Jump to content

Միհր

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Դիցաբանական կերպար

Միհր, հին հայկական դիցաբանութեան մէջ եղած է՝ լոյսի եւ մաքրութեան աստուածը։

Կ՛ենթադրուի, որ Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Արմավիրի մէջ եւս գտնուած է Միհրին ձօնուած տաճար։ Միհրի պաշտամունքը կը սկսի վերանալ Ք.Ա. 4-րդ դարուն։

Լոյսի, մաքրութեան աստուծոյ պաշտամունքը եղած է նաեւ հին աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ, ուր այն կոչուած է Միթրաս։ Ըստ հայոց հին հաւատքի՝ Արեգակի սիրտին մէջ կ՛ապրին 365 սուրբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարուան 1 օրուան տէրն է. վկայակոչուած են՝ չարը խափանելու նպատակով։

Ըստ հնագոյն հաւատքի աշխարհը կը ներկայացնէր աղի ծովու մը (Վանա լիճը), որու մէջ կայ ժայռ եւ երբ երկինքը պատում է, լոյս է ընկնում ժայռի վրայ եւ քիչ ժամանակ յետոյ կը ծնի արարչագործ Միհրը՝ մերկ, գլխին՝ հայկական (փռուգիական) գլխարկ, ձախ ձեռքին՝ ջահ, որմով կը լուսաւորէ աշխարհը։ Միհրը՝ սպանելով ցուլը, անոր մասերէն կ՛արարէ աշխարհը եւ կը հաստատէ աստուածային օրէնքը։

Միհրի պաշտամունքի վերաբերեալ առաջին յիշատակությունը կը վերաբերի՝ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցած, Միտաննի թագաւորութեան։ Միհրի գլխաւոր տաճարը Դերջան գաւառի Բագառիճ աւանին մէջ կը գտնուէր։ Անոր նուիրուած է նաեւ Գառնիի հեթանոսական տաճարը։ Անոր նուիրուած տաճարի աւերակներ յայտնաբերուած են Արտաշատ մայրաքաղաքի տարածքին. այն կառուցուած է սեւ մարմարէ եւ վերակառուցուած՝ առաջին դարուն, Տրդատ Ա.-ի կողմէ։ Նեմրութ լեռան վրայ գտնող Անտիոքոս Ա.-ի դամբարանին մօտ կառուցուած արձանախմբում կա նաեւ Միհրը՝ նստած Արամազդի ձախ կողքին։ Միհրի անունից է ծագել հայոց հեթանոսական սրբավայրերուն տրուող ընդհանուր՝ մեհեան անուանումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայկական եւ օտար անձնանուններ՝ Միհրան, Միհրդատ, Միհրներսեհ, Մեհրուժան եւ այլն։ Միհրի աստուածութեան վիպական մարմնաւորումներ՝ «Սասնա ծռեր» էպոսի Մեծ եւ Փոքր Մհերներն են։

  • «Դիցաբանական բառարան», Մ. Ն. Պոթվիննիք, Մ. Ա. Քակոն, Մ. Բ. Ռապինովիչ, Բ. Պ. Սելեցքի, թարգմ՝ Ս. Մ. Կրկեաշարեան - Երեւան, Լոյս, 1985 թ., 264 էջ
  • Միհրապաշտութիւն