Jump to content

Արծիւ

Արծիւ
Արծիւ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորդավորներ
Դաս Թռչուններ
Կարգ Բազեազգիներ
Ընտանիք Ճուռակներ
Ենթաընտանիք Արծիներ
Լատիներէն անուանում
Aquilinae
Ցեղեր
  • Aquila
  • Hieraaetus
  • Ictinaetus
  • Lophaetus
  • Oroaetus
  • Polemaetus
  • Spizaetus
  • Spizastur
  • Stephanoaetus


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Արծիւները (լատ.՝ Aquila), ճուռակներու ընտանիքին պատկանող գիշատիչ թռչուններ են։ Հայաստանի մէջ տարածուած է 9 տեսակ՝ գաճաճ արծիւ, տափաստանային արծիւ, գերեզմանարծիւ, փոքր շահնարծիւ, քարարծիւ, ջրարծիւ, օձակեր արծիւ, սպիտակապոչ արծիւ։ Աչքի կու գան լաւ զարգացած մագիլներով, որ թոյլ կու տայ որսալ մկնակերպ կրծողներէն մինչեւ նապաստակներ։

Թեւերուն բացուածքը 43–53 սմ է իսկ (գաճաճ արծիւ) մինչեւ 2,5 մ է (սպիտակապոչ արծիւ), կենդանի զանգուածը՝ 700 գ-ից (գաճաճ արծիւ) մինչեւ 6,5 կգ (սպիտակապոչ արծիւ)։ Ոտքերը փետուրաւորուած են մինչեւ կրնակը։ Մատները ուժեղ են՝ զարգացած մագիլներով։ Ունին սուր տեսողութիւն։ Էգը եւ արուն միագոյն են։

Կը բնադրին անտառներու մէջ, ժայռերուն կամ գետնին վրայ։ Էգերը կը դնեն 1–3 սպիտակ, երբեմն՝ կարմրագորշաւուն պուտերով ձու։ Թուխսի կը նստի թէ էգը, թէ՛ արուն։ Արծիւները զոյգեր կը կազմէն եւ երկար տարիներ անդաուաճան կը զոյգուին։ Կը սնուին փոքր եւ միջին մեծութեան ողնաշարաւող կենդանիներով, նաեւ լաշով։

Արծիւները շատ զգուշ են եւ շատ քիչ մարդոց դիմաց կ'երէւին։ Միայն աշնանամուտին, երբ ձագերը արդէն մեծացած կ'ըլլան, երբեմն կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս բարձր երկնքին մէջ կը ճախրին ամբողջ արծւաընտանիքով։ Օձակեր, տափաստանային, սպիտակապոչ արծիւները եւ ջրարծիւը գրանցուած են ՀՀ Կարմիր գրքին մէջ։

Տարածուածութիւնը եւ բնակութեան վայրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայտնի է արծիւներու 12 տեսակ, որոնք տարածուած են Եւրոպաի մէջ, Ասիաի մէջ, Աֆրիկաի մէջ եւ Հիւսիսային Ամերիկաի մէջ։ ՀՀ մէջ տարածուած է 9 տեսակ՝ քարարծիւ, գաճաճ արծիւ, փոքր շահնարծիւ, տափաստանային արծիւ, ջրարծիւ, օձակեր արծիւ, գերեզմանաարծիւ, սպիտակապոչ արծիւ։ Արծիւները կը բնակին լեռնատափաստաններուն մէջ, գիւղատնտեսական հողատարածքներուն մէջ (տափաստանային արծիւ), անտառներուն տափաստանային հատուածներուն մէջ (գաճաճ արծիւ), ծառահատուած անտառներուն մէջ (փոքր շահնարծիւ), լեռներուն վրայ, խոր ձորերուն մէջ (քարարծիւ), կիսաանապատային նախալեռներուն վրայ (օձակեր արծիւ), ափամերձ ժայռերով գետերուն մէջ, լիճերուն մէջ, լճակներուն մէջ (ջրարծիւ), ձկնաբուծական աւազաններուն մէջ (սպիտակապոչ արծիւ)։ Բացառութեամբ քարարծիւը (նստակեաց է) եւ սպիտակապոչ արծիւի՝ միւս տեսակները բնադրող են, քիչ տարածուած։

Արծիւը որպէս պետական խորհրդանիշ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։