Jump to content

Օձեր

Թռչուն ուտող օձ, Փանամա

Օձեր[1] (Ophidia կամ Serpentes), սողուններու դասի թեփուկաւորներու կարգի ենթակարգ է։ Յայտնի են 26 ընտանիքներու շուրջ երեք հազար տեսակ (2006 թուականի դրութեամբ), Հայաստանի մէջ՝ 4 ընտանիքներու 23 տեսակ։

«Քալիոֆիս» օձ

Տարբեր տեսակներու հասուն օձերու մարմնի երկարութիւնը 7.5 սմ - 12 մ է, զանգուածը՝ 5 կ - 200 քկ, կեանքի տեւողութիւնը՝ 8-40 տարի։ Գանկի ոսկորները միացած են շարժուն ձեւով, իսկ ստորին ծնօտի աջ ու ձախ աղեղները՝ ձգուող կապաններով, ինչ որ կ'ապահովէ օձերու բերանի լայն բացուածքը եւ իրենց թոյլ կու տայ առանց ծամելու՝ մանրացնել եւ կլլել բաւական խոշոր կենդանիներ։ Ակռաները շատ սուր են, կեռանման, դէպի ետ ծռած։ Ողերն ու կողերը բազմաթիւ են, գրեթէ միանման։ Կրծքավանդակ չունին։ Զուրկ են վերջաւորութիւններէ, միայն որոշ տեսակախումբերու մէջ պահպանուած են յետին վերջաւորութիւններու մնացորդներ, որոնք որոշ տեսակներու մօտ արտայայտուած են նաեւ յետանցքի քովը գտնուող զոյգ ճանկերու տեսքով։ Օձերու թոքերը զարգացած են անհամաչափ. աջը սովորաբար ուժեղ զարգացած է եւ կը զբաղեցնէ մարմնի առջեւի 2/3 հատուածը։ Շնչառութիւնը կը կատարուի մարմնի բոլոր մկաններու կծկումներու շնորհիւ։ Անհանգստութեան ժամանակ յառաջացող խոր շնչառութիւնը կ'ուղեկցի իւրայատուկ ֆշշոցով։ Արտաքին ականջ չունին. լսողութիւնը գրեթէ զարգացած չէ, տեսողութիւնը զարգացած է համեմատաբար լաւ։ Հիմնական զգայարանքը վերին ծնօտի առջեւի մասին մէջ տեղադրուած յակոբսոնեան օրկանն է. օդին մէջ մէնօդ եւ առարկաներու վրայ առկայ քիմիական միացութիւններու մոլեքուլները լեզուով հաւաքելով՝ կը փոխանակէ յակոբսոնեան օրկաններու մակերեսին, որու միջոցով կը տարբերակէ նիւթերու ծանօթ եւ անծանօթ ըլլալը։

Կը սնուի բացառապէս կենդանական ծագման կերով, այդ շարքին՝ լէշերով։

Կազմաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օձի ներսի գործարանները.
1.սննդափող 2.շնչափող 3.շնչափողի թոք 4.մնացուկային ձախ թոք 5.աջ թոք 6.սիրտ 7.լեարդ 8.ստամոքս 9.օդապարկ 10.լեղուց 11.յետստամոքսային գեղձ 12.փայծաղ 13.աղիներ 14.սերմնարաններ 15.երիկամներ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D6%85%D5%B1