկական առասպելներուն, կրակն ու ջուրը քոյր ու եղբայր էին, բայց քոյր-կրակը վիճաբանելով ջուր-եղբօր հետ, յաւերժական թշնամիներ դարձած են:
Ըստ մէկ այլ աւանդութեան, հուրը ստեղծած էր Սատանան, երկաթով խփելով կայծքարին: Այս կրակը հետագային սկսած է օգտագործել ժողովուրդը: Աստուած զայրանալով անոնցմէ իբրեւ պատիժ ստեղծած է աստուածային կրակը՝ կայծակը:
Կրակի հետ կապուած են նաեւ հարսանիքներու եւ կնունքներու ծէսերը: Տրնդէզի տօնին, որ կը խորհրդանշէր մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը, ծիսական խարոյկ կը վառէին:
Աստուած զայրանալով սատանայէն, կրակի գաղտնիքը յայտնած է մարդոց, ըսելով.
- Սպասէ, քու պատճառովդ այնպիսի կրակ ստեղծեմ, որմէ սարսափին մարդիկ: Եւ ան ստեղծած է աստուծոյ կրակը՝ կայծակը, ղրկելով երկիր: |
Պանթէոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերէն | Այլ անուանումներ | Գործառոյթները եւ յատկանիշները |
---|---|---|
Արամազդ | Aramazd - Ahura Mazda | Հին հայերու գերագոյն աստուածն էր Արամազդը, երկինքի եւ երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը: Ան կը կոչուէր «Մեծ եւ արի Արամազդ», որու գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուէր Հին Հայաստանի պաշտամունքային կեդրոններէն մէկուն մէջ՝ Անի Կամախի մէջ։ Հոն կը գտնուէին հայոց Արշակունի թագաւորներու տոհմական դամբարաններն ու գանձերը: Իր անուան առաջին երկու տառերը, «Ար», կրնար ունենալ հայերէն արմատներ՝ արեւ, լոյս եւ կեանք: |
Անահիտ | Anahit -Anahita | Արամազդի դուստրը կամ կինն էր Անահիտը՝ հայոց ամենասիրելի եւ պաշտելի դիցուհին: Ան մայր աստուածուհին էր, կը պատկերացուէր երեխան իր գիրկը՝ հայ մայրերուն կամ կանանց յատուկ գլուխի յարդարանքով, մինչեւ ուսերը իջնող գլխաշորով: Ան կը կոչուէր «Մեծ տիկին Անահիտ», բոլոր տեսակ խոհեմութեանց եւ պարկեշտութեանց մայր, մարդոց բարերար, հայ ժողովուրդը պահող ու փառաբանող: Կը հաւատային, թէ անոր շնորհիւ միշտ եղած է, կայ եւ գոյութիւն կ՚ունենայ Հայոց աշխարհը: Հայ թագաւորները որեւէ գործ ձեռնարկելու ատեն Մեծ տիկին Անահիտէն հովանաւորութիւն եւ առողջութիւն կը հայցէին: Իբրեւ մայր աստուածութիւն Անահիտը մայրութեան, բերքի եւ պտղաբերութեան սրբազան մարմնացումն էր։ Ան Արամազդի եւ Վահագնի հետ միասին հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէին աստուածային սուրբ երրորդութիւն: |
Վահագն | Vahagn | Հայոց դիցարանի երրորդ աստուածն էր Վիշապաքաղ Վահագնը, վառվռուն ու խարտեաշ պատանի մը՝ հրեղէն մազերով, բոցավառ մօրուքով եւ արեգակնափայլ աչքերով: Ան ծնած է տիեզերքի բուռն երկունքի ժամանակ, երբ անոր երեք բաղկացուցիչ մասերը՝ երկինքը, երկիրն ու ծովը բռնուած են երկունքի ցաւերով: Եւ երկունքէն շառագունած ծիրանի ծովի մէջ վառող եղեգնի ծուխ ու բոց արձակող փողէն վազելով ելած է պատանի Վահագնը: |
Աստղիկ | Astghik, Astlik | Վահագնի տարփածուն էր Աստղիկ դիցուհին՝ հայոց սիրոյ եւ ջուրի աստուածուհին, որու պաշտամունքը կապուած էր Արուսեակ (Վեներա) մոլորակին հետ: Աշտիշատի մէջ գտնուող անոր տաճարը կը կոչուէր «Վահագնի սենեակ», ուր Աստղիկը կը հանդիպէր իր սիրած Վահագնին: Աստղիկի եւ Վահագնի ամուսնութիւնը կը համարուէր սրբազան. այդ ամուսնութեան հետեւանքով անձրեւ կը տեղար երկրի վրայ, կը ծաղկեցնէր երկիրը, բերք ու բարիք կու տար մարդոց: |
Նանէ | Nane վրաց. ნანა բուլղ. Nana ռուս. Нанэ |
Հին հայերու յաջորդ դիցուհին Նանէն է՝ Արամազդի դուստրը, հաւանաբար պատերազմի աստուածուհի, որու պաշտամունքը սերտօրէն կապուած էր մայր դիցուհիին՝ Անահիտի պաշտամունքին: |
Արա, Արա Գեղեցիկ | Ara Geghetsik, Ara the Handsome կամ Ara the Fair | Գարնան, բուսականութեան, գիւղատնտեսութեան, ցանքի եւ ջուրի աստուած: Ան կապուած էր Օսիրիսի, Վիշնուի եւ Տիոնիսոսի հետ, իբրեւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: |
Միհր | Mihr (Armenian deity), Mithra | Երկնային լոյսի եւ արեգակի աստուածն էր լուսաճաճանչ Միհրը՝ Արամազդի միւս որդին, Անահիտի եւ Նանէի եղբայրը: Անոր գլխաւոր տաճարը կը գտնուէր Տերճան գաւառի Բագահառիճ գիւղին մէջ[1]: Միհրի նուիրուած էր նաեւ Գառնիի հեթանոսական տաճարը: |
Տիր | Tir կամ Tiur | Հին հայերու իմաստութեանց, ուսման, գիտութեան աստուածն էր Տիրը՝ Արամազդ գերագոյն աստուծոյ գրիչը կամ քարտուղարը, որու պաշտամունքի վայրը կը գտնուէր հին Արտաշատի մօտակայքը եւ կը կոչուէր «Արամազդի գրիչի դիւան» կամ «գիտութեանց ուսուցման մեհեան»[1][2]: |
Ամանոր եւ Վանատուր | Amanor կամ Vanadur | Ամանորը, որ հին հայերէնի մէջ կը նշանակէ նոր տարի, հին հայերու նոր տարին անձնաւորող աստուածն էր եւ կը համարուէր «նոր պտուղներու ամենաբեր»: Վանատուր, բառացի կը նշանակէ օթեւան տուող, հիւրընկալ, կը խորհրդանշէ Նաւասարդը եւ այլ օրերու Բագաւան այցելած բազմահազար հիւրերը եւ ուխտաւորները հիւրընկալելու, տեղ ու օթեւան տալու իրողութիւնը: |
Ծովինար կամ Նար | Dzovinar կամ Nar | Ջուրի, ծովու եւ անձրեւի աստուածուհի: Ան կրակ կը ստեղծէր, որպէսզի ստիպէր, որ անձրեւ եւ կարկուտ յառաջանար եւ իր կատաղութեան հետ թափէր երկրի վրայ։ |
Սպանդարամետ | Spandaramet | Հին հայերու ստորերկրեայ թագաւորութեան աստուածն էր Սպանդարամետը կամ Սանդարամետը, որ յաճախ կը նոյնանար ստորգետնեայ աշխարհին, մեռելներու թագաւորութեան կամ ուղղակի դժոխքին հետ[3]: |
Հայկ | Hayk, Hayg, Haik Nahapet, Օրիոն | Դիւցազն աղեղաձիգ եւ հայ ժողովուրդի նախահայր: |
Արայ | Aray | Ոչ շատ հանրածանօթ պատերազմի աստուած: Որոշ աւանդոյթներու մէջ, ան նաեւ մեռնող եւ վերածնող աստուածն էր: |
Բարշամին | Barsamin -Baal Shamin | Երկինքի եւ եղանակի աստուած, հաւանաբար կը բխի սեմիտական աստուած Baal Shamin-էն: |
Գիսանէ | Gisane | Հայկական պանթէոնի աստուած, որու կը վերագրուի հնդկական ծագում: Մեռնող ու յարութիւն առնող բնութեան կենսատու աստուած: |
Դեմետր | Demetr | Մեռնող ու յարութիւն առնող աստուած: Գիսանէի եղբայր: |
