Տեառնընդառաջ
Տեառնընդառաջ, Տեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է։ Այս տօնը Հայ եկեղեցւոյ տնօրինական եւ անշարժ տօներէն մէկն է, որ տեղի կ'ունենայ միշտ Սուրբ Ծնունդէն քառասուն օր ետք՝ 14 Փետրուարին։ Հրեաներու մէկ օրէնքին համաձայն, երբ կինը զաւակ կ'ունենայ 40 օր ետք պէտք էր տաճար երթար, Աստուծոյ նուէր տանէր եւ աղօթէր։ Հարուստները կը տանէին ոչխար եւ դրամական նուէր, իսկ աղքատները աղաւնի եւ փոքր գումար։
Տեառնընդառաջը Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեառնընդառաջի օրը, եկեղեցիներէն ներս պատարագ կը մատուցուի, Եկեղեցւոյ չորս անկիւնները կը կարդացուին աւետարանի համապատասխանող հատուածներ: Կը յիշատակուին նաեւ ծերունի Սիմէոնն ու Աննա մարգարէուհին, որոնք Յիսուսի տաճար ընծայման ներկայ գտնուեցան: Նախորդող գիշերը՝ 13-ին, եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, կրակ կը վառեն եկեղեցւոյ բակին մէջ ու հաւատացեալներ իրենց մոմերը վառելով տուն կը տանին:
«Տեառնընդառաջ» բառին իմաստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Տեառնընդառաջ» բառը գրաբարեան հայերէն բարդ բառն մըն է, որ կազմուած է «Տէր» եւ «ընդառաջ» բառերէն: Բառի ստուգաբանութիւնն է՝ «Տիրոջն ընդառաջ ելնել» կամ «Տէրը դիմաւորել»:Բառացիօրէն կը նշանակէ Տիրոջ ընդ առաջ երթալ, Աստուծոյ առջեւ կենալ, Աստուծոյ մօտենալ, եւայլն.: Արդարեւ, Տեառնընդառաջի տօնը Յիսուսի մանկութեան կեանքէն վերցուած դրուագ մըն է, այլ խօսքով Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման եղելութիւնն է:
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յիսուսի ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ երբ իրենց զաւակը քառասուն օրուան կ’ըլլայ,զինք կը տանին տաճար: Այդ օրերուն Երուսաղէմի մէջ կ’ապրէր Սիմէոն անունով ծերունի մը «արդար եւ երկիւղած մարդ մը», որ իր աղօթքներուն մէջ խնդրած էր Աստուծմէ, որ իր աչքերը չփակած տեսնէ Օծեալ Տէրը եւ մարդոց Փրկիչը: Սիմէոն ծերունին, երբ կը տեսնէ Յիսուսը, հրաշալիօրէն կը գզայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, եւ ձեռքերը բարձրացնելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ իր փափաքը կատարեց։ Գիրկը կ’առնէ զԱյն, կ’օրհնէ զԱստուած ու բարձրաձայն կ’աղաղակէ.- «Տէ՜ր, քու խօսքիդ համաձայն հիմա խաղաղութեամբ արձակէ ծառադ, որովհետեւ իմ աչքերս Քու փրկութիւնդ տեսան, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ՝ յայտնութեան լոյս ըլլալու համար հեթանոսներուն, փա՜ռք Քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլին»:
Տօնին կապուած աւանդոյթներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դէպքը արդարեւ, մեզի ցոյց կուտայ Տիրոջ ընդ առաջ երթալը եւ Աստուծոյ յայտնութեան գաղափարը, որով եղելութիւնը մեզի համար կը դառնայ աւելի գրաւիչ եւ հաղորդական: Ինչպէս այլ քրիստոնէական տօներու, այնպէս ալ Տեառնընդառաջի տօնին միախառնուած է հայոց հեթանոսական օրերէն մեզի հասած կրակի պաշտամունքի տօնը, նուիրուած աստուածուհի Միհրի, որուն համար կային պաշտամունքի յատուկ բագիններ: Այս իմաստով Տեառնընդառաջի տօնին տրուած է Տէրընտէս, Մէլէմէթ եւ այլ անուններ: Տեառնընդառաջի տօնին կցուած են հնագոյն ժամանակներէ եկած շատ մը սովորութիւններ եւ հաւատալիքներ: Այսպէս օրինակ, նախատօնակի արարողութենէն ետք, ժողովուրդը մոմերով եկեղեցւոյ բակը կ’ելլէ ու կը վառէ խարոյկը, որ նախօրօք պատրաստուած կ’ըլլայ: Ժողովուրդի կողքին յատկապէս նորապսակներ կը հաւաքուին կրակին շուրջ: Բոցերու ճարճատումէն ետք, մեծ թէ փոքր, աղջիկ թէ տղայ կը սկսին ցատկել կրակին վրայէն, ուրախութեան բացագանչութիւններով: Աւանդական այս տօնախմբութիւնը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ զանազան հաւատալիքներ, սպասումներ, ակնկալութիւններ: Կ’ըսուի, թէ երբ կրակը կը մարի, գիւղացիներ ափերով կրակի մոխիրէն իրենց հետ տուն կը