Jump to content

Կատուներ

Կատուներ
Կատուներ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Կարգ Գիշատիչներ
Ընտանիք Կատուազգիներ
Լատիներէն անուանում
Felis catus



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Ընտանի կատու թապի-մաքրել գունաւորմամբ (վայրի գունավորում)

Կատուներ, ընտանի կատուներ կամ պարզապէս կատուներ (լատիներէն՝ Felis catus), ընտելացուած եւ մսակեր կաթնասուններ, որոնք կը պատկանին կատուազգիներու ընտանիքին։

Կատուները ընտելացուած են մարդու կողմէ՝ մօտ 10.000 տարի առաջ եւ այժմ կը դասուին աշխարհի ամէնանշանաւոր ընտանի կենդանիներուն շարքին։ Կ'ենթադրուի, որ ժամանակակից կատուները յառաջացած են ափրիկեան վայրի կատուներէն (Felis silvestris lybica)։

Սկզբնական շրջանէն, նոյնիսկ մեր օրերուն, կատուները կը ծառայեն որպէս միջոց՝ ազատելու մուկերէն։ Ժամանակի ընթացքին, սակայն, կատուները նկատուած են լաւ ընկերներ։

Կատուազգիներու ընտանիքին միւս ներկայացուցիչներէն յիշենք՝ առիւծը, վագրը, լէոբարը, ժակուարը, լուսան եւ բուման, այլ կերպ կրնանք անուանել մեծ կատուներ։ Հիւսիսային Եւրոպայէն տարածուած են «լինքս» կոչուած փոքր կատուները, որոնք դուրս կը մնան ընտանի կենդանիներու շարքէն։

Դուրսը ապրող կատուները գործունեայ են թէ՛ ցերեկը եւ թէ՛ գիշերը, թէեւ հակում ունին քիչ մը աւելի աշխոյժ ըլլալու գիշերային ժամերուն: Ընտանի կատուները իրենց ժամանակին մեծ մասը կ'անցընեն իրենց տուներու մօտակայքը, սակայն կրնան թափառիլ մինչեւ քանի մը հարիւր մեթր շառաւիղով տարածութեան վրայ: Անոնք կը հաստատեն իրենց սեփական տարածքները, որոնց չափերը զգալիօրէն կը տարբերին. ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ անոնք կրնան տատանիլ 7-էն մինչեւ 28 հեկտարի միջեւ:

Կատուներու գործունէութեան ժամանակացոյցը բաւական ճկուն է ու բազմազան. բայց ըլլալով աղջամուղջային որսորդներ (ցած լոյսի տակ գործող), անոնք ընդհանրապէս «աղջամուղջային» են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք աւելի աշխոյժ կ'ըլլան արշալոյսին եւ մայրամուտին մօտ: Այսուհանդերձ, տան կատուներու վարքագիծը կ'ազդուի նաեւ մարդկային գործունէութենէն, եւ անոնք որոշ չափով կրնան յարմարիլ իրենց տէրերու քնանալու սովորութիւններուն:

Կատուները իրենց ուժը կը խնայեն՝ քնանալով աւելի շատ, քան կենդանիներու մեծ մասը, յատկապէս երբ տարիքնին կ'առնեն: Օրական քունի տեւողութիւնը կը տարբերի՝ սովորաբար 12-էն 16 ժամու միջեւ, իսկ միջինը՝ 13-էն 14 ժամ: Որոշ կատուներ կրնան քնանալ նոյնիսկ մինչեւ 20 ժամ: Կարճատեւ հանգիստի համար գործածուող «cat nap» (կատուի նիրհ) եզրը կ'ակնարկէ կատուի՝ կարճ ժամանակով թեթեւ քունի անցնելու հակումին: Արագ քունի (REM sleep) կարճատեւ պահերը յաճախ կ'ուղեկցուին մկանային ցնցումներով, ինչ որ կը յուշէ, թէ անոնք երազ կը տեսնեն:

Վարքագծային եւ նկարագրային գիծերը կախեալ են ժառանգական ու միջավայրային գործօններու բարդ փոխազդեցութենէն: Գիտական տուեալները հակասական են այն տարածուած համոզումին շուրջ, թէ այդ յատկանիշները կապուած են մորթի գոյներուն հետ:

Հետաքրքրական փաստեր՝ կատուներու մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տափաստանային կատու, որմէ ծագած է ընտանի կատուն

• Իւրաքանչիւր կատու քիթին վրայ եզակի պատկեր մը ունի: Անիկա նոյնքան իւրայատուկ է, որքան մարդուն մատնահետքերը:

• Ըստ «American Demographics» ամսագիրի տուեալներուն՝ Ամերիկայի մէջ կան աւելի քան 68 միլիոն կատու. անոնք մէկ ժամուան ընթացքին կը յօրանջեն 200 մլն. անգամ:

• Կարգ մը երկիրներու մէջ, ընտանի կատուն ընտանիքին մէջ բացառութիւն կը համարուի, օրինակ՝ Կապոյի եւ Բերուի մէջ։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Աւստրալիոյ, գրեթէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ կատուներ կ'ապրին:

• Կատուին սիրտը մէկ երկվայրկեանուան ընթացքին կը բաբախէ շուրջ 110-140 զարկ, այսինքն՝ 2 անգամ աւելի արագ կը բաբախէ, քան մարդուն սիրտը:

• Ամէնափոքր կատուն կը համարուի սինկափուրեան կատուն, տուեալ ցեղատեսակի արու կատուն կը կշռէ շուրջ երեք քկ., իսկ էգ կատուն ոչ աւելի, քան երկու քկ.:

• Իսկ կատուազգիներու ամէնամեծ ներկայացուցիչը վագրն է, անոր կշիռքը 300 քկ.-ի կը հասնի:

• Որոշ երկիրներու մէջ կատուները թոշակ կը ստանան: Օրինակ Աւստրիոյ մէջ կատու խնամողը կը ստանայ միս, կաթ եւ այլն:[2]

Առաւել յայտնի ցեղատեսակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կօշկաւոր Կատուն Կրիմմ եղբայրներու գրած յայտնի հեքիաթի հերոսն է:
  • Չեշիրի կատուն Լուիս Քերըլի «Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ» վէպի գործող անձերէն մէկն է:
  • Գերմանա-սքանտինաւական սիրոյ եւ ռազմի աստուածուհի Ֆրեյէան կ'ընթանար երկու կատուներու լծուած կառքով մը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (անգլերեն) Cat, 2026-05-03, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Cat&oldid=1352262973, վերցված է 2026-05-05
  2. «Հետաքրքրական փաստեր՝ կատուներու մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-08-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-28