Տորք | Tork Angegh | Բուսականութեան եւ բերքի, կամ ամպրոպի եւ փոթորիկի աստուած: Հետագային այս աստուածը մակդիր ստանալով՝ վերածուած է Տորք Անգեղի: |
Վահէ | Vahe | Արեւու աստուած (դից): |
Բախտ | Pakhd | Հայ աւանդական հաւատքի մէջ ոգի, որ կ՚որոշէր մարդուն ճակատագիրը: |
Գրող | Krogh | Հոգէառ՝ հայ աւանդական հաւատքին մէջ ոգի մը, որ գրի կ՚առնէր մարդու արարաքները կեանքի ընթացքին: Ըստ այդ արարքներուն ալ կը պարզուէր, թէ որքանով մարդը մաքուր պահած էր իր արեւը: |
- Արեւ (Արեգակ) – արեւու անձնաւորում, երբեմն անիւի տեսքով, որ կը սփռէր լոյսը կամ ալ յաճախ երիտասարդի կերպարանքով:
- Լուսին – լուսինի անձնաւորում, Արեւու եղբայր:
Ճիւաղներ եւ ոգիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ալք – ժանտատեսիլ չար ոգիներ, ծննդկան կանանց եւ նորածիններու թշնամի: Կը յարձակէին յղի կանանց վրայ եւ կը գողնային նորածին երեխաները: Նկարագրուած են իբրեւ բրդոտ, կէս-մարդկային, կէս-կենդանական կերպարանքով, հրեղէն աչքով, պղինձէ եղունգներով էակներ[4][5]:
- Յարալէզներ – հայկական պանթէոնի ամենահին աստուածները, շան կերպարանքով էակներ, որոնք ունէին անկեալ ռազմիկներուն յառնլոյ (յարութիւն տալու) եւ մեռելներուն վէրքերը լիզելով վերակենդանացնելու կարողութիւնը:
- Դեւեր – ամենակարող մարդանման արարածներ, չար հրեշտակներ կամ ոգիներ, որոնք կ՚ապրէին քարքարոտ տեղերու մէջ:
- Շահապետ – սովորաբար ընկերային պահապան ոգիներ, որոնք ընդհանրապէս կ՚երեւէին օձերու կերպարանքով: Կը բնակէին տուներու, մրգաստաններու, դաշտերու, անտառներու, գերեզմանատուներու եւ այլ տարածքներու մէջ[5]:
- Նհանգ – գետերու մէջ ապրող օձանման ճիւաղ, ձեւափոխութեան կարողութեամբ: Կրնար կերպարանափոխուիլ մաշկոտանիներու, կնոջ կերպարանքով մարդը հրապուրել եւ արկածեալը լարել արիւնախում ըլլալու: Հայ գրականութեան մէջ նհանգ բառը երբեմն կը գործածուի իբրեւ ծովաճիւաղ[5]:
- Փիաթեք – մեծ կաթնասուն էակ, որ կը նմանէր անթեւ արծուառիւծի:
- Պահապան հրեշտակ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ դիցաբանութիւնը «Արմինիան Հաուս» կայքին մէջ
- armenian-history.com
- Հայկական դիցարանին հնագոյն ակունքները
- Թաղման հեթանոսական եւ միջնադարեան սովորութեանց մասին
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 "Armenia (Vannic)" by A.H. Sayce, p.793-4; "Armenia (Zoroastrian)", by M(ardiros). H. Ananikian, p.794-802; in Encyclopædia of Religion and Ethics, ed. James Hastings, vol. 1, 1908
- ↑ Russell James R. (15 December 1986)։ «ARMENIA AND IRAN iii. Armenian Religion»։ Encyclopædia Iranica։ արտագրուած է՝ 3 July 2014
- ↑ "Santamaret" in Facts on File Encyclopedia of World Mythology and Legend, Third Edition, by Anthony Mercanante and James Dow, Infobase, 2009. p.861
- ↑ History of Armenia by Vahan M. Kurkjian
- ↑ 5,0 5,1 5,2 http://bulfinch.englishatheist.org/armenian/chapter11.htm
|