տանին ու իրենց արտերուն մէջ կը ցանեն, որպէսզի տարին բարեբեր ըլլայ եւ կամ այդ մոխիրով ցեխ կը պատրաստեն ու իրենց տան տանիքը կը ծեփեն որպէսզի չարը հեռանայ այդ տունէն: Աւանդութիւնը կ’ըսէ նաեւ, որ նորապսակ հարսներն ալ կը ցատկեն կրակին վրայէն, որպէսզի ապագայ իրենց ծննդաբերութիւնը հեշտ ըլլայ իսկ ամուլ կիներ, այսինքն անոնք որոնք զաւակ չեն կրնար ունենալ, խարոյկի կրակով կ’այրեն իրենց փէշերը որպէսզի յղանան ու զաւակ ծնին: Ժողովուրդի ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երբ կրակէն մէկական վառած մոմերով մարդիկ տուն կը վերադառնան իրենց տան ճրագը կամ լապտերը վառելու, որպէսզի աստւածային լոյսը տիրող ներկայութիւն դառնայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Անցյալին, ընդունուած օրէնքին համաձայն, նշանուած եւ նորապսակ երիտասարդները կը խուսափէին հարսին ծնողներուն, յատկապէս աներոջ հետ հանդիպելէ, մինչեւ որ յատուկ հրաւէր չկազմակերպուէր: Տեառնընդառաջի տօնը կը վերցնէր նոր փեսային` աներոջ տունը այցելելու արգելքը: Խարոյկին վրայէն ցատկելէ ետք, ան արդէն ազատ էր կնոջ ծնողներուն տունը այցելելու:
Այնուամենայնիւ, ինչ որ ալ ըլլան եղելութիւնները, Տեառնընդառաջի տօնը իր քրիստոնէական բնոյթով եւ հեթանոսական խորքով կը շարունակէ իր յատուկ տեղը ունենալ մեր ժողովուրդի ազգային, կրօնական եւ եկեղեցական կեանքին մէջ:
Խարոյկին կապուած խորհուրդներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեառընդառաջի տոնի խարոյկն այլ իմաստ ու խորհուրդ ունի: «Տօնացոյցը» կը հրահանգէ գուշակություններ չընել՝ կրակին շուրջ պտըտելով: Ս. Գրիգոր Տաթեւացի այսպէս կը բացատրէ կրակ վառելու իմաստը. «Ինչպէս Տիրոջ տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ Անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք: Հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, իսկ մենք կրակը, որպէս Քրիստոսի ծառայ, կը բերենք Անոր ծառայեցնելու»: Եւ ինչպէս եբրայեցի մանուկները ծառի ոստերը Քրիստոսի ընծայեցին, նոյնպէս եւ քրիստոնեաները կրակը կ'ընծայեն Աստուծոյ[1]: Հուրը, կրակը, Աստուածաշունչի համաձայն, ունի նախ՝ փորձիչ նշանակութիւն, ինչպէս կը յայտնուի Դանիէլի մարգարէութեան մէջ Սեդրակի, Միսաքի ու Յաբեդնագովի՝ կրակէն անվնաս դուրս գալու պատմութենէն, քանի որ վերջիններս անսահմանօրէն կը հաւատային Աստուծոյ ու կ'ապաւինէին Անոր եւ Աստուած իրենց հետ էր (Դանիէլ 3:8-94): Երկրորդ՝ կրակը ունի կործանող ու պատժող նշանակութիւն, ինչպէս, օրինակ, Եղիա մարգարէն երկինքէն երկու անգամ կրակ վար բերաւ եւ ոչնչացուց զինք ձերբակալելու եկած զինուորները (Դ .Թագաւորութիւններ 1:1-11): Նաեւ մարգարէություններու եւ Նոր Կտակարանի համաձայն՝ աշխարհի վերջը դատաստանը պիտի կատարուէր կրակի միջոցով: Երրորդ՝ կրակն ունի նաեւ մաքրագործող ու զօրացնող նշանակութիւն: Իսկ խարոյկ վառելու,անոր վրայէն թռչելու կամ շուրջը դառնալու սովորութիւնը կը խորհրդանշէ, որ եթե հեթանոսները կրակը որպէս աստուած կը պաշտէին, ապա քրիստոնեաները կրակը՝ որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութիւն, Աստուծոյ կը մատուցեն, Որ եկաւ «երկրի վրայ կրակ ձգելու» (Ղուկաս 12:49): Եթէ հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կու տան, ապա քրիստոնեաները կրակը՝ որպէս Քրիստոսի ծառայ, կը բերեն Անոր ծառայեցնելու: Կրակին վրայէն թռչելով՝ կ'ոտնակոխեն զայն, ցոյց տալով, որ ան Աստուած չէ, այլ Ան է Աստուած, Որ քառասուն օրուան մանուկ եկաւ տաճար եւ երկրորդ անգամ ալ պիտի գայ աշխարհ: Այն ատեն կրակը Անոր առջեւէն պիտի երթայ:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կարօ Պետրոսեան, Հայաստանեաց եկեղեցւոյ տօներ եւ ազգային աւանդութիւններ։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- qahana.am կայքի մէջ:
- ՀՀԻ, Կրօն համացանցային նախագիծ, Տեառնընդառաջ Archived 2017-01-23 at the Wayback Machine.: