Jump to content

Արմաւիր

Արմաւիր քաղաք, Ք.Ե. 9-րդ դարէն՝ (Հայոց Արարատի Ոստանի) քաղաք Մեծ Հայքի Բագրատունիներու թագաւորութեան կազմին մէջ։ Կազմաւորուած է Հայոց Արմաւիր մայրաքաղաքին հիմքին եւ շրջակայ ագարակներու՝ մայրաքաղաքին արեւելեան թաղամասերու հիմքին վրայ։ Բագրատունիներու օրով ունեցած է աւելի քան 10 հազար բնակիչ եւ թագաւորութեան չորրորդ քաղաքն էր։

Արմաւիր մարզին Հայկաւան գիւղին մօտ գտնուող բլուրին գագաթին պահպանուած են Արմաւիր քաղաքին բաց կապտաւուն, յղկուած Պազալթէ պարիսպները, պալատներու, տաճարներու եւ այլ շինութիւններու հիմքերն ու հետքերը: Պեղումները ի յայտ բերած են նաեւ հում աղիւսէ կառուցուած սենեակներ: Պահպանուած են շուրջ 3 մեթր բարձրութեամբ հողագոյն պատեր:

Նշանաւոր Սօսեաց անտառը այս քաղաքին մէջ եղած է։

Ք.Ա. 331-ին, դարձած է Երուանդունիներու մայրաքաղաքը։

Մ. Խորենացին Արմաւիրի հիմնադրումը կը վերագրէ Հայկ Նահապետին թոռան՝ Արամայիսին: Արգիշտի թագաւորին սեպագիր արձանագրութիւնը այս վայրը կը յիշէ իբրեւ Արգիշտիխինիլի քաղաքը։ Արմաւիրի հիմնավայր Արգիշտիխինիլին կառուցուած, ընդարձակուած ու բարեկարգուած է շուրջ 200 տարուան ընթացքին եւ կը համարուէր այդ օրերու մեծ քաղաքներէն՝ տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր առումով: Կ'ենթադրուի, որ հոն բնակած է շուրջ 30.000 հոգի: Քաղաքին պարիսպներուն հաստութիւնը կը հասնէր 3,5 մեթրի, իսկ Արգիշտիի փորած ջրանցքներուն ընդհանուր երկարութիւնը շուրջ 40 քմ էր, միջին խորութիւնն ու լայնքը` երկուքական մեթր:

1985-ին, պեղումներու ընթացքին, Արմաւիրի մէջ յայտնաբերուած է ելամերէն (Առաջաւոր Ասիոյ հին լեզուներէն մէկը ՝ այժմեան Խուժիստանի (Հարաւ-Արեւմտեան Իրան) Ք.Ա. 5000-3000 գոյութիւն ունեցած ելամական պետութեան բնիկներու լեզուն) երեք սեպագիր սալիկ, որոնք հանրայայտ «Կիլկամէշ» բանահիւսութեան բեմականացումէն հատուածներ էին: Կ'ենթադրուի, որ բանահիւսութիւնը բեմադրուած է Ք.Ա. 760-ին Արմաւիրի մէջ, Սարդուրի Բ.-ի գահակալման եւ ամուսնական հանդէսներու ատեն: Այսպիսով կը փաստուի, որ Հայաստանի մէջ թատրոնը սկիզբ առած է ոչ թէ Արտաշատի, այլ Արմաւիրի մէջ եւ շարունակուած դարեր:

Երուանդունի արքայատան Երուանդ Վերջին թագաւորին կարգադրութեամբ, որ, ըստ Խորենացիի, գահակալած է շուրջ 20 տարի (Ք.Ա 220-201), մայրաքաղաքը կը տեղափոխուի Երուանդաշատ:

Արմաւիրը անբնակ դարձած է 13-րդ դարուն՝ մոնկոլական արշաւանքներու հետեւանքով։ Հարիւրամեակներ անց հիւսիսային Կովկասի չերքէզական գիւղերուն մէջ ապրող հայերը նոր քաղաք մը կը հիմնեն եւ 1848-ին կը կոչեն Արմաւիր։

Մատենագրութենէն, ինչպէս նաեւ Արմաւիրի պեղումներու արդիւնքներով յայտնի են