Jump to content

Սուրբ Երրորդութիւն

Անտրէյ Ռուպլիով, Սուրբ Երրորդութիւն

Սուրբ երրորդութիւն, Աստուծոյ եռամիասնութիւն, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնահիմնական դաւանանքներէն, ըստ որուն, միակ Աստուածը գոյութիւն ունի երէք անձերով՝ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Սուրբ Հոգի Աստուած, մէկ բնութեամբ։

«Սուրբ երրորդութիւն» եզրոյթը առաջադրուած է Բ (2-րդ) դարու ուշ Աստուածաբաններուն կողմէ։ Սուրբ երրորդութեան դաւանանքը սահմանուած է Նիկիոյ Ա՝ ՅԻԷ (325) թուականի Տիեզերական ժողովին, հաստատուած է Կոստանդնուպոլսոյ Ա՝ ՅՁԱ (381) տիեզերական ժողովին եւ դրոշմուած է Քրիստոնէութեան «Հաւատոյ հանգանակ»-ին մէջ։ Քրիստոնէական եկեղեցիները միակարծիք չեն Սուրբ հոգիի մեկնաբանութեան հարցին մէջ։

ԺԱ (11-րդ) դարուն Կաթողիկէ եկեղեցին մտցուց Սուրբ հոգիի բղխումը «եւ որդիէն» ձեւակերպումը, զոր արեւելեան եկեղեցիները (դեռ Կաթողիկէ միսիոնարները արեւելք չէին գործուղուած), որոնցմէ էր Հայաստանեաց Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին, չընդունեցին։ Սսոյ Գ (3-րդ) եկեղեցական ժողովը՝ ՌՄԾԱ (1251 թուական), քննելով Սուրբ Հոգիին վերաբերեալ Հռոմի Իննովկենտիոս Դ (4-րդ) պապին առաջադրած դաւանաբանական խնդիրները, ընդունած է «հոգին հօրմէ բղխած է, եւ որդիին միջոցաւ երեւցած» (Կիրակոս Գանձակեցի, Հայոց Պատմութիւն, 1982, էջ 238) ձեւակերպումը, այսպէս մերժած է Որդի Աստուծմէ Սուրբ հոգիին բղխիլը եւ պահպանած է դաւանաբանական հարցերուն մէջ Հայաստանեաց եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։ ՀԱՅՐԸ, ՈՐԴԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԵՂԱԾ ԵՆ ՄԻԱՍԻՆ, ԱՆՈՆՔ ՆՈՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆ ԵՆ ԵՒ ԻՐԱՐ ՀԵՏ ԱՐԱՐԱԾ ԵՆ ԵՐԿԻՆՔՆ ՈՒ ԵՐԿԻՐԸ։ Սուրբ երրորդութեան խիստ անբանաւոր ըմբռնումը սուր վէճեր յարուցած է Քրիստոնէութեան մէջ։ Անիկա բանական դիրքերէն ժխտած են «հակաերրորդութիւն»ականները (Լատիներէն՝ Trinitas - Երրորդութիւն), որոնց վարդապետութիւնը բարեկարգութեան շրջանին վերածնած են «հակաերրորդութիւն»ական բողոքականները (Լատիներէն՝ Unitas - Միասնութիւն)